Ա.
Պատերազմը
վերջ
էր
գտած։
Սատանան
իր
սեւ
կրակներով
ու
կանանչ
բոցերովը
պահ
մը
երկինքը
վառելէն
ետքը,
գերի
էր
ինկած
հրեշտակապետներուն
ձեռքը,
որոնք
զայն
մուխէ
շղթաներով
կապկպած
բերին–ձգեցին
Ամենակալին
ոտքը:
Լոյսէ
աթոռին
վրան
էր
Ան։
Այնքան
բարի
էր,
որ
մեղքցաւ
իր
առջեւ
կտոցուող
հրէշին
տառապած
մարմնին
վրայ։
Ձողիկ–ձողիկ
էր
եղած
միսը։
Արիւնը,
կանանչ
արիւն
մը,
կը
փէրուըզտկար
վէրքերուն
ճեղքերն
ի
վար
ու
խափշիկի
պէս
սեւ
կաշիին
վրայէն
ցաւը
պուտ–պուտ
կը
ծքլէր,
կարմիր
քրտինքներու
նման։
Խեղճ
էր
Սատանան,
շա՜տ
խեղճ։
Բայց
Աստուած
դեռ
չէր
նայած
անոր
աչքերուն
մէջ։
Ու
երբ
անոր
լոյսէ
նայուածքը
կաթեց
Սատանին
մռայլ,
կէծէկուող
երկնքի
պէս
սպառնագին
աչքերուն
մէջ,
Աստուած
զգաց
այդ
սեւ
փոսերուն
խորը
ալեկոծուող
զայրոյթին
կատաղի
ուժը,
ու
իր
բիբերուն
ճառագայթումը
չկրցաւ
թափանցել
թանձրութիւնը
վրէժի
ծովուն,
որ
Սատանին
թարթիչներուն
տակ
սեւ
փրփուրներ
կը
գրէր,
ու
աւելի
վարը
անծանօթ
ըսուելու
չափ
տարօրինակ
մուխերով
կ՚եփէր։
Ու
մտմտաց
Աստուած:
Ինչե՜ր
անցան
մտքէն,
ինչե՜ր
տեսաւ
Սատանին
աչքերուն
մէջ:
Ատոնք
գաղտնիքներ
են,
որոնք
պիտի
չգիտցուին։
Բայց
քիչ
մը
ետքը
լարուած
դէմքը
իր
կանոնաւոր
գիծերը
գտաւ.
լոյսը
իր
աչքին
բոցին
վճիտութիւնով
ծածկեց
անոր
մտմտուքը։
–
Սատանա՛յ,
քեզ
աշխարհք
ղրկեմ,
կերթա՞ս։
–
Ո՞ր
աշխարհքը:
–
Վարի
աշխարհքը,
արեւին
ներքեւ,
նայէ՛,
աղուոր
տեղ
մըն
է։
Սատանան
նետեց
իր
աչքերը
աշխարհքին
վրայ:
Հեռու
էր
ան,
շատ
հեռու,
բայց
իր
նայուածքը
այնքան
ուժով
էր,
որ
կրցաւ
տեսնել
կաթնուկին
վրայ
խնդացող
զատիկն
անգամ։
Եւ
տեսարանը
այդքան
վերէն
աղուոր
էր։
Մեծ
ծովեր,
լոյսով
արծաթուած
կ՚երկինքնային
ու
ցամաքին
վրայ
գետինը
կը
խնդար
գոյն–գոյն
ծաղիկներու
հոտովը։
Ծառերը
իրենց
վճիտ
պարոյրը
կը
կոխէին
կապոյտն
ի
վար.
հոս–հոն
քարերը,
ձիւնի
պէս
ճերմակ՝
անհոգ
ու
անվիշտ
կը
խմէին
անուշ
արեւը։
Ամէն
տեղ
մարդերն
ու
կենդանիները
կու
գային–կ՚երթային:
Կեանքն
անոնց
մէջ
աւելի
քաղցր
էր.
մազերը
իրար
անցած,
բաց
թեւերով
ու
բաց
միսերով
մարդեր
ու
կիներ
շարունակ
իրար
կը
պագնէին
ու
համբոյրներուն
սօսափը,
խունկի
պէս
մեղմ,
կ՚երկննար
մինչեւ
իր
գիրկը։
Աղուոր
էր
այդ
տեղը:
Սատանան
հաճոյքէն
թրթռուն
ըսաւ.
–
Կ՚երթամ,
բայց
ինծի
հրաման
պիտի
տաս
ուզածս
մեռցնելու։
Նոր
կնճիռ
մը
փորուեցաւ
Աստուծոյ
ճերմակ
ճակտին
վրայ։
–
Սատանա՛յ,
անոնք
չեն
գիտեր
մեռնիլն
ինչ
է։
–
Աւելի
լաւ,
–
ըսաւ
Հրեշը,
եւ
սեւ
ուրախութիւն
մը
իր
ակռաները
լուսաւորեց։
Անցան
քանի
մը
վայրկեաններ,
այնքան
ծանր,
որ
լման
երկինքը
զգաց
անոնց
բեռը,
Աստուած
որոշումը
տուած
էր.
–
Գնա՛,
պիտի
մեռցնես
քարերն
ու
հողը
միայն
կը
հասկնա՞ս.
կ՚արգիլեմ,
որ
ուրիշներու
թելին
դպիս։
Սատանան՝
թէեւ
դժգոհ՝
ելաւ
ոտքի։
Շղթաները
փչեցին
ու
գնաց
պատրաստութիւն
տեսնելու,
աշխարհք
իջնելու
համար։
Հրաժեշտ
տալու
եկած
ատեն,
Աստուած
տեսաւ,
որ
Սատանան
բահ
մը,
տոպրակ
մը,
մանգաղ
մը
հետ
էր
առած։
–
Ի՞նչ
են
ատոնք,
–
հարցուց
Ամենագէտը
զարմացած։
–
Պարզ
է,
Տէ՛ր,
–
վրայ
բերաւ
խելացի
շունը,
–
կ՚ըլլայ,
որ
վարը
կը
նեղանայ
հոգիս։
Բահն
առի,
որ
քիչ
մը
հող
փորեմ.
տոպրակին
մէջինն
ալ
ցորեն
է.
կը
ցանեմ,
կը
քաղեմ,
ժամանակ
կ՚անցնի։
Աստուած
ա՛լ
վրայ
չգնաց։
–
Գնա՛,
խելօք
կենաս,
նայէ
որ
վլվլուկ
չհանես,
ես
աղմուկը
չեմ
սիրեր։
Սատանան
իջաւ
աշխարհք
հրեշտակներու
հսկողութեան
տակ,
որոնք
զայն
գետին
ձգելնուն
պէս
ելան
վեր,
ամպերով
փրփրուն
պարիսպ
մը
քարեցին
երկինքին
ու
երկրին
մէջտեղ,
որպէսզի
Ապստամբը
չփախի։
Աստուած
լայն
չունչ
մը
առաւ։