1.
ՍՓԻՆՔՍԸ
Ա.
Կ՚ուզե՞ս.
ըսեմ
քեզի
լեզուն,
այն
լեզուն,
որուն
բառերը
քիչ
են
այնքան
եւ
զոր
չեն
սորվիր
ոչ
մէկէն:
Գիտեմ,
թէ
կարդացեր
ես,
գիտեմ,
թէ
գրեր
ես
անկէ
ու
անով։
Բայց
ո՞վ
երբեք
կրցաւ
վերջինն
ըլլալ
գիտցողներուն։
Մտքին
վրայ
կան
էջեր,
ուր
հետքը
չի
կայ
փետուրին։
Չե՞ս
կարծեր,
որ
լեռներուն
վրայ
ըլլան
խորշեր,
որոնց
ձիւնը
չէ
տպաւորուած
ոչ
մէկ
ճառագայթէ։
Ոչ
մէկ
ոտք
դրած
է
հոն
ռամկութիւնն
իր
ծանրութեան։
Չե՞ս
կարծեր,
որ
քու
վրադ
ալ
կրնան
կենալ
այդ
չայցելուած
ու
անփոյթ
անկիւններէն։
Ե՛ս,
ես
անոնց
խորհուրդին
լոյսը
կը
բերեմ
քեզի։
Կ՚ուզե՞ս։
Այդ
անարատ
ամայութիւններուն
վրայ
արձանագրեմ
իմ
քերթուածը.
տարօրինակ,
քու
ճանչցածէդ
տարբեր
նուագը
բանամ
այդ
լռութիւններուն
մէջ
այն
սարսուռներուն,
որոնք
կը
վազեն
ոսկի
գրիչներէն։
*
*
*
Կուզե՞ս։
Քեզ
մտցնեմ
տաճարը,
տաճարը
քեզ
տակաւին
կէս–ծանօթ
սրբութեան։
Մի
ըսեր,
թէ
կը
ճանչնաս
զայն։
Ժամուորը
ե՞րբ
հասկցեր
է
խորհուրդը
խորաններուն։
Այդ
աստուածը
յայտնի
է
քեզ
անունով։
Այդ
տաճարին
մէջ
քու
շրթներդ
պագած
են
նուիրական
մասունքներ,
բայց
քու
հոգիդ
հեռու
է
մնացած
խենթութեան,
գինովութեան
այն
մրրիկէն,
որ
սեղաններուն
ետին,
զոհերուն
ճենճին
ու
արիւններուն
գաղջ
բուրումին
մէջ
կը
պտուտկի։
Հոն,
այդ
գաղտնի
սրբավայրերուն
գիրկը,
ես
պիտի
խնկեմ
քու
հոգիդ
հոտով
մը,
որուն
նման
քաղցրութիւն
չէ
այցելած
մինչեւ
հիմա
ռունգերուդ։
Քու
հոգիէդ
ներս
ես
պիտի
նետեմ
կրակը,
նորօրինա՛կ,
հզօ՛ր,
ուտո՛ղ
կրակը
քեզի
օտար
տարփանքին,
հո՛ւրը,
որ
պիտի
փաթթուի
քու
մարմինիդ
բագինին,
պիտի
լզէ
քու
միսերուդ
մաքուր
ալիքը,
պիտի
վարդավառէ
քու
մերկութիւնդ
ու
բոցէ
պատանքովը
պիտի
շղարշէ։
*
*
*
Կուզե՞ս։
Այս
նոր
պաշտամունքին
հարցումը
ընեմ
քեզ,
սրտիդ
չայցելուած,
սրտիդ
է՛ն
մինակ
անկիւնին
մէջ
բարձրացնեմ
ոսկի
եռոտանին։
Ու
դուն
բաց
քու
ներսիդ
բոլոր
ծածկէններուն
բոլոր
դուռները`
այն
արտաբուրումին,
որ
մեղմօրէն
պիտի
ելայ
վեր,
խորունկէն
փրթող
բաներուն
մեծվայելուչ
անուշութեամբն
ու
երկիւղովը։
Այն
ատեն
պիտի
զգաս,
թէ
սիրտեր
կան,
որոնց
զմուռսը
տարբեր
է
քու
գիտցածէն։
Բ.
Ես
կը
փոխեմ
բառերը։
Կ՚ուզե՞ս։
Ով
աղուոր
կնիկ,
օրերուն
մեռելութիւնը
մոռնալ,
արհամարել
ապիրատ
դառնութիւնը
վայրկեաններուն։
Միջոցը
պարզ
է:
Կեանքը
անգոսնելու
միակ
եղանակը
անկէ
դուրս
ելլելն
է։
Ու
մարդը
աշխարհինը
չէ,
երբ
իր
գիրկը
ուրիշներուն
գիրկին
կը
նետէ,
երբ
ուրիշի
մը
միասին
մէջ
կ՚ընկղմի։
Գիրկերուն
օրօ՜րը։
Երբ
դուրսը,
կեանքին
մէջ,
զիրար
բզկտող
զգացումներուն
պարը
կը
խենթենայ,
ու
մեծ
կիրքերուն
կռիւը
կ՚արիւնի,
քա՜ղցր
է
վախկոտներուն
համար
գիրկի
մը
շուքը,
իրարու
մէջ
թափող
կուրծքերուն
խաղաղ
հրդեհը:
Ու
փափկութի՜ւնը
համբոյրին,
որ
միսիդ
թաւիշին
վրայ
կը
մարի,
ու
անուշութի՜ւնը՝
իրարու
վրայ
ծալուող
բազուկներուն
գգուանքին,
ու
հեշտութի՜ւնը
նայուածքին,
որ
մարմինիդ
գիծերուն
շուրջը
կը
սահի
խենթեցած։
Կ՚ուզե՞ս
փորձել
ասանկ։
Կ՚ուզե՞ս
տակաւին։
Հաճոյքի
լճակը,
որ
կը
նիրհէ
քու
ներսդ,
ես
ալեկոծեմ,
պղտորեմ
հովին
տակը
ամենախոր
տարփանքին։
Կ՚ուզե՞ս։
Տարբերութիւնները
ջնջող,
միսերը
հալեցնող,
բաժանումները
ընկլուզող
գաղտնիքը
գիտեմ
ես։
Ես
ունիմ
երջանիկ
ցնցումներէն,
որոնք
գլխուդ
տակ
բարձերը
կ՚ոչնչացնեն,
ու
գալարուող
մարմիններուն
գոյութիւնը
կ՚ուտեն
ակնթարթի
մէջ։
Այդ
գերզգայութեան
պահերուն
դուն
կը
դադրիս
դուն
ըլլալէ,
ու
կը
դառնաս
քու
գրկինիդ
հոգիին
մէջ
խառնուած,
ձուլուած,
նորաստեղծ
էութիւն
մը,
իրերէն
վեր
երջանիկ
սաւառնումի
մը
մէջ
բաբախումի։
Կ՚ուզե՞ս
դուն
քեզ
մոռնալ։
Կ՚ուզե՞ս։
Ես
ունիմ
անուշութիւններ,
վերջալոյսին
միայն
ապրող
ցոլքերուն
նման
նրբալար
ու
խուսափուկ։
Այն
անուշութիւններէն,
որոնք
մեռնող
լոյսերուն
շուրջը
ծիածան
կը
բանան,
որոնք
չի
տրուած
համբոյրէ
մը
թեւ
կը
բաժնեն
ու
կը
մարին,
կը
մարին,
վար
քաշուած
շրթներուն
կարմիրէն։
Ես
ունիմ,
ունիմ
տակաւին
մոգութիւնը
կամաց
բառերուն,
անոնց՝
որոնք
չեն
թրթռար
արեւէն
լուսաւոր
միջոցին
մէջ,
որոնք
հազիւ
կը
յաջողին
իրենց
ձեւերուն
ուրուագրումը
պտտցնել
եւ
որոնք
հրաշքը
ունին
անհունապէս
դիւրավազ
ու
թափանցող
ըլլալու։
Անոնք
կը
գտնեն
դուռները
քու
հոգիիդ,
առանց
իրենց
քայլերը
տալու
քու
ջիղերուդ,
կ՚անցնին
սրտիդ
խորանէն,
որուն
շղարշը
հազիւ
կը
ծփայ,
կ՚իյնան
անմատչելի
լարերուն,
կ՚ողջագուրեն
խորհուրդը,
որ
անոնց
ծոցը
կը
քնանայ,
հոն
կը
վառեն
իրենց
կրակը,
իրենց
արիւնը
ու
կը
բուսցնեն
դալկօրէն
մելամաղձոտ
ու
աշնային
պարտէ՜զը,
ուր
մեր
զգայութիւնները
կը
դիտեն
սրսփուքը
մսող
ու
հիւծախտաւոր
աղջիկներուն։
Կուզե՞ս։
Ես
ունիմ
մատներ,
որոնք
շուքի
են
հիւսուած,
որոնք
քու
միսերուդ
վրայ
կ՚ոստոստեն
աւելի
թեթեւ,
քան
ամէնէն
թեթեւ
հովերը
նոր
գարուններուն։
Ու
անոնց
ստուերին
ու
անոնց
սահանքին
կը
հետեւին
մեղրն
ու
նեկտարը,
որոնց
համը
դեռ
պտտած
չէ
քու
մէջ։
Ես
ունիմ
քաղցրութիւնը
մեղքին,
ու
գինին
հեշտութեան։
Կուզե՞ս։
Քեզ
յայտնեմ
նոր
տիեզերք
մը,
նոր
արեւով
ու
նոր
կերտուածքով։
Գ.
Ինչո՞ւ
սփինքսը
կին
է
եղած։