Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՅՐԻՆ
Ը


Հայրենիքը իր կինը կ՚սպասէր. ձմեռը ամառուան, ամառը ձմեռուան կը յաջորդէր, ու տարիները կ՚անցնէին անփոյթ ու անտարբեր իր թախծալից ու սգաւոր կեանքին համար:

Պոլսէն թուղթերը ցանցառ եւ ուշացած կուգային. փօլօսները չէին վճարուիր ա՛լ ու աները իր նամակներուն մէջ կը սպառնար հարսը վռնտել երբոր երկրորդ փօլօսն ալ անվճար մնար. տանը մէջ ամենքը զինքը յանցաւոր կը բռնէին էրկանը անտարբեր ընթացքին համար:

Գացողները կը շարունակէին Պոլսէն դառնալ, ու պատանիներ կ՚երթային պանդխտութեան տառապանքներուն պակասը լեցնելու մայրաքաղաքին մէջ: Ու թուղթերը կը ճամբէին գեղէն, բարեւներէ, ընտանեաց անդամներու ողջ առողջ ըլլալուն լուրէն եւ ստակ ղրկելու յաւիտենական պահանջումէն բաղկացած: Պատասխան չկար: Հարսը` հիմա կատարեալ կին եղած՝ կրնար երբեմն անկիւն մը քաշուած արտասուել:

Ամեն կիրակմուտքի եկեղեցի կ՚երթար. կիսակործան ու գիւղին տնակներուն պէս հին ու սեւցած եկեղեցի մը, ուր պզտիկուց ի վեր գացած էր եւ ուր իր պսակը օրհներ էին:

Հոն, սուրբերու պատկերներուն դէմ զորս լուռ բայց անաչառ վկաներ կը կարծէր իր ամուսնութեան, իր տառապանքը կը պարզէր ու ջերմեռանդ աղօթքներովը, որոնք յանդիմանութեան պէս բան մը կը նշանակէին, պատասխանատու բռնել կ՚ուզէր այս եկեղեցին իր խորանովը, մասունքներովը, բոլոր սուրբերովը, իր կործանած յոյսերուն համար: Սակայն այս յաւիտեան բացակայ էրկանը համար ըրած աղօթքները չէին փոխեր իր ճակատագիրը:

Այն ատեն հարկ կ՚ըլլար համոզուիլ, բոլորովին յոյսը կտրել այս ամեն ժամ սպասուած ու ամեն ժամ ի դերեւ եղած վերադարձէն:

Գիտէր, ստոյգ գիտէր ալ, որ ամուսինը չպիտի գար. բայց իրիկունը, առանց ուզելու, քայլերը կ՚առաջնորդէին զինքը այն արտը, ուրկէ վերջին անգամ տեսած ու Պոլիս ճամբած էր իր երիտասարդ էրիկը: Հոն, կանգուն եւ առանձին, հեռուն տարածուող ընդարձակ ու հարթ դաշտին վրայ պտըտցնելով իր հետախոյզ նայուածքը, Այրին դեռ կ՚սպասէր: