Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հինգ տարի վերջը. Հալէպի մէջ զօրաբանակին կը ծառայէի. օր մը քրիստոնէի մը տունէն կանչեցին զիս վիրաբուժական գործողութեան մը համար: Գետինը փռուած անկողնին մէջ երիտասարդ կին մը տեսայ:

Տօքթօ՛ր, կանչեց իր անուշ ձայնովը:

Տալիլան էր:

Մօտեցայ ու քննեցի խոցը: Գրեթէ սրտին վրայ, ուտիչ վէրք մըն էր որ իր գունդ ու կարմրած ցցունքովը` մարմնին անբիծ ճերմակութեանը վրայ խոյացող գիշատիչ թռչունի մը գլխուն կը նմանէր:

Ի՞նչ պիտի ընես, Տօքթօ՛ր, հարցուց հիւանդը աղերսարկու ձայնով:

Մի՛ վախնար, ըսի իրեն:

Բայց ան իր պաղատանքը աւելցուց. սենեակին մէջ լեցուող բազմութիւնը դուրս ելաւ. մայրը ու ես մինակ մնացինք իր քովը: Տալիլա կը շարունակէր լեզու թափել:

Պիտի մեռնի՞մ, Տօքթօ՛ր:

Ո՛չ, ո՛չ, հիմա կ՚ազատիս:

Մայրը բացաւ լանջքը ու ես նշտրակս կեղանկին մօտեցուցի:

Անդի՛ն նայէ:

Քու ձեռքէդ թող մեռնիմ, ըսաւ Տալիլա մեղմիւ:

Դանակը դպաւ... Աստուա՜ծ իմ, ի՞նչ ըրաւ ձեռքս, ի՞նչ ըրի ես, ինչպէ՞ս, վրդովումս զոր կրցեր էի զսպել, ճնշեց զիս յանկարծ ու նշտրակս մոլորեցուց: Երբեք չգիտցայ. կտրուած երակէն արիւնը վտակի պէս կը հոսէր ու վրաս կը ցայտէր. դուրս վազեցի օգնութիւն ուզելու համար. ես որ վարպետ վիրաբոյժ մըն եմ, ապիկար մարդասպան մը դարձած էի: Հոսումը դադրեցնելու բոլոր հնարքներս ի դերեւ ելան:

Տալիլան իմ ձեռքէս մեռաւ, ճիշդ ինչպէս որ գերագոյն պչրանքի մը վայրկեանին փափաքած էր: