Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՆՉՊԷՍ Կ՚ԱՊՐԻՆ ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ 

Այս տետրակին մէջ կը դնեմ այն` ինչ որ արագ ու փախստեայ տպաւորութիւններէն կը յաջողիմ սեւեռել: Յաճախ այս բռնաբարուած վայրկեանները, իրենց խորութեանը եւ ուժգնութեանը մէջ նկատուած թերի ու տարտղնուած, չհասունցած ու շատ ալ մէկդի նետուած քերթուածներու կը նմանին քիչ մը

Բայց մահապարտը կեանքին կ՚աշխատի կապուիլ նոյնիսկ ամէնէն կասկածելի թելերով, դիւրաբեկ շատ անգամ, քան ոստայններուն լքուած հոսանութիւնը

Ու մնալ կարենալու համար նորէն կեանքին մէջ, ու մանաւանդ շուրջս պտտող մահուան դէմ իմ սառնութիւնս պահելու համար, որ քան անհրաժեշտ է պատրանքը: Պատրա՞նք մը գոնէ, ըլլար անիկա կնոջ մը ծոցէն կամարագեղ դէպի ինծի երկարած, կամ մտածող տղու հպարտութենէս, կարապի պէս իր վիզին շնորհը դէպի օրերուս անդունդը կորացուցած: Բայց պատրանք մը վերջապէս։ 

Այս էջերուն վրայ մէկը եկած է ինծի աստուածային բարութեամբ մը:

Դուք կը տեսնէք թերեւս կինը, որ մեր երազներէն ամէնէն հնազանդն է շատ անգամ եւ մեր ուզած ձեւովը կ՚առարկայանայ թուղթերուն վրայ։ 

Բայց այս տողերը, աւելի շատ անգամ, կը կրեն հիւանդոտ, մահէն տառապող մտքի մը բոլոր վարանումները: Շատ սայթաքում կայ հոն, որ կոտրտած կամքի մը աւերակներուն վրայ, անջնջելի հետքը կը ներկայացնեն, ինչպէս կը պատահի ասիկա երբ հողերուն խաղաղութիւնը կը խենթենայ տարրերու քմայքէն ու հովերը կարմիր կը փչեն: Փոթորիկէն ետքը` ածխացումը, ու աւելի ետքը` ճերմակ նշխարումը, մինչեւ որ տարրերը նորէն խենթենան ու հողերուն սիրտը արիւնը խա՞ւ կապէ

Գրողին եւ գրուածին մէջ աղերսը երբեք այսքան յստակ չեմ տեսած, ես՝ որ առաջ կ՚ուրանայի գրագէտը, զայն անգիտակից ու անպատասխանատու անօթ մը դաւանելով, տեսակ մը խողովակ, ուրկէ  դուրս պիտի վազէին կեանքին սարսուռն ու յուզումները: Օրինակները, նոյնիսկ վերցուած ամէնէն տաղանդաշատ մարդերու վրայէն, չեն կրնար տապալել համոզումին ուժը։ Ես՝ որ բախտիս ամէնէն եղերական մէկ օրին այնքան սիրուած անձի մը հոգեվարքին վերեւ գրիչ բռնեցի. ես որ բոլոր կանխահաս ու յամառ տառապանքներուն ընդմէջէն թուղթին ճերմակին յառեցայ, ու անոր մաքրութեամբը գերեզմանել սիրեցի նուաճուած ու գլխիկոր իմ փառասիրութիւնս, ես կու գամ խոստովանելու մեծութիւնը իմ պատրանքիս։ 

Կատարելութիւն, բացարձակ գոհացում թող չսպասեն անկէ, որ պատուհանին կը մօտենայ մահուան գալուստը լրտեսելու

Ատոր համար այս տողերը կը մնան իրենց անկապակից, թերի ու թերեւս շատերու համար անիմաստ շարքին մէջ բեւեռագիր մը, զոր մեկնելու եւ լուսաւորելու համար քիչեր պիտի յոգնին: Եւ սակայն այն քան շատ բան ուզած էի դնել անոնց մէջ: Հարկ կա՞յ արդեօք ներում սպասելու այս ապաժամ փառասիրութեան։