Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երեք օրէ ի վեր Սօֆիկ հանըմ իր տղուն անկողնին քով կը հսկէ. երիտասարդը պտոյտի մէջ մսած՝ ծանր թոքատապէ մը կը տառապի։ Սօֆիկ հանըմ չհասկնար այս նոր հարուածը. բժիշկները կուգան կ՚երթան գլուխնին երերցնելով եւ իրենց ապիկարութիւնը, ուրիշ ամեն ատեն ծաղրելի, հիմա սպառնական ու ահարկու բան մը կը նշանակէ։

Կը դողայ այս մարդոց երթեւեկէն, կը դողայ անոնց խորհրդակցութիւններէն, վասն զի ասոնց խօսքը ի դերեւ հանելու կարող մէկը չտեսներ իր քովը։ Ու հիւանդին քնացած մէկ վայրկեանին, գիշեր թէ ցորեկ, կը վազէ շնչասպառ իր եկեղեցին, իր սուրբին, իր Աստուծուն, իր բժիշկին ոտքը, արցունքով ու պաղատանքով օգնութիւն հայցելու, մինչդեռ խորանին առջեւ կանթեղը կը շարունակէ պլպլալ միօրինակ հատնումներով։ Երբեմն, գիշեր ժամուն կը վախնայ կը սոսկայ թանձր ստուերներէն որոնց մէջ ոչ սուրբի, ոչ Աստուծոյ պատկեր կրնայ զանազանել, հապա անտեսանելի ոգիներ, որոնք, իր գալուն, պատէ պատ կը վազվզեն ու եկեղեցիին պարապութիւնը աներեւոյթ բազմութեամբ մը կը լեցնեն։

Հիւանդին քով կը ծածկէ իր տագնապները որոնք ալ յայտնի համարձակ կը գծագրուին իր դէմքին, իր ճակտին վրայ, մազերը կ՚ալեւորին, եւ Սօֆիկ հանըմ, առանց ուզելու, առանց գիտնալու սեւեր հագնիլ կ՚սկսի։

Յետոյ, զաւկին վիճակը ծանրանալուն հետ, փոխն ի փոխ Աստուծոյ կամ մարդկան ապաւինելու վարանումներ, երկմտութիւններ կ՚ունենայ։ Կ՚զգայ որ Աստուած կ՚ուշանայ ու միանգամայն կը զղջայ այսպէս խորհելով մեղք գործելուն համար։

Մահը, իր միակ ապաւէնը եղող այս զաւա՞կն ալ պիտի խլէ արդեօք։ Սօֆիկ հանըմին ակնարկը կը թափառի հեռուն տարածուող, փրփրացող ծովուն ու մօտի ամուր խարսխին վրայ. անիկա հիմա փրկութեան գաղափարը չ’արթնցներ իր մտքին մէջ, այլ ստոյգ նաւաբեկութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու։ Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մինչեւ այս վայրկեանիս անոր միայն վստահած ու ապրած է, իր բոլոր կեանքը դրած այդ հիման վրայ որ կ՚երերայ, կը շարժի, կը տատանի։

 

Մինչեւ վերջի վայրկեանին, քաջութեամբ սպասեց իր զաւկին քով. առտուան դէմ նորէն եկեղեցի գնաց, վերջին բացատրութիւն մը ուզելու համար. պարտէզէն անցաւ, պահարանէն ներս սպրդեցաւ. ոչ ոք. իր ծանօթ փոքրիկ եկեղեցին էր. այս գիշեր ժամուն մերկ, ցրտին ու ամայի պատեր միայն տեսաւ շուրջը. սարսուռ մը կը վազէր այս անզգայ պատերուն վրայ։

Խորանին առջեւ նուաղկոտ լոյսի մը նշոյլովը Տիրամօր դէմքը նշմարեց իր յարատեւ ժպիտովը. Սօֆիկ հանըմ ծնրադրեց աղօթելու համար ու բարձրաձայն խօսիլ սկսաւ։

Կանթեղին ցոլացումը հոս հոն դողդոջուն լոյս մը կը նետէր, ու աղօթողին ստուերը նախ գետնին, յետոյ վերնատան, յետոյ քարէ կամարին, յետոյ սիւներուն վրայ կը տարուբերէր, կը պտըտցնէր ու անոնց համեմատ կոտրտելով կը պատշաճեցնէր։

Այսպէս ժամերով կանթեղին վտիտ լոյսը զբօսնեցաւ անոր հետ, մինչդեռ կինը կը բողոքէր զայրագին այս անարձագանգ պատերը արթնցնելու, անոնցմէ վերջնական խօսք մը առնելու ճիգով։ Յանկարծ ետին դարձաւ, ճերմակ ներկուած պատերուն վրայ շուք մը տեսաւ, իր շուքը, սեւ ու սգաւոր իր ապագային պէս, որ հիմակուց կը պատկերանար, սիրելիներու գերեզմաններուն վրայ ոստոստող վհուկի մը պէս։

Անկէ վերջը կանթեղին լոյսը անհեթեթ նկար մը ձեւացուց պատին վրայ. այն երկաթէ ձողէն, որ կամարին բացուածքը կը միացնէր, չուանով կախուած մարմնի մը, Աստուածածնին դէմ լեզու հանող մարմնի մը տատանումը գծեց, միօրինակ եւ հետզհետէ նուազող ճօճումով որ կը շարունակէր դեռ երբոր լուսարարը եկեղեցին բացաւ այն առտուն։