Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՔԻԱԹ 

Անոնք Ջուրերը հանդիպեցան իրարու

Խարտեաշ էր աղջիկը, մորթովն ու մազերովը. ունէր աչքեր, որոնք վախցեր էին կապուտանալու։ Քսան տարեկան էր ան ու չէր սիրած, մինչեւ որ Ջուրերը հանդիպեցան իրերու։

Տղա՞ն։ Բոլոր տղոց պէս։ 

* * *

Անոնք իրար համբուրեցին շագանակենիներու անտառին մէջ, կարճ թուփերուն շուքովը։ Ու արտուճէն փուշ մը ինկաւ անոնց շրթներուն մէջտեղ, առաջին համբոյրին։

Յետոյ անոնք գացին անտառին կողերէն, գացին աւելի մութ շուքերուն սիրտը։ Անոնք նստեցան իրարու ծունկին։ Ու աղջիկը թեթեւ էր՝ աշտանակի մէջ գամուած ոսկի ծաղիկի մը նման ու անիկա կը դողար տղուն բազուկէն ու տղուն մատներէն

Ու ծանր երազի մը պէս, տղան կը գոցէր իր թարթիչները անոր ծոցին, քունի մը դիմաց, որուն սկիզբը համբոյրը կը բանայ:

*  *  *

Իրիկուան դէմ, թեւ թեւի, անոնք կը դառնան մեծ աղեղը ափունքին

Ու անոնք ըսին իրարու բոլոր խենթութիւններէն, որոնք մինակութիւնը կը ներէ, իրարու ըրին բոլոր խենթութիւններէն, որ քով քովի գացող մարմինները կ՚ունենան ամայի ափերուն

Անոնք Ջուրերը հանդիպած էին իրարու: Ու սիրեցին իրար շագանակի անտառին մէջ ու մանաւանդ աղեղուած ափունքին, լուսնկաներուն, երբ հովը ջուրին մէջ քաղցր է՝ լոգցող աղջկան մը պէս։ 

*  *  *

Աշուն։ 

Բլուրներէն ոսկի կը թափին ու շագանակի անտառներուն մէջ տերեւները արիւն կուլան սկսող ու հատնող արեւներուն: Իրիկուան դէմ, թեւ թեւի, անոնք կը դառնան մեծ պարոյրը, որ դեղին գետնի մը պէս կը շրջանակէ ջուրերուն փրփուրը։ Թեւ թեւի՝ բայց խելօք

Աղջիկը ծանր է, հասո՛ւն՝ պտուղի մը պէս ու անոր նայուածքը վար կը նայի կաթիլի մը պէս, որ կը դողայ իյնալու համար։ Ու անոր թեւը ծանր է նորէն տղուն մէջքին։ 

Անոնք կը քալեն մանաւանդ անլուսին իրկուններով, երբ մութը մարդերուն դիմակ կը բերէ, անոնցմէ, որոնց պէտք ունեցանք, ամէնքս մեր կեանքին որոշ օրերուն։ 

Ու անոնց ձա՜յնը, բոյնին խորը կծկուած թռչուններու պէս, որ կը թաղուի կոկորդէն վար։

Անոնք կը քալեն, այդպէս թեւ թեւի, երբ բլուրներէն սեւ ճիչը կ՚անցնի ուշացող ագռաւին, սե՛ւ, պատռուող մեծ թուղթի մը պէս, որ չ՚երեւար։ 

Ու ատեն–ատեն ուշացող աղջիկներ, մինակնին, ճերմակ գլուխով, մութին մէջ կը գծուին, խոշոր ու քմայքէ սունկերու նման ու կ՚անցնին ու կ՚երթան ստուերէն ներս

Թեւ թեւի

Անոնց բազուկները ծանր են իրարու մէջքին՝ ինչպէս դերձակի մեծ կարժերը, որոնք ձեղուններէն վար կը սողոսկին հորին (métier) սանտրներուն մէջը հատնելու։ Ու անոնց երեսները իրարմէ բաց են այնչափ, որչափ չուզեց ընել ոչ մէկ նկար, երբ երկու սիրողներ իրարու մօտ քալեցուց

*  *  *

Գիշեր է, առաջացած ու խորունկ գիշեր։ 

Լուսինը մեղմ է, լուսինը անուշ՝ ինչպէս գիտէ ըլլալ, երբ ամպերը արծաթէ են չորս դին ու աստղերը նուաղուն՝ նման աչքերու, որոնց իւղը կը հատնի։ 

Ու նաւակին մէջ ու ջուրերուն հետ, որոնք թիակներուն պզտիկ սարսուռներ ու մռայլ երգ մը կը բերեն, կու լայ աղջիկը

Մեղմ է անոր լացը ջուրերուն նման, որոնք նաւակը կը համբուրեն ու սարսուռ կը բերեն թիակներուն։

Ու արցունքին գի՜ծը, լուսնին տակ, արծաթ թելի մը նման, որուն ակը չ՚երեւար։ 

Ու անոր դէմը, տղա՛ն, գլուխը կախ դէպի ջուրերը, որոնք կու գան ու կ՚երթան, կամաց–կամաց, երբեմն փշրուելով բիւրեղէ գաւաթի մը պէս, նաւակի կողերուն

Անոնք չեն համբուրել իրար, ինչպէս ըրին ամառ գիշերներ, երբ լուսնկային տեղ մութին թաւիշը կար իրենց այտերուն

Ու տղան լուռ է, բոլոր տղոց նման, որոնք գինիէն կ՚արթննան: Անիկա չի լար, ինչպէս սիրեցին ընել խաբուող աղջիկները, երբ մէկ օրէն միւսը ծանրացած, մեղքի թաղարի պէս, կը սպասեն, որ մէկը առնէ–տանի զիրենք, հոգ չէ թէ մինչեւ գերեզման։ 

Ու անոնք եկան ջուրերու մէջ, տժգոյն նաւակով, շատ իրկուններ, մէկը՝ լալով՝ ճամբորդ մեռելի մը պէս։ Մի՞ւսը։ 

Տղայ է անիկա։ 

* * *

Սենեակ մը՝ հիւանդանոցէն։ 

Վարագոյրը վերցուած՝ աղջկան արցունքով: Ու անկէ կը նայի, լուսին մը նման անոր, որուն լոգանքը երկուքով տեսան խելօք ջուրերուն:

Մահճակալին աղջիկը, ա՛ն՝ որ ջուրերուն հանդիպումը ըրաւ ու անտառէն ներս գնաց տղուն ետեւէն

Անոր այտերը, ծիրանի՜, բոց առնող ձիւնին կը նմանին, ու անոր մազերէն խարտեաշ բան մը կէս–շրջանակ մը կը բերէ բռնկող երեսներուն

Քոյր մը, աղուոր, նկարի աղջիկներուն պէս, անոր գլխին, ափովը՝ ճակտին զովութիւն դնելով։ Ու անոր շրթներէն աղօթքը՝ առանց բառի, աղօթքը, որուն ստեղնը չ՚անցնիր շրթներուն դալուկ աղեղէն։

Դուրսէն ձայներ, որոնք կը պատռուին չերեւցող մեծ թուղթերու, մեծ գիրքերու կողերէն։

Դուրսէն քայլը անոր, որ չի քալեր, բայց կու գայ։ 

Ինչո՞ւ չի գար։ 

Հիւանդէն այս աղաղակը, այնպէս՝ ինչպէս փակ պատուհաններէն մեկնո՛ւմը մահուան։ 

Աղջիկը կը սպասէ անոր, որ պիտի գայ։ Ու անիկա պիտի մեռնի, աղջիկ ըլլալուն։ 

*  *  *

Ինչո՞ւ չի գար

Կը մտնէ տղան, գլխահակ, այնպէս՝ ինչպէս լուսնի գիշերով, արծաթ ջուրին վրայ, նաւակէն կախելով իր լռութիւնը։ Ու անոր ետեւէն Ուրիշ մը, ա՛ն՝ որ չ՚երեւար եւ զոր պիտի տեսնենք, ամէնքս, մեր կարգին, օրուան մը ծայրին։

Քոյրը, լռիկ, կը գոցէ դուռը դուրս ելլելու

Ու աղջիկը կ՚այրի բռնկած շուշանի մը նման ու արիւնի աղբիւր մը, որ կարծես մահճակալին կեդրոնէն կը բխի, անոր մարմինը ծիրանիով կը պատնէ։

Անոնք իրար համբուրեցին դարձեալ, այնպէս՝ ինչպէս ըրին լուսնկայ գիշերներուն, երբ ամառը քաղցր էր աւազներուն վրայ ու ճամբուն պարոյրը թերի մանեակի մը պէս կ՚օղակէր դէմէ դէմ բլուրները։

Անոնք իրար համբուրեցին դարձեալ, ինչպէս եղած էր ատիկա, անտառին ներսը, առաջին անգամուն։ 

Ու փուշին տեղ, հիմա մատը Անոր, որ մեծ կնիքը կը նետէ երկու շրթներուն մէջտեղը

*  *  *

Պիտի մեռնի աղջիկը։ 

Անիկա պիտի մեռնի, վասնզի մեղքը ծանրացաւ իր մէջքին, մահ քան մեծ պատժի մը նման։ 

Վա՜յ այն ձեռքերուն, որոնք կոկոն մը փետտեցին։ 

Վա՜յ այն մատներուն, որոնք կեանքին բաժակը կը խղդեն ու կ՚երկննան մեղքին օղակին, որ իրենց մեղքը կը փաթթէ մահուան կարժի մը նման

Տղա՞ն։ 

Անիկա կը նմանի բոլոր տղոց, որոնք դագաղներու կը հետեւին ու լալու տեղ, աչքերնին կը գոցեն, ուրիշ անտառներու վրայ բանալու։ 

Անոնք նորէն պիտի վազեն ջուրերուն։