Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Սատանան քաշեց մանգաղը, ինկաւ անտառներուն մէջ։ 

Ու ծառերը կը մեռնէին:

Անտառները, որոնց մէջ խոտերը դեղնիլն ինչ է՝ չէին գիտեր, կը դողային իրենց ընդերքը բզկտող բանէ մը։ Հովերուն սահքը, տերեւներուն վրայ իրենց թողած զգուանքը տարօրինակ տրտմութեամբ մը ծանրացեր էին, ծաղիկներուն կարմիրին եւ ճերմակին վրայէն չճշդուող բայց ուրուագրուող սեւ երակներ կը փոuնային։ Անոնց հոտերը կը հատնէին։ 

Անձրեւները փոխուած էին ու կճող արեւն ա՛լ դադրած էր բարի մնալէ, միշտ կապոյտ եղած երկինքը երբեմն կը սեւնար ու քար կը թափէր, հովերուն հոգին պաղեր էր ու գետինը` արիւնը ցամքող պառաւի միս կը դառնար։

Ու մէջ ընդ մէջ խոշոր կաղնիները, որոնք դարերու բեռին տակ իսկ չէին ճանչցած ժամանակին յոգնութիւնը, վախով կը տեսնէին իրենցմէ շատերուն անկումը, իրարու մօտ կամ հեռու։

Ծառերը կը մեռնէին:

Նոր էր երեւոյթը։ Մինչեւ այն ատեն բոյսերու աշխարհին մէջ անծանօթ էին դեղնած տերեւները ծառի մը ճիւղերուն վրայ։ 

Մանաւանդ ի՜նչ սրտաճմլիկ էր փրթած տերեւներուն թուլիկ էջքը

Ասկէ զատ միշտ երիտասարդ, միշտ կանանչ խոտերուն յոգնութիւնը, ծուլութիւնը չէր հասկցուեր։

Լման աշխարհքին մէջ մտմտուքն ինկաւ անտառներուն սիրտը եւ դաշտերուն գիրկը։ Բլուրները վախցան ու լեռները, մայր լեռները զգացին, թէ որչափ պաղ ու տխուր բան էր մեռնիլը։ 

Օր չէր անցներ, անտառներուն որեւէ մէկ թափին վրայ կ՚իյնային երիտասարդ հոյակապ կաղնիները. անոնց առջեւէն մահուան աղաղակը մեծնալէն կը փախչէր` սառեցնելով խոտերուն հոգին ու պզտիկ ծառերուն փորին մէջ աղիքները կը քարանային, կը չորնային։ 

Կը չորնային ջահիլ, աղուոր մայրիները, իրենց կանանչը կաթ-կաթ կը փախէր օդին մէջ, ուր հրէշներ կը ծծէին զայն: Կը թոռմէին գետնի հազար բերնով, հազար հոտով անանուն ծաղիկներն ալ ու խաղցող, հարսի պէս ճկուն խոտերը քանի մը օրուան մէջ կը հալէին, կը հատնէին՝ դեղին մոխիր մը թափելով, կը չորնայի՜ն։ Կը չորնային տուներուն մօտի նորընձիւղ նռենիները, ջուրերն ի վար օրուող ուռիները, ծափ ծեծող թութերն ու բարտիները…: Ամէնուն ալ կը դպէր մահը

Բայց խոշոր լեռներուն մէջ լալու չափ տրտում էր մահը։ Մեծ լեռներուն հսկայ զաւակները մէկէն կը դեղնէին, իրենց ճիւղերը կը սմքէին, հողը կը սառէր անոնց արմատներուն շուրջը ու ետքէն աներես հովի յորձանք մը կու գար պառկեցնել զանոնք: Պզտիկ թուփերու բազմութիւնը կը փաթթուէր մեռնողին իրանին, քանի մը օրուան կանանչ կեանք մը կ՚ապրեցնէր մեռելին վրայ վերջը անոնք ալ թոռմած ու մեռած հովերուն կը յանձնէին իրենց տերեւները: Մահը աւելի սոսկում բերաւ ծառերու աշխարհին մէջ։

Ու ողբը երկնցաւ լեռներն ի վար, քարերէն փոխ առաւ իրենց վայրենութիւնը, խոտերէն՝ փափկութիւնը, անդունդներէն՝ խորքը ու լման լեռները, իրենց ծովերով զատուած շղթաները, անապատներուն մէջ կծկտած բլուրները սկսան լալ ու պոռալ

Ողբը դադար չառաւ, ինկող ամէն մէկ ծառին վրայ բոլոր աշխարհի հեռաւոր ծագերէն ծագեցաւ սուգի երգը: Ծառերը արտասուալից ալեկոծումի մը մէջ կրկնեցին ցաւի երգը: Խոտերուն սարսռուն շիւղերէն մինչեւ ամպերը պագնող հսկաներուն թրթռուն թեւերը, ծաղիկներուն հոտէ երգովը եւ տերեւներուն կանանչ լեզուովը նոյն տառապանքի ջայլը ծորեցաւ։ 

Մահը քայքայիչ էր լեռներուն մէջ։ Ու Սուգին երգը մեծցաւ, ծաւալուն դարձաւ, բոլոր բոյսերը միացուց ցաւին եղբայրութեանը մէջ։ Ու երգը բողոքի փոխուեցաւ. հսկայ, յուզիչ, տարօրինակ բողոքի մը, որ աղերսարկու, միւենոյն ատեն սպառնալից՝ գնաց շիտակ վեր, մէկ թափով ծակեց ամպերուն ցանցը, արագ–արագ կտրեց աստղալից պարապը ու գտաւ անծայր անհունութեան մէջ գահակալող Աստուածը։ 

Ու բողոքը փռուեցաւ Աթոռին ոտքը, աղերսելով՝

Տէ՛ր, Տէ՛ր, ծանր է մեզի այս մահը, ղրկածդ ե՛տ առ

Աստուած, որ շատոնց նեղուեր էր արդեն այս խշխշցնող մեռելներուն եղերերգութիւններէն՝ խանդաղատեցաւ ծառերուն ալ բողոքին վրայ։

Մօրուքը դարձեալ ձեռքն առաւ։ 

Այս անգամ իր լոյսէ երեսներուն վրայ մտատանջութիւնը յայտնի, թէեւ տարտամ շուք մը բերաւ. ու գահին բարձունքէն ծռեցաւ քիչ մը նայելու համար աշխարհքին վրայ։ 

Լեռներու լանջքին վրայ չորցած ծառերու ճերմակ ոսկորները կը փայլէին մռայլ շողիւնով մը, քարերն ու հողը դեւ կուլ տուածի պէս կը ճաթռտէին, խոտերն անգամ սպառնացող վտանգին գիտակից՝ ծռած էին ճիտերնին ու հողին կը նայէին։ Աշխարհքը շատ էր փոխուած Սատանային հոն իյնալէն ի վեր։ 

Կը մնային կենդանիները, որոնք բոլոր այս խորտակումներուն ու քայքայումներուն հանդէպ զարմանալ միայն գիտէին, ու կեանքը կը ծաղկէր անոնց մէջ գարունի մեղմութեամբն ու համովը։

Թեւերն ու նայուածքները իրար կը գրկէին, անոնց սիրտը լեցուն էր բարութիւնով։ Աստուծոյ դէմքը իրապէս մռայլեցաւ, երբ մանաւանդ ուշադրութեան առաւ մարդերուն բանակը։

Իր ստեղծածներուն մէջ ամէնէն շատ իր սիրտէն դրած ըլլալ կը կարծէր մարդերուն մէջ, ու չէր ալ սխալեր։ Ինք կը հասկնար ոչ միայն բերնէն բխող անուշ–անուշ խօսքերը, այլեւ անոնց հոգիին ալքը ծփացող անբացատրելի երգերը

Իր դիրքէն լսեց զոյգ մը սիրողներու աղապատանքը. իրենց սէրին մեծութիւնը ցուցնելու համար իրենց գործածած պատկերներուն մեծութիւնը մտածել տալու չափ լուրջ էր. անոնք արեւներն ու աստղերը իրարու վկայ կը կանչէին։ 

Բանաստեղծի մը զգայուն սիրտը կարդաց վերէն. որչափ երգեր շարք կապեր էին անոր ուղեղին մէջ, բոլորն ալ ուրախ, բոլորն ալ կեանքի օրհնութիւնը փառաբանող։ 

Ճարտասանի մը միտքը խորասուզեց իր թափանցող նայուածքը: Հոն ալ ամէն բան կրակ էր, ապրելու, ազատ ըլլալու, հաճոյք տեսնելու բուռն հեղեղ մը կը վառէր հռետորին ներսը։ 

Էրիկ–կնկայ սիրաբանութիւններուն քաղցրութիւնը, նշանածներուն երդումները, բարեկամներու երախտագէտ զեղումները, բոլոր այս բաները Աստուած մէկէն տեսաւ

Ու մակաբերեց ողբը, արցունքը, որ պիտի ծնէր վիճակի փոփոխութենէն. ծառերուն ծանր եկած մահը ինչ սոսկալի պիտի կշռէր կենդանիներուն վրայ

Այսքան փափուկ, այսքան զգայուն արարածներուն համար մահը անդարմանելի աղէտ մը պիտի դառնար։ Այնքան իրար ամուր փակած սիրողները, գերեզմանին խորը իրենց մոխիրին մէջ ալ պիտի շարունակէին տառապիլ ու ողբալ. բանաստեղծները իրենց լացը անհունապէս պիտի խորունկցնէին, ճարտասանները, սիրողները, բարեկամները, երախտապարտները, վերջապէս բոլոր անոնք, որ դագաղներու առջեւ արցունք կը կտրեն ու մանաւանդ դամբանական խօսողները իրենց լացովն ու բողոքովը պիտի խռովէին իր հանգիստը

Ապագան այսպէս պիտի ըլլար։ Աստուած այսպէս կը տեսնէր։ 

Բայց իր առջին՝ ծառերուն հսկայ բողոքը ողիկ–ողիկ կու գար. գալար կը դառնար գէրեկնալով։ 

Տէ՛ր, Տէ՛ր, մեղք ենք, ղրկածդ ե՛տ առ

Ու այս բողոքը այնքան սրտանց, այնքան յուզիչ էր, որ յաջողեցաւ Աստուածն անգամ առնել, ետ բերել երազանքէ, թողուց իր պատկերած թշուառ մարդկութիւնը եւ դադրեցաւ վարանելէ ու վայրկենական վճռողականութեամբ մը պատգամաւորներ կանչեց։

Ըսէք Սատանային, թող մահը բաժնէ կենդանիներուն վրայ ալ։ 

Աստուած կիսատ շունչ մը առաւ։