Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Ու քարայրի ձկնորսը պատմեց ինծի։

Մենէ դարեր առաջ այս լիճը չի կար հոս: Ջուրերուն բռնած տեղը կար քաղաք մը մեծ, ա՛յնքան՝ որուն նմանը ա՛լ արեւը տեսնալիք չունի երկրի վրայ:

Լեռներուն փէշերէն, երկու եզերքի վրայ ծայր կ՚առնէին տուները, մեծ, ճերմակ, խաս մարմարէ։ Ամէն տուն իր պարտէզն ունէր հորովն ու արիշովը։ 

Ու քաղաքին մէջտեղէն կ՚անցնէր գետը, հարուստ ու յստակ։ Անոր ջուրերը անուշ էին գարունի անձրեւին նման ու բարի։ Ջուրի աղջիկներ ալիքներն ի վար կռնակի վրայ կը քնանային։ 

Հարաւի լերան մէկ բազուկը կը մտնէր քաղաքէն ներս. ու այդ բազուկին տակ ու անոր մէջ չենք գիտեր ինչպէ՞ս շինուած էր Արեւ-Աղջիկին պալատը։ 

Պալատը կռնակէն փակած էր ապառաժին, ոտքերը, դարձեալ քարէ՝ կը նստէին շատ խորունկները, ջուրերու ակերուն վրայ, որոնք երբեք լոյս չի տեսան ու պիտի չի տեսնեն ա՛լ

Պալատը մեծ էր, շատ մեծ. ամէն մէկ պատուհանէ լուծք մը գոմէշ կրնար առանց նեղուելու ներս մտնել: Դուռները թերթուած, տաշուած լերան երեսէ էին, նիգերուն տեղը թռչուններ բոյն կը վարէին, այնքան քիչ կը բացուէին։ Ու կաթի ճերմակ մը կը լողար լման շէնքին վրայ. իրիկուններուն ու առտուներուն արիւնի բարակ հոսանքներ ծիրանի կը դնէին անոր վրայ, շուտ անցնող ծիածանում մը կը թրթռար քարերն ի վար ու քարերն ի վեր, պատուհաններուն ընդմէջէն մոխիր դառնալով։ 

Ներսը մարդ մտած չունէր։ Մինակ աղջիկը կը տեսնէին իր պատշգամին վրայ՝ ճառագայթող երեսներով։ Անոր աչքերէն կայծակներ կը փախէին, պռկունքներէն նուռ կը կաթէր, մազերէն՝ լոյս, ծովի պէս լոյս կը վազէր։ Մէկը չէր գիտեր, ամպե՞րը ձգած էին, թէ լեռը ծնած էր անի: Նա 

Անոր համբաւն ու անունը լեռներն ու ծովերը չափած–անցած էին Շատ հսկաներ, էժտահարի պէս իկիտներ ճամբայ էին ինկած անի տեսնալու համար։ 

Աղջիկը սիրտ ունէ՞ր, թէ ոչ. յայտնի չէ։ Մինակ շատ կը սիրէր պալատին առջեւ փլած հսկաներուն տաքուկ, արիւնոտ սիրտը, որ հում–հում կ՚ուտէր, դիակնին թողելով դրան նիգերուն փորուածքին մէջ ձագի նստող ագռաւներուն

Ու սարսափը կը քալէր անոր համբաւին ետեւէն։

Հսկաները, որոնք շատ վարերէն կը փրթէին, պալատին մօտենալու համար ստիպուած էին գետէն անցնելու: Հոն կը կռուէին ջուրի աղջիկներուն հետ, որոնք իրենց հոլանի միսերուն տարօրինակ համովը կը գինովցնէին ամեհի քաջերը, կը քնացնէին ու կը քաշէին վար անդունդներու մէջ…

Աւելի կորովիները կը փետտէին ձիւն բազուկներու այդ ցանցը, ծիծի ալիքներուն շղթայող թուլութիւնը, ու երբ ոտքերնին փակցնէին դէմի ափին, հողը կը փախէր անոնց առջեւէն, հողը խմոր կը դառնար ու հսկաներուն հաստ մարմինը բեւեռուած կը մնար լոյծ տիղմին մէջ, որ հեռուէն կանանչ կախարդանք մը ցոյց կու տար դիտողներուն։

Էժտահարի չափ ուժով մարդը ճանճի նման կը տապլկէր այդ նենգող ափերուն վրայ։ Իր մռնչիւնէն պատուհան կուգար աղջիկը, խարդախ, մարդուն ծուծը ոսկորին մէջ եփելու ուժ ունեցող ժպիտով մը

Ու երբ մարդը գամուած մնար իր գերեզմանին մէջ, թեւերն ալ ձիւթ հողին տակ անքակտօրէն կապուած ու գերի, կ՚ըսեն, թէ աղջիկը կ՚իջնէր վար։ Ծեր դուռները ճարճատիւնով կը դառնային ծխնիներուն վրայ. ագռաւները թափ կու տային թեւերնուն, բաբախուն սեւ ամպ մը կը թրթռար աղջիկին ետեւէն ու անձայն նոյն կապող խնդալն երեսին՝ կու գար ոսկի դանկով մը ողջ հսկային կուրծքը կը ճեղքէր, կ՚առնէր սիրտը, ուր արիւնը դեռ կը խժար. կը տանէր ռունգերուն, ետքը բերնին ու մազերուն ոսկի պատմուճանովը գոցելով իր աչքերուն վայրագ ուրախութիւնը՝ կը ծծէր պուտ–պուտ կեանքի հեղուկը, կը ծծէր այնչափ, որ լխկած կոկով մը կը դառնար սիրտը, ետքը կուլ կու տար…

Ագռաները իրենց ձագերով կ՚անցնէին միսերը մաքրելու, ու քանի մը ժամէն հսկայէն կը մնար կարմիրով օծուն ոսկորներու ահարկու եւ այլանդակ զանգուած մը, որ քանի մը օրէն կը ճերմակնար ու կանանչ բակին մէջ կը մնար տարիներ, մինչեւ որ օր մը ալիւր դարձած՝ հալէր ու գետին լցուէր։ 

Հայ Եկող հսկաներուն կը պատմուէին բոլոր այս բաները: Դիմացի ափին վրայ տարտամօրէն նշմարուող կանանչին մէջ ճերմակ ստուերներու, վարսուած կմախքներու մեռած հսկումը մտածել կու տար իկիտներուն։ Բայց պատշգամի աղջիկին լոյսերն այնքան անուշ, աղուորութիւնը այնքան ողողող էր, որ վարանքը կը փախէր քաջերուն մտքէն, ջուրը կը նետուէին խենթացած ու գինով։

Օր մըն ալ խոշոր հսկայ մը յայտնուեցաւ։ 

Վարի աշխարհքէն ելեր էր կարծես, այնչափ բարձր ու սեւ էր ան։ Իր պատմածին նայելով՝ վեց եղբայրներն ալ եկած էին այդ աղջիկին համար ու ալ ետ չդարձած։ Պալատին դէմ, գետի ափին, կեցաւ ան

Իր հասակը այնքան բարձր էր, որ կրցաւ տեսնել կանանչ մարմանդին վրայ խարսխուած կմախքներուն ճերմակ գերեզմանը։ Ոսկորները թնդացին իր միսին մէջ, երբ ճանչցաւ հոգիով իր եղբայրներուն կմախքները, որոնք իրար ետեւէ շարուած կը սպասէին։ Իրմէն անմիջապէս առաջ եկողը դրան հասնելու քիչ էր թողած։ 

Տխուր էր շատ տեսարանը։ Իրենց սերունդը հոդ այդպէս արձանացած՝ զոհ էր եղած այդ խարդախ աղջիկին։ Ոսկորներուն վրայ մլիկ-մլիկ լոյսեր կը դողային, երբեմն–երբեմն մէկէն միւսը անցնելով։ Հեռաւորութեան մէջ լոյսերու այդ երթեւկը տեսակ մը կեանք կը ստեղծէր կմախքներուն շուրջը եւ հսկային ծուծին մէջ անտես երակներ այրելէն ուղեղը կը գտնէին: Գոյն–գոյն ցոլքեր, արիւնոտ ու կանանչ մանաւանդ՝ գետին վրայ մինչեւ իրեն կ՚երկննային

Եղբայրութեան կապերը շուտով խելքը թռցուցին հսկային։ Ճիշդ նոյն պահուն պատշգամին վրայ ծագեց աղջիկը ու անոր նայուածքը կրակէ ջուրի պէս ինկաւ հսկային սիրտը: Հմա՞յքն էր, թէ վրէժն էր իր մէջը արթնցողը, ստոյգ չի գիտցուիր։ Հսկան ջուրը նետուեցաւ:

Շուտով ոտքերը կտրեցան գետնին ու պղտոր, գալարուն ալիքներուն վրայ ծաղկեցան սպիտակ միսերու, կնկան մասերու հրաշալի կլորութիւններ։ Անոնք կու գային իրենց ծիծերը կախել հսկային լողացող բազուկներուն վրայ. կամ իրենց պորտին թրթռուն հեշտութիւնովը գինովցնել անոր աչքերը։ Շատ էին այդ աղուորները ու գետը անոնց մազերուն տակ ոսկի ալիքներ կը գլէր։ Բայց հսկան ուժով էր եւ միտքը մեծ։

Անդունդներուն վրայ պահ մը դարձաւ քանի մը հեղ աղուորներուն փետուրի ծանրութիւնը իրեն յաղթելու պէս եղաւ, բայց կախարդա՞նքը, թէ վրէ՞ժը՝ չի գիտցուիր, սիրտ տուաւ անոր. քակեց ելաւ ջուրէն:

Հողը կը փախէր ոտքերուն տակ, կը փախէր՝ կամաց–կամաց շոյելով իր ներբանը:

Աջ ու ձախ չոր, խարզած գանկերէն կոյր աչքի փոսեր սոսկում կը պարզէին կանանչին վրայ: Կուրծքի լայն վանդակներուն լարուածքը դեռ իր պարոյրը կը պահէր։ Նորեր, հիներ, մեծեր, պզտիկներ, բոլոր կմախքները ցցուած էին միօրինակ սեւեռումի մը մէջ։ Կմախքներուն մօտիկ կանանչը քիչ մը նուաղուն էր եւ նուազ, ատոր տեղ կարմիր ծաղիկներ ազդրերն ի վեր բարակուկ–բարակուկ կը կենային:

Ագռաւները իրենց սեւ կառաչը թող տուին։ Միւս կողմէն՝ պատուհաններուն ներսերէն ճառագայթումը շատցաւ. լոյսը լեցուց ու ալեկոծեց առաստաղներուն մարմարէ մաքրութիւնը ու պատշգամն ի վար աղջիկը ծռեցաւ, լոյս ու բոց թօթուելով իր ծիծերէն ու պորտէն…։

Այս տեսիլքէն ետքը, հողը կը դաւէր։ Հսկան, իր հասակին բարձրութեանը վստահած՝ քալեց որչափ կրցաւ, թեւերը վեր բռնած։ Բայց տիղմը կը քաշէր անի. կը քաշէր ա՛յնքան ծանր ու բռնի, որ հսկան կը կարծէր, թէ իր ուսերուն վրայ լեռներ են նստեր։

Հողը կուլ տուաւ անոր լման իրանը։ Դուռը ա՛լ մօտ էր, շատ մօտ։ Ու ապառաժէ դրան առջեւ երբ վերջին թափով մը նետեց թեւերը քարը բռնելու համար, ինչպէս եղաւ, քա՞րը փախաւ, թէ հողը կապեց, թեւերն ինկան կանանչին ու մնացին…:

Աղջիկն եկաւ։ Ոսկի դանակը ափին՝ պահ մը նայեցաւ այդ ողջ աչքերուն խորունկը ու յետոյ մէկ ոտքը դուռին մէջ, միւսը՝ կանանչին վրայ, որ կարծես կը պագնէր անի, բացաւ սիրտը

Խոշոր էր ան ու արիւնը սեւ, կտրած արիւն մըն էր, տարակարգ համով մը։ Ծծեց, ծծե՛ց, ծծե՛ց։ Իր հաճոյքը այնքան սաստիկ եղաւ, որ փոխանակ սիրտը կուլ տալու, վեր տարաւ պատշգամը եւ կանանչ կրակներու վրայ դրաւ եփելու համար։ 

Բայց այդ սիրտը հալեցաւ. կարմիր շոգիի փոխուած՝ թռաւ օդին մէջ ու աներեւոյթ եղաւ

Քաղաքը այն օրը օդին մէջ ճամբորդող արիւնի մուխեր տեսաւ եւ վախցաւ: