Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 

Գեղէն վեր, վախկոտութիւնը կը փախի բլուրներէն, անոնց կողերը կը լայննան ու կը հաստնան, ու անոնց գագաթի կոկիկ խորացումները կը բեկբեկին զարտուղի սլացքներէ

Անոնք փէշերնին իրարու նետած, իրարու թեւ ինկած՝ կը քալեն, բաժնուած իրարմէ սեւ–սեւ գիծերով։ Այդ հեղեղատներուն խորը կ՚ապրին գետին բոլոր ջուրերը

Անոնցմէ շատեր հիմա երկաթէ խողովակներուն գերութեանը տակ ստիպուած են հեռանալ ձորերուն հրապոյրներէն, գալու համար գեղ, աղտոտ քարերուն, աղտոտ լաթերուն վրայ պղտորելու իրենց արծաթ մաքրութիւնը։ 

Խնայուած են սակայն քանի մը աչքեր: Աւետումին աղբիւրը, ուր կ՚երթայ գիւղացին լուալու իր հունտը, իր մաքիին պտուկները: Չմօտեցուող խորշերու մէջ նոր հարսեր իրենց արգանդը կը թրջեն անոր պաղուկ ջուրերէն:

Խնայուած է Վիճակին Աղբիւրը, գեղին շատ մօտ, ուր կը վազեն աղջիկները ծաղիկներ փետտելու, բախտ կարդալու, կաթ ու կարագ ուտելու։ 

Խնայուած է Կաղանդին Աղբիւրն ալ, ջուրերուն ամէնէն հպարտը ու ամէնէն բարբարոսը։ 

Ան ճիշդ բլուրին մէջքին կը բանայ իր աչքը, շրջապատուած ժայռերու եւ անթափանց մացառներու զրահէն։ Քանի՜–քանի անգամներ գիւղացին կրակ է նետած հոդ՝ մէջտեղ հանելու համար այդ վայրենի աղբիւրին մարմինը։ Սակայն աներեւոյթ ձեռք մը բոցին լեզուները կարմիր փունջերու պէս իրար է կապած, յատակի կանանչին վրայ թափած, մեռցուցած է զանոնք

Մամուռներուն տակէն ջուրի անհամար թելեր իրենց անկողինը կը փորեն, աւազի հատիկներ կը գլորեն, պզտիկ դողեր կու տան եզերքի քնացող ծաղիկներուն ու կ՚երթան վար, իրարու միանալու քարէ գուռի մը մէջ։ 

Ու գուռէն ջուրը կ՚իյնայ միշտ վերապահ, միշտ խրտչող ալիքներով։ 

Լաւ համբաւ չունի այդ աղբիւրը։ Գեղէն հեռու, լերան շուքէն շարունակ ընկճուած, քիչ անգամ արեւ գրկելուն, ան չէ ճանչցած ուխտով աղջիկներուն սարսուռը, չէ գինովցած անոնց համով–համով երգերէն, չէ պագած հողէն ելած սունկի պէս ծիծերուն մանրիկ բերանները, մոմերուն ոսկին, խունկերուն բամպակը չեն կամարած անոր վրայ։ Ու բոլոր ոտքէ հեռու տեղերուն չար անունը փակած է իր ճակտին։ Հոն արծիւներ կը մեռնին ու գազաններ կը ծնին։ 

* * *

Աւանդութիւնը անոր կը կապէ սակայն հրաշքի յիշատակներ ու զարհուրելի մահեր։

Անոր բերնէն չես գիտեր որքան առաջ, բայց տարիին լուսնալիք իրիկունը ոսկի վազած է։ Դարձեալ տարիին լուսնալիք գիշեր, անոր ճամբուն վրայ գեղացի քաջերու կարմիր ոսկորներ տեսնուած են։ 

Ու այս ամէնը պատմուած կցկտուր բառերով, թերի պատկերներով, սարսափի խելայեղ հաճոյքի անցումներով պատած է լեզուէ լեզու։ Մաշած դիւցազնութիւններ, խեղդուած երջանկութիւններ իրարու յաջորդած են Կաղանդի հեքիաթներու մէջ։ 

Աղբիւրը միշտ երիտասարդ, միշտ վայրենի ու այլամերժ, կը մնայ սակայն միշտ ալ կենդանի ժողովուրդի հոգիին մէջ: Անոր կը հակին բոլոր խենթ երեւակայութիւնները, որոնք ոսկիին փառքը կը հեգեն իրենք իրենց

*  *  *

Բոլոր ցիրուցան դրուագներէն հատ մը սակայն կը պատմուի տակաւին ամէն տարի Կաղանդի սեղանին շուրջը, մանաւանդ մասնակի շահեկանութեամբ մը, երբ դուրսը ձիւնն ու հովը իրարու հետ կը պլլուին։ 

Երիտասարդ տղայ մըն է աւանդութեան հերոսը

Հեքիաթը տարտամ է անոր անձին շուրջը, չի գիտեր անոր անունը, աչքերուն գոյնը, բան չ՚ըսեր անոր հասակին ու լաթերուն վրայ։ Բայց աչքի ինկող կողմնակցութեամբ մը կու տայ անոր շատ մանր դիտուած նշանած մը` պերճ բառեր ունի աղջկան աչքերուն, մազերուն ու ֆիտանի պէս երկայն հասակին վրայ:

Կ՚ուշանայ պզտիկ մանրամասնութեանը մէջ անոր շնորհներուն. կը փայլեցնէ անոր մատները սուղ մատնիներով անոր մազերուն վրայ եռանկիւն համայիլը՝ ասոր պզտիկ ոսկիներուն պճլտուն երաժշտութիւնն անգամ նոթելով։ 

Հեքիաթը կ՚անցնի վար, կ՚առնէ անոր ուսերուն մարմարը, կը կաղապարէ անոր ջուխտակ ստինքները, ձիւն կը տեղայ երկու ծիծերուն հովիտին մէջ, ու կաթէ շինուած երկինքի մը պէս պատկերելէ վերջ անոր ծոցը՝ կը տխրի մէկէն, այդ երկինքին վրայ ոսկիէ մանեակի մը մահիկը աղերսելով։

Հեքիաթը քիչ–քիչ չարաճճի կը դառնայ։ Տօնին (Ծնունդ) կալերուն պարը կը բանայ մեր աչքին, աղջիկները գոյնզգոյն ծաղիկներու պէս կը փռէ ձիւնապատ կալերուն վրայ, զանոնք կը թռցնէ իրենց լաթերուն ծիածանին մէջ, իրենց ոսկիներուն լուսնկային մէջ:

Ու հեքիաթը կը ծիծաղի աղքատ երիտասարդին վրայ, որուն նշանածը ոչ ոսկի ունի, ոչ ալ Տօնի շրջազգեստ։ Դիւային է հեքիաթը, երբ երիտասարդին մտքին առջեւ կը պարզէ աղբիւրին հրաշքը, փարչերով ոսկին…

Ո՛չ մէկ բառ ձիւնին վրայ, որ ուրիշ պատմութիւններու նայելով ան տարին սկսի Ս. Յակոբէն դանդաղ, դանդաղ երերալէն, կը գոցէ քիչ օրուան մէջ տանիքներուն առուները, փողոցները ճերմակով կը պատնէ, բլուրներուն վրայ ծառերը կը թաղէ։ Ու հեքիաթը չար հեգնութիւնով մը Կաղանդ իրիկունով երիտասարդը փոխանակ մեռելտուն խթումի, շարականի ղրկելու, ճամբայ կը հանէ դէպի բլուրները, ուսին տուած փարչ մը, կէս գիշերուան ոսկիին սպասցնելու

*  *  *

Կաղանդը կը ծնի։ Աղջիկները իրենց ոսկիները կախած՝ պուպուկ  լաթերով ժամ կ՚երթան, ժամէն կը շտկին ազգականի տուներ, ձեռք պագնելու, պարգեւ դիզելու համար։ Կը պտտի անոսկի նշանածն ալ անօրինակ երիտասարդին, որ չի դարձած աղբիւրէն

Հեքիաթը հոս ոչինչ կ՚ըսէ տղուն վրայ, մինակ կը յիշէ Կաղանդի աղբիւրին մօտ ձիւնին մէջ խրուած փարչ մը, չուխայի մը սեւը, վարտիքի մը կապոյտը, գզգզուած ու ծուէն–ծուէն տարուած հովերէն:

Ու քանի մը ահարկու բառեր ունի, կարմրած ձիւնին վրայ, կարմիր ոսկրի կտորներ իրարմէ յափշտակելու զբաղած արծիւներու մասին, լայն–լայն կը բանայ անոնց թեւերուն կոր եռանկիւնը ու անոնց մագիլներուն խաչը արիւնոտ ձիւնին վրայ

Հեքիաթը չի մոռնար նաեւ հեռաւոր, վայրագ ոգի մըն ալ աւելցնել պատկերին վրայ, ձիւնին մէջ կոկոզած գազաններուն եղերգութիւնը, որ հովին հետ ճիտ ճիտի կ՚երթայ հեռուները մեռնելու։