Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Հիմա՛, երբ դարեր կը բաժնեն մեզ այդ օրերէն, հիմա դեռ անդունդը նոյն սեւերով կը մտմտայ քարերուն տակ. մայրիներու անտառը դեռ կը մաղէ անոր վրայ զով արեւ մը, ու քարերուն ահարկու զանգուածը կը ճերմկնայ ու կը դեղնի։

Ու տարիին մէջ որոշ օր մը, երբ անդունդին վրայ անուշ կարմիր լոյսերու անձրեւ մը կը դալկանայ ու մեռնող արեւին հիւանդ ցոլքերն ալ ապառաժին վրայ թափառկոտ կ՚ուշանան, վարէն երկու աղաւնիներն են, որ կը թռին վեր՝ քարին գագաթը ոսկեզօծուելու

Մէկուն ճակտին վրայ պաշտելի ու թրթռուն կարմիր մը կ՚այրի, ոսկիով աղջկան կարմի՜րը…

Ու քիչ մը ետքը, դեւին պալատը եղած աւերակներէն, թանձր բան մը կ՚ամպանայ դէպ Աղուընակ–Քարը հակելով աղաւնիներուն ետեւէն անդունդը կ՚իջնայ սեւնալու