Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Հաղորդուեցաւ Սատանային Աստուծոյ պատգամը։ 

Սեւ, եղի պէս լպրծուն ժպիտ մը իր ուրախութիւնը նկարեց Սատանին դէմքին վրայ ու ծաթեց գետին:

Գնաց առաւ տոպրակը։ 

Բացաւ։ Հիւանդութիւնները, ծերութիւնը, վիշտը, արցունքը, խորշոմն ու ճերմակ մազերը, փափաքն ու երազները սեւ թռչուններու պէս դուրս նետուեցան տոպրակէն ու ցրուեցան մարդերուն մէջ: Տոպրակէն փախողները շատ էին: Ամէն մէկը գնաց տեղաւորուելու մարդերուն ու կիներուն, աղջիկներուն ու տղոց ներսը

Շաբաթ մը ետքը, առաջին մեռելը թաղեց մայր մը։ Կուլար ան սրտէն զարնուած ու անոր լացը խորունկ ու անկեղծ՝ քիչ մնաց ամպերը ծակելով մինակուկ հասնէր Ամենակալին…։ 

Սատանան խորամանկ էր. վախցաւ մօր մը արցունքէն, ու դիմեց ուրիշ դասակարգերու։ Նոր ամուսնացածներու վրայ փորձեց իր ուժը:

Վարդի պէս երիտասարդ մը քանի մը օրուան մէջ թոռմեցաւ ու մեռաւ։ Իր կնիկը մազերը փետտեց. բուռ–բուռ լացաւ վրան, աչքերը իրենց ջուրովը լուացին մեռելը ու բերանը գովքերուն է՛ն անուշները, է՛ն սիրտի դպողները թափեց, բայց այս գովքերը այնքան խորք չունէին, այնքան երեսքէ կու գային, որ դիակէն քանի մը թիզ վեր ելած–չելած՝ կ՚իյնային՝ կը մեռնէին։

Սատանան յանդգնութիւնը շատցուց։ Մէկ օրուան մէջ միեւնոյն գեղէն քանի մը մարդեր գետին փռեց:

Ու բազմութիւնը հաւաքուեցաւ։ Լացը ծայր տուաւ։ Բայց զարմանալի բա՛ն, շատերուն լացի երգը իր բխած տեղէն մետաքսի ճերմակ թել մըն էր, որ ուրախութեան, հարսնիք եկածի տպաւորութիւն մը կ՚ընէր Սատանային վրայ

Լացողներուն արցունքին տակ ժպիտ մը կը խաղար ու անոր երգերը յստակ ջուրի յստակ թելի մը պէս ընդհանուր ողբին մէջ միս մինակ կը զատուէին: Հաճոյքի երգեր էին անոնք։ Լացողներուն մէջ սեւ, թարախոտ ողբ մը մօր մը բերնէն միայն դուրս կ՚ելլէր, տխուր ու շատ ալ խորունկ ուժով մը, բայց իր քովիկէն քակուող ցնծութեան ձայները գոհունակութեան ճիչերը մահուան երգին վրայ զուարթութիւն մը կը ծաղկեցնէին, ու գերեզմաններուն վրայ թափող արցունքները հոգիէն փրթած ատեն մէյ–մէկ անուշ ծաղիկներ էին… 

Այդ օրը ոչ մէկուն ողբը չկրցաւ կանգուն մը իսկ բարձրանալ մեռնողներուն հողքէն։

Ճերմակ մազերն ու ծերութիւնը քիչ մը վախ ձգեցին մարդերու սիրտին մէջ, հիւանդութիւնները շուտ գացող հիւրեր նկատուեցան, հոգեվարքները միայն կտոր մը դողացուցին զանոնք։ Բայց չմեռնելու հաւատքը այնքան ուժով, ապրելու յոյսը այնքան անկեղծ էր, որ ձիւն մազերով պառաւներն անգամ գերեզմաններու վրայ խուսափուկ նայուածքներ ունեցան։ Ու մահը շատցաւ, բազմապատկուեցաւ, ձեւերը փոխեց, հարուածները դիւային հնարքներով սարսռուն  դարձան։ 

Որո՛ւ հոգ, մեռնողին մօտիկ նորէն դափն ու զուռնան իրենց խնդալը կը թափէին։ Ոչ մէկը չէր կրնար հաւատալ մահուան։ 

Ու մահը աճեցաւ ու բազմացաւ։ Երբեմն քաղաքներ ու գիւղեր լման կուլ կու տար, երբեմն երկիր մը ամբողջ կրակի ու արիւնի մէջ կ՚եփէր, ասանկ պարագաներուն՝ զոհերուն ճենճը կը կամարնար ու արիւնի ծովէն մուխը կը ծառանար ոսկորներուն, բայց միշտ կէս ճամբան կը ցրուէր, վասնզի անդիէն ուրախութեան սեղաններէն հաճոյքին ծափերը, տուներուն անկիւններէն, մեծի ու պզտիկի բերնէն դէպի Ստեղծողը ուղղուած փառքերն ու գովաբանութիւնները, տաճարներուն սեղաններին մատուցուող գոհունակութեան եւ երջանկութեան կնդրուկները, մինարէներէն ու կոչնակներուն ամբարձիկ երգերէն գովաբանութիւններն ու սաղմոսները այնքան շատ ու այնքան ուժով էին, որ զրկուածներուն, տառապողներուն, մորթուողներուն անէծքն ու հառաչանքը այդ ամէնուն խառնուելով մաքրուած, սրբուած, զտուած ու ծաղիկ դարձած օրհներգի մը պէս կ՚երթար գգուելու Ամենակալին հոգին։ 

Ու Աստուած հանգչեցաւ։ Աշխարհքէն բողոքի ձայները պակսեցան։ Ծառերն ու քարերը քիչ կը մեռնէին, Սատանան երկար ընդհատներով կը մօտենար անոնց

Ու տակաւին Աստուած չի գիտեր, թէ հոս մարդը կը մեռնի, ազգեր սուրէ կ՚անցուին, մանուկները ողջ–ողջ կը թաղուին ու կիներու արգանդէն կենսաւորուող միսերը դանակներու ծայրը կը գամեն։

Ու ինչպէ՜ս ալ գիտնայ, քանի որ այսքան հազար դարերէ ասդին դեռ մէկ հատիկ բողոք մը չենք յաջողած հասցնել անոր, որովհետեւ այնքան կը զբաղինք մենք մեզմով։ 

Հեքիաթը կը կենայ հոս, բայց չ՚ըսեր, թէ Աստուած հիմա ինչպէս շունչ կ՚առնէ։