Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ. ԱՐԱՐՈՒԱԾ

Մէկ յարկով աղքատիկ տուն մը։ Բեմին մէկ մասը սենեակ մը, որուն պատուհաններէն վարագոյրնէր ձգուած Են խնամքով։ Ետին կ՚երեւան պարտէզ, ջրհորի մը փայտերը։

Սենեակին մէջտեղը կրակարան։ Պատուհաններուն տակի բազմոցը լքուած է ու սենեակին ճիշդ մէջտեղն է Վահրամ, կրակարանին շուրջը կը խառնէ ունելիով մարած կրակը։ Ետեւի, պահարանին քովը սեղան մը, ջուրի շիշով, վրան գիրքեր, թուղթ ու մելան։ Անկիւնը պատուհանին նստած է Տիկին Մաննիկ, յիսուննոց պառաւ մը, պարզ սեւ հագուստով։ Ակնոցը քիթին կարկտուք կ՚ընէ ։

 

ՄԱՆՆԻԿ Աչքս ճերմկցաւ նայելէն, ո՛ւր մնացին։ Ամէն անգամ կ՚ըսեմ, իրարու ետեւէ չի գան. որո՞ւ կըսես։

ՎԱՀՐԱՄ Ո՛վ գիտէ ինչ գործեր ունին։

ՄԱՆՆԻԿ Սա ամէնէն մեծն է, գործն է տղաս։ Դրացիները կասկածոտ կնիկներ են։ Հելէ ան գետինը մտնալիք աղջիկը չի կա՞յ։

ՎԱՀՐԱՄ Ո՞րը։

ՄԱՆՆԻԿ Ո՞ւր է։ Պարսիկ մը առած նստած է նէ։

ՎԱՀՐԱՄ Անոր ամուսինէն լուր կա՞յ։

ՄԱՆՆԻԿ Լուրը ինչ է տղայ, ինչու գնաց որ ինչո՞ւ լուր գայ։ Այ ողորմած Աստուած։ Ինչպէս ալ սրտեր ստեղծեր ես։ Ինչպէս ալ հոգին դիմացաւ, իր ձեռքովը իր մարդը աքսոր ղրկեց։ Աշխարհքին ետքն է կ՚ըսես։ Ատանկ խելքիս չի մտնար եղածը։

ՎԱՀՐԱՄ— Միւսը ի՛նչ կ՚ընէ, նորէն ա՞չքը հոս է։

ՄԱՆՆԻԿ Անոր աչքը ագռաւներր ուտեն։ Քանի քանի տեղ խարախօլներ մտնալը տեսեր են։ Վույ, մեղայ մեծ խօսքիս, Քրիստոս, ատ ինտոր սիրտ է։ Ինտոր թուրքին համար կը սեւցնեն հոգինին։

ՎԱՀՐԱՄ Է, մայրիկ, ամէն տեսակն ալ կայ։ Դուն ինտոր որ կը վախնաս մեղքէն, անչափ ալ մարդ կայ, որ մեղքը կը փնտռէ։ Ասանկ է եկեր, ասանկ կ՚երթայ։

ՄԱՆՆԻԿ Նորէն դուրս ելաւ։

ՎԱՀՐԱՄ Ո՞րը:

ՄԱՆՆԻԿ Պուգլէլին։ Քա, գրողը տեսնայ, երեսին վրայ մեռոն չէ մնացեր։ Ատ ինչ ալ քալուածք է։ Տէր Յիսո՛ւս, ատոնց մեղքին համար չէ որ այս անմեղներն ալ հոս ասանկ կը տապկուին կոր։ Ինչ ալ գէշ կը նայի մեր պատուհանին։ Շիտակը, սիրտս դողի մէջ է։ Քանի օր է, աչքս կը խաղայ։ Ա՜տ աղջիկները չերթան չգան նէ չըլլա՞ր։

ՎԱՀՐԱՄ Պիտի արգիլեմ։ Կամ գոնէ անանկ մը պիտի ընեմ որ մարդ չեկած ատենը մտնեն ներս։

ՄԱՆՆԻԿ Հիչ չգա՞ն նէ։

ՎԱՀՐԱՄ Ատիկա մի ըսեր, մայրիկ, խորհէ որ ինծի պէս քանիներ կա՛ն։

ՄԱՆՆԻԿ Քեզի պէս շատ կա՞ն է։ Ատոնք ալ քեզի պէս չե՞ն։ Դուն նայէ, մէկու մը հետ չես տեսնուիր։ Մէկու մը բան մը չես բեռնար։

ՎԱՀՐԱՄ Անոնք ինծի պէս չեն։ Անոնց շատը հաց չունի ուտելիք։

ՄԱՆՆԻԿ Հաց չունի՞ մի։

ՎԱՀՐԱՄ— Ի՛նչ գիտցար։ Դուն կը կարծես որ ամէն տուն քեզի պէս իր պատառ մը հացը օտար տղուն բերանը կը դնէ։

ՄԱՆՆԻԿ Ինչ կ՚ընէ հապա։

ՎԱՀՐԱՄ Մայրիկ, դուն շատ բարի, շատ միամիտ ես։ Ատ տղոցը շատը մէկ երկու փարա ունէին, անոր ուժովը մէյ մէկ ծակ գտան։ Հիմա փարան հատած է, տանտէրը նեղը կը դնէ։ Ինչո՞ւ պարապ տեղը սիրտը ահ ու դողի մէջ ապրի։ Կը վռնտեն կոր։

ՄԱՆՆԻԿ Մ՚ըսեր քա զաւակս։ Ո՛ւր կը վռնտեն։ Ուր երթան այդ խեղճերը։

ՎԱՀՐԱՄ Կը վռնտեն տեղը թուրք կամ գերման դնելու համար։ Անոնք ափերով դրամ կու տան։ Վախերնին ալ…

ՄԱՆՆԻԿ— Տիկին Նուարդը կու գայ կոր։

ՎԱՀՐԱՄ Մինա՞կ է չէ։ Ծակս մտնա՞մ:

ՄԱՆՆԻԿ Դուն մի մոռնար քու գործդ, ինչ կ՚ըլլայ ինչ չըլլար՝ զգուշութիւնը միշտ լաւ է։ ( Կ՚երթայ բանալու։ Վահրամի կ՚ելլայ տեղէն, կամաց մը կը մտնէ ծակը: Սանդուխներէն ձայները կը զատուին ) Ել ել դուրս։ Մինակ է։

ՎԱՀՐԱՄ ( Դուրս հանելով գլուխը Ինչպէս ես Նուարդ։

ՆՈՒԱՐԴ Գիտցածիդ պէս։ Անժէլը չէ՞ եկած։

ՄԱՆՆԻԿ Աղջիկս, աղէկ բան չէք ըներ կոր:

ՆՈՒԱՐԴ Ինչո՞ւ մայրիկ, ի՛նչ կայ որ։

ՄԱՆՆԻԿ Աղէկ չէք ըներ կոր։ Իմ դուռս մինչեւ այս տարի զարկող չի կար։ Հիմա քանի մը հատ աղջիկ, ասանկ օր ցերեկով կու գաք, կ՚երթաք։

ՎԱՀՐԱՄ— Դրացիներէն կը վախնայ կոր։

ՄԱՆՆԻԿ Անանկ չէ, զաւակս։ Ինչ կարիճներ են գիտնաս։ Մէկը իր ձեռքովը էրիկը մատնեց։ Մէկն ալ աղբարը։ Ալ դուն եղիր տէ մի կասկածիր։ Ինծի համար չեմ վախնար, մենք ալ թառը թռեր, պողչան կապեր ենք։ Աս տղա՞ն։

ՆՈՒԱՐԴ Մայրիկ, մենք քեզի չափ անիկա կը մտածենք։ Բայց ինչ ընենք, ժամանակները ասանկ են։ Ամէն բան տակնուվրայ։ Երկու հոգի քով քովի չենք կրնար գալ, որոշում մը տալ։ Կնիկներուն խելքը քիչ կ՚ըլլայ, գիտես ես։ Ասոր համար ստիպուած կու գանք։ Այսօր գիտնաս ինչ կարեւոր հարցեր ունինք։

ՎԱՀՐԱՄ Ինչե՞ր։

ՆՈՒԱՐԴ Երէկ գիշեր ով տեսնամ աղէկ։ Կայծունի՛ն։

ՎԱՀՐԱՄ Ո՞ւր։

ՆՈՒԱՐԴ Մեր փողոցը։ Տունէ տուն ելեր էր հաց մուրալու։

ՎԱՀՐԱՄ Մուրալո՞ւ։ ՉԷ՞ վախնար կոր։

ՆՈՒԱՐԴ Վախնալը ինչ է ալ։ Անօթի է։ Տունինները սպառնացեր են։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՛նչ ըրիք։

ՆՈՒԱՐԴ Ի՛նչ պիտի ընենք։ Ես առի ներս։ Տեսնալու բան էր, Վահրամ, սիրտս չի դիմանար։ Հալեր, հալեր, ոսկորն է մնացեր։ Չի կրնար քալել, նստելէն պառկելէն ոտքերը թուլցեր են, երկու սանդուխ չի կրցաւ բարձրանալ։ Կը հազայ, կը հազայ։

ՎԱՀՐԱՄ Կը մեռնի եթէ այդքան տկարացած է։

ՆՈՒԱՐԴ Ես ալ կը կասկածիմ։ Այսօր տունը վար դրի։ Ամուսինս օրուան մը հրաման տուաւ։ Գիշերը պէտք է տեղ մը փոխադրել։

ՎԱՀՐԱՄ Բան մը չես կրնար ընել։ Ան ալ իր գլխէն կը վախնայ։

ՆՈՒԱՐԴ Իրաւունք ալ ունի։ Եթէ Աստուած հեռուն ընէ, գլխուն փորձանք մը գայ, մենք երթալու ծովն իյնալու ենք։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՞նչ ատեն Անահիտը պիտի գայ։

ՆՈՒԱՐԴ— Վահրամ, շիտակը կ՚ուզես, ես կը վախնամ կոր այդ աղջիկէն։

ՄԱՆՆԻԿ Բերանդ քեզի, Նուա՛րդ, ես ինձմէ վախ ունիմ անկէ ոչ։

ՎԱՀՐԱՄ— Ատիկա ճիշդ է։

ՆՈՒԱՐԴ Իր անձը չէ որ կասկածի կը տանի, բայց իրենց տունը շատ գէշ կը խօսուի։ Մայրը զատ, հայրը զատ, Մալվինէն զատ։

ՄԱՆՆԻԿ Հայրը բարի մարդ է։ Մի նայիր որ վախուն քանի մը հոգի ճամբեց տունէն։ Անիկա հոգին չուրանար։

ՆՈՒԱՐԴ Մայրը հապա։ Սիւս սիւս, Գերման սպաներուն ետեւէն։

ՄԱՆՆԻԿ Ինչ ընէ՛։ Աղջկանը մեղքը պարտակելու համար է։

ՆՈՒԱՐԴ Ըսին թէ նոր սպայի մը հետ գացեր է Պրուսա։

ՎԱՀՐԱՄ Աւելին կայ։ Սուքիասը տանը մարդն է, ամէն օր կ՚երթայ կոր տեսնուելու Անահիտին հօրը հետ։ Ինչեր կը խօսին. յայտնի չէ։ Անահիտը ինքզինքը մատնելէն կը վախնայ, խօսքի չի բռնուիր կոր հետը ( Դուռը կը զարնեն։ Վահրամ ծակը կը փախչի։ Մաննիկ կ՚երթայ պատուհան

ՄԱՆՆԻԿ Անժէլն է. երթամ բանամ (Կ՚իջնայ)։

ՎԱՀՐԱՄ Պառաւին քով շատ մի բացուիք, կը վախնայ։

ՆՈՒԱՐԴ Ինչ ընենք. չօսի՞նք։ Այնքան բան կայ ըսելու։ Կարելի չէ՞ որ զինքը հեռացնենք քիչ մը տունէն։

ՎԱՀՐԱՄ Կը վատանայ, չեմ ուզեր ցաւի։

ՆՈՒԱՐԴ Առանց զգացնելո՞ւ,

ՎԱՀՐԱՄ Շատ դիւրազգաց է ( Կը մտնեն Անժելն ու Մաննիկը

ԱՆԺԷԼ Բարեւ, բարեւ։ Քիչ մը ուշացա՛յ։ Բայց տակաւին Անահիտն ալ չի կայ։ Ստիպողական է գործս։

ՎԱՀՐԱՄ Յաջողեցա՞ր գոնէ։

ԱՆԺԷԼ Ի՛նչ յաջողութիւն։ Խօսք առի որ չընդունի այդ մարդը։ Մինչեւ որ կապը կտրէ մենք բոլորովին։

ՆՈՒԱՐԴ Պատրիարքարանէն խեր չի կայ: գիտէ՞ք։ Նախ կ՚ըսեն թէ լրտեսներով շրջապատուած է Պատրիարքը։ Երկրորդ, արդէն սնտուկը դրամ չունին։

ՎԱՀՐԱՄ Ամերիկայէն նպաստը։

ՆՈՒԱՐԴ— Չենք գիտեր թէ որուն ձեռքէն անցած է այդ գործր։ Ամէն պարագայի տակ, կազմակերպութեան անունով մեզի ոչ մէկը կ՚ընդունի։ Անահիտը միայն վստահութիւն կրնայ ներշնչել այդ մարդերուն մօտ. անոր ալ հօրը անունը կամ մէջտեղը։

ՎԱՀՐԱՄ ( Անժէլին ) Գոնէ լաւ խօսեցա՞ր։ Սիրտին հպելիք բառեր գտա՞ր։ 

ԱՆԺԷԼ ( Վահրամին ) Ինծի՞ կ՚ըսես։ Հա, Տիկին Գինեպանեանին համար է խօսքս։ Ինչ խօսիմ։ Բա՛ռեր։ Միշտ ալ ադ ըսած ենք. գնա, անգամ մը մտիր տուներնին։ Երէկ կերակուրի պնակները ծախեր է։ Տղոցը լաթերը, իր ճերմակեղէնները, վերմակները, անկողինները բոլոր գիրքերը հատցուցեր է։ Ու այս սղութեան, երեք զաւակով մէջտեղն է։ Վա՞ղը։ Տանտէրը տունէն կը հանէ կոր։

ՎԱՀՐԱՄ Բայց ինչ որ ըլլայ, ադ թուրքը պէտք չէ տունէն ներս առնէ։

ԱՆԺԷԼ Ըսելի դիւրին է։ Աստուա՛ծ հեռուն ընէ։ Մարդերուն սիրտը քարէ է։ Հինգ հարիւր տուն է կը մտնեմ կ՚ելլեմ, ամէնն ալ իրենց կարգին կ՚ապրին, կ՚ուտեն կը խմեն, աշխարհ հոգերնին չէ։ Խենդենալս կու գայ, ան զարդերը տեսնամ նէ. գիտնաս ինչքան աւելորդ է կեանքը։

ՎԱՀՐԱՄ Պրոշիւրի գրականութի՛ւն։

ԱՆԺԷԼ ( Կրակոտ ) Հոս գիր ու գրականութիւն չի կայ։ Հոս եղածը անլուր է, Վահրամ։ Մարերուն սիրտը քարցեր է ըսի։ Բացատրութիւնը շատ տկար է։ Մերինները, հայերը, ամէնէն աւելի փոխուած են պատերազմէն ասդին։ Ամէն մարդ, որ աքսոր չունի, կամ զինուոր մը, քաշած է հոգիին վրայ պատանք ու կը նայի իր քէյֆին։ Նորէն ասոնք ինչ է նէ, հապա ստորնութիւնները, ապա մատնութիւնները, հապա հրապարակային անկումները։

ՎԱՀՐԱՄ Ատոր պատճառը որ կ՚ուզէր խնայել մեր գրականութեան պատիւին։ Խեղճ բանաստեղծ. ելլար ու տեսնար իր գերեզմանէն, ինչպէս իր պզտիկները կ՚անցնին անոնց ձեռքը որոնց ատելութիւնը սորվեցուցած էր մեզի։ Գոնէ վերջնական խօսք տուաւ։

ԱՆԺԷԼ Տռամ է, Վահրամ, տռամ։ Ինծի պէս աղջիկ մը ինչո՞ւ ձգեցիք այդ գործին մէջ։ Կարմրեցաւ, կարմրեցաւ, ուրացաւ, լացաւ, վերջը վերջը հայ ուզող տղաքը ցուցուց։ Ըսէք, ինչ ընէ, ինչ ընէ այդ կինը։

ՆՈՒԱՐԴ Պիտի սպասէ՞ մեր կարգադրութեան։

ԱՆԺԵԼ Խօսք տուաւ։ Բայց ով գիտէ թէ մինչեւ հիմա ինչ է եղած։ Կրնայ դուռը գոցել այդ մարդուն, որ վերջին վայրկեանին ամբողջ ազգին կողմէ զլացուած պաստառ մը հացը բերաւ գոնէ անօթի յարկին։ ( Դուռը կը զարնեն

ՆՈՒԱՐԴ Վահրա՛մ, դուռն է ( Վահրամ կը մտնէ իր ծակը Անժէլ, գիտե՞ս Կայծունին մե՛զի է։

ԱՆԺԵԼ Ինչ կ՚ըսե՛ս. ծանր հիւանդ էր հապա։

ՆՈՒԱՐԴ— Նորէն ծանր է։ Անոր համար այս ժողովը։ Որոշում տանք, ինչ ընենք պիտի։ ( Կը մտնին պառաւն ու Անահիտը, որ պարզ ու սեւ է հագուած

ԱՆԱՀԻՏ Բարեւ, աղջիկներ, բարեւ Վահրամ, տէ դուրս ելիր:

ՎԱՀՐԱՄ ( Դուրս ելլելով ) Բարեւ։ ( Ձեռք կու տայ. կը կենան քիչ մը ձեռք ձեռքի մէջ

ԱՆԱՀԻՏ Ինչ տաք է ափը։

ՎԱՀՐԱՄ Ինչ լո՛ւր ունիս։ Միւս բաները ձգէ։

ԱՆԱՀԻՏ Լո՛ւր։ Առէք ձեզի մատնի մը։ Կը ծախէք։

ԱՆԺԷԼ ԵՒ ՆՈՒԱՐԴ Ի՞նչ ապրանք է, ուրկէ՞։

ԱՆԱՀԻՏ Ապրա՞նքը։ Իմն է։ Մամայիս յիշատա՛կն է։

ՎԱՀՐԱՄ Ինչպէս կը բերես։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչպէ՞ս։ Մարդու պէս, աղջկան պէս։ Ծանր կու գայ սրտին, ճիշդ է, բայց մէկ վայրկեան։ Յետոյ նպատա՞կը։ Կը կարծե՞ս որ սնտուկին մէջ մնալը անոր արժանիք ըլլայ։ Կը ծախէք ու դրամը ամբողջ կու տաք Տիկին Գինեպանեանին։ Այսպէս կ՚ուզեմ ես։ Ու վճռապէս ըսէք իրեն որ ամէն բան պիտի ընեմ զինքը առնելու համար թուրքէն։

ՎԱՀՐԱՄ Որ աշխարհէն կու գայ այս աղջիկը։

ԱՆԱՀԻՏ Հարուստներու աշխարհէ՞ն։ Կը ծիծաղիք չէ՞։ Բայց ինչ փոյթ։ Ես այսպէս եմ։

ՆՈՒԱՐԴ Անահիտ, կ՚ուզե՞ս Կայծունին տեսնալ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Մէկէն յուզուած ) Ուր է, հոս չըլլայ։ Ինչո՞ւ չտեսնամ։ Ամէնն ալ, ամէնն ալ կ՚ուզեմ տեսնալ, այդ տղաքը։ Տարբեր մարդեր են անոնք։ Ախ աս մե՛ր փախստականները։ Անոնք չէ՞ին որ ինծի այս ու այն ճամբուն նետեցին։

ԱՆԺԵԼ Կը դժգոհի՞ս։

ԱՆԱՀԻՏ ( Կը նայի ) Ձեռքս կապող կա՞յ։ Ո՞ւր է հիմա։

ՆՈՒԱՐԴ— Ներսն է ու ծանր պառկած։

ՎԱՀՐԱՄ Պէտք է անոր տեղ մը գտնել անմիջապէս։

ԱՆԺԵԼ— Ախ, այդ տեղ գտնա՛լը։ Դրամէն հազար անգամ աւելի դժուար է։ Չիյտես որ աստիճան եղերական բան կայ, մութերուն տունէ տուն ափ առնելուն մէջ։ Մէկը սենեակ չունի, մէկն ալ կը վախնայ, որ մէ կը դրամը քիչ կը տեսնէ, ուրիշ մը «հեռու գնա» կ՚ըսէ, այնպէս մը որ ժանտախտէ կը փախչի կարծես։

ՆՈՒԱՐԴ Հա՛, ճիշդ է։ Հոս գալէ առաջ բոլոր ծանօթներուս դիմեցի։ Բոլորն ալ կը վախնան կոր։ Շատերն ալ հիւանդ է իմացան մի, բնաւ յօնքերնին վար չեն առներ։ Տեսնաս Անժէլ, մարդերը որքան խղճալի պարապութիւն են դարձեր։ Այս պատերազմը, քեզի բան մը ըսեմ, Գերմանները ջիղերու պատերազմ է ըսին։ Ես կ՚ըսեմ հոգիներու պատերազմ։ Ճիշդ չէ՞ Վահրամ։

ՎԱՀՐԱՄ Փիլիսոփայութեան տեղի չէ։ Որոշե՛նք թէ ինչ պիտի ընենք։ Աս մատնին իր տեղը ունի։ Ատենի մը համար գոնէ։ Բայց մի՞ւսը։ Ուրիշ տեղէ յոյս չունի՞նք:

ԱՆԺԷԼ Չունի՛նք։ Քանի մը տուներ կան, ամսական վճարում են խոստացած։ Բայց պէտքը այնքան շատ է որ չենք կրնար հասնիլ։

ՎԱՀՐԱՄ Կայծունին ինչ պիտի ընենք։ Նուարդենց չի կրնար մնալ։

ՄԱՆՆԻԿ Ո՞վ է ադ տղան։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՛նծի պէս մը։

ՄԱՆՆԻԿ Մէկը չունի՞։

ՆՈՒԱՐԴ Ո՛չ։

ՄԱՆՆԻԿ Մինչեւ հիմա ո՞ւր էր։

ՆՈՒԱՐԴ— Ծանօթի մը տունը։ Հիմա դուրս են ըրեր։

ՄԱՆՆԻԿ Չի՞ կրնար աշխատիլ։

ՎԱՀՐԱՄ Հիւանդ է Մայրիկ։ Ծանր հիւանդ է։ Կը վախնամ որ փողոցները իյնայ մեռնի։

ՄԱՆՆԻԿ Վարպետին տուէք հեղ մը, չըլլայ նէ հոս բերէք։

ԱՆԱՀԻՏ Հոս չեմ ուզեր։

ՄԱՆՆԻԿ Ինչո՞ւ։

ԱՆԱՀԻՏ Դրացիները կը հետաքրքրուին։ Վերջը, Վահրամն ալ կը վտանգուի:

ՎԱՀՐԱՄ Ինծի համար կացութիւնը նոյնն է։ Եթէ պահուած ծակէս բռնեցին, բռնեցին։ Կայծունին ինչ անպատեհութիւն պիտի բերէ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլայ, գոնէ քանի մը բերան կը խօսինք։

ԱՆԱՀԻՏ Կարելի չէ, մանչս։ Երբ տունը հիւանդ կենայ, չես կրնար առանց կասկած հրաւիրելու պատուհանները գոց պահել։ Երբ բաց ըլլան, դուն քու ծակէդ դուրս ելլալիք չունիս։ Յետոյ անպատեհ է որ երկու փնտռուած մարդեր մէկ յարկի տակ բնակին։ Բռնուիլը կայ ասոր. գոնէ զատ զատ։ Ճիշդ չէ՞։

ԱՆԺԵԼ— Ճի՛շդ է։ Բայց հիմակուհիմա, մինչեւ որ տեղ մը ճարենք։ Կարելի չէ՞։

ԱՆԱՀԻՏ Այդ տարբեր։ Բայց անգամ մը որ հոս իբրեւ հիւանդ մէկը դրուի, ալ կասկածելի է աս տունը։

ՆՈՒԱՐԴ Այս գիշեր հոս բերենք, թող Վահրամին պէս պահուի. վաղը կը վերցնենք։

ԱՆԱՀԻՏ Հոս բերելնուդ ձերը թող մնայ։

ՆՈՒԱՐԴ Անահիտ, ես հասկնար։ Ամուսինս չի կրնար ըմբռնել թէ ինչպէս օտար մէկը կը շարունակէ մնալ մեզի։ Յետոյ շատ վախկոտ է։ Այս առտու ելած ժամանակը դրան բերանը այնքան շատ խօսքի բռնեց, այնքան շատ խրատներ տուաւ, այնքան շատ զգուշութիւն պատուիրեց որ փողոցին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց։ Անանկ վախկոտ, անանկ վախկոտ։

ԱՆԺԷԼ Անահիտ, հիմա ես կերթամ աս մատանին ծախելու, դրամը ամբողջութեամբ կ՚անցնի Տիկին Գինեպանեանին։ Իսկ Կայծունիին համար դուք որոշում տուէք։ Ես երկու օրէն կրնամ քիչ մը դրամ բերել ձեզի։ Մնաք բարով։

ՎԱՀՐԱՄ— Այսքան շուտ։ Ուրիշ խօսելիքնե՞ր։

ԱՆԺԵԼ— Ուրիշ կարեւոր ոչինչ ունիմ։ Ցը՛։

ՆՈՒԱՐԴ Է, վերջնական ձեր կարծիքը։

ԱՆԱՀԻՏ Այս գիշեր ա՛լ, այստեղ չի կրնա՞ր մնալ։

ՆՈՒԱՐԴ Շատ շատ այս գիշեր։ Վա՞ղը։

ՎԱՀՐԱՄ Ուրեմն լաւ է որ այսօր բերէք։

ՆՈՒԱՐԴ— Ինչպէս, լոյս ցերեկով։ Կը ճանչնան։

ՎԱՀՐԱՄ Ո՞ւր պիտի ճանչնան։ Գիշերը աւելի կասկածելի է։

ՆՈՒԱՐԴ ( Վարանոտ ) Վերջը պատասխանատուութիւնը ինծի չըլլայ։

ՎԱՀՐԱՄ Տիկին, ինչո՞ւ կը ձգձգէք։ Արդէն հիւանդ տղան, հոս ալ պիտի մեռնի, ձեռքերնին ալ պիտի մեռնի։ Ալ աւելորդ չէ՞։

ՆՈՒԱՐԴ Լաւ։ Ցը։ ( Կը մեկնին

ԱՆԱՀԻՏ ( Տղուն վիզը իյնալով ), Ինչ անհատնում է մարդոց լեզուն։

ՎԱՀՐԱՄ Դուն ալ քու կարապետիդ վրայ կուլաս։

ԱՆԱՀԻՏ Ձգէ։ Ճաթիլս կու գայ կոր։ Կեցած տեղս կ՚եփիմ, ըսեմ մէկէն գիրկդ իյնամ, ինչ կ՚ուզէ ըլլայ։ Չեմ գիտեր ինչու չըրի։

ՎԱՀՐԱՄ— Անիմաստ պիտի ըլլար այդ ցոյցը։

ԱՆԱՀԻՏ Ո՛րը իմաստով պիտի ըլլար արդեօք։ Վահրամ դուն կը սիրես զիս պզտիկ ձգելը։ Քու խելքիդ ծանրութիւնովը չէ որ պիտի կշռես աղջիկներուն սիրտը:

ՎԱՀՐԱՄ Դուն իրաւունք ունիս երբ կեանքը սիրտին կը կապես։ Մեզի պէսներուն համար, ապրիլը, Հիմա, սա ծակին մէջ, ուրիշ բան է։

ԱՆԱՀԻՏ Ապրի՜լը։ Ինծի կու գայ որ շատ ալ խորունկ ըլլալու չէ ան։ Ասանկ եղերական օրերուն, կեանքը, նժարին մէջ, գիտես որքան թեթեւ կը կշռէ։

ՎԱՀՐԱՄ Կը տեսնես, մինակ իմ բերնէս չէ որ անիմաստ խօսքեր կ՚ելլեն դուրս։

ԱՆԱՀԻՏ Պարապ տեղը չէ որ հետդ օրեր իրկուն կ՚ընեմ։

ՎԱՀՐԱՄ Երանելի ցերեկներ։ Խորհա՞ծ ես գիշերներուն։

ԱՆԱՀԻՏ Ախ, այո՛, շատ ու շատ։ Քեզ չեմ կրնար կոր գիշերները հոս ձգել բախտին։ Այս փողոցը ու այս դրացիները։ Ինչո՞ւ կը յամառիս։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՛նչ ապահովութիւն կը բերես ձեր տունին համար։ Չէ՞որ Պոլսոյ ամէնէն մեծ դաւաճանը իր տունին պէս կը մտնէ կ՚ելլէ։

ԱՆԱՀԻՏ ճիշդ ադ է որ վտանգը հեռու կը պահէ մեր տունէն։ Ու կը բաւէ ալ աս տառապանքը։ Երբ տուն երթամ, սենեակէս կը նայիմ դուրսի քաղաքին, խփուած տուներուն ու ջնջուած փողոցներուն։ Կը հարցնեմ ես ինծի, ինչ կ՚ընէ հիմա։ Կը վառեն պզտիկ ճրագդ։ Քեզի կը տեսնեմ Մաննիկին հետ ծունկ ծունկի, ու փողոցին մէջէն դարձող ոստիկաններուն սուլիչը։

ՎԱՀՐԱՄ Կենդանի է շատ երեւակայութիւնդ։

ԱՆԱՀԻՏ Մի ընդմիջեր։ Մինչեւ հոտ յուզումը թեթեւ է։ Բայց երբեմն ձեր դուռը կը զարնեն։ Դուն կը ցատկես ծակդ, մութին մէջ տեսնելով կամ չտեսնելով։ Մաննիկը պատուհան կ՚ելլէ, կը խօսի։ Մինչեւ որ պատուհանը փակուի ու պառաւը դառնայ ետ անկողին իմ չարչարանքս անպատմելի կ՚ըլլայ։ Չէ, ասիկա աւելորդ է ու մեղք։ Ճարը գտած եմ։ Սպասաւոր ու սպասուհի բոլորն ալ պիտի ճամբեմ։ Գիշերները միասին ըլլալէ զատ, ցերեկներն ալ պիտի ըլլանք: Մայրիկս միշտ դուրսն է։ Այն ատեն խորհէ անգամ մը։ ( Կը պագնէ

ՎԱՀՐԱՄ— Լա՛ւ, լա՛ւ: Դուն քիթէդ անդին չես ուզեր նայիլ։ Դուն գիտես թէ գործեր կան ու ես պէտք է դուրսը մնամ։

ԱՆԱՀԻՏ Ես քեզի պէս յեղափոխական չեմ։ Հիմա, չեմ կրնար ըմբռնել թէ ինչու ասանկ շրջանի մը դուն շարունակես կապուած մնալ դուրսին հետ։ Այդ դուրսին որ քեզ կ՚ուրանայ, քեզ ուրանալէն անդին, կը փնտռէ մեռցնելու համար։ Եթէ ինծի հարցնես, ասանկ օրեր, վեր կը մնան ձեր բոլոր սկզբունքային խնդիրներէն։

ՎԱՀՐԱՄ Բայց քեզի ով հրաւիրեց արդէն կարծիք յայտնելու մեր գործի մասին։ Դուք Պոլսեցի էք ու մեծահարուստ։ Ձեզի համար հայրենիքը բառ է։

ԱՆԱՀԻՏ (ԲԵրանը բռնելով) Հայրենի՜քը։ Բա՜ռ։ Այո՛, տղաս։ Հայրենիքը։ Բայց մարդերը ե՞րբ են գիտցեր ուրիշներուն սիրտր։ Ինչո՞ւ կը փորձես զիս նախատել։ Քեզ սիրեցի միայն անոր համար որ այդ բառին մարմինը երեւցար աչքերուս: Քեզ սիրեցի, չտեսած, թերեւս երազով ու խենդի պէս, մէկ անգամէն, վերջնական ու եղերական ձեւով մը։ Օրերով քու պատկերդ մտքիս շինեցի, աւրեցի, նորէն շինեցի, անոր հետ ապրեցայ։ Դրի անոր մէջ իմ երազս։ Ու տակաւին քու գիրկը չինկած, դուն իմ աստուածն էիր, միայն անոր համար անըմբռնելի ձեւով մը մորթուող մեր հայրենիքին մահապարտ զաւակն էիր։ Քեզ տաղաւարող մահն էր որ քեզի սիրելի ըրաւ։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՛նչ բանաստեղծական ես այսօր։

ԱՆԱՀԻՏ Մի հեգներ։ Կիները միշտ բանաստեղծական են քիչ մը։ Ես տառապեցայ քեզի համար։ Տառապեցայ մանաւանդ այն տեսակ զգացումներու առջեւ որոնց չէի հանդիպած։ Վարպետէն սորվեցայ մեր ազգը սիրել։ Ու Գաղիացի վարժուհիներուն բոլոր իմաստակութիւնները չհասան գեղացի այդ հաւատքին։ Ես ատած եմ կեանքը որ մեր տունինն է։ Ես կուլամ մամայիս համար որուն օրերը մեղքի ու աղտեղութեան վարագոյր մըն է։ Ես կը տառապիմ հայրիկիս համար որուն դրախտ ու արքայութիւնը իր կալուածները եւ իր մաղազան կը կազմեն։ Տակաւին կայ քոյրս որուն մեղքը ոտքերուն կը փաթթուի։ Մի զարմանար որ այդ տունէն ինչպէս երազի ծաղիկ մը կը բարձրանայ։

ՎԱՀՐԱՄ Ի՛նչ հարկ այս խոստովանութիւններուն։

ԱՆԱՀԻՏ Եթէ չընդմիջես, լաւ կ՚ընես։ Այնքան ժամեր ես քեզ մտիկ եմ ըրած առանց թարթելու։ Իմաստութիւնը տղոց մենաշնորհը չէ։ Երբեմն սիրտն է որ աւելի խելք ունի։ Ու խորհէ որ ձեր ճամբան գալու համար, ուրկէ ամէն բան զիս հեռու կը տանէր, ես ձեզի պէս շատ ցոյց ու թատերականութիւն ալ չըրի։ Ձեր վարպետը բաւեց ինծի, ցուցնելու համար ձեր ճամբան։ Կ՚ըսեն թէ կիները տկար են ու ատոր համար տկարներուն հետն են միշտ։ Այդպէս թող ըլլայ։ Յետոյ իմ ցեղս սիրելու համար հա՞րկ կար այսքան արիւնի։

ՎԱՀՐԱՄ Մի հարցներ, շարունակէ։

ԱՆԱՀԻՏ Մինակ Պոլսոյ մէջ իմ տեսածներս պիտի բաւեն որ անսրբագրելի ձեւով մը հայ դառնամ։ Կը լռե՞ս։ Մի զարմանար որ ջոջ վաճառականի մը աղջիկը գիտակցութեան կու գայ։ Այդ հրաշքին ո՞վ է հեղինակը։ Վարպետին հարցուր։

ՎԱՀՐԱՄ Անահի՛տ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Շեշտ նայելով ) Կը սպասեմ։

ՎԱՀՐԱՄ Ես պարտականութիւններ ունիմ։ Ես ինծի չեմ պատկանիր։ Ինծի վիճակուած չէ կղզիացումը ուր կ՚ուզես տանիլ զիս։ Մենք մեր գործը ունինք որ պէտք է քալէ։

ԱՆԱՀԻՏ Աւելի լաւ ձեոքեր գիտե՞ս, որոնց կրնաս վստահիլ։

ՎԱՀՐԱՄ Դո՛ւն։ Դուն չես կրնար քալել մեր ճամբէն։

ԱՆԱՀԻՏ Ձեր ճամբա՛ն։ Տղա՛յ, քեզի համար, քու ճամբէդ, դժոխքն ալ կ՚երթամ։

ՎԱՀՐԱՄ— Գիտեմ ատիկա։ Բայց ատով չի քայլեր գործը։ Դուն մինչեւ հիմա տեսար միայն երեւցող մասը այդ գործին։ Կայ չերեւցածը, կամ ծածկուելիքը, որ մահով դուրս կ՚իյնայ ու կ՚առնէ կը տանի ամէնքս։ Ու Պոլիսը ատանկ պատասխանատու օրերու առջեւն է։ Պոլիսը կրնայ պէտք ունենալ քարէն աւելի ամուր նկարագիրներու եւ երկաթէ ջիղերու։ Ու դուք, որ զիս կը շրջապատէք, կիներ է՛ք։

ԱՆԱՀԻՏ Դասերուն մէջ ալ կիներ են, չէ։

ՎԱՀՐԱՄ Անոնք ուրիշ։

ԱՆԱՀԻՏ Ի՛նչպէս ուրիշ։ Անոնք ինչո՞ւ ուրիշ ըլլան մանաւանդ։ Անոնց համար գաղափարը թերեւս աւելի մշուշոտ է, քանի մեզի համար, որ անոր առջեւ խաչուողներու բանակէ մը դուրս բան չենք։

ՎԱՀՐԱՄ Այսօր լաւ կը տրամաբանես կոր։

ԱՆԱՀԻՏ Դուն պէտք է տեսնայիր իմ մտքիս կրակը երբ ես վճռեցի այս տունը գալ։ Դուն տեսնալու էիր փաստերուս ուժը որոնք վարպետը համոզեցին։ Ամէն խորունկ զգացում քիչ մը ամէնակարող կ՚ընէ մեզ։

ՎԱՀՐԱՄ Անահի՛տ, քոյր, աղջիկ, սիրուհի կամ մայր, որը որ կ՚ուզես։ ( Ոտքի ելլելով Մտիկ ըրէ ինծի։ Անկեղծութիւնը աչքով տեսնուելիք բան չէ։ Անիկա կը նմանի քիչ մը հոտին։ Կրնանք հաւատալ անոր առանց տեսնելու։ Քեզի կը բացուիմ աւելի... ։ ( Կը կենայ Մենք մինչեւ հիմա չբռնուողներս, ունինք մեր ծրագիրները։ Ու մեր գործը։ Մեր գործը։ Պէտք է ես նետուիմ յորձանքին մէջ, երբ վայրկեանը կը հրամայէ։ Կանգ առնեմ անանկ տեղ մը ուրկէ կարենամ տեսանելի ըլլալ բոլոր ինծի պէսներուն։

ԱՆԱՀԻՏ Վահրա՛մ. մութ մի խօսիր, գործը կ՚ըսես ու կ՚երթաս։ Մինչեւ հիմա, քեզի եկողներուն մօտ ես աղքատախնամէ դուրս բան չի տեսայ։

ՎԱՀՐԱՄ Ճի՛շդ է։

ԱՆԱՀԻՏ Ալ ո՞ւր է գործին խորհրդաւոր կողմը։

ՎԱՀՐԱՄ Ատիկա, ինչպէս ըսի, կիներուն չիյնար։ Ատիկա վերջին ու վճռական քայլն է։

ԱՆԱՀԻՏ Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես։

ՎԱՀՐԱՄ Տէ՛, ոչի՛նչ։ Գոցէ առ երեսը։ Մի աշխատիր ինծի բանտարկել քու մէջդ մանաւանդ։ Կինը կը նմանի քիչ մը մուխին, որմէ դուրս ելլալու ամէն ջանք, քիչ մը աւելի քեզ կը խղդէ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինձմէ փախչելու չեմ գիտեր, իրաւունք ունիս թէ ոչ։ Բայց ինծի չշահագործել, անտեղի է։ Վահրա՛մ, կը մոռնաս որ հայրս Պոլիսին ջոջ վաճառականներէն է։ Անգամ մը երբ սա աքսորի փորձանքէն ազատի, ափերով չէ, թիերով դրամ պիտի առնեմ իրմէ։ Ու այդ բոլորը ծախսէ քու գործիդ, ինչպէս կ՚ըսես։

ՎԱՀՐԱՄ Տղա՛յ, դուն չես ճանչնար քու հայրդ։ Անիկա մեզի դրամ չտալէն զատ, մեզ ամէնքս ալ կառավարութեան կը մատնէ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչո՞ւ կը վիրաւորես զիս։

ՎԱՀՐԱՄ Ես գիտե՛մ ըսածս։ Պարապ տեղը չէ որ անոր գրագիրը եղած եմ։ Անիկա իր հոգիէն աւելի կը սիրէ դրամը։ Խորհէ որ իր ահաւոր հարստութեանը մէջ, ցերեկները կը վախնար ճաշարանէն պնակ մր կերակուր բերել տալու։ Յետոյ արդէն բան մը չեղած ատեն անգամ դէմ էր մեզի։ Ինչ ատելութիւն յեղափոխութեան դէմ։ Ազգը զգետնող այս հարուածին պատասխանատուութիւնը անիկա կը փակցնէ մեր ճիտին։ Եթէ ոչ իբր մատնիչ գոնէ արդարութիւնը փնտռող մը, ան պիտի ուզէր որ ազգին տունը արողները ողջ չմնային։

ԱՆԱՀԻՏ Ըսածներդ ճիշդ էին թերեւս, աղէտէն առաջ։ Բայց ատկէ ե՞տքը։ Մարդ մէկ բան է միայն, հա՛յ ու մէկ բան չէ միայն, թո՛ւրք։

ՎԱՀՐԱՄ Դուն կին ես ու այդքան կը տեսնես։ Ի՛նչ տեղը կայ այսքան բարակները փնտռելու։ Ես կը զմայլիմ քու խառնուածքիդ, կը զմայլիմ քու աղուորութեանդ վրայ։ Կը զմայլիմ մանաւանդ անոր համար որ մահուան ճամբուն վրայ էր հանդիպեցայ քեզի, քեզի որուն մուտքը վաճառատունէն ներս Աստուծոյ մը կը նմանէր։ Դուն չես գիտեր այն խռովքը որ կը բռնէր բոլոր պաշտօնեաները, երբ հօրդ քով, հովանոցիդ ծայրովը կը խաղայիր թուղթի կտորներուն հետ։ Ես քեզի ինչպէս տարուեր եմ այդ օրերուն։ Սիրե՛լ։ Այն ատեն երազ մըն էր ան, շատ վեր մեր մտքերու սահմանէն։ Ոսկիներուն աղջիկն էիր դուն։ Բայց տղոցը կուրծքին տակ ալ միսը չէ որ կը չարժտկի։ Եւ քեզմով լեցուն քանի մը բան գրեցի։ Պատերազմէն առաջ էր ան։ Չե՞ս գիտեր որ մահուան գրուածներուն արգիլուած է սէրը։ Քեզի չհանդիպած կը վախնայի՞ մեռնելէն։ Ով գիտէ։ Երբեմն կը խորհիմ... ։

ԱՆԱՀԻՏ Մի խորհիր, շարունակէ, խօսէ խօսէ հիմա։

ՎԱՀՐԱՄ Կը խորհիմ աս ծակին մէջ այս տարօրինակ սէրին։ Բաւ է որ ըսեմ, բայց միտքէս անցածը չեմ պահեր երբեք։ Կիները սիրած ատեննին անգամ ողորմութիւն տալու ձեւ ունին ու տկարութիւնը անոնց մօտ արցունքի կ՚արժանանայ։

ԱՆԱՀԻՏ Ողորմութիւն ու արցունք։ Ատոնք գրողի բառեր են, իմ սէրը ինծի համար այնքան յստակ է, որքան գագաթին ջուրը գագաթին համար ու այնքան ալ բնական։ Դուն անդունդին վրայ բացուած ծաղիկ մըն ես։ Դուն գեղեցիկ ես այն գեղեցկութեամբ որ խաչւողներուն կ՚ընկերանայ, նոյնիսկ պատկերներուն վրայ։ Ու ինչո՞ւ չես հասկնար որ մենք, քիչ մը կրօնական դաստիարակութիւն տեսնողներ, շեղումներ ունենանք։

ՎԱՀՐԱՄ Բայց ես տէրը չեմ իմ ճակատագրիս, ես տէրը չեմ այն կեանքին որուն օրերը ով գիտէ որ աստուածը` համրած   է։ Ճամբայ ինծի, ճամբայ քեզի։

ԱՆԱՀԻՏ Ճամբայ։ Ոչ, այդ մէկը ոչ, Վահրամ: Դո՛ւրսը սոսկալի է։ Բառերը չեն բառեր պատկերը տալու համար այդ դուրսին։ Ու յետոյ տղայ մը չէ քեզի հետ խօսողը։ Այսքան դժնդակ պայմաններու տակ ձգող սէրը թաշկինակ մը չէ որ մէկ գրպանէդ հանես, միւսը տանիս։ Ու դուք գրո՛ղ պիտի ըլլաք։

ՎԱՀՐԱՄ Թերեւս ադ ըլլայ պատճառը, որ մենք թեթեւ սիրենք։ Որ մենք չկարենանք մեր ջիղերը կապել կնոջ մը նայուածքին։

ԱՆԱՀԻՏ Այդպէս մի շարունակեր։ Աւելորդ են խօսքերը։ Ես կը դողամ իմ սէրիս վրայ այնքան որ աշխարհը ոչինչ է ինծի համար անկէ դուրս։ Կրնաս ըսել ինծի, քալէ ինծի հետ ու ես աշխարհին ծայրը պիտի երթամ քեզի հետ։ Բայց մի ըսեր ինծի, ճամբայ։

ՎԱՀՐԱՄ Այն ատեն։

ԱՆԱՀԻՏ Ա՞յն ատեն։ Տո՛ւր ինծի գործերուդ ծրագիրը, նետուիմ ես քու տեղդ բոլոր անկիւնները, քենէ լուր տանելու համար բոլոր անոնց որ պէտք ունին։ Տո՛ւր ինծի անունները այն կիներուն որոնց նպաստ կը բաշխուի, բոլոր այն մարդերուն որոնք դեռ կը դիմանան հոգիով, այս զարհուրելի քաղաքին մէջ, տանելու համար ձեր մեծ գործը։

ՎԱՀՐԱՄ ( Պահ մը կեցած, զմայլագին դիտելէ վերջ ) Այնքան հաւատք կայ բառերուդ մէջ որ եռանդը կը փոխադրես քեզ մտիկ ընողին։

ԱՆԱՀԻՏ Որոշո՛ւմ տուիր չէ։

ՎԱՀՐԱՄ Որոշումը ի՞նչ է։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչ ձգձգող մարդ էք դուք։ Ինչի՞ն յեղափոխականներուն կարծիքները միշտ պահպանողական կ՚ըլլան։

ՎԱՀՐԱՄ Ծանր խնդիր է, կը խորհիմ շատ հեռուները։

ԱՆԱՀԻՏ Օրինակի համար։

ՎԱՀՐԱՄ— Օրինակներ շատ ունիմ ետեւ։ Քանի՜ աղջիկներ բանտ գացին ու չես գիտեր անոնք ինչեր տեսան։ Խոստովանութիւնները երբեմն վեր կը մնան մենէ։

ԱՆԱՀԻՏ— Չեմ հասկնար։

ՎԱՀՐԱՄ— Այսինքն թէ կրնաք մատնուիլ, բանտ իյնալ ու տկարանալ։

ԱՆԱՀԻՏ Գիտե՞ս, առանց մտածելու այդ պարագաները կրնայի այսքան պատասխանատու քայլով մը վտանգի դնել կեանքդ որ ալ իմս է մանաւանդ։

ՎԱՀՐԱՄ Որքան զգուշութիւն, որքան կամք ու զոհողութիւն...

ԱՆԱՀԻՏ Այդ որքան բառ, Աստուած իմ, որքան բառ: Տղայ, տես իմ վիճակս։ Անգամ մը վերէն վար չափէ։ Ինծի կու գայ որ զգեստներս անգամ կը դողան քու առջիդ, ինծի կու գայ որ կուրծքս թափանցիկ է ապակիին պէս ու դուն կը տեսնես հոն տփրտացող սիրտը։ Սի՛րտը, օղակի մէջ ինկած թռչունի պէս իմ խեղճ իմ տառապող սիրտը։ Ու տակաւին կենալ, խորհիլ, կասկածիլ, ո՞վ իրաւունք կու տայ քեզի այսպէս վերաբերուիլ իմ սէրին հետ։ Քեզի հասնող ամէն չարիք առաջ զիս կը գտնէ։ ( Դուրսէն կառք մը կը կենայ դուռին առջեւ ) Ի՞նչ է աս։ ( Պատուհան կը վազէ Ծակդ շուտ։ ( Վահրամ կը նետուի իր ծակը Ո՞վ է եկողը արդեօք ( Վարագույրները կը` վերցնէ ) Ինչ շատ ալ մարդ կայ փողոցին մէջ։ ( Մէկը վեր կը բերեն կոր։ Կը նետուի՝ ինք ալ սանդուխներուն վրայ

( Երեք կիներ տղու մը թեւերն ինկած կը վերցնեն սենյակը, բազմոցին անկիւնը կը դնեն հիւանդը որ բերանը բաց կը հեւայ, արագ, շատ արագ։ Նայուածքովը կը փնտռէ։ Ձեռքովը կը շարժէ, ո՞ւր է ըսելու ձեւով մը )

ԱՆԱՀԻՏ ( Նուարդին ) Ա՞ն է։

ՆՈՒԱՐԴ Այո՛։

ԱՆԱՀԻՏ Հոգեվարք է նէ։

ՆՈՒԱՐԴ Ինք ուզեց։ Կ՚ուզէ՛ անպատճառ տեսնալ։ Վարագոյրները իջեցուցէք։

ԱՆԱՀԻՏ Կասկածելի չէ՞։

ԱՆԺԷԼ Ի՛նչն է կասկածելի։ Այս վայրկեանին ալ։ ( Վարագույրներ կ՚իյնան Վահրա՛մ, դուրս։ Փողոցին դուռը գոցէ։ ( Վահրամ կ՚ելլէ, կը կենայ քիչ մը ու դողալով կը մօտենայ։ Կը պագտուին

ԿԱՅԾՈՒՆԻ Աչքերս բաց կ՚երթամ։

ՎԱՀՐԱՄ Երանի գացողին։ Մնացողնե՜րը։

ԿԱՅԾՈՒՆԻ Մնացողները կը մնան ( Կը հազայ Ռումբերը հոն են ( Գրպանը խառնելով ) Աս ալ սիւպլիմէն է։ Առ, գերեզմանին գերեզման պէտք չէ։ Ընկերի մը կու տաս։ Դժուար է ճարելը։ ( Կը կենայ, կը հազայ, շնչառութիւնը արագ է շատ Ի՞նչ կ՚ուզեմ որ ամէնքդ ալ խոշոր խոշոր տեսնեմ։ Գերեզման տանիլ կ՚ուզեմ ձեր պատկերները։

ՎԱՀՐԱՄ Քիչ մը հանդարտէ՛։

ԿԱՅԾՈՒՆԻ Հանդարտ, շատոնց է եմ, Վահրամ։ Ինչ դժբախտ է եղեր մեր սերունդը։ Տարիներով տառապիլ ու չհասած քաշուիլ։ Շատ է՛։ ( Կը յոգնի Քիչ մը երկնցուցէք ( Կ՚երկնցնեն, գլուխին ետեւ բարձ մը նետելով Օ՜խ, վայրկեան մը հանգիստն ալ հանգիստ է։ ( Դուռը կը զարնեն ) Ո՞վ է ադ ամբարիշտը։ Վահրամ, տեղդ։ ( Դուռին զարկը կը կրկնուի։ Աւելի բիրտ։ Աղջիկ մը պատուհանը կ՚ելլէ ):

ԱՆԺԵԼ Երկու անծանօ՛թ։ ( Վահրամ կը մտնէ իր ծակը։ Տղան կը տանին անոր դուռին մօտ պառկեցնելով։ Երկու անծանօթները արդէն սանդուխէն կը բարձրանան։ Բոլորն ալ կը վախնան: Հիւանդը վիզը ձգած, բարձէն վար կը նայի դրան։ Անծանօթները ներս կը մտնեն։ Փողոցի դուռին վրայ ձայնը կայ Մաննիկին որ վէճի է բռնուած ուրիշներու հետ

Ա. ԱՆԾԱՆՕԹ Վէսիգա՛։

ԿԱՅԾՈՒՆԻ ( Արհամարհանքով չափելով ու գլուխը անշարժ ) Ինչ կ՚ուզէ այս մարդը։

ԱՆԾԱՆՕԹ Վէսիգա. սատըր ո՞րսըն:

ԿԱՅԾՈՒՆԻ Ինչ. վէսիգա՛ ։ Մարդ, գնա՛ տէրտէրին հարցուր:

ԱՆԾԱՆՕԹ ( Անահիտին ) Նէ տէյօր ։

ԱՆԱՀԻՏ Փափազա սօր տէյօր ։

ԱՆԾԱՆՕԹ Փափազ քիմ օլoյուր։ Վէսիգա՛ւ. չապըք եօքար Գարագօլա ։

ԱՆԱՀԻՏ Չե՞ս տեսներ դուն, անօրէն մարդ։ Ասոր ալ վէսիգան մնացե՞ր է։

Բ. ԱՆԾԱՆՕԹ Օրիորդ, օրէ՛նք է։ Ամէն մարդ պատրաստ է ցոյց տալու վէսիգան ։

ԱՆԱՀԻՏ Դուք հայ էք ( Զզուանքով Աղէկ, հասկցուցէք ադ մարդուն որ ասիկա կը մեռնի ու գերեզմանին մէջ մարդ չեն փնտռեր։

Ա. ԱՆԾԱՆՕԹ Թիւրք չէ սէօյլէ։ Փիս կիաուր նէ հատ իլէ գուլլանտյորսըն ։

ԱՆԱՀԻՏ Փիս սէն սին ։ Վայրագ մա՛րդ։ Ողջերը նախատելը չի բաւեր։ Տակաւին մեռելներն անգամ վրեժով կը ղրկէ։

Բ. ԱՆԾԱՆՕԹ Օրիորդ, պիտի վնասուիք։ Այսպէս չեն խօսիր ոստիկաններուն հետ։

ԱՆԱՀԻՏ Դուք ինծի դաս մի տաք։ Ես գիտեմ ըսածիս։ Ըսէք որ շուտ վար իջնայ։ Տղան կը մեռնի, հիմա քահանայ պիտի կանչենք։

ԿԱՅԾՈՒՆԻ ( Արդէն աչքերը գոցուած են։ Թեթեւ շունչ մը կ՚ելլէ կ՚իջնայ, բայց բերանին շարժումները հանգչած են։ Բարձր, անշարժ է գլուխը դեռ... կուշտին ինկող ձեռքը կը դառնայ կոնքին վրայ, գետին իյնալով

ԱՆԾԱՆՕԹ ( Իր ընկերին կը խօսի նշանով. գլխու շարժում վերջինին կողմէն։ Երկուքը մէկ կը նային Անահիտին ու կ՚իջնան վար։ Փողոցին դուռը կը գոցուի։ Վահրամը դուրս կը հանեն, տղան տեղափոխելով։ Արդէն շունչը դադրած է բոլորովին։ Վահրամ կ՚իյնայ ծունկի դիակին առջեւ։ Միւսները կը բոլորին զայն

ՎԱՀՐԱՄ Այսպէս կը մեռնին բոլորն ալ քեզի համար, ով մեր աննման ցեղը։ Այսպէս կը մեռնին ու մեռան։ Ու պիտի մեռնին։

 

(Վարագոյրը կ՚իջնէ )