ՆԱԽԱԲԱՆ
Յակոբ
Օշականի
վիպական,
քննադատական
ու
գրական-բանասիրական
գործին
քով
նսեմ
ներկայութիւն
մը
եղած
է
իր
թատերական
վաստակը:
Բայց
որպէսզի
15
թատերգութիւն
գրեթէ
աննկատ
կ՚անցնին
մեր
հասարակութեան
կողմէ`
շատ
լուրջ
պատճառներ
պէտք
է
եղած
ըլլան։
Կան
ատոնք
—
նախ՝
Օշականի
ամբողջ
գրականութեան
ու
մանաւանդ
իր
թատերգութեանց
յեղափոխական
նկարագիրը,
անոնց
նորութիւնը
որպէս
թեքնիք
եւ
կեանքի
հում
նիւթ՝
հրամցուած
հայկական
ահաւոր
աւանդապահութեան։
Յետոյ,
ցնցիչ,
անկիւնաւոր
բնոյթը
իր
թատերախաղերուն,
դաժան
ու
անպաճոյճ
ներկայացումը
կիրքերու,
ախորժակներու,
բաներ՝
որոնցմէ
հայութիւնը
վարժուած
է
խուսափել:
Այսօր,
Պարոնեան,
Շիրվանզատէ,
Շանթ
երրորդութիւնը
կը
փռուի
առօք
փառօք
մեր
թատերական
արուեստին
մէջ
ու
կը
գունաւորէ
մեր
հանրութեան
ճաշակը
մօտ
100
տարիէ
ի
վեր:
Օշականի
թատրոնը
կը
հակադրուի
այս
աւանդութեան
ու
ներկայ
հատորը
դրական
հաստատումն
է,
այդ
ուղղութեամբ։
Անշուշտ
նոր
անուն
մը
չէ
Յակոբ
Օշական
մեր
բեմին
վրայ:
Իր
առաջին
ներկայացումը,
«Նոր-Պսակը»
տեղի
կ՚ունենար
1922-ին,
Պոլիս
(«
Օշական
Թատերագիրը
»
գրութեան
մէջ,
դրուած
այս
հատորին
սկիզբը,
Օշական
կը
վերակենդանացնէ
այդ
դէպքը)։
Երկրորդը՝
քսանհինգ
տարի
ետքը
«Մինչեւ
Ո՞ւր»,
ներկայացուած
Երուսաղէմ։
Երրորդը՝
քսան
տարի
ետք,
Պէյրութ,
«Նոր-Պսակը»,
բեմադրուած
Համազգայինի
Լ.
Շանթ
թատերախումբի
կողմէ,
Թաթուլ
Այնէճեանի
ղեկավարութեամբ:
Եւ
վերջապէս,
Օշականի
տասնեակ
մը
քնարախաղերը,
ոգեպաշտ,
կշռութաւոր,
թատերական
կարճ
գրութիւններ
որոնք
կը
ներկայացուէին
քառասունական
թուականներուն
Երուսաղէմի
Դպրեվանքին
մէջ:
Յետագայ
երեք
թատերախաղերը
(«Նոր-Պսակը»
«Կնքահայրը»
եւ
«Աքլորամարտը»)
հրատարակելով
հեղինակի
մահուան
40ամեակի
ոգեկոչումին
առթիւ,
Սան
Ֆրանսիսքոյի
Համազգային
Աղբալեան
Մասնաճիւղը
կը
յուսայ
լուրջ
հետաքրքրութիւն
արթնցնել
վաստակի
մը
հանդէպ
որ
ցարդ,
մեծ
մասով,
անտեսուած
է
մեր
արուեստագէտներու
եւ
հանրութեան
կողմէ։
Երեքն
ալ
զետեղուած
են
յետ-Եղեռնեան
Պոլսոյ
միջին
դասակարգի
բարքերուն
մէջ
սակայն
անոնց
բուն
բեմը
կը
յարդարուի
մարդկային
հոգիէն
ներս՝
ուր
հեղինակը
իրեն
յատուկ
քաջութեամբ
ու
թափանցումով՝
կը
խուզարկէ
մարդոց
սրտերու
եւ
բնազդներու
յաւիտենական
գաղտնիքները,
ճիշդ
ինչպէս
իր
վէպերուն
մէջ:
Տեղին
է
յիշեցնել
թէ
1983-ին,
Օշականի
ծննդեան
100ամեակի
առթիւ,
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսարանը
ի
լոյս
ընծայեց,
ի
շարս
հեղինակի
տասնեակ
մը
այլ
գործերու,
«Մինչեւ
Ո՞ւր»,
թատերախաղը,
արտատպելով
զայն
1939-ի
Հայրենիք
Ամսագրի
Յունուար,
Փետրուար
եւ
Մարտ
թիւերէն։
«Օշական
Թատերագիրը»
գրութիւնը
կ՚արտատպենք
հեղինակի
Համապատկեր
Արեւմտահայ
գրականութեան
Տասն
երրորդ
հատորէն
(Կաթողիկոսարան
Հայոց,
Անթիլիաս,
1982)
ուր
ան
650
էջերու
մէջ
կը
վերլուծէ
ու
կը
լուսաբանէ
իր
ամբողջ
երկն
ու
անձը:
Քիչ
անգամ
գրագէտ
մը
այսքան
անկեղծ
եւ
նոյն
ատեն
այսքան
արդար
եղած
է
իր
հանդէպ
եւ
կ՚ուզենք
բաժնել
այդ
վայելքը
ընթերցողին
հետ:
Ատկէ
զատ,
այս
ուսումնասիրութիւնը
ամենէն
յարմար
ներածականը
կը
հանդիսանայ
հեղինակի
թատերական
աշխարհին
։
Այս
հատորին
տպագրական
ծախսը
հոգացած
է
Պրն.
Վ.
Շամլեան։