Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա. ԱՐԱՐՈՒԱԾ

 

Բեմը կը ներկայացնէ Պոլսական սալոն մը. կասկածելի ճաշակով նկարներ, հայելիներ, զետեղուած լոյսի մեծ խաղերուն գիտութեամբը։ Ճիշդ մէջտեղէն ուղիղ գծի վրայ երեք կլոր սեղաններ, պոռոտ ու կեղծ ծաղիկներով բեռնաւոր։ Գետինը գորգ, պատերուն նկարէ զերծ մասերը՝ գորգ։ Ճիշդ ճակատին` Սուլթանին կենդանագիրը, դեռ նոր եկած, տեղն անցնելու համար Ժողովրդական կաթողիկոսի մը։ Պատուհանէ պատուհան պատի մասերու վրայ տաճկական փաշաներ։

Սարաֆեան Ոսկի ակնոց, որ կը մեղմէ դաժանութիւնը իր նայուածքին։ Չարդիոտած զգեստ, որ հին շքեղութիւնը գիտէ պահել։ Ոսկի ժամացույց, խմորը՝ սովորական է եւ քիչ մը կուշտ շղթայով։ Գերմանցած պեխեր, աղ ու պղպեղ։ Կապոյտի տուող երես, ամէն վայրկեան ածիլուած։ Մեծ քիթ ու շահեկանութեան մօտ փոր մը։ Խորունկ կը կարդայ՝ թերթերը, մեծ մասը թուրքերէն. կայ գաղիերէն մը։ Անոնք տակը, գրեթէ անտեսանելի, հայերէն թերթի մըն ալ ճակատոր՝ վախկոտ, որ կ՚երեւայ։

 

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընթերցումը ընդհատելով, մէկ ձեռքը վեր, ակնոցը հանելով ) ԳԷ՛շ, շատ գէշ է կացութիւնը ( Թերթը կը նետէ մէկդի, կը կենայ, ներքին պզտիկ պայքար մը. կարճ ու վճռական եւ մատ կը նետէ զանգակին. կը նայի կարծես ձայնին, գլուխը անզգալաբար դարձնելով դուռին ) Ի՞նչ ընեմ, ասանկ օրերուն, բարակը չեն փնտռեր շատ։ ( Դուռը կը զարնեն ) Մտէք։ ( Ներս կը մտնէ Յակոբ, ներմակ գոգնոց, մինչեւ ոտքերը։ կանոնաւոր դիմագիծ, հայկական քիթ

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինծի նայէ՛, դո՛ւն գիտես ազգին վիճակը։ ( Կը վարանի, բառերը յարմար չեն ) Այս շաբթու գլխուդ ճարը նայէ։

ՅԱԿՈԲ ( Անակնկալէն տարուած ) Ի՞նչ կայ, էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուն գիտես ի՛նչ կենալը։ Ես կը վախնամ կոր, ամօթ չէ՝ եա։ Տունիս մէջ երեք չորս հատ ատա՛նկ մարդեր։ Ես անգամ կասկածի կ՚երթամ։

ՅԱԿՈԲ ( Աւելի զարմացած ) Ինչ կա՛յ, Սարաֆեան էֆէնտի։ Ինչո՞ւ պարզ չէք զրուցեր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Տաքցած ) Զրուցելն ի՞նչ է։ Գլխուդ ճարը տեսիր կ՚ըսեմ քեզի։ Որոշած եմ սպասաւորները, սպասուհիները, խոհարարը մոհարարը, ամէնն ալ ճամբել։ Քեզմով կը սկսիմ։

ՅԱԿՈԲ Մեղքերնիս ի՞նչ է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Շատ չխառնուիս նէ, աղէկ կ՚ընես։

ՅԱԿՈԲ Հասկնալը մե՞ղք է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աւելի տաքցած, ոտքի նետուելով ) Քեզի ի՞նչ. դուն իմ փարայովս չե՞ս եկած հոս։ Քէֆս երբ ուզէ, կը հանեմ։ Ատիկա քու գիտնալիք բանդ չէ։

ՅԱԿՈԲ Ո՞ւր երթանք, աս կրակին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Ինծի՞ կը հարցնես։ Ուզած տեղը գնա։ Ինծի հետ տէմիրպաշ գրուած չէիր եա։

ՅԱԿՈԲ Աղէկ, Էֆէնտի, դուն գիտես դուրսի վիճակը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հարկա՛ւ։ Դուրսի վիճա՛կը։ Դուք չէի՞ք ադ բոլորին պատճառը:

ՅԱԿՈԲ ( Առանց ուզելու շեշտ կը նայի Էֆէնտիին

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ կը նայիս ատանկ ծուռ ծուռ։ Սո՞ւտ է ըսածս։ Քեզի պէս գաւառացի խըմպըլները չե՞ն ասոնց պատճառը։

ՅԱԿՈԲ Ափ կ՚ընէ՛ս, էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տէ՛. շատ մտիկ ընելու ատեն չունիմ. այսօրուընէ ամսականդ դադրած է. մինչեւ երեք օր պէտք է տունէն դուրս ելլես. ուր կ՚ուզես գնա՛ ( ձեռքերովը արգիլելով անոր խօսքը ) երկան խորաթելէ կուշտ եմ. ուրիշ ըսելիք չունիմ, հիմա դուրս կ՚ելլես, Գրիգորը ղրկէ ինծի։

ՅԱԿՈԲ Էֆէ՛նտի, էֆէ՛նտի, աս օրերն ալ կ՚անցնին։ Գէշութիւնը չի մնար մարդուն քով։ Վերը Աստուած կայ կը տեսնէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչ կը տեսնէ ծօ, ի՞նչ։ Ո՞ւր է աս ձեր Աստուածը։ Ո՞ւր։ Մի բարկացներ ինծի աւելորդ խօսքերովդ։ Կրակն է ինկեր, կը բռնկի աշխարհ, դուն քու Աստծուդ խօսքը կ՚ընես։

ՅԱԿՈԲ Մեղք է, էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ   ( Խիստ տաքցած ) Գիտես որ շատ երկան ըրիր։ Ինծի դաս տալու մ՚ելլար։ Հիմակուընէ շուտ չի կայ, այս գիշեր պիտի հեռանաս։

ՅԱԿՈԲ ( Զարմացած կը նայի մարդուն

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ինքնիրեն շարունակելով ) Իմ հոգս ինծի չի բաւեր. մէյ մ՚ալ ասանկ հաստ գլուխներուն խօսք հասկցնելու է։ Չի մտնար հոս։ Փարայովս բռներ եմ գործիս. ուզածիս չափ կը պահեմ։ Գործիս չեկաւ, կը ճամբեմ, էֆէնտիմ։ Ասոր մէջ՝ ա՛լ մեղքի, վարձքի, Աստուծոյ եւ ուրիշներու ի՞նչ պէտք։

( Կը մտնէ Տիկին Սարաֆեան

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սարաֆեան Էֆէնտի՛, ինչո՞ւ բարկացած էք։ Վարէն ձայն առի ու եկայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Կնոջը դառնալու ատեն տեսնելով Յակոբը ) Աս մարդը ականջ չունի՞. ի՞նչ կեցեր ես տնկուեր հոդ ( Յակոբ կը քաշուի

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչո՞ւ ատանկ կը խօսիս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուն ալ չի հասկցող մի ըլլար։ Քանի օր է գէշ գէշ երազներ կը տեսնայի։ Գլուխնուս բան մը կը դառնայ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչ կայ որ, նոր բան պատահեցա՞ւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Նո՞ր, ինչը նոր չէ այս քաղաքին մէջ։ Հիմակ ալ եկեր խանութները կը պտտին, ծառաները կը գրեն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչ կ՚ըլլայ ատով որ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ կ՚ըլլայ դուն կըսես։ Բոլոր վաճառականները գլուխնին կախ կը մտմտան։ Ես անոնց պէս չեմ, ընելիքս ըրի։ Մաղազայէն երեք մարդ ճամբու դրի։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ ըսելով։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ըսելը ի՛նչ է։ Գործ չի կայ, առուտուր չիկայ։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ձեռքերնին ծալած նստած են։ Ինծի՞ մնացեր է պարապ մարդերը կշտացնել։ Թող երթան հացերնին հանեն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Պատերազմին սկսած ատենը ինչո՞ւ մեղադրեցիր ուրիշները։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ա՛ն ատենը ուրիշ։ Ո՞վ գիտէր որ պիտի երկննար։ Ամէնքս ալ մէկ երկու ամսուան գործ կը կարծէինք։ Ատոր համար ես մերիններուն չդպայ։ Եկուր մէյ մը հարցուր, ինչպէս համբերեցի ադ մարդիկը։ Ան բեռնակիրները չի կան մի։ Մինչեւ իրկուն ոտքը ոտքին սնտուկներուն ետին սիկար կը ծխեն։ Հիմա ալ թող ուզածնին ընեն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Լաւ բան չէ իրածդ, Տիգրա՛ն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տիկին Սարաֆեան։ Շուկան ուրիշ է, տունը ուրիշ։ Եթէ մենք հաշիւները լաւ չի կապենք, աս տունն ալ, ադ տունն ալ, ադ հագուածներդ ալ, կերածներդ ալ, ամէնքն ալ օդը կ՚երթան։ Կը հասկնաք, ազնիւ Տիկին։ Խնայողութիւնը, դրա՛մն ու հարստութիւնը նոյն բանը ըսել են։ Մնաց որ խնայողութեան համար չէր ըրածս։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ուրիշ ի՞նչ պատճառ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( կէս մը խնդալով ) Ուրի՞շ։ Անշո՛ւշտ։ Այդ Հայաստանցիները կասկածելի են բոլորն ալ։ Բոլիսներուն նայած ատեննին ծակել կու տան։ Մեր Մարտօն այսքան տարի է, դեռ չէ կրցած թէմմէննահ մը նետել մատներէն։ Մէջքը չի կոտրեր։ Թուրք յաճախորդ մը չի տեսնալու կը զարնէ։ Ետեւնուն նայելու ատեն ակռաներուն ձայնը նստած տեղէս կ՚առնեմ։ Յետոյ վտանգաւոր բան է որ մաղազային մէջ ատանկ բազմութիւն երեւայ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տէր Աստուած, մարդերուն մեղքը ի՞նչ է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուն կնիկ ես, անփորձ կ՚ըլլաս։ Մենք շատ բան ենք անցուցեր։ Համիտին ժամանակը այդ խըմպըլները չէին որ ամէնէն կարեւոր օթելներուն մէջն անգամ պոմպաներ պահեցին։ Աստուած հեռուն ընէ, մէկը, Մարտօն օրինակի համար, ելլէ ատանկ ապուր մը ուտէ։ Ինչ կ՚ըլլայ մեր տունը։ Հիմա Համիտին պէս ալ չեն ըներ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Յայտնապէս վախցած ) Կը կարծես որ այդչափ անխիղճ ըլլան։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կնի՛կ, անխիղճը ինչ խօսք է։ Դուն պէտք է տեսնաս ակռանին ինչպէս կը խածնեն, քանի ամիսէ ի վեր։ Մարդիկը կրնան իրաւունք ունենալ։ Բոլոր գեղերնին ու քաղաքներնին մաքրուեցան։ Ես անգամ մտածեմ նէ, կը բարկանամ կոր։ Քանի մը հազար ոսկիիս գլուխն է գալիքը։ Անոնք ամբողջ ընտանիքը վրայ տուին։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սոսկալի է, չէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սոսկալին ալ բա՛ռ է։ Ատանկ մարդերը վրէժխնդիր կրնան ըլլալ։ Ատոր համար կամացուկ մը, գլուխնուս փորձանք չեկած, օձիքնիս կ՚ազատենք։ Հէմ, պարապ տեղը աղքատախնամ ըլլալէ ալ կը դադրինք։ Կառավարութիւնն ալ լաւ աչք կ՚ունենայ վրաննիս։ Ադ մտածումով աս ամսու կտրեցի Վահրամին ալ ամսականը։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատիկա լաւ չես ըրած։ Պահուըտող տղան ի՛նչպէս կ՚ապրի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ընդհակառակը ամէնէն լաւ բանը ատիկա է։ Գիտես ինչպէս դող կ՚ելլայի մինչեւ հիմա, ամսականը տալու համար։ Ան մայրը չէի տեսնա՞ր մաղազային դրանը մէջ, կարծես հոգի առնողը կու գար։ Ինչ փորձանքի օրեր են չես գիտեր դուն։ Կտոր մը թուղթի համար մարդ կը կախեն կոր։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բան մը ընելու է սակայն։ Ատիկա վայլելիք չէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ես բան մը չեմ կրնար ընել։ Մայրն ալ գիտէ ատիկա։ Եկածին պէս ներս պիտի չառնեն։ Ճանըմ, անոնք ահագին կուսակցութիւն մը ունին կռնակնին։ Քանի ամիս է ես իմ պարտքս կատարեցի, կտոր մըն ալ անոնք թող օգնեն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ կուսակցութիւն։ Մա՞րդ մնաց։ Գացողներուն տունը մէջտեղն է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ադ իմ գիտնալիք բանս չէ։ Ես իմ հաշիւներս ունիմ։ Մեր տունէն ալ մարդերը պիտի ճամբեմ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատի՛կա չեմ թողուր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Բայց քու ձեռքդ չէ։ Կառավարութիւնը արդէն գիտէ անոնց անունը, ծննդավայրը, տարիքը, ամուրի ըլլալը։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչպէս, ե՞րբ, ինչո՞ւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ա՛յդ քանի հարցում։ Գիտէ՛։ Խանութներուն եղածը տուներն ալ ըրին, միտքդ չի՞ գար։ Ան ատեն հացի համար է ըսին, բայց կամաց կամաց մէջտեղ կ՚ելլայ կոր։ Գաւառացիները պիտի աքսորուին։ Լաւ չէ որ մեր տունէն մարդ տանին։ Դուն գնա Մարկոսը ղրկէ, ըսելիք ունիմ։ ( Տիկինը դուրս կ՚ելլէ Ասոնք ալ մաքրե՛մ, քիչ մը շունչ կ՚առնեմ։ Ի՛նչ է սա։ Ութը տասը հատ բերան, աւելորդ բերան։ Մէկ մըն ալ, փորձանքի հետ շարունակ։ Չես գիտեր, ինչ գլուխէ մարդեր են։ Բերնէ բերան խօսքեր կը պտտին։ Ցոյց պիտի ընեն եղեր, պոմպա պիտի նետեն եղեր... ։ Ինչ վստահութիւն չընելնուն։ Մարտօ՛ն, կը դողար ակռաները կտրտած ատենը։ Ակոբն ալ վար չի մնար։ ( Դուռը կը զարնեն։ Կը մտնէ Մարկոս Ծo Մարկո՛ս, տունին ամէն կողմերը լաւ մը նայեցա՞ր։

ՄԱՐԿՈՍ Հրամանք ես, Էֆէնտի, ամէն առտու, կատուի պէս աչքէ կ՚անցնեմ, չըլլայ փոշի նստի, աղտոտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Բուռն ընդմիջելով ) Գլուխդ անցնի, փոշին ալ դուն ալ։ Ես ուրիշ բան ըսել կ՚ուզեմ։

ՄԱՐԿՈՍ ( Վախցած, մէկէն ) Ի՛նչ, Էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուք գաւառացի էք, ամէնքդ ալ մէկ ջուրով ու խելքով մարդ։ Երէկ Կորկոտեաններուն սպասաւորը բռնուեր է։ Կ՚ըսեն որ օխաներով թուղթ հաներ են անկողինին տակէն։

ՄԱՐԿՈՍ ( Շուարած ) Ի՞նչ թուղթ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աչքերը խոշոր խոշոր բանալով ) Թուղթին ինչը կը հարցնե՞ն հիմա։ Թուղթ, գրուած, տպուած, պարապ թուղթ, կը հասկնա՞ս։ Անոնց համար ատկէ կարեւոր չիկայ։ Քանի մը հատ ալ պատկեր գտա՞ն մի, կը բաւէ, մարդ շունչը ով գիտէ ո՛ւր կառնէ։

ՄԱՐԿՈՍ ( Յայտնի գոհունակութեամբ ) Ես թուղթ չեմ պահեր, Էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գիտեմ որ գիրէ, գիրքէ չես հասկնար։ Բայց դուք գաւառացիներդ խելք չհասնելիք խենդութիւններ ունիք։ Խրիմեանին, Հայկին, Ադամին, Վարդանին ու տակաւին շատ մը պօշ պօշ մարդոց պատկերին հոգի կու տաք:

ՄԱՐԿՈՍ ( Վիրաւորուած ) էֆէնտի՛։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ատեն չձգելով ) Ծանդ կարճ ըրէ։ Մտիկ չեմ ըներ։ Գնա՛, ամէն անկիւն խառնէ, խառնշտկէ. ատանկ ազգային մազգային պատկերներուն, քարթ-փոսթալներուն հոտը չմնայ, կը հասկնա՞ս։ Չէ նէ ալ չիյտեմ։ Ինծի նայէ, այսօր վաղը դուրսերը չերեւաս պիտի գաւառացիները կը ժողվեն կոր։ Ես շուքէս կը վախնամ։

ՄԱՐԿՈՍ Էֆէնտի, ծակ ու ծուկ կը փնտռեմ. փիր ու բոսք կանեմ։ Ըմմէն թխթեր կուտամ մէջ բոցերուն. տու րսէթ եղիր, մինակ. իրճա մ՚ունիմ ( կը վարանի Էս էլ գիտեմ, մեր տեղաց մարդիկ կը ժողվեն, աչացդ մատաղ, զիմ անուն չ՚ասես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Անո՛ւնդ չըսեմ մի։ Ի՞նչ ըսիր։ Ո՞վ կը հարցնէ կոր որ։ Չէնէ եկան փնտռեցին մի՞։ ( Տեղէն կ՚ելլայ Շիտակ զրուցէ ծօ, շիտակ, կը հասկնա՞ս. տունս տեղս աւրելու սիրտ չունիմ։ Շիտակ ըսէ կ՚ըսեմ քեզի ( երկու քայլ դէպի ծառան յառաջանալով ) շիտակ ըսէ, մարդ եկա՞ւ, մարդ հարցո՞ւց։

ՄԱՐԿՈՍ Չէ՛ չէ՛, մէկը չէ եկած։ Առաջուայ ուզացի ասել. քո միտքն բան դնել Պոլսեցի է կը զրուցես, պրծաւ գնաց։ Է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Շեշտ նայելով ) Կերած ապուրը նայէ՛։ Ինծի պէս շնորհքով մարդ, նշանաւոր վաճառական, սուտ պիտի զրուցէ քեզի համար։ Ո՞ր տեսնուեր է ադ։ Աս ինչ խըմպըլ կ՚ըլլան դուրսեցները։ Կ՚ըսէին, հաւատալս չէր գար։ Ինծի նայէ՛։ Չէ օղլում, չէ։ Եկան հարցուցին մը, շիտկէ շիտակ կ՚ըսեմ. մեր սպասաւորը Մշեցի Մարկոսն է, ամուրի, աս է պատասխանս։

ՄԱՐԿՈՍ Մեղք եմ, Էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինծի մեղք չէ ծօ, քեզի համար ելլամ խարախօլները պտտիմ. տակէն ի՞նչ կ՚ելլայ, լուր ունի՞ս ( Փողոցին դուռը կը զարնուի, տեղէն ցատկելով ) Գնա՛ նայէ ո՛վ է։ ( Սպասաւորը դուրս ) Ախ, այս գաւառացիները։ Աս ամէնը անոնք բերին մեր գլխուն։ Պէտք չէր գործը աս տեղուանքը թափէր։ Զգոյշ, Էֆէնտիմ, զգոյշ։ Չի կրցան։

ՄԱՐԿՈՍ Էֆէնտի, մէկը ձեզ կ՚ուզէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞վ է

ՄԱՐԿՈՍ Անուն չասաց: խայ է. ասաց Էֆէնտին կ՚ուզեմ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ըսէ թող գայ։ ( Դուրս կ՚ելլայ Մարկոս, կը մտնէ Սուքիաս Էֆէնտի։ Երես ունեցող, նիհար, լաւ հագուած։ Նայելու վարժ. հով կայ վրան. ձայնին մէջ շեշտ որ չի կրնար իր միօրինակութիւնը պահել։ Սարաֆեանին կը քննէ, կը կարծէ ճանչնալ, աչքերը կը խփէ, նորէն կը վարանի

ՍՈՒՔԻԱՍ Սուքիաս Զատիկեան, Մխթարը Բանկալթիի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Վա՛յ, հիմա յիշեցի (ձեռք կ՚երկարէ) Ինչպէս էք նայիմ, Սուքիաս էֆէնտի։ Ներեցէք, աչքերս տկար ըլլալուն մէկէն ի մէկ չկրցայ ճանչնալը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հո՛գ չէ։ Սանկ ու նանկ կ՚երթանք։ Աղէկ ըլլալիք օրեր են որ։ Յայտնի է գործերուն ընթացքը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Է, անշուշտ։ Խեր է ինշալլահ ։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Վարանոտ ) Շատ ալ խեր չէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Կտրուած ) Բերանդ աղուոր բաց:

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ տեղը կայ պահելու։ Վաղը թուրքը պիտի գայ։ Անկէ իմանալուդ, ինձմէ իմացիր։ Թէհարրի մէմուրին քեզ տեսնել կ՚ուզէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչ պիտի ընէ, ինծի. ես ի՞նչ գործ ունիմ հետը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խարախօլ պիտի կանչէր. ըսի կը վախնայ. անգամ մը ես տեսնում։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Շատ լաւ ըրեր ես, ապրիս իմ Սուքիաս Էֆէնտի։ Բառը լսելուս դող կ՚ելլամ, ամօթ չէ։ Վարժուած չեմ։ Համիտին ատենը անգամ երես չեմ տեսած ադ խարախօլ ըսուածին։ Ան ատենները ինչ որ է, հիմա եաման բան է կ՚ըսեն։

ՍՈՒՔԻԱՍ Է՛ հա։ Հիմա դժուար է անգամ հոդ իյնալէն ետքը ինքզինքդ գտնաս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչ պիտի ընեն եղեր ինծի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Էֆէնտիմ, խնդիրը ուղղակի քեզի համար չէ։ Բայց գիտես եա, ադ շուները հաց ելլալիք տեղ կը փնտռեն։ Առաջին գրագիրդ կ՚ուզեն կոր քենէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ    ( ԴԵփ դեղին ) Ինչ գիտնամ ես անոր տեղը։

ՍՈՒՔԻԱՍ— Ես ալ ըսի ատիկա, բայց ինչ օգուտ։ Անոնք գիտեն կոր։ Տղուն մայրը քանի անգամ ձեր խանութը եկեր է. քեզի հետ տեսնուեր է։ Մաղազայէն դուրս ելլալէն վերջ ալ գրպանները լաւ մը քններ է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատկէ ինչ կ՚ըլլայ որ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Համբերէ, եղբայր։ Ատկէ ան կ՚ելլայ որ աղքատիկ այդ կնիկը գրպաններուն հետ ուրիշ տեղ չը զբաղէր։ Ըսել է դրամ կ՚առնէ կոր քենէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բացարձակապէս սխալ. այս շաբթու վռնտեցի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ըսել է մինչեւ հիմա կու գար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Մէկ թէ երկու, լաւ միտքս չէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ որ է։ Երկու կամ աւելի խնդիրը հոդ չէ։ Հիմա կառավարութիւնը մարդը քենե կ՚ուզէ կոր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Իմ ինչուս պէտք եղբայր, օտարին տղան։ Մարդ աշխատցնե՞լն ալ մեղք է եղեր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Աւելորդ խօսքերը օգուտ չունին։ Գլուխ գլխի տանք, ճար մը գտնենք։ Ադ տղան անպատճառ պիտի ձեռք անցնեն։ Ատիկա անոնց գործն է։ Խնդիրը քու անունը գործէն դուրս հանելուն վրայ է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Եղբայր ես ինչ ըրած եմ որ. իմ անունս ի՞նչ կապ ունի այդ ուղուրսուզին հետ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հիմա ըսի, չհասկցար։ Դուն ամբաստանուած ես իբր անոր դրամ տուող։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Է՛։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հետեւաբար տեղն ալ գիտես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Խենդ են ինչ են ադ մարդիկը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ու պարտաւոր ես տեղը յայտնելու թէ ոչ:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Եթէ ո՛չ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Իբր վնասակար մարդ Պոլիսէն դուրս կ՚ելլես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Պոլսէն դուրս մը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ կայ զարմանալու, առաջինը չես դուն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց եղբայր ( կակուղցած ) ես վաճառական եմ, ու ատանկ ազգային գործերու խառնուած չունիմ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հակառակը պնդող չի կայ։ ( Ձայնը կամացնելով Ճիշդ ատիկա հիմա քեզի աննպաստ կը դառնայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչպէ՞ս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինձմէ լաւ գիտես, բայց չհասկնալու կը զարնես։ Դու տեսար ձեր  դասակարգէն գացողներր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կը հասկնա՞մ։ Դրամի՛ խնդիր:

ՍՈՒՔԻԱՍ Ճիշդ. մատդ դրիր։ Բայց մինակ դրամը չէ քեզի համար։ Դուն պիտի քրտնիս, աւելի շատ։ Ինչո՞ւ որ, մի ընդմիջեր, խնդրեմ, ինչո՞ւ որ այդ տղուն տեղը իրապէս գիտես։ Ու հիմա։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Երկու ձեռքով մէջ իյնալով ) Իմ ինչուս է պէտք, եղբայր, ես անոր տեղը չեմ գիտեր. ասիկա բացարձակ է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այսօր այդպէս, բայց վաղը ուրիշ պիտի խօսիս։ Մէմուրը համոզում գոյացուցած է որ գիտես։ Ու ալ դժուար թէ ազատիս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց ի՞նչ է այդ գրագիրին կտորը որ այսքան կը փնտռեն։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատիկա չգիտցող չկայ։ Դուն միայն կ՚ուզես կոր պզտիկցնել։ Կազմակերպութեան մը գաղտնի ներկայացուցիչը, նոր դաւադրութեան մը պարագլուխը. տակաւին շարունակե՞մ...:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիաս Էֆէնտի, ըսածներդ բոլորն ալ ճիշդ կրնան ըլլայ. մինակ, կը կրկնեմ, ատոնց ու իմ մէջ ինչ կապ կայ, ատիկա չեմ տեսներ։

ՍՈՒՔԻԱՍ— Լա՛ւ։ Պիտի տեսնես։ Ինծի նայէ՛։ Ես հայ եմ, քու արիւնէդ. եթէ այսօր գործս բերեր է որ անոր կողմը ըլլամ, ատիկա ըսել չէ որ պէտք եղած ատենը ես իմ ազգիս օգտակար ալ չըլլամ։ Իմ անունս գէշ ելած է: Հոգ չէ։ Ես մարդու տուն աւրեցի. ադ ալ կ՚ընդունիմ։ Բայց մի մոռնար որ աղէկութիւններ ալ ըրի։ Հիմա խնդրիդ մէջ որոշ է իմ դերը։ Քու հարստութեանդ համար դուն օխային տակն ես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Միւսները ինչո՞ւ հանգիստ կ՚ապրին։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հանգիստ ապրողը դուն ես։ Անոնք բոլորն ալ գէշ կամ աղէկ իրենց պարտքը տուին։ Յետոյ քեզի պէս խառնուած չեն յեղափոխականներու անունին մէջ։ Մի բողոքեր, գիտեմ քու առարկութիւնները։ Դուն դրամ կու տաս կոր կառավարութեան դաւաճաններուն. Հապա ուրեմն...

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Այնպէս կը խօսիս, կարծես թէ իրաւ կըսես, ես ալ կը հաւատամ կոր սուտիդ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Մխթարները սուտ չեն ըսեր։ Կառավարութիւնը ամէն բան գիտէ։ Երկայն մի ըներ։ Աս օրերը քու գիտցածներուդ չեն նմանիր։ Բարեբախտ ես որ հայ մը մտած է գործիդ։ Եթէ գային քեզի շիտակ խարախօլ կանչէին ու ատկէ ալ Հայտար-փաշա ՝ այն ատեն այսպէս տրամաբանելու ատեն չէիր ունենար։ Հիմա ես միջնորդութիւնդ վրաս առած եմ։ Դուն տրամադի՞ր ես բան մը տալու։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Վարանոտ ) Ամէնքին անցած ճամբայէն մենք ալ կ՚անցնինք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այդ մէկը լաւ։ Երկրորդ, պարտաւորուած ես այդ տղուն տեղն ալ իմացնելու։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Հանդարտ ու վճռական ) Չեմ գիտեր։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Կէս հեգնական ) Այնպէս մը կը պատասխանես որ, հաւատալս կու գայ սուտիդ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Վաճառականները սուտ չեն խօսիր։ Գլուխդ մի շարժեր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ես գիտեմ ըրածս։ Տղան պիտի գտնաս։ Եթէ իրաւ չես գիտեր, միջոցներ պիտի խորհիս երեւան հանելու համար։ Մայրը կրնաս շահագործել։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Զզուանքով ) Ատիկա վեր է իմ ուժէս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այո հիմա։ Բայց վա՜ղը։ Երբ վտանգը դուռդ զարնէ, այն ատեն պիսի աղաչես։ Թերեւս օգուտ չընէ։ Դուն ինծի մտիկ ըրէ։ Որքան ատեն որ տղան ձեռքով չիտաս, կամ ձեռք չանցնի, փորձանքը պակաս չէ տունէդ։ Ես այսչափ կ՚ըսեմ։ Ինծի Մուխթար Սուքիաս կ՚ըսեն։ Լաւ չէ որ կառավարութեան մօտ այդ գոյնով ներկայանաս։ Առաջին տեսակցութեան մը այսքան լուսաբանութիւն։ Ես կ՚երթամ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիաս Էֆէնտի. ինծի չճանչցողը չիկայ։ Ես օր մը օրանց անիրաւ բան չեմ ըրած։ Այդ յեղափոխական ըսուած մարդերուն ալ թշնամի եղած եմ։ Եթէ գործիս մէջ ունեցեր եմ անոնցմէ, պատճառը այն է որ չէի կրնար տեղը մարդ գտնել։ Հէմ, ինչ պահեմ մտքէս անցածը, անանկ՝ իր գործին ուշադիր մէկը, քու կարծածիդ պէս զօրու տեսակէն յեղափոխական ըլլալու չէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատիկա մեր գիտնալիք բանն է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Յետոյ, նայէ որ աժանով ազատիս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դուն հիմակուան բիացան գիտես։ Ես կ՚աշխատիմ դրամապէս քեզի նպաստաւոր կարգադրութիւն մը տեսնել։ Միւս կողմէն դուն ալ մի մոռնար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ճանըմ, եթէ բան մը իմացայ լա՛ւ. բայց յոյս չունիմ ( Դուռը կը զարնեն

( Կը մտնէ Անահիտ. պարզ հագուստով, գլխով բարեւ, Մխթարը ոտքի է արդէն, ձեռք կը թօթուէ Սարաֆեանին հետ ու կ՚ելլէ դուրս

ԱՆԱՀԻՏ Հայրիկ ո՞վ է աս մարդը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գէշ մարդ մը, նշանաւոր մատնիչ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչ չար է դէմքը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հոգին ալ, աղջիկս։ Հարիւրներով տուն մարեց։

ԱՆԱՀԻՏ Ատ, ինչպէս:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ետքի պատմութիւն։ Անոնք ալ մարդ եղան, մեր տուները կրնան կոր մտնել։ Ինչ օրերու հասանք։ Դուն ինչո՞ւ գունատ ես։

ԱՆԱՀԻՏ Հայրիկ, եկայ քեզմէ խնդրելու որ Յակոբն ու Մարկոսը չճամբես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աղջիկս, կիները լաւ կ՚ընեն եթէ մարդերուն գործին չմիջամտեն։ Ես գիտեմ ընելիքս։ Ատ մարդիկը վնասակար են։

ԱՆԱՀԻՏ Բայց որո՞ւ ինչ ըրած ունին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Որո՞ւ մի։ Պէտք չկայ որ վնաս հասցնեն։ Աշխարհը փոխուած է: Հիմա մարդերուն վնասը իրենց անունին, ծնունդին մէջն է։ Դուն գիտես որ դուրսեցիները կը հաւաքեն։

ԱՆԱՀԻՏ Լաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Անոնք ալ իբրեւ դուրսեցի պիտի բռնուին ու աքսորուին։ Լաւ չէ որ մեր տունէն ելլան այդ մարդերը։ Ըլլայ չըլլայ պիտի բռնուին։ Լաւ է որ դուրսէն ձեռք անցնին։

ԱՆԱՀԻՏ Յետոյ ինչ պիտի ըլլան։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչ գիտնամ։ Պատմութիւնները շատ։ Բայց ճամբան կը մաքրեն։

ԱՆԱՀԻՏ ( Շեշտ եւ ուժգին ) Ատիկա մինակ պիտի է բաւէր որ ատոնք պահ էիր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Որպէսզի ատոնց տեղը ես երթամ։

ԱՆԱՀԻՏ Ա, Աստուած չընէ. ինչո՞ւ դուն երթաս։ Ծառայ պահողներուն ինչ ըրած ունին որ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հիմա ադ ալ մեղք է։ Քիչ առաջ ադ մարդը եկած էր գիտես ինչո՞ւ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչո՞ւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Վահրամը կ՚ուզէ կոր։

ԱՆԱՀԻՏ Վահրամը ո՞վ է:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սա մեր Վահրամը, գրագիրը։ Գիտես, անցեալ տարի անգամ մը մաղազա եկար, կօշիկ բերաւ քեզի։

ԱՆԱՀԻՏ Կը յիշեմ կոր։ Ինչո՞ւ կը փնտռեն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դաշնակցական է եղեր։ Դաւաճան է եղեր։ Ինչ գիտնամ։ Հազար անուն գտաւ։ Խիստ կը փնտռեն. ու ինձմէ կ՚ուզեն։

ԱՆԱՀԻՏ Դուն գիտե՞ս տեղը որ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հոգս էր հատեր։ Ինչուս է պէտք։ 6-7 ամիս կայ որ պահուած էր։ Սկիւտարէն փախեր է, այս կողմերն է եղեր։

ԱՆԱՀԻՏ Մեղք է տղուն, չէ՞։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Մեղքն ալ խօ՞սք է։ Սքանչելի գլուխ էր, կըսեն։

ԱՆԱՀԻՏ Բռնեն նէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աստուած պահէ։ Պոլիս խոտ կը լեցնեն կաշին։

ԱՆԱՀԻՏ Ի՛նչ սոսկալի եղաւ աշխարհը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուն նայէ որ գործերուդ մէջը մնաս։ Ես իմ ըրածներս գիտեմ։ Սպասաւորները որքան քիչ ըլլան, այնքան լաւ է կառավարութեան համար։ Մաղազայէն ալ նոյն բանը ըրի։ Ես քիչ մը վեր պիտի ելլեմ սենեակները աչքի անցնելու, թուղթերս, թերթերը նայելու, ըսէ վարպետին, սեղանը պատրաստ է։

ԱՆԱՀԻՏ Բայց ինչ պիտի ըլլան այդ խեղճերը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Դուրս ելած ատենը ) Ատոնք ձգէ ( Կը մեկնի

ԱՆԱՀԻՏ ( Մինակ։ Կը նայի չորս դին, թերթերը կը վերցնէ, զանգակը կը զարնէ։ Յետոյ նորէն կը կարդայ: Կը մտնէ սպասաւոր մը Վարպետին ըսէ հոս գայ ( Սպասաւորը կը մեկնի։ Անահիտ, չկրնալով կարդալ կ՚ելլայ ոտքի. նեղուած բան մը կայ կուրծքին տակ։ Կը մտնէ Վարպետը

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, ճաշի ի՛նչ ունիս։

ԽՈՀԱՐԱՐ Սեղան՝ կը տեսնաս։

ԱՆԱՀԻՏ Եկուր քիչ մը, խօսինք։ Հոգիս նե՛ղ է շատ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Նեղ հոգիները չեն խօսիր, կը պատռին։

ԱՆԱՀԻՏ ( Խնդալով ) Նորէն սկսար։ Լա: Այս գիշեր կ՚ուզեմ աւելի մտիկ ընել քեզի։ Գիտես, Բանկալթիի մուխթարը եկեր էր քիչ առաջ։

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Ցնցուելով ) Ինչ ըսի՞ր…։ Էդ անաստուած, անկրօն մարդ ինչո՞ւ իր քարնալիք ոտքեր դրած է հոս։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչ սոսկալի մարդ է, տեսնաս Վարպետ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Գրողը տեսնայ երեսը։ Օճախ քանդել, աղջիկ, օճախ, իրեն կը մնա՞ց։

ԱՆԱՀԻՏ Ով գիտէ։ Պատերազմը կ՚երթայ։ Դուրսերէն գէշ լուրեր՝ յուսահատութիւն կու գայ մարդուն։

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Յուզուած ու լուրջ Մեծ է իմ սուրբ խաւատքը։ Մեր տեղ օրհնած տեղ է։ Դուն շատ ալ ականջ մի տար լսածներուդ։ Երէկ, ես մեր սրճարան մտիկ ըրի, Վարպետ Առաքել կը կարդար։ Ինկիլիզուն գալուն մատ է մնացեր։ Ես չտեսած չեմ մեռնիր, ուխտ եմ ըրած ուխտակատար Ա. Կարապետի վրայ։ Աստուծոյ ի՞նչը կը պակսի ինծի պէս ծերունու ուխտն ընդունական ընելով։ Տուն ըսէ։ Անիրա՞ւ եմ։ Այդ վերի մարդը պոստանի պէքճի չէ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Թեթեւ ու մանկունակ ժպտելով ) Վարպետ, քեզ ո՞վ սորվեցուց որ այդքան սիրես քու ազգդ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատոր համար պե՞տք կայ վարժարան երթալու։ Չէ՞ որ խայ Քրիստոնեայ ենք, չէ՞ որ մէկ տիւշման ունինք ամէնքս ալ։

ԱՆԱՀԻՏ Մենք տարիներով դաս առինք, հայ չըլլալ սորվելու համար։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ամէն մարդ մէկ չըլլար։ Ես քեզ գրկիս մէջ եմ մեծցուցեր։ Պզտիկութեանդ, ամէն օր, օղորմած հոգի մամայիդ մեռնելէն ետքը, գլխիդ մէյ մէկ երես աղօթք եմ ըրեր։ Մեր երկրին կրակէն բան մը անցած է քեզի։ Բոլոր եկող գացող միւսներուն, մամզելներուն տասէն աւելի ես աղօթեր եմ գրկուն առտու քու խելքիդ համար։ Աստուած լսեց մէկ աղաչանքս, քեզ աղուորներուն աղուորը դրաւ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Ընդմիջելով, մատները Վարպետին բերնին տանելու ձեւով մը ) Սուտ կ՚ըսես դուն, Վարպետ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Խօսքս մի կտրեր։ Աղուորներուն աղուորը ըրաւ: Քեզ խելացիներուն խելացին ալ ընէ պիտի. տուն իմ զաւակս ես։ Լուս իջնէ գերեզմանը, մամադ ինծի յանձնեց քեզ։ Այսքան տարի այս տունին մէջ եմ եղեր։ Ինչեր եկեր են ու գացեր։ Իմ սորվածս կարճ գլխով մարդու բաներ են։ Մէկ հատ ամուր բռնէ ձեռքս։ Անցաւոր աշխարհիս մէջ մարդ սրտին մէջը անո՛ւշ, աղուոր բան մը պտտցնելու է։

ԱՆԱՀԻՏ Բերանդ պագնեմ, Վարպետ։ Դուն դպրոցները երթալիք ու դաս տալիք մարդ ես։

ԽՈՀԱՐԱՐ Վարժապետներ շատ։ Մարդերը քիչ։ ( Կը կենայ ) Մեր տունի պատուած տղան ալ, ինծի կու գայ որ ատոնցմէ է։

ԱՆԱՀԻՏ Հա՛, լաւ յիշեցիր։ Երէկ աճապարանքով պատմեցիր, աղէկ չհասկցայ։ Ո՞վ է ադ տղան։ Ուրկէ՞ կու գայ։ Անունը ի՞նչ է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ես գիտե՞մ։ Փախստական է։ Դաշնակցական կ՚ըսեն, Հնչակեան կըսեն, կ՚ըսեն ու կ՚ըսեն։

ԱՆԱՀԻՏ Անունը չտուա՞ւ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Անո՞ւն։ Շա՛տ։ Որը կ՚ուզես դիր։ ( Կը կենայ ) Մարդուն սիրտը դէմ չի տար։ Աղջկան պէս տղայ է։ Մա՛զ, մազ։ Շատ ու շատ փէրչէնները կը գոցեն իրեն։

ԱՆԱՀԻՏ Աչքե՞րը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Աչքերը։ Մի հարցներ։ Նայած տեղը լոյս կ՚իյնայ կ՚ըսեն։ Անանկ աչք չեմ տեսեր ես։

ԱՆԱՀԻՏ— Ի՞նչ ըսել է չես տեսեր։

ԽՈՀԱՐԱՐ Աղջիկ, աչքերն ալ հոգիներուն կը նմանին քիչ մը։ Տաքը կայ, պաղը կայ։ Քաշողը կայ, փախցնողը կայ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Քիչ մը տարուած ) Ի՞նչ կ՚ընէ տունը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Կը կարդայ։ Միշտ նստուկ է։ Կ՚ելլայ ոտքերուն ծայրը կոխելէն, կատուի պէս մէկ երկու հեղ կը դառնայ սենեակին մէջ։ Հարցուցեր են ինչո՛ւ այդպէս կ՚ընէ։ Ինչ ըսէ աղէկ։ Ոտքերուս տեղը չմոռնալու համար։ Շատ խորունկները չեմ հասկնար։ Շուքն անգամ չվստահիր վարագոյրներուն։ Ետքը թուղթերու մէջ կը թաղուի։

ԱՆԱՀԻՏ Դրամ ունի՞։

ԽՈՀԱՐԱՐ Որո՞ւ մտքէն կ՚անցնի հարցնել։ Քանի մեր տունն է, շէնք շնորհք հաց անգամ կերած չունի։ Երկու չկայ որ ձայնը լսած ըլլամ։ Մեր կնիկ ճաշը կը տանի առաջին, տարածին պէս կը բերէ ետ։ Երբ պնդենք, ախորժակը կը փախչի։ Ինչ ընենք, հարկաւ կր վարժուի։ Հոգուս համար նայիմ պիտի ադ տղուն։ Դուք հարուստ էք, մեծ մեծ խերեր կրնաք ընել։ Ես ալ ձեռքէս եկածին չափ։ Մինչեւ որ անօթի մնամ, պիտի նայիմ։ Ետքէն, տէրն ողորմած է։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչպէ՞ս եկաւ քեզի։

ԽՈՀԱՐԱՐ Պատմութիւնը հոտ է։ Շաբաթ մը կայ որ մեր փողոցը ամէն օր տուն կը կոխեն, գիշերն ու ցերեկը չզատելով։ Դուն չես կրնար գիտնալ, բոլիսներ մեր տուներ մտած ինչեր կ՚ընեն։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչեր, Վարպետ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչե՜ր... ։ Ամէն բան չըսուիր։ Պատեր կը քակեն, շիշերով կը ծակեն ձեղունը ու գետնին տախտակները, մարդ հանելու համար։ Օր չանցնիր որ կնիկս չի լայ։ Տեսած ունի՞ս դուն, շիլլին ծուռ, աչքերն արցունքոտ, թեւերը կռնակին կապուած տղան, երկու բոլիսի մէջտեղէն։ Մարդուն ներսը ճիկէր չի մնար, կտոր կտոր կ՚ըլլայ։ Մեր տղան բռնուած է ու ձեռքերնուն փախած։

ԱՆԱՀԻՏ Ի՞նչ կ՚ըսես։

ԽՈՀԱՐԱՐ Եա՛: Մեր Մաննիկ կը տեսնայ, ինչպէս տղեկը, աչքը պատուհաններուն, կը դառնայ մեր թաղը։ Դուռը կը բացուի, տղան ներսն է։ Ու ատ մտնելն էր։

ԱՆԱՀԻՏ Բոլիսնե՞րը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Թող փնտռեն։ Կու գան մեր տունն ալ կը հարցնեն։ Ո՞վ տղայ կու տայ իրենց։

ԱՆԱՀԻՏ ( Երկար նայուածքով մը ), Վարպետ, չէ՞ս, վախնար տունդ ատանկ մէկը պահելէ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչո՞ւ վախնամ։ Տղայ չունիմ առնեն տանին։ Փարայ չունիմ որ ետեւէս դառնան։ Ինչ որ կու գայ, անոր, անոր կէնճութեանը կու գայ։

ԱՆԱՀԻՏ Բայց երբ քու տունէդ բռնուի, քեզ ալ կ՚աքսորեն։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատ էր վախս. ինձմէ ի՛նչ կելլայ։ Ալ վարժուեցանք։ Լսելէն լսելէն, մարդ մեռնելուն ալ հաւատալը կու գայ։ Մեռնիլն ալ կատակ չէ՞, կ՚ըսեմ ես ինծի։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչո՞ւ հայրիկն ալ քեզի պէս չէ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ան ուրիշ էր, ուրիշ։

ԱՆԱՀԻՏ Գիտես, Դաւիթն ու Մարկոսը կ՚ելլան տունէն։

ԽՈՀԱՐԱՐ Գիտեմ, ինչ ընենք։ Սիրտը պատկեր չէ որ փոխես, տեղը ուրիշ մը դնես։ Ան ալ անանկ մարդ է։

ԱՆԱՀԻՏ Տղուն վրայ բան մը չի խօսեցա՞ր։

ԽՈՀԱՐԱՐ Դուն քէյֆդ նայէ։ Դուն իմ աղջիկս ես։ Ըսի քեզի անո՞նց։ Աստուած պահէ։ Երթամ ես սեղան շտկեմ։

( Դուռը կը բացուի։ Խոհարարը դրան բերանը կը սպասէ, նայելու համար Մալվինային ետեւէն, անանկ արհամարհանքով որ ծակել կու տայ

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Չխօսելով Անահիտին ) Ի՛նչ գէշ եղայ։ Ասանկ յուզումներն ալ ինծի չեն գար։ Ինչպէս ասանկ դեղնած դեղնած երթամ Ֆրիցին։

ԱՆԱՀԻՏ (Սառն) Ինչո՞ւ գիշերով։

ՄԱԼՎԻՆԷ Դուն եթէ չխառնուիս, լաւ կ՚ընես։ Գետինն անցնի աքսորն ալ, հայն ալ թուրքն ալ: Այսօր աս մտիկ ընէ, վաղը ան։ Հոս մարդ կախեր են, հոն աքսոր են ըրեր։ Մաման կու լայ, պապան կուլայ։ Ինչ է իմ քաշածս։

ԱՆԱՀԻՏ Օրիորդը ի՛նչ ալ դիւրագրգիռ է։

ՄԱԼՎԻՆԷ Ձեզի հետ չեմ խօսիր։

ԱՆԱՀԻՏ Անշո՛ւշտ։ Բայց հօրս անունը կը կրես։

ՄԱԼՎԻՆԷ— Մինակ քուկդ չէ ան։ Հազար անգամ եղաւ, պատասխանը պատրաստ է։

ԱՆԱՀԻՏ Մեր պիտի ըսեմ։ Քեզի չպատկանող անուն մը ցեխերը ձգեցիր։

ՄԱԼՎԻՆԷ— Քու գիտնալիք բանդ չէ ադ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Գրգռուած ) Ինչպէս թէ չէ։ Իմ հօրս անունն է որ կը պտտի Գերմաններուն բերանը։ Անամօթ աղջիկ։

ՄԱԼՎԻՆԷ— Լսէ՛, լիրբ, խայտառակ։ Աս ի՛նչ է իմ քաշածս այս տունին մէջ ( Բարձրաձայն կու լայ։ Ներս կը մտնեն Տէր եւ Տիկին Սարաֆեանները ):

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աղջկանը վազելով ) Քիչ մը ջուր, քիչ մը ջուր։ ( Սարաֆեան կը բերէ սեղանէն առնելով, կը շփէ երակները: Տիկին Սարաֆեան, աչքերը կախ, դէմքը թթուած, բայց վախկոտ, կու լայ։ Սարաֆեան աղջիկը կը ձգէ, կնոջը մազերը եւ աչքերը կը շոյէ։ Անահիտ, ձեռքերը յուսահատ շարժելով, դուրս կը քաշուի

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ասիկա դիմացուելիք բան չէ, Սարաֆեան Էֆէնտի։

ՄԱՐԱՖԵԱՆ Հիմա արթնցուր աղջիկդ, ետքէն կը խօսինք:

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Աչքերը յանկարծ բանալով ) Ալ հերիք է, Հայրիկ։ Չեմ դիմանար ես։ Ամէն օր երեսիս կու տայ։ Քու անունդ ի՞րն է մինակ։ Ես քու զաւակը չե՞մ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աղջիկս, մի գրգռուիր այդպէս։ Անիկա այդպէս է։ Ամէն բան չեն լսեր։ Հարիւր անգամ պատուիրած եմ, պատասխան մի տար ըսածներուն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց համբերութիւնն ալ չափ մը ունի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Քիչ մը խիստ ) Դուն ալ յանցանք ունիս այս կռիւներուն մէջ. չի կրնար օր մը ճշմարիտ մօր մը պէս քեզի կապել։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Իմ ձեռքս ի՛նչ կայ, եթէ անիկա պաղ ըլլայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տէ, չբանանք այդ տեղերր։ Ելիր. ( Մալվինէին ) աղջիկս։ Քիչ մը շտկէ վրադ գլուխդ։ Ուշը չի մնաս։ Ֆրիցին հասկցուր իմ վախերս։

ՄԱԼՎԻՆԷ— Նայէ, գործը քեզի եղածին պէս, ինչպէս Ֆրից, Ֆրից կ՚ըսէ։ Առաջ բայց ինչքան գէշ կը խօսէիք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աղջիկս։ Հիմա վտանգ կայ։ Աշխատէ որ Գերմաններուն ազդեցութիւնը գործածես մեր տունին համար։ Պարապ տեղը չերթայ մեր անունը վրայ։

ՄԱԼՎԻՆԷ Դուն ալ աղջկանդ պէս կը խօսիս։ Ինչ է ձեր անունը: Մայրիկ, ինչո՞ւ ամէն օր այսպէս կը վիրաւորեն ասոնք հայր ու աղջիկ։ Յանցա՞նք եմ գործեր որ ամուսնացեր եմ ասոր հետ։ Յանցա՞նք եմ գործեր որ Ֆրիցը կը սիրեմ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Այդպէս խիստ մի խօսիր, աղջիկս։ Հարկաւ։ Անահիտը պիտի նախանձի որ դուն վերջապէս պիտի ամուսնանաս։ Անիկա քենէ մեծ է, քենէ խելացի կը կարծէ ինքզինքը։ Այդ է պատճառը։ Պէտք է անուշ վարուիլ ատանկ փափուկ պարագաներու առջեւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Մանաւանդ հիմա խնդիրը կնճռոտ է այս տունին համար։ Սուքիաս Էֆէնտին գէշ տեղեկութիւններ բերաւ։ ( Դուռը կը զարնեն փողոցին ) Ով կ՚ըլլայ այս ատեն։ ( Տ. Սարաֆեան ինքզինքը կը հաւաքէ, Մալվինէ մէկէն ոտքի է, հայելիին առջեւ զբաղած յարդարելով դէմքը

ՄԱԼՎԻՆԷ Արդեօ՞ք Ֆրիցն է։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Երանի թէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աղջիկս, չես մոռնար խրատներս։ Ես քեզի համար հարազատ հայրիկ մը չեմ եղած։ Դուն ալ այդ աղջկան ըրածները շատ մի տեսներ։ Գերմանին մօտ հանէ մեր տունին խնդիրը։ ( Դուռը կը բացուի, կը մտնէ Սուքիաս Էֆէնտի. բոլորովին տխուր. իրական յուսահատ կերպարանքով մը։ Տ. Սարաֆեան, Անահիտ դուրս կ՚ելլեն

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Դող ելած ) Խեր ըլլայ, Սուքիաս Էֆէնտի։ Ձեւդ չեմ հանիր կոր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խարախօլէն կու գամ։ Լաւ կ՚ըլլայ որ վերեւ երթանք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞ւր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խարախօլ. Պէյը կուզէ կոր տեսնուիլ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ոտքդ պագնեմ։ Ես չգամ։ Դուն կարգադրէ։ Քեզի հրաման տուած էի, չէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այո՛։ Բայց հիմա դրամը չէ այլեւս։ Գործը փոխուած է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ կայ, մէկէն ի մէկ ի՞նչ եղաւ։

ՍՈՒՔԻԱՍ— Եղածր տարօրինակ է։ Քեզի կ՚աքսորեն կոր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Դողահար, ոտքի նետուելով ) Աքսոր մը։ Ի՛նչ կըսես։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այո՛, դժբախտաբար։ Կրցածս ջրի որ է որոշումը չտրուի։ Բայց անկարելի եղաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Չուզելով հաւատալ ) Աքսո՞ր մի. իրա՞ւ կ՚ըսես թէ սուտ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Գետինն անցնելիք տղա՛ն։ Ուրկէ ուր գործիդ մէջ մտած է։ Անիկա պատճառ կը ցուցնեն կոր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Վահրամի՞ն համար կ՚ըսես։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ուրիշ ո՞վ պիտի ըլլար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիաս Էֆէնտի, եղբայր, ինչ աշխարհ է աս։ Անօթիի մը տղայ։ Բերանը կը հոտի։ Մայրը լուացքին տաշտէն չզատուող։ Կը մեղքնաս, գործիդ կ՚առնես ու անոր համար։ Ինչ չըմբռնուելիք բան։ Ո՞ւր է արդարութիւնը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Փնտռէ որ գտնես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կատակը մէկդի։ Իրա՞ւ է ըսածդ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ես կատակէ չեմ ախորժիր։ Եկայ քեզի խարախօլ տանելու։ Բոլիս պիտի ղրկէին, արգիլեցի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Արգիլեցի՞ր մի։ Ըսել է այդքան խօսքըդ կ՚անցնի։

ՍՈՒՔԻԱՍ ԳԷ՛շ աղէկ։ Հիմա քալէ երթանք։ Թերեւս հոն բան մը կ՚ընես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչ կրնանք ընել հոն։ Աւելի լաւ չէ՞, որ, հոս կարգադրենք։ Եղբայր, Աստուծոյ սիրուն, ինծի ադ սեւ տեղը մի տանիք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խարախօլէն ինչ կայ վախնալու։ Աքսո՞րը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աքսո՛ր։ Աքսո՛ր։ Աքսոր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դերասան կարծեցի։ Ատ ինչ ձեւ էր։ Գացողները հոգի չունէ՞ին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— ( Ինքզինքին եկած ) Ես աքսոր չեմ երթար։ Աս գիտցած ըլլաս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Անանկ մը կ՚ըսես որ իբր թէ ես ըլլայի քեզ խրկողը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ես աքսոր չեմ երթար։ Ինծի նայէ՛։ Պարապ տեղը չենք վաստկեր այս ամէնը։ Ես կը ճանչնամ Շիւքրի Փաշան։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ո՛ր Շիւքրին է այդ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Շիւքրի փաշան. Հիմա ան պաշտօն չունի։ Բայց նորէն խօսքը կ՚անցնի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Մեղք որ հին մարդերուն ձայնը չեն լսեր հիմա։ Եթէ ոչ, օգտակար կ՚ըլլար։ Իթթիհատճի մէկը կը ճանչնա՞ս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՛չ։ (Կը մտածէ ) Գերմաններուն կը դիմեմ։

ՈՒՔԻԱՍ Ատոնց ալ մտիկ ընող չկայ։ Չիլինկիրեանին կինը օրերով Գերման դեսպանատուն գնաց ու եկաւ։ Ամուսինը մեռցուցին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞վ է ադ մարդը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դաշնակցական մը, անոնց թերթին մէջ կը գրէր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Ես աքսոր չեմ երթար։ Աս նորէն կ՚ըսեմ։ Ամէն բան պիտի փորձեմ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ել, երթանք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞ւր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ալ չըսեմ եղբա՛յր։ Խարախօ՛լ։ Հոն կը մտածենք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիաս Էֆէնտի, քիչ առաջ, տրամադրութիւնս տուի քեզի։ Ինչո՞ւ այդ կէտին վրայ չես դառնար։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դրա՛մ։ Ատիկա դիւրին է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Լա՛ւ։ Դրամով ամէն բան կ՚ըլլայ։

ՍՈՒՔԻԱՍ (Ձեռքը բանալով) Ինծի նայէ՛։ Դուն հայ ես, քեզի կը մեղքնամ։ Ինծի յանձնարարուած է որ չմիջամտեմ քեզի համար։ Բայց սիրտս չըլլար։ Ես կրնամ քեզի խարախօլ չտանիլ հիմա։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատկէ ի՞նչ կըլլայ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատկէ ան կըլլայ որ քու անունդ այս գիշեր ընիրէթը ումիմիյէն չերթար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞վ է ադ մարդը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Մարդ չէ անիկա։ Անիկա լման չես հասկնար։ Գիտցիր մինակ որ, եթէ անունդ թուղթով մը հոն երթայ, ալ ազատելիք չունիս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞վ պիտի ղրկէ անունս հոդ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Տհարրի Մեմուրին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչպէս պիտի չերթայ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ադ ալ ես գիտեմ։ Ե՛ս։ Վաճառական ըլլալը հիմա տասնոց չըներ։ Կամ դրամ պիտի տաս, կամ օրերդ համրուած են։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Եղբայր, ճամբայ կտրողներուն լեզուն է կարծես։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ կ՚ուզէ ան ըլլայ։ Քեզմէ դրամ ընդունիլը մեծ շնորհ մըն է, ադ գիտցած ըլլաս:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչուս շնորհն է աս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Վերջը կը հասկնաս։ Հիմա տուր հազար ոսկի. տանիմ մէմուրին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Նոյն քան անակնկալի եկած ) Հազար ոսկի։ Հազար ո՛սկի։ Ինչ ահագին դրամ է ադ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Պատերազմին համար դրամն ալ ինկաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հազար ոսկի, սոսկալի է Սուքիաս էֆէնտի, սըւոր կէսին իջիր նայինք ետքը տեսնուինք:

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինծի նայեցէք։ Անատոլցիին ապրանք չենք ծախեր կոր։ Այս տեսակ խնդիրներու մէջ ամօթ է սակարկութիւնը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Եղբայր, կատակ չէ, հազար ոսկի է աս։ Հազա՜ր ոսկի... ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կը ցաւիմ որ բառերով ժամանակ կ՚անցնեմ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տէր Քրիստոս։ Ասոր մէջ ի՞նչ կապ ցաւելու։ Դուն խանութպան չե՞ս եղեր։ Ո՞ւր տեսնուած է մարդուն ուզածը տան մէկ բերնով։ Ատանկ գործէն ոչ ծախողը ոչ գնողը խեր կը տեսնէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Ջղայնացած ու խիստ ) Սարաֆեան Էֆէնտի, աս տեղը գոց շուկայ չէ։ Հիմա կ՚երթամ ու դուն ետեւէս բոլիսներով կու գաս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընկճուած ) Բռնկելու տեղ չկայ։ Հազար ոսկի՝ գիտես ինչքան դրամ է նէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հասկցայ։ Աւելորդ ժամանակ չունիմ։ Մնաս բարով։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞ւր, ո՞ւր ( Խենդացած ) Ինչ խիստ մարդ ես։ Կեցիր նայինք, բան մը կ՚ընենք հարկաւ։ Դուն կ՚իջնաս, ես կ՚ելլամ, հարկաւ ձեւի մը կը կապենք։

ՍՈՒՔԻԱՍ (Բարկացած) Վճռական կ՚ըսեմ քեզի։ Այս գիշեր հազար ոսկի պիտի տանիմ Պէյին։ Անդին ոչ ոք գիտէ քանի հազարներ ճամբու պիտի դրուին։ Հիմակուընէ կը զրուցեմ, եթէ այսպէս հրեայի սակարկութիւններ, դժգոհութիւններ պիտի ըլլան, լաւ է որ բնաւ չմիջամտեմ ( Հետզհետէ բարկանալով ) Անխելք մա՛րդ, ( Ձեռքովը գլուխը ծեծելով ) Ինչուդ է պէտք կը մտնես չճանչցած մարդուդ գործին։ Ու ինչ գործ։ Մարդկութիւն կ՚ընենք, կ՚աղաչենք, ծունկերնին կ՚իյնանք, որոշումը կը կեցնենք, ու ասդին քանի մը կտոր թուղթի համար ժամերով կը խօսեցնես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Վախկոտ միջամտելով ) Ինչ մեղք գործեցի որ կը բռնկիս կոր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Չէ, ամա։ Համբերութիւնն ալ չափ ունի։ Մեղք գործելը եղջի՞ւր կ՚ունենայ։ Խորհէ անգամ մը։ Գիշերով ձգեր եմ տունս, ընտանիքս, զաւակներս, մէկ մը հոս, մէկ մը ոստիկանութիւն։ Մէջն ի՞նչ ունիմ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աւելի կակուղ ) Բայց ես չեմ տար չըսի։ Մինակ մեր սովորութիւնն է։ Աս երկրին մէջ առանց սակարկութեան աղջիկ անգամ չեմ տար, ո՛ւր մնաց դրամ, դրամ. հազար ոսկի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Լա՛ւ, լաւ, կարճ կապէ։ Ըսելիքդ ինչ է հիմա։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Քիչ մը շունչ առած ) Հա, եղբայր, ըսելիքս, ասանկ գործողութիւն մը ( Թեւով երկար շարժումով մը ) Մանօվրա մը, ինչպէս կ՚ըսեն. սա հազարը իջնար։ Մեր մէջը կը բաժնէինք։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Շեշտ ու խորհուրդով ) Վաճառականի վարպետութիւն։ Ատ օրերը իրկուն եղան։ Հիմա կեանքերը աժան են, այնքան։ Ատոր համար լաւ է որ ասանկ պզտիկ հաշիւներով չտարուիս։

ՄԱՐԱՖԵԱՆ Պզտիկին կարեւորութիւն չտալը մեղք է։

ՍՈՒՔԻԱՍ— ( Համոզկեր ) Դուն հիմա կու տաս հազար ոսկին։ ( Կը մտածէ ) Ատիկա անունիդ չգրուելուն գինն է։ Այս գիշեր վար չգնաց։ Կը բաւէ հիմակուհիմա։ Դրամի կողմէ բնաւ առարկութիւն չըլլայ։ Որովհետեւ, անդին պատահելիք ուրիշ բաներ կան։ Կը կարծէի թէ դրամը ամէնէն դիւրին կարգադրուելիք կէտն էր։ Փառք Աստուծոյ, չունեցող չես։ Բայց սխալեր եմ։ Ըսելիքներուս լաւ ականջ տուր։ Եթէ անոնք չկատարուեցան, դրամով ոչինչ կրնանք ընել։ Դրամը ոչինչ է արդէն։ Սա մէյ մը գիտցիր։ Գլուխներ կան, որ միլլիոններով չեն ազատիր, չազատեցան։ Տուներու մէջ սանկ հայկական խենդ ու մենդ բաներ չմնան։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Մեծ գոհունակութեամբ ) Մաքրել տուի։ Մաքրել տուի։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Շարունակելով ) Կարելի եղածին չափ եկեղեցի չես հանդիպիր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հէլ չերթամ նէ ինչ կ՚ըլլայ որ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ու ամէնէն կարեւորը այդ տղան պիտի գտնես:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կ՚ըսէ կ՚ըսէ ատ կ՚ըսէ։ Եղբայր, եթէ գիտնամ ինչու պահեմ։ Ես իմ անձէս աւելի՞ կը սիրեմ տէ։ Տղու խօսք չէ՞ իրածդ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ես տղայ չեմ։ Ես ըսածս գիտեմ։ Ինծի մտիկ ըրէ։ Հիմա ձեր շրջանը անցած է։ Հիմա դուք, բոլորդ ալ մուկի պէս ծակեր փնտռելու էք։ Չհաւնած փողոցի մարդդ այսօր կրնայ քեզի առնել քու տունէդ ու հետեւեալ առտուն Գոնիա կամ Զօր ղրկել։ Աւելի՜ն։ Ձեր ապրանքներն ալ ձերը չեն։ Օթօմոպիլ մը, զինուոր մը կ՚օգտեն։ Վաճառատունդ մաu մաքուր կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ է որ հայը։ Օրէնքէ, աշխարհէ դուրս ապրանք մը։ Ուզողը կրնայ ուզածին չափ առնել։ Ատոր համար կ՚ըսեմ քեզի։ Հիմա վարպետութեան շրջան է։ Կրցար դուն քեզի ազատել, լաւ։ Մատնիչ պիտի ըսեն եղեր, սա պիտի ըսեն, նա պիտի ըսեն եղեր։ Ականջիդ պոչին անգամ չմօտենան։ Ես քու թշնամիդ չեմ։ Ասոնք քեզի կ՚ըսեմ, վերջը զղջումդ օգուտ չունի։ Անոնք քենէ լաւ գիտեն քու հարստութեանդ չափը։ Տակաւին ուրիշը կայ։ Ամէնէն կարճ ճամբան ( ձայնը ցածցնելով ) ամէնէն ապահովը, գիտես ո՞րն է։ Չեմ քաշուիր ըսելու։ Դուք ինչ կը զրուցէք զրուցեցէք ետեւէս։ Ես տէվիրի մարդ եմ։ Ամէնէն լա՞ւը ըսեմ քեզի։ Պիտի կանչէք անոնց մենծերը, պիտի դնէք ճաշի, պիտի թողուք որ Տիկինին ու աղջիկներուն հետ տեսնուին ( Սարաֆեան կ՚ուզէ բողոքել Կը հասկնամ, կը հասկնամ ըսելիքներդ. բայց մէկ բառ։ Եթե աքսորուիս, ատոնք ինքնաբերաբար ըլլան պիտի արդէն։ Այն ատեն, պատիւովդ հոգիդ ալ կու տաս։ Իմին առաջարկածիս մէջ շահ կայ նորէն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Չկրնալով համբերել ) Դրա՛մ, այո՛: Խելքս կը հասնի. ո՞ր օրուան համար կը վաստկինք։ Բայց ետքի ըսածդ չըլլար։ Խորհէ անգամ մը, Սուքիաս Էֆէնտի։ Ատանկ գազանները ընտանիքէն ներս։ Չէ, ատ չըլլալիք է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Գտար բարակը մտածելու ատենը։ Անոնց քմահաճոյքին դէմ, անոնց կամքին դէմ ըսել, որեւէ քայլ ձեր մահը կը նշանակ է։ Կ՚ուզէ՞ք մեռնիլ։ Եթէ այո՛, որոշ ըսէք։ Վերջը պզտիկ չմնանք։ Գիտեմ թէ մեռնիլը ամէնէն դժուար բանն է որ միշտ ետքին կը ձգէ մարդ։ Դուն այդքան ալ իրար անցնելու պէտք չունիս։ Ատիկա քիչ մըն ալ ձգես կիներուն։ Անոնք գիտեն ձեւը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աստուած հեռո՛ւն ընէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Սարաֆեան Էֆէնտի, շատ պարզամիտ մարդ կ՚երեւաս կոր։ Աչքդ չորս կողմ դարձուր. պիտի տեսնես ըսածներուս ճշդութիւնը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աստուած հեռուն ընէ, ըսէ ու անցիր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դեռ կը տեսնուինք։ Հիմակուհիմա մնաս բարով։ ( Չի վազեր ) Հա, նորէն կը յիշեցնեմ։ Տղան պիտի գտնաս։ Մէկ անգամէն հասկցիր զիս, մենք ատանկ մարդեր բռնել տալով մեր ազգին աղէկութիւն կ՚ընենք։ Աս է իմ գիտցածս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ես ինչպէս զբաղիմ ատանկ գործերով։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատոր համար պաշտօնեայ պիտի չբըռնես։ Ասանկ ականջդ քիչ մը աւելի կախ կընես։ Կը բաւէ։ Այդ կախուած ականջիդ մէջ ինչե՜ր կ՚իյնան։ Վարպետ եղէք, վարպետ։ Ազատեցէք ձեր կային։ Ըսի եա: Պատիւ, մատնիչ, բառեր են։ Աս ազգին տունը քանդողները անոնք եղան։ Չըրածնի՞ն մնաց։ Քիչ առաջ կ՚ըսէր Մէմուրը: Բոլոր ոստիկանները կը կրկնեն որ ադ միքրոպները մաքրելու յարմարութիւնը նորէն մենք ունինք։ Աչքի ինկողները գացին։ Հոս ու հոն կը մնան տակաւին մէկ քանիներ։ Ես տակաւին քեզի մանրամասնութիւնները կը բերեմ։ Մնաս բարով ( Կը կենայ, կը հազալ, ձեռքերը կը շփէ Է, մի սպասցներ։ Գնա դրամ բեր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Երթամ։ ( Դուրս կ՚ելլայ )

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Մինակ ) Ասանկ իւղոտ պատառ դժուար է ձեռք ձգելը ամէն անգամ։ Ուզածիդ չափ կթէ։ Բաւական շիտակ մարդ կ՚երեւայ կոր։ Ուրկէ՞ ուր վաճառական մը այսքան դիմադրութիւն կը ցուցնէ։ Ուրիշները ինչ խելօքիկ ամէն բան յանձնեցին։ Կը զարմանամ կոր ասոր։ Ինչ որ է, թելը չփրցնենք։ Կթան կով է։ Ատկէ դուրս ականջս ինկաւ որ մեծ աղջիկը հայկական դէպքերէն շատ ազդուած է եղեր, կու լաց եղեր։ Լաւ նշան։ Ան ալ կը նետեմ տղոցը ետեւէն, հարկաւ տեղէ մը բան մը կ՚ելլայ։ ( Կը մտնէ Սարաֆեան։ Թղթադրամները կը դողան ձեռքին մէջ

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Ձեռքը երկնցնելով ) Ինչ կը դողաս։ Տուր լմննայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Պիտի աշխատինք չէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կրցածս պիտի ընեմ։ Պատուաւոր մարդու խօսք կու տամ քեզի։ ( Երկուքը մէկ դուրս կ՚ելլեն. սրահը պարապ։ Կողմնական դուռէ մը՝ խոհարարը

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Զարմացած մէկը չգնելուն ) Ո՞ւր են ասոնք. այս գիշեր ծո՞մ պահեն պիտի ( Դուրսէն քալուածք ) Մէ՞կը կու գայ։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, դուն հոս։

ԽՈՀԱՐԱՐ Եկայ գիտնամ, ճաշ կա՞յ, թե ոչ։ Կերակուրները պաղան։

ԱՆԱՀԻՏ Ճաշի սիրտ չի կայ։ Ադ սեւ մարդը նորէն եկաւ։ Ինչ կը կարծես, հայրիկին գլխուն բան չբանայ այդ մարդը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչ պիտի ընէ։ Ատոր ատենը անցաւ։ Մեռնելիքները գացին։ Հայրիկէդ ինչ ուզեն պիտի։ Ոսպի պէս մարդ է։ Ազգին համար հարիւր տարի խաշես, պուտ մէ խեր դուրս չի տար։

ԱՆԱՀԻՏ Իրաւ ըսիր։ Տեսար։ Իրար չանցնիմ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Իմ խիղճր ատանկ կ՚ըսէ։ Հա՛։ Մեր տունի մանչը։ Նայէ։ Ձեռք անցնի անոր քէֆիլ չեմ ըլլար։

ԱՆԱՀԻՏ Յեղափոխակա՞ն է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչո՞ւ փնտռեն։ Ի՞նչ փնտռտուք։ Մայրը երեք օր երեք գիշեր բանտը դրեր են, տղուն տեղը զրուցել տալու համար։ Ո՞ր մայրը կ՚ըսէ։ Տղան լուր չունի եղածէն։

ԱՆԱՀԻՏ Հասակը ինչպէ՞ս է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ֆիտանի պէս տղայ է։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչպէս կը խօսի։ Շո՞ւտ թէ կամաց։

ԽՈՀԱՐԱՐ— Մեզի հետ խօսած չունի որ։ Երեսէն կ՚իյնայ, շատ խօսելու միտք չունի։

ԱՆԱՀԻՏ Աչքե՞րը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Քիչ առաջ հարցուցիր, կը մոռնա՞ս։

ԱՆԱՀԻՏ Ա, իրա։ Մոռցեր եմ։ Շատ կը կարդայ։

ԽՈՀԱՐԱՐ— Շատ ու շատ։ Ատ մէկ բանին համար է ծներ է։ Ատանկ կ՚ըսէ Մաննիկը։ Թուղթ, թերթ, գիրք բռնելու ձեւ մը ունի որ...:

ԱՆԱՀԻՏ ( Վիզը նետուելով ) Վարպե՛տ, քեզի բան մը պիտի աղաչեմ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Վեր գլխուս, երկու ուզէ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինծի ադ տղուն մօտ պիտի տանիս։

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Ծուռ ծուռ նայելով, քիչ մը ետ քաշուած ) Ի՛նչ գործ ունիս անոր քով։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, խիստ մի ըլլար։ Չես գիտեր, որքան կը մեղքնամ ադ տղուն ու բոլոր ատոր բախտը ունեցողներուն։ Ինծի անանկ մօտ, անանկ մօտ կու գայ, տակաւին երեսը չտեսած։ Ի՛նչ գիտնամ։ Յետոյ, աւելին կայ։ Դուն չես կրնար մտածել թէ որքան կ՚ուզեմ տեսնուիլ մահէն փախչողի մը հետ, երկայն, երկայն։ Անոնց լեզուն տարբեր ըլլալու է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատիկա անկարելի է։ Մեր կնիկ մօրն արգիլեց։ Ուր մնաց քեզի։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, չէ մի ըսեր։ Վռնտես պիտի գամ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ադ չըլլալիք է։ Քեզի պէս հարուստի աղջիկ մեր փողոցը կրնան կասկածիլ։ Տղուն փորձանք եթէ գայ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Ցնցուելով ու իսկոյն արթնանալով ) Փորձանք եթէ գայ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Հարկաւ։ Գիտես հիմակուան դրացիները։ Ինչպէս կը պահեն, կը պահպանեն իրարու տուն։ Դուն տեղդ խելօք մտէ։ Մեր տեղն ալ խելօք խելօք իր տեղը մնայ։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, չարութիւն մի ըներ։ Ես պիտի տեսնամ ադ տղան։ Ինծի յայտնութիւն կ՚ըլլայ կոր։ Կարծես կը ճանչնամ արդէն զինքը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ուրկէ՞։

ԱՆԱՀԻՏ— Ուրկէ՞։ Ի՛նչ գիտնամ։ Անանկ կրակէ աչքերով, մազերու մէջ թաղուած տխուր տխուր տղայ մը։ Քիչ մը մեր օրերու մարդերէն դուրս բան մը, կտոր մը երազ։ ( Դուռը կը բացուի, կը մտնեն Ֆրից եւ Մալվինէ։ Երկուքն ալ, մանաւանդ աղջիկը տխուր։ Սպան՝ զուսպ, նկուն բայց անտարբեր: Մալվինէ, յուսահատ գրեթէ մեռած այնքան որ տղուն թեւին չկռթնած հազիւ քայլ կրնայ փոխել։ Անահիտը տեսած կը կքի աթոռի մը վրայ։ Անահիտ կը վազէ մօտը։ Խոհարարը կը քաշուի քիթին տակէն բան մը մռլտալէն

ԱՆԱՀԻՏ Ի՛նչ ունիս։ Ի՞նչ վիճակ է աս։

ան

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Կը նայի մեղմ, համեստ յանցաւորի աղաչող նայուածքով։ Պատասխան չի տար: Ֆրիցը տարուած է։ Մտրակը ձեռքովը կռնակին տարած, նկարներուն ուսումնասիրութիւնը կ՚ընէ։ Աղջիկը կը նայի անոր, ետեւէն։ Ու դէմքին վրայէն կ՚անցնին սիրոյ, կատաղութեան, յոյսի ու մահուան բոլոր սարսուռները: Յետոյ նայուածքը կ՚իյնալ քրոջը Կը տեսնե՞ս։ Այս գիշեր, ժամը 12–ին կը մեկնի։

ԱՆԱՀԻՏ ( Սոսկումով ) Ա... ո՞ւր։

ՄԱԼՎԻՆԷ— ( Հանդարտ ) ճակատ, կ՚ըսէ ինք։

ԱՆԱՀԻՏ   ( Քրոջը փորին նայելով ) Բայց վերջը։ Ատ ի՛նչ պիտի ըլլայ։

ՄԱԼՎԻՆԷ ( կարմրած ) Չուզեց խօսիլ անգամ։

ԱՆԱՀԻՏ Մալվինէ, Մալվինէ, գիտե՞ս թէ ինչ կ՚ընես, գիտե՞ս թէ ինչ կ՚ըլլանք։ Գիտես ա…:

ՄԱԼՎԻՆԷ Գիտեմ, գիտեմ։ ( Կը կենայ, յետոյ կը զարհուրի։ Փորը կը բռնէ։ Կը նայի անոր ) Օ՜ֆ, մեռնէի ու ազատէի այս ամէնէն ( Գետին կ՚իյնայ ուժգին։ Ձայնէն ՝ սպան կը փութայ, կը վերցնէ աղջիկը քրոջը օգնութեամբ ու դուրս կը հանէ սրահէն

ԱՆԱՀԻՏ Դուն ազատ է աս տունը, ո՛վ Աստուած, եթէ կաս (Ձեռքերը կ՚իյնան ծունկերուն)։

Վարագոյրը կ՚իջնէ

Վերջ Ա. Արարին