Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԵՏՈՒՄ–ԱՂԲԻՒՐ 

Գեղին կռնակը, հոն՝ ուր երկու բլուրները կ՚եղբայրանան, իրարու մէջ անցած մուգ կանաչութիւն մը կը բացուի, անդունդէն բացուած, դէմէ դէմ կողերուն շուքին տակ մռայլամած։ 

Բլուրն ի վեր՝ բլուրն ի վար, ամէն գոյնէ թուփեր իրենց պարոյրներուն ալիքները կը շարեն, իրարու ետեւէ. կանանչ ալիքներ, որոնք հանդիպակաց երկու երեսներէն կը քալեն վար, դէպի փոսը, արգիլուելով քարերու ցցուածքէն, դառնալով գօտին, իջնալով վար, ժայռերուն փորը, տաղաւարելու համար Աւետում–Աղբիւրը

Քարայրին մէջը կ՚ապրի ան։ Ապառաժը, զոր կայծակները ակօս ակօս բզկտեր, վառեր են դարերով, վրան քաշած է մամուռներուն թաւիշը մանր պիսակներով ընդելուզուած, որոնց մէջ ջուրի աչքեր կը քնանան ժամերով, յետոյ կ՚արթննան, կը թրթռան, ու լոյսի կաթիլներու պէս վար կը գլորին վառելով։ 

Ու քարերուն ճեղքին, անուն չունեցող ծաղիկներ, իրենց թերթիկները կը լուան ջուրի արծաթ թելերուն մէջ։ Ու անոնց վրայ՝ նրբօրէն սլացիկ ծառեր կտրատուած լոյսերուն պաստառը կը բանան։ 

* * *

Հարսներուն աղբիւրն է ան։ 

Ապառաժին շուրջը, թուփերուն վրայ, կապոյտ ու դեղին ուլունքներ կ՚օրուին բարակ հովերէ. լաթի կտորներ, ամէն գոյնէ, ամէն մեծութիւնով սիրուն ծաղիկներ կը հանգուցեն ճիւղերուն ու ասոնց մոլերուն մէջտեղ։ 

Աղուոր են հարսները անոնց շուքերուն տակ, երբ ճամբուն արեւը անոնց երեսներուն վրայ նուռի պէս կ՚այրի, երբ հովիկը անոնց  խոպոպները անիմանալի նուագներու վրայ կը լարէ։ Անոնք իրենց՝ ծոցէն կը հանեն կակուղցած ու քրտնած մոմերը, իրարու ծունկ կը դնեն իրենց վարդի պէս թարմ ու անուշ հոտող երեսները։ Անոնց շրթունքէն ժպիտներ կը թռին ու անոնց աչքերէն փայլակներ կը փախին։ 

*  * *

Ապառաժին սիրտը ջուրը կը պառկի թեթեւ ու անոր երեսին կը քթթեն անհամար աչքերուն անհամար ճառագայթները: Վառուած մոմերէն բխող պայծառութեան մէջէն ինկող կաթիլներ հալած ոսկի կը տեղան։ Ու ջուրին բոսոր հայելիին վրայ նոր հարսներ վախկոտ մատներով իրենց կոճակները կը քակեն… ու ջուրին մէջ ծաղկող ծիծեր կը ծփծփան։ 

Մոմեր, երկայն–երկայն իրենց բոցերը կ՚օրրեն, ջուրը կը ժողվէ իր սարսուռները, անոր աչքերը իրենց քթթումին մէջ կ՚արիւնին, կաթիլներուն ոսկի անձրեւը վարդեր կը վառէ ծիրանի սաւանին վրայ… 

*  *  *

Ու մինակ մնացած քարայրին պատերը բամպակ կը դառնան, խմորի պէս կակուղ կը դառնան, ու ներսէն, երկրին արգանդէն մէկը կը բուսնի շուքի մը պէս:  

Ան անուն չունի, ան աչք չունի, հալած մատներուն մէջէն մօրուքին թելերը դողդղալէն դուրս կը թափին։ Ան մտիկ կ՚ընէ բոցերուն լեզուն, մատիկ կու տայ մոմերուն սիրտին ու կը կենայ: Կը կենայ: Մոմերուն նուագը, դուրսէն, կանանչն ի վեր հեւացող քայլերուն հոգին, հովին ներս բերած բաղձանքներուն խունկը կը դպին անոր սրտին։ 

Ու անոր մօրուքը աղաւնիի թեւի մը պէս կը սկսի ուռիլ, ու ձիւնէ ալիքի մը պէս կը դողդղայ

Լոյսերը կը վախնան անոր հովէն, անոնք կը փախչին, անոնք կ՚երկննան, բայց մօրուքին հովը՝ մեղմ՝ իր ծփանքը կը կրկնէ։ Թեթեւ, անտարբեր սիրտէ բերուած մոմերը կը մարին արագ–արագ, խորունկ հաւատքէ վառուած մոմերը կը դիմանան:

Ծերունին քաշուելու ատեն իր մօրուքը կը թօթուէ երեք անգամ, իրարմէ աւելի ուժով։ Անոր հովէն քարերուն մէջ դող կ՚իյնայ, ջուրերուն վրայ պզտիկ ալիքներ կը կլորնան։ 

Երանի՜ այն մոմին, որ գիտցաւ դիմանալ:.. 

* * *

Ու ջուրերէն ելած երկու աղջիկներ, արեւին պէս աղուոր, դիմացող մոմը իրենց լոյսէ թաթերուն մէջ բռնած՝ կ՚երթան տնկելու արգանդին մէջը այն հարսին, որ իր արիւնը դրաւ իր ուխտին մէջ։ 

Ինն ամիս ուինն օր ետքը մոմը աշխարհ կու գայ աղուոր մանչու մը մարմինով…