Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽԱՐԻՍԽԸ
Բ


Այս էր իր հրապոյրը, իր յաղթութիւնը, սուրբ, բոլորովին կրօնական բան մը, իր խանդավառ կնոջ մարմնական անձկութիւնները՝ քաւութեան ու թողութեան գաղափարներու ուժովը զսպելով շարունակ։

Եւ սակայն հաշիւ մը կար այս աստուածասիրութեանը մէջ։ Ատենով հարուստ յետոյ չքաւորութեան մատնուած հօր մը զաւակն էր։ Աղջիկ ատենէն երբ պասմա շրջազգեստի մը ա՛խը քաշած էր բոլոր ամառը, երբ իրենց աղքատիկ կարասիներուն նայելով, ճոխ ու զարդարուն սենեակի մը կարօտովը տանջուած էր, երբեք յուսակտուր եղած չէր. կ՚զգար, ինչուն չէր գիտեր թէեւ, որ այս չքաւորութիւնը վաղանցիկ բան մըն էր, այս հինումին տունը վերջնական կայան մը չէր։ Կը յիշէր, իբրեւ մշուշի մը մէջէն, իր մանկութեան օրերուն փարթամ վիճակը, բազմաթիւ սպասաւորներով ընդարձակ ապարանքը, անհատնում սրահներով ու սենեակներով լեցուն, հեռանկար մը որ կը հրահրէր, կը տոչորէր իր երիտասարդուհիի իղձերն ու տառապանքը։

Ու կը խորհէր որ այս ամենը վերադարձնելու, իրականացնելու կարող մէկը, աղերսանքի ունկնդրող հազուագիւտ մէկը, քովը, մօտը, գլխուն վրայ էր. Աստուա՜ծ։ Եւ իր ամուլ մնացող փափաքներուն, փառասիրական ցնորքներուն սաստկութեանը չափ, Աստուծոյ վրայ իր հաւատքը զօրաւոր ու հաստատ կը դառնար։

Կը հաւատար որովհետեւ անհրաժեշտ էր այդ հաւատքը իր կարօտ ու զրկեալ հոգւոյն։

Իսկ հիմա անչափ աւելի որքան այդ պատանուհիի երազները՝ անյուսալի, ո՛հ բոլորովին անյուսալի ամուսնութեամբ մը ստուգութեան փոխուած էին. եւ անկեղծ երախտագիտութեամբ մը լեցուած, ինքը գոհ ըլլալուն համար կարծելով որ ամենքն ալ պէտք են գոհ ըլլալ, պարզամիտ եւ ակամայ եսութեան մը բերմամբ, ինքն ալ փոխադարձապէս պաշտպան կը կանգնէր իր Աստուծուն ամեն կարգի թերահաւատներու դէմ որոնց շատնալը կը դիտէր ցաւով ու զարմանքով։ Կը մաքառէր անկեղծ եռանդով մը, չզգալով իր փաստերուն տկարութիւնը։

Կը ծաղրէին զինքը, կը խնդային իր անդրդուելի համոզմանը վրայ. ամեն կերպ աղէտներ, մահ, աւերում, հրդեհ, աղքատութիւն կը թուէին իր առջեւ, համար պահանջելով այս ցաւերու եւ անիծից Աստուծմէն։ Ոմանք, հայհոյիչնե՜ր, անոր գոյութիւնը կ՚ուրանային, ու Սօֆիկ հանըմ, չկրնալով այս նախատանքներուն տոկալ, ոտքի կ՚ելլէր ձեռնամած գոչելով.

Անուշիկ Աստուածս, աս ինչե՜ր պիտի լսեմ եղեր։

Ինքը բարիք միայն վայելած էր անկէ, այդ մահերուն, աւերումներուն զոհ գացող անձերուն համար անշուշտ Աստուծոյ արդարութիւնը այնպէս տնօրինած էր, եւ այս պատուհասները առանց պատճառի չէին հարկաւ։