ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ
ՏԵՂ
Էջերը,
որոնք
տպագրութեան
կու
տամ
այս
տարօրինակ
վերնագրին
տակ,
կարդացեր
եմ
տարիներ
առաջ,
տժգոյն
տետրակի
մը
մէջ:
Կապոյտ
ու
բարակ
կողքով
այդ
տետրակը
ես
գտայ
խոտէ
բազմոցի
մը
ներքեւ,
քիչ
մը
ճմռթքուած,
բայց
մաքուր՝
իր
երեսներուն
վրայ,
հազիւ
քանի
մը
աննշան
քերուկներով։
Այն
ատեն
մտքիս
առջեւ
կեցուցեր
եմ
պատկերը
անհասկանալի
այդ
տղուն,
որ
ինծի
պէս
մահուան
ստուարին
մէջ
մտած,
քաջութիւնն
էր
ունեցեր
կիները
տեսնելու,
ու
երգելու
անոնց
հրապոյրներուն
հինցած
քերթուածը,
նոր
լեզուի
մը
ու
նոր
ջիղերու
բախտաւոր
հանդիպումին
տակ։
Տուեր
էի
անոր
ինծի
պէս
մելամաղձոտ
հոգի
մը
ու
անոր
մատներուն
մէջ
տեսեր
էի
այդ
տողերուն
մթին
ու
առեղծաւոր
կծիկը,
զոր
քակեր
էր
անգիտակցաբար,
առանց
ետին
դառնալու
ու
օր
մըն
ալ
ձգեր
ու
գացեր:
Եղեռնի
օրերն
էին,
ու
ես
ահաւոր
այս
քաղաքին
մէջ,
հարիւր
հազարներու
հասնող
այդ
տուներու
շարանին
առջեւ
կը
փախչէի՜,
անկարող
գլուխիս
համար
անկիւն
մը
ճարելու։
Մեծութեան
եւ
անորակելի
ստորնութեան
այդ
շրջանին՝
Պոլիսը
պատմական
յիշատակարան
մըն
է
ինծի
համար,
երբ
բոլոր
բարեկամներու
դուռները
վախցայ
զարնելու
ու
անծանօթին
յանձնեցի
իմ
ճակատագիրս։
Տուները
տուներուն
յաջորդեցին,
միշտ
եղերական
ճնշումով
մը
նետելով
զիս
իրենց
դուռներէն,
ցերեկով
կամ
գիշերով։
Միշտ
անտեսանելի
ձեռք
մը
բացաւ
իմ
փախուստիս
առջին
հատ
մը
անոնցմէ:
Այս
անգամ
պառաւ
մըն
էր
զիս
ներս
առնողը:
Ան
ունէր
հայ
կիներուն
յատուկ
քաղցրութիւն
մը,
շեշտի
գորով
մը,
որ
մէկէն
սիրտդ
կը
գտնէ:
Իր
տղան
տուեր
էր
թուրքերուն,
որոնք
անոր
քար
կոտրել
կու
տային,
անօթի
եւ
բոպիկ։
Առտուն
կանուխ
դուրս
կ՚ելլէր,
հետեւելու
համար
իր
հին
սովորութիւններուն։
Իրիկունը
կու
գար,
կտոր
մը
հաց
կը
ծամէինք
մէկտեղ
ու
մութին
մէջ
փսփսուքով
ան
կը
խօսէր
իր
տղուն,
մէկ
հատիկ
տղուն
վրայ։
Ան
ինծի
բերած
էր
գիրքեր,
Պալզագի
ամբողջական
գործը
եւ
ժամանակակից
խորհրդապաշտներու
ընտրեալ
հատորները։
Ետքէն
իմացայ,
թէ
այդ
գիրքերը
եկած
էին
դարձյալ
նոյն
տունէն,
ինձմէ
առաջ
իմ
տեղս
պառկող
ուրիշ
տղու
մը
խնդրանքովը։
Մեր
լաւագոյն
գրողներէն
մէկուն
կը
պատկանէին
անոնք։
Պահ
մը
խորհեցայ
գտած
տետրակս
վերագրել
անոր:
Բայց
ոճի
տարօրինակութիւնը,
ըսելու
այդ
աճապարոտ
ու
անհանդարտ
ձեւը,
պատկերներով
արտայայտուելու
շատ
յաճախող
մոլութիւն
մը
զիս
հեռացուցին
ենթադրութենէս:
Գիրքերուն
տէրը
կը
գրէր
ոճերուն
ամէնէն
խելօքովը,
հոգ
տանելով
զգայութիւնները
արտայայտելէ
աւելի
երկարուն
բացատրութիւններու
մէջ
cavaliser
ընել։
Յետոյ՝
ձեռագիրն
ալ
դէմ
կ՚ելլէր
կասկածիս։
Օր
մը
սակայն
պառաւը
խօսեցաւ
խարխուլ
սեղանի
մը
վրայ,
երբ
չորցած
կաղամար
մը,
պահարանի
մը
անկիւնէն
ելած
էր
մատներուն
դէմ:
Ինձմէ
առաջ
պահուող
տղան
երբեմն
գրած
էր
պզտիկ
տետրակի
մը
մէջ։
Հիմա
կը
ճանչնայի
իմ
անծանօթ
բարեկամս:
Պառաւը
զայն
ներկայացուց
նոր
տղու
մը
հասակին
մէջ,
երկար
մազերով
ու
խորունկ
աչքերով,
որոնք
նայելու
ատեն
հոգիդ
կը
մերկացնեն
սուտին
ու
կեղծիքին
լաթերէն
ու
մէջդ
կ՚իյնան
դարձեալ
քողազերծ
ու
մերկ՝
աղջկան
մը
նման։
Ես
կը
ճանչնամ
այդ
աչքերէն:
Ան
չէր
խօսած
իր
մասին:
Պահած
էր
իր
անունը,
տարիքը,
բնակարանը
եւ
գաւառը:
Ու
երբ
իրիկուն
մը
դուռը
բացեր
էր
դուրս
նետուելու
համար,
դէպի
նոր
ճակատագիրը,
պառաւը
չէր
կրցած
արցունքը
բռնել։
Ի՜նչ
օրեր
էին:
Մարդ
նոր
մայրեր
կ՚ունենար
ու
մայրերը
կրկնապէս
տառապագին
բախտը՝
զաւակներ
կորսնցնելու:
*
*
*
Կարդացի
տետրակը,
երկու–երեք
անգամ։
Դուք
ալ,
ինծի
պէս,
պիտի
չկարենաք
հոն
հանդիպիլ
անանկ
տարրերու,
որոնք
գրողը
կը
յատկանշեն
եւ
անոր
անձին
վրայ
լոյս
կը
բերեն։
Անիրական
դէմքն
է
ան,
որ
խորունկ
զգայութիւններ
կը
ստուգէ
իր
մէջ
եւ
զանոնք
արտաբերելու
ձեւին
մէջ
պատկերներ
կը
հետապնդէ։
Տարփանքի
մը
պատմութիւնն
է,
երազային
շրջագիծով
մը
յաճախ,
քիչ
անգամ
ապրուած
սարսուռով
մը
կենդանի։
Մեր
մէջ
մինչեւ
այսօր
չհանդիպեցայ
այն
դէմքին,
որ
մօտէն
կամ
հեռուէն
այս
ոճին
նմանութիւնը
ցուցնէր
իր
մէջ։
Ու
փրկելու
համար
եղերական
այդ
կտակը
կու
տամ
զայն
անաղարտ,
այնպէս՝
ինչպէս
ելած
են
այդ
տողերը
առաջին
բխումով։
Թող
ներուի
ինծի,
որ
չյարգեցի
հեղինակին
կամքը,
որ
կ՚արտօնէր
վերապրողներուն՝
կարելի
սրբագրութիւնները
ընել
իր
էջերուն
վրայ։
Առաջին
ու
վերջին
գործերը
պէտք
է
մնան
անձեռնմխելի՝
մեր
շատ
գիտցող
գրական
ճաշակին
բարբարոս
նանրամտութեան
առջեւ:
Տետրակը
կը
սկսի
նախաբանով
մը։