Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՔԻԱԹ 

Չեմ յիշեր, ո՞վ է ինծի պատմած սա հեքիաթը ու ե՞րբ։ 

* * *

Դղեակ մը։ Անոնցմէ՝ որոնց նկարները ճանչցեր եմ թուղթերու վրայ, բլուրներու կողքին ու կամ անոնց կատարին, առջեւը ունենալով տժգոյն ժապաւէնը տխուր ջուրերուն։ Անոնց աւերակները ես ողջունցուցեր եմ մտքով ու, նստած կիսակործան աշտարակներու շուքին՝ գացեր եմ երազի։

Ասպետուհի մը։ Մեծ մազերուն յիշատակութիւնովը։ Աղուո՛ր՝ ինչպէս պէտք է ըլլան բոլոր կիները, երբ աշտարակով սպառազէն պարիսպները զանոնք կը զատեն աշխարհէն։ Մելամաղձոտ, բոլոր անոնց նման, որոնք իրենց մենութիւնը աշտարակած բլուրի մը գագաթին կը նային վար ու դիմաց, իջնող լերան մեծ կոհակումին, անոր սիրտը հատցնող ճամբաներու աղօտ երիզին

Կը սպասէ Ասպետին։ 

*  *  *

Ան հեռու է գացած։ Ու անհասկնալի մեկնումին ցաւը կ՚ապրի իրմէն ետքը, դղեակին մէջ, ալ սուզուած իր մենութեան ծոցը։ 

Ու գացողն ալ երիտասարդ է ու գեղեցիկ: Անոր ալ մազերը դուրս կ՚ելլեն սաղաւարտէն, գանգրուած ու լուսաւէտ։ Անոր ձին սեւ է, երբ կը թռի հովի հետ, ու զրահուած Ասպետը՝ անոր քամակին՝ կը թուի ըլլալ մէկը օտար աշխարհներէ։

Գնաց Ասպետը։ Ու զինքը տանող ճամբան հիմա հանդարտ կը մնայ առանց ամպի ու տրոփիւնի։ 

*  *  *

Դղեակին բակէն նշենիները նորէն ճերմակներ հագան, ու լալկան բարտիներէն տերեւներ ինկան ու նորէն եկան։ 

Ասպետը չդարձաւ: Չդարձաւ ան ծիծառին հետ, որ քիւերուն ստուերին մէջ նորէն բերաւ համբոյրին հեւքը եւ կեանքին համը։ 

Չեկաւ ան։ 

Ու լերան դին յառած՝ կինը կը մնայ իր սպասումին հետ դարձեալ մինակ, ճամբաներու գիծին կամարած իր աչքերուն ծիածանը ու իր հոգին աղաւնիի մը պէս արձակած անոր ետեւէն

* * *

Բա՛ց դուռը, հեռուներէն կու գամ։ 

Երկաթե դուռին վրայէն կը նայի կինը տարտամ՝ մաքրուած ու հիւծուած ստուերի մը նման։ Անորոշ բան մը, որ լացինը չէ, ոչ ալ ժպիտինը, կը փաթթէ անոր երեսները։ Շրթները կը կծկուին իրենց բեկբեկ աղեղին վրայ։ Ու անոր աչքերուն խորը կապոյտը կաթ կը դառնայ մշուշելով պատկերացումը տարակայ երազին:

Ոչ մէկ բառ։ Կը նայի մեղմով ու տրտում ձիաւորին՝ որ ծունկի է դուռին առջեւ ու, գլուխը ճիտին՝ կը սպասէ։ 

*  * *

Սրահ մը, մութ պատերուն գիրկը, ճնշուած ու մսկոտ։ Կլոր ու գոյն–գոյն ծակերէ՝ նիհար ու խարտեաշ պայծառութիւն մը։ Քով քովի նստեր են անոնք, անծանօթ, եկուոր Ասպետը ու անմխիթար սպասողը։ 

Քով քովի։ Ստուերէն ցաթող ճերմակ իր ձեռքը տուած անծանօթին՝ կինը կը նայի վար, լեռնէն ցած իջնող ճամբուն ու անոր աչքերը կը սպասեն, երբ թաթիկները մեղմ կը դողան եկուուրին կրակէ ափին մէջ

Քով քովի։ Ցերեկ ու գիշերներ։ Սպասողին գլուխը շատոնց յեցած է արդէն Անծանօթին ուսին։ Տաք շրթներուն զգուանքը կը սահի անոր երեսներէն։ Ան կը սարսռայ ներսէն, երբ ուժով բազուկներ ծալուին իր զաղփաղփուն իրանին վրայ: Բայց անոր աչքերը միշտ կը սպասեն, կը սպասեն լերան մէջ հատնող նիհար ճամբային։ 

* * *

Տարօրինակ է այս Հեքիաթը։

Աշտարակի այդ մենութեան մէջ ատոնք կը սիրե՞ն իրար: Սպասուող Ասպետը կ՚ապրի՞ հորիզոններէն դուրս։ Եկե՞ր է ու պիտի գա՞յ։ 

Այս ամէնէն ոչ մէկ լոյս։ 

Բայց հեքիաթը կը շարունակէ խօսիլ եկուորէն, որ օրեր ի բուն, կնոջը կուշտին, յաճախ զայն փաթթած իր բազուկներուն՝ կ՚աշխատի գտնել խորհուրդը այդ միսերուն, բացակայ ու տարագիր հոգին։ 

Չի կայ ան կնոջը շրթներուն տակ, երբ համբոյրներ կը թռին անոնցմէ, աչքերուն խորը, երբ նուաղելու չափ կը թրթռան անոնք, ծիծերուն իսկ ծայրը, երբ զգուանքէ կը խենթենան անոնք

Եկուորը տեղեա՞կ է առեղծուածին։ Ամէն օր ան կը մեկնի աւանդական որսորդին նման փնտռելու այդ հոգին ու ամեն օր պարապ կը դառնայ:

Կինը կը սպասէ։ Ու եկուորը կը հատնի

*  * *

«Խորհուրդի այս էջին մէջ եղերական պատկեր մը կը պահուի։ Շատ քիչեր պիտի հասկնան սպասումի այս տառապանքը հոգիի մը վրայ, որ գացողին ետեւէն իր շառաւիղումին մէջ կը գտնէ ճառագայթումը, միջոցներուն ընդմէջէն, նոր հոգիի մը։ 

«Խաչաձեւումի այս տրամը ե՞րբ կ՚ունենայ իր վարագոյրը»։  

*  *  *

Վերցնելով անգաղտնապահօրէն այս էջը ալպոմէ մը, որուն պատմութիւնը թեթեւ գիծերու մէջ ծանօթ է ինծի, կը ստիպուիմ յայտնելու, թէ տրամը կը մնայ մինչեւ այսօր իր սկիզբին մէջ ու բացակայ է միշտ ձեռքը, որ անոր վերջին վարագոյրը պիտի ձգէր