ՄԱՅԻՍԻ
ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆՔ
ՈՒ
ՇԱՂԱԿՐԱՏՈՒԹԻՒՆՔ
(Հատուածներ)
ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՍ
Ի՜նչ
նախանձելի
վիճակ։
Ամենէն
անարգ
կենդանիին`
անիծեա՜լ
օձին
նման
գետնատարած
մնալ
խցիկիդ
մէջ.
ոտներդ
ու
գլուխդ
գետնին
կպած,
աչերդ
առաստաղին
կամ
որմնանկարին
յառած
մնալ
ժամերով,
օրերով
ու
ի՜նչ
հիանալի
դիրք,
ի՜նչ
երանելի
վիճակ։
Այդ
աննախանձելի
վիճակին
ու
այդ
եղկելի
դիրքին
ես
ալ
դատապարտուեցայ
քանի
մ՚օրեր.
քանի
մը
շաբաթներ
դատապարտուեցայ
թեւերս
ամփոփել
ու
խափանուած
մնալ
վանդակիս…
խցիկիս
մէջ։
Երբ
վարդք
կը
փթթէին
ու
կը
բուրէին
ծաղկոցաց
մէջ,
երբ
սոխակք
կը
բունէին
ու
կը
գեղգեղէին
պուրակաց
մէջ,
ես
մահճիս
մէջ
կը
դեղնէի
ու
կը
հազայի`
դէմքս
հակապատկեր
դրախտի
վարդին,
ձայնս
հակապատկեր
սոխակին
երգին։
Եւ
սակայն…
ո՞չ
ապաքէն
Միլվուան
ալ
տժգոյն
էր,
եւ
ո՞չ
ապաքէն
Դուրեանն
ալ
հազ
ունէր…։
Այսպէս
կը
խորհէի
մահիճիս
մէջ։
Եւ
ինքնին
կը
հարցնէի,
կը
հարցնէի
սրտայո՜յզ.
«Արդեօ՞ք
Արեւելից
կողմն
կամ
Արեւմտից
կողմն,
արդեօ՞ք
կապոյտ
Պոսֆօրին
ափանց
վրայ
կամ
Ոսկեղջիւրի
խորն,
արդեօ՞ք
հեռի
Բիւզանդիոնէն
կամ
Բիւզանդիոնի
ծոցն`
էակ
մը,
հրեշտակ
մը
կա՞յ,
որ
իր
առաւօտեան
ու
իր
երեկոյեան
ջերմեռանդն
աղօթից
կը
խառնէ
մաղթանաց
քաղցրի՜կ
բառ
մ՚ալ
հէ՜գ
Գրասէր
Ատոմին
բժշկութեան
համար»։
Ու
խորհելով,
ու
խռովելով,
ու
խաղաղելով,
ու
հարցնելով,
ու
հեծեծելով,
ու
հազալով…
ապաքինեցայ
հուսկ
ուրեմն։
Եթէ
ցաւ
մ՚ունիմ,
այն
է,
թէ
չունիմ
իշխանական
հարստութիւն,
որպէս
զի
տաճար
մը
կառուցանէի
Առողջութեան…։
ԲՆՈՒԹԻՒՆՆ
Ապաքինեցայ.
ու
քանի
մ՚օր
ազատ
կենօք
ու
շրջագայութեամբք
կատարելապէս
պիտի
կազդուրի
մարմինս,
-
զոր,
փակագծի
մէջ,
ո՛չ
կը
պաշտեմ
եւ
ո՛չ
կ՚անարգեմ։
Այս
(ուրբաթ)
առաւօտ
մշուշ
մը
կը
ծածկէր
մեր
Գատըգիւղի
ծովերն
ու
ծործորներն։
Չարագործ
մշուշն,
ի՜նչ
ալ
գեղեցիկ
է
գոյնն։
…Սակայն
մշուշն
այս
առաւօտ
երկար
չը
տեւեց։
…Փարատեցաւ,
այո՛,
մշուշն,
ու
միանգամայն
բաւական
մեծագումար
ամպեր,
որք
անամօթաբար
կը
ծանրաբեռնեն
Մայիսի
գօտին,
երկնից
երեսէն
փարատեցան.
տկարութիւնս
ալ
մօտ
է
լիովին
փարատելու։
Կրնամ
եւ,
մանաւանդ,
պարտիմ
դուրս
ելնել,
ման
գալ
արեւուն
տակ,
եւ
արեւուն
ի
մուտս
խոնարհումէն
յառաջ
տուն
վերադառնալ։
Դուրս
ելնենք.
այլ
ո՞ւր
երթանք.
դէպի
կանա՞չ
կամ
դէպի
կապո՞յտ
դաշտն։
Երթանք
Գատըգիւղի
ծայրն,
Գատըգիւղի
պսակն,
Գատըգիւղի
դիտակն`
Մօտա
Պուռնի։
Երթանք
դիտել
լայն
ծովն
ու
անսահման
երկինն.
երթանք
տեսնել
Ֆէնէռ-Պաղչէի
լապտերն,
որ
կը
փայլի
ցայգ
եւ
ցերեկ,
ու
Ֆէնէռ-Պաղչէի
նոճիներն,
որք
նսեմաստուեր
են
ամառ
եւ
ձմեռ։
Երթանք
ի
դէտ
կալ
այդ
սխրալի՜
հակապատկերաց։
Գուցէ
մեզ
նման
տկարանձն
էակ
մ՚ալ
դողդոջ
քայլերով
կը
դեգերի
սպիտակափայլ
լապտերին
շուրջն
ու
սգաստուեր
նոճեաց
ներքեւ`
ունկնդրելով
կոհակաց
կողկողանքներուն
ու
նոճեաց
հեծեծանքներուն.
կը
դեգերի՜`
խորհելով
այն
անյիշատակ
ժամանակաց,
ուր
ո՛չ
ալիք,
ո՛չ
նոճիք
կը
բարձրանային,
ու
խորհելով
մթագոյն,
ահեղագոյն
այն
ժամանակաց,
ուր
ամէն
բան
պիտի
խոնարհի,
պիտի
խաւարի,
պիտի
խաղաղի.
ո՜
դատարկութեան
ահեղ
խաղաղութիւն։
Երթանք,
սիրելի՛դ
Լեւոն։
Դու
քաջառողջ
ես,
այլ
ե՛ւ
դու
քաջ
համոզուած
ես
ամէնից
ունայնութեան։
Սակայն,
նսեմ
իմաստասիրութեամբդ
իսկ,
կամիս
վայելել
կեանքն,
կամիս
չափել
ամենագեղ
բնութիւնն,
որ
ըզմեզ
կը
պարուրէ,
կը
համբուրէ,
կ՚արբուցանէ…։
Կամիմ
ես
ալ
իր
ամէն
կերպարանօք
տեսնել
ու
պաշտել
մայր
բնութիւնն…։
Մա՜յր,
ըսի,
ո՛չ.
բնութիւնն
ո՛չ
«մայր»
է,
ո՛չ
«մտերիմ»,
ո՛չ
լիովին
բարի,
ո՛չ
լիովին
չար,
ո՛չ
լիովին
տգեղ,
ո՛չ
լիովին
գեղեցիկ
է
բնութիւնն.
կամ,
որ
նոյնն
է,
միանգամայն
ամենագութ
եւ
ամենանգութ,
ամենագեղ
ու
ամենատգեղ
է
բնութիւնն.
անտի,
բնութեան
ծոցէն
կը
բղխին
ամէն
աղէտք
ու
ամէն
վայելք։
Մօտաւոր
օրինակներ
յիշելով
աստ,
ահա
երեք
հազար
դիակունք
Քիոսի
քարանց
տակ,
ու
հազարաւոր
գառնուկք,
որք
կը
ճարակին
Հայտար-Փաշայի
ու
Քեաղըտ-Խանէի
մարգաց
վրայ։
Ո՞վ
ցնցեց
անդ
քարերն,
ո՞վ
ցանեց
աստ
մարդերն.
ո՞վ
է,
որ
մէկ
ձեռքով
մահ
ու
միւսով
կեանք
կը
սփռէ
տիեզերաց
վրայ.
բնութիւնն`
անանձն
ու
անողոք,
այլ
անդիմադրելի
բնութիւնն։
ԼՈՒՍԱՊԱՅԾԱՌ
ԴԷՄՔՆ
ԵՒ
ԼՈՒՍԱՊԱՅԾԱՌ
ՀՈԳԻՆ
Ուղիղ
ճանապարհն
անտարակոյս
ամենէն
կարճն
է։
Սակայն
ուղիղ
ճանապարհին
վրայ
պտոյտն
անտարակոյս
ամենէն
զուարճալին
չէ։
Ամենէն
երկայն
ճանապարհէն
երթանք
ուրեմն
ի
Մօտա-Պուռնին,
ուր
ծովածին
Անկլուհիք
Լօռանտօի
վիլլաներուն
բարձունքէն
ցայգ
եւ
ցերեկ
կը
դիտեն
յարափոփոխ
ու
յաւիտենական
ծովն,
զոր
կնոջ
համեմատեց
իրենց
ամենամեծ
բանաստեղծն։
Արդ,
կը
մտնենք
Լատին
փողոցն,
ուր
լուսապայծառ
դէմք
մը
ու
լուսապայծառ
հոգի
մը
կը
տեսնենք
միանգամայն։
Լուսապայծառ
դէմքն
մեր
ետեւ
կը
մնայ
դժբախտաբար,
եւ
լուսապայծառ
հոգին
ընդփոյթ
մեր
առջեւէն
անյայտ
կ՚ըլլայ,
մինչ
մենք
կը
խօսակցինք
Լեւոնին
հետ`
ողջունելով
երկնից
թռչուններն,
որք
երամով
կ՚անցնին
մեր
գլխուն
վրայէն,
եւ
ողջունելով
այն
երկրի
թռչուններն,
մատաղ
մանուկներն`
Անկլիացի,
Գաղղիացի,
Յոյն,
Հայ,
որք
խմբով
կ՚անցնին
մեր
մօտէն`
խայտալով,
խնդալով,
խաղալով,
խարտեաշ,
խատուտիկ,
խնձորիկ։
Ահա
կը
հնչէ
յուշազարթոյց
իմ
զանգակն
ալ
Լատին
եկեղեցւոյն,
ուստի
կուսանք
ու
նախկին
կուսանք
երանափա՜յլ
դուրս
կ՚ելնեն`
երգելէ
յետոյ
Կուսին
աղօթքն,
Մայիսի
աստուածուհիին,
երկնից
թագուհիին,
Տիրամօր
ու
Տիեզերաց
մօր`
Մարեմայ
Կուսին
աղօթքն։
Սակայն
ո՞ւր
մնաց
լուսապայծառ
դէմքն,
եւ
մանաւանդ
ո՞ւր
գնաց
լուսապայծառ
հոգին։
Կը
շարունակենք
մեր
ճանապարհն
դալարագեղ
ծառաստանաց
ներքեւէն
ու
գեղատեսիլ
վիլլաներու
առջեւէն`
փայլուն
ճճիի
մը
վրայ
մերթ
ծռելով
ու
մերթ
ի
լուր
աղու
ձայնի
մը
մեր
ետին
դառնալով.
մերթ
դիտելով
թեթեւաքայլ
ու
վարդափայլ
ամպի
մ՚ընթացքն,
ու
դիտելով
մերթ
մեր
ստուերն,
ու
մեր
երանութեա՜ն
ստուերն
ի
խորս
հոգւոց
մերոյ…
մերթ
խօսելով,
մերթ
ունկնդրելով,
մերթ
երգելով,
մերթ
հառաչելով
ու
մերթ
ընդ
մերթ
միմեանց
հարցնելով,
թէ
ո՞ւր
մնաց
լուսապայծառ
դէմքն
եւ
մանաւանդ`
ո՞ւր
գնաց
լուսապայծառ
հոգին…
-Թհալասա՜,
-
գոչեց
յանկարծ
Լեւոն,
-
ահա
ծով
ու
ահա
լուսապայծառ
հոգին.
կը
խօսի
նա…
արդեօք
ծովո՞ւն
հետ։
-Եւ
է՞ր
ոչ,
-
պատասխանեցի։-
Չե՞ս
յիշեր
Կէօթէի
Երգն
ոգւոց
եւ
ալեաց.
«Հոգի
մարդոյ,
քանի՜
նման
ես
ջրոյ.
Նսե՜հ
մարդոյ,
քանի՜
նման
ես
հողմոյ»։
-Ո՛չ,
ո՛չ,
ես
կը
պնդեմ
ու
լուսապայծառ
հոգին
յուշկապարիկի
մը
հետ
կը
խօսակցի…
-Ո՜հ.
ուրեմն
ձայն
բարձրացնենք,
ի
յուշ
ածենք
այդ
վշտակիր
հոգւոյն,
թէ
քանի՜
վտանգաւոր
է
յուշկապարիկներու
հետ
խօսակցութիւնն։
Արդեօք
կարդացած
չէ՞
Միձքիէվիչի
Վիյլին…։
ՎԱՆԼԸԻՆ
ՄՕՏԱՆ
…Շարունակենք
մեր
ճանապարհն.
հեռի՞
է
դեռ
Անկլուհեաց
թաղն,
Աւետեաց
մօտան…
-Մօտա
ենք
արդէն.
այլ
այս
Մեծ
Մօտան
է։
-Մեծ
Մօտա՜։
-Կամ
Վանլըին
Մօտան։
-Անտարակոյս
ուրիշ
անգամ
ես
տեսած
եմ
սիրուն,
պիտ՚
ըսէի`
խոհուն
այս
վայրն։
Այլ
անունն
ինձ
անծանօթ
էր։
Վանլօի՞ն
Մօտան
կ՚անուանի,
թէ
Վանլըին։
-Ո՛չ,
անշուշտ,
Բռովանսածին
պատկերհանին,
այլ
Վանցի
Հայ
սրճարանի
մ՚անուամբ
Վանլըին
Մօտան
կոչուած
է
վայրս։
-Զարմանք
չէ՞,
Լեւոն,
ամէնուրեք
յանակնկալս
կը
գտնենք
Հայոց
անունն,
Հայոց
հետքն.
այլ
լոկ
անուն,
աւա՜ղ
լոկ
հետք։
Մարսիլիոյ,
Միջերկրականին
այն
թագուհւոյն
մէկ
փողոցէն
օր
մը
(Պէրլինի
վեհաժողովէն
յառաջ)
հայրենակցի
մը
հետ
կ՚անցնէինք,
եւ
ես
կ՚ողբայի,
թէ
Հայոց
անունն
ամենեւին
անծանօթ
անուն
մը
կ՚ըլլայ
հետզհետէ
համայն
աշխարհի
մէջ։
Բարեկամս
ինձ
ողբակից
եղաւ`
ըսելով
միանգամայն,
թէ
նոյն
պահուն
Ռիւ
տ՚Առմէնիէն
կ՚անցնէինք։
«Թէեւ,
-
պատասխանեցի,
-
Առմէնին
(ց)ով
կը
վերջաւորի
եւ
Առմէնի
կոչուած
Գաղղիացւոյ
մ՚անուն
է
հաւանապէս…»։
«Մութ,
եղբա՛յր,
-
յարեցի,
-
յոյժ
մութ
ինձ
կ՚երեւայ
Հայոց
ապագան։
Անցեալ
օր
Ռիւ
Պռըդէօյլի
մէջ`
հսկայ
շէնքի
մը
դրան
մէջ,
երկու
Յոյներ
տեսայ,
որք
իրենց
ազգային
լեզուն
կը
խօսէին
արագ
ու
անյա՜գ։
Ու
չեմ
յիշեր`
ո՛ր
փողոցին
մէջ
ալ
տեսայ
գձուձ
շէնք
մ՚ոյր
դրան
առջեւ
երկու
Հայք
ֆռանսերէն
կը
խօսէին…
գօմ
էօն
վաշ
էսբանեօլ»։
Սակայն
Վանլըին
Մօտաէն
շատ
հեռացանք,
սիրուն
ընթերցուհիք։
Վերադառնանք,
ուրեմն,
Վանլըին
Մօտաին։
Մեծ
Մօտան,
թէեւ
ոչ
առաւել
ընդարձակ,
այլ
առաւել
ազատ
հորիզոն
ունի,
քան
փոքրիկ,
քան
բուն
իսկ
Մօտան։
Ծառերն
յոյժ
ցանցառ
են
աստ
եւ
թոյլ
կու
տան
աչաց
մարդոյն,
որ
անարգել
դիտեն
կապոյտ
ծովածոցն
ու
մանիշակ
թերակղզին
Ֆէնէռ-Պաղչէի,
եւ
հեռին`
մանիշակագոյն
Կղզիներն
Իշխանաց,
եւ
աւելի
հեռի
եւ
աւելի
բարձր`
ամպերն,
անսահման
տարածութեան
այն
վարդագոյն
կղզիներն
ամենիշխան,
որք
ինձ
ի
յուշ
կ՚ածեն
ամէն
անգամ`
այսօր
յանիրաւի
մոռցուած
Վարդենիքին
անմոռա՜ց
Ամպիկն…
Այլ
եթէ
ցանցառ
են
աստ
ծառք,
խոտերն
յոյժ
առատ
են,
ընդհակառակն։
Կանաչ
թաւշեայ
օթոց
մը
կը
ծածկէ
լիովին
այս
դալար
ու
պայծառ
սարահարթն,
ոյր
սովորական
այցելուներն
են
հաւք
եւ
շունք,
դուն
ուրեք
երկոտանի
անփետուրք։
Զի
Գատըգիւղացւոց
նախասիրական,
սովորական
զբօսավայրն
ո՛չ
առանձնական
մեծ
Մօտան
է,
ո՛չ
անգլիական
փոքր
Մօտան,
այլ
Թուրք
Մէօհիւրտարն,
որ
անտարակոյս
այսուհետեւ
պիտի
յորջորջուի…
իր
անստերիւր
կենօքն
ու
կենսագործ
ձեռօքն
անուանի
Հայ
սրճարարի
մ՚արքայական
անուամբ։
Ես
յոյժ
սիրեցի
Վանլըին
Մօտան,
իր
առանձնութեա՞ն
համար։
Այո՛,
բայց
մանաւանդ
այն
առանձնակ
ուռենւոյ
ծառին
համար,
որ
գլխաւոր
զարդն,
որ
հոգին
ու
հրապոյրն
է
գրեթէ
«անհետ
ու
անմարդաձայն»
այն
սարաւանդին։
Ես
յոյժ
սիրեցի
Վանլըին
Մօտան
եւ
այսուհետեւ
ստէպ
պիտ՚
երթամ
այն
անդորրաւէտ
վայրն
ու
տեսնեմ
վայրակախ
ուռին
վարսաւոր.
այն
ծառն,
ոյր
երգն
այնքա՛ն
սիրելի
էր
Պարպարաին,
մինչ
զի
տժգոյն
Տէզտէմօնաի
մօրն
այն
հէգ
նաժիշտն
հոգին
աւանդեց`
երգելով
երգն
Ուռենւոյն.
այլ
ծառն,
ոյր
«տժգոյն
հովանին
այնքա՛ն
քաղցր
ու
սիրելի»
էր
Լիւսիի
սիրահարին,
մինչ
զի
«նա
հեզ
հովանւոյն
ներքեւ
կամէր
հանգչիլ
ի
շիրմին».
այն
ծառն,
որ
ննջեցելոց
վրայ
կ՚արտասուէ
եւ
որ
յարտասուս
կը
շարժէ
կենդանիներն։
Եւ
դե՜ռ
ամպարիշտ
իմաստասէրք
ոմանք
կը
ժտին
քարոզ
հանդիսանալ
նիւթապաշտութեան։
Ի
զո՜ւր,
ի
զո՜ւր…
հոգին
է,
որ
կու
տայ
կենդանութիւն
Արարչութեան.
հոգին
է,
որ
կը
տիրէ
տիեզերաց,
բուսոց
եւ
կենդանեաց,
դից
եւ
մահկանացուաց.
հոգին
է,
որ
կը
հրամայէ,
հոգին
է,
որ
կը
հմայէ…։
Ի
զո՜ւր,
ո՜
նիւթապաշտ,
հող
կը
մտնես`
աղաղակելով`
ոչնչութի՜ւն,
ոչնչութի՜ւն։
Հոգիդ
յաւէտ
կենդանի
է.
նա
կը
սաւառնի
տապանիդ
վրայ,
նա
կ՚ապրի
սիրեցելոյդ
յիշատակին
մէջ,
եւ
ահա
նա
կ՚արտասուէ
ոսկերացդ
վրայ
գլխահակ
եւ
հերարձա՜կ։
Արտասուաթոր
ուռին,
այո՛,
հոգիդ
է
այն.
հոգիդ
են
այն
կուսանք
ու
այն
երիտասարդք,
որք
անունդ
կը
կրեն.
հոգիդ
են
համայն
էակք,
որք
երբեմն
հանճարոյդ
ներգործումն
կրած
են
եւ
որք
յապագային
զայն
պիտի
կրեն
ի
շնորհս
անմահ
քո
գործոց…
Մեծ
Մօտաին
ուռենւոյն
ներքեւ
ապաքէն
չը
կայ
տապան։
Այլ
ո՞վ
կրնայ
պնդել,
թէ
այդ
հնապանծ
ափանց
վրայ,
որք
դեռ
արձագանգ
կու
տան
գոգցես
Ոսկեբերաններու
ձայնիցն,
ո՞վ
կրնայ
ըսել,
թէ
արտասուաթոր
ուռւոյն
արտասուք
չեն
թանար
աղուագոյն
աղջկան
մը,
պաշտելի
եւ
պաշտեալ
էակի
մը,
բանաստեղծի
մը
կամ
բանաստեղծուհւոյ
մը
նուիրական
ոսկորներն…։
Վերջին
համատարած
ակնարկ
մը
ձգելով
այդ
մենիկ
ու
սրտախօսիկ
վայրերուն
վրայ,
հրաժեշտ
տալով
կամ,
մանաւանդ,
«կրկին
տե՜ս»
մրմնջելով
վարսաւոր
ու
արտասուաթոր
ուռւոյն,
համբոյրներ
յղելով
այն
խատուտիկ,
մանրատոտիկ
բիլիճներուն,
որք
ճի՜ւ-ճի՜ւ
ձայներով
իբր
շնորհակալիք
կը
յայտնեն
այն
Յոյն
աղջկան,
որ
այդ
անմեղ
արարածներուն
վրայ
կը
հսկէ
եւ
որ
գոգցես
Մեծ
Մօտաին
պահապան
հոգին
է,
կը
մեկնինք.
այսինքն`
կը
շարունակենք
մեր
ուղին,
եւ
Լօռանտօի
ծովեզերեայ
ագարակին
մէջէն
անցնելով`
կը
հասնինք
լայն
ու
խոնարհ,
զօրանոցի
նման
քառակուսի
շէնքի
մ՚առջեւ,
զոր
պիտ՚
անուանեմ
յաջորդ
Շաղակրատութեանս
մէջ։
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆ
Եթէ
կը
սիրես
թմբիի
բոյրն,
անցիր
Լօռանտօի
ծովեզերեայ
ագարակին
մէջէն.
դալարափայլ
թմբենեաց
տեսիլն
աչերդ
պարարելէ
յառաջ,
նոցա
բուրումն
զգայարանքդ
կը
լեցունէ,
հոգիդ
կ՚արբեցունէ՜։
Հաւաստի
եմ,
որ
եթէ
ծոցս
թուղթ
ու
մատիտ
ունենայի,
նոյն
ժամայն
Շիլլէրի
նման
պիտ՚
արտադրէի
հրաշակերտ
մը`
Ընդ
թմբենեօք
[1]
։
Լօռանտօին
ագարակէն
դուրս
ելնելով`
ըզմեզ
կը
գտնենք
այն
ստուար
ու
խոնարհ
եւ
Պիւթագորեան
աղիւսակին
նման
քառակուսի
շէնքին
առջեւ,
որ
երբեմն
(եթէ
լաւ
կը
յիշեմ)
Գաղղիացւոց
դպրոցն
էր
եւ
որ
այժմ
Մխիթարեան
վարժարանն
է։
Եթէ
կանխաւ
իսկ
չը
գիտնայի,
թէ
վարժարան
մ՚է
այդ
շէնքն,
պիտ՚
իմանայի
զայն
սուր
ձայնէ
մ՚որ
բութ
երկաթին,
արոյրին
եւ
այլ
մետաղաց
ու
հանքային
նիւթոց
վրայ
կը
դասախօսէր։
Մայիսի
հեշտագին
երեկոյ
մը,
հրեշտակային
մեղեդիներ
կամ
բնութեան
ներդաշնակ
ձայներն
եւեթ
լսելու
տրամադիր
ըլլալով
բնապէս,
այդ
հանքաբանական
դասախօսութիւնն
յոյժ
անախորժ
հնչեց
ականջիս
բնապէս.
խանգարեց
հմայանքս.
եւ
նշմարեցի,
թէ
հասարակօրէ՜ն,
արձակօրէ՜ն
հողի
վրայ
կը
քայլեմ,
ես,
որ
կ՚երեւակայէի
թռչիլ
վարդերու
կամ
վարդագոյն
ամպերու
վրայ…
ՄՕՏԱ-ՊՈՒՌՆԻՆ…
Անցանք
Մխիթարեան
վարժարանն,
եւ
հուսկ
ուրեմն
հասանք
մեր
նպատակակէտն,
այն
ցանկալի,
հեշտալի
ու
յիշատակելի՜
Մօտա-Պուռնին,
ուր
այնքա՛ն
սրտայոյզ
երեկոներ
ու
այնքա՛ն
փոթորկայոյզ
գիշերներ
անցուցած
եմ
երբեմն…։
Յայնժամ
անդ
չէին
բարձրանար
այդ
վիլլաներն,
որք
Մարմարաին
մարմարեայ
պահապաններն
ըլլալ
կը
թուին։
Յայնժամ
ծառ
ու
ծով
եւեթ
կը
պարուրէին
ու
կը
պսակէին
այն
մահահրաւէ՜ր
Մօտա-Պուռնին…։
Ծառք
իրենց
թեւերն
առ
կոհակս
կը
ձգէին
խանդաղատանօք.
եւ
կոհակք
առ
ոստովք
կը
փութային
ոստոստանօք
ու
սիրախա՜նդ
արտասուօք։
Երազուն
ալեաց
կողկողանք
ու
հովասուն
անտառաց
հեծեծանք
միմեանց
յարաժամ
կը
պատասխանէին
այդ
մշտանուա՜գ
ափանց
վրայ։
Մանաւանդ
գիշերն…
երբ
ալեակք
ու
անտառակք
երկրափայլ
ու
երկնափայլ
շողերով
կ՚ողողուէին
համակ.
երբ
Ֆէնէռ-Պաղչէի
լապտերին
լոյսն
ու
լուսնիկին`
այն
երկնից
լապտերին,
լոյսն
իրար
կ՚ընդգրկէին.
երբ
ո՛չ
վիլլա
մը
կը
բարձրանար
ետիդ
ու
ո՛չ
դիւային
մուշն
կը
թքթքար
առջիդ.
երբ
մանաւանդ
կը
յառաջանար
գիշերն,
երբ
շրջիկք
արդէն
քնոյ
մէջ
կը
շարունակէին
իրենց
տուընջեան
երազն,
եւ
երբ
հազիւ
իր
երգն
հեռաւոր
լսելի
կ՚ընէր
նաւազն,
յայնժամ…
Յայնժամ
մանրերկրորդի
մը
մէջ
հրապուրիչ
բի՜ւր
կերպարան
կը
ստանար
բնութիւնն
աչացս։
Յայնժամ
մէն
մի
կոհակ
աչացս
մէն
մի
յուսափայլ
խանձարուր
կը
թուէր,
ու
մէն
մի
աստղ,
մէն
մի
լուսափայլ
վարդ,
որ
մէն
մի
խանձարրոյ
վրայ
կը
թափէր.
մանկական
աղաղակներ
ու
մայրական
նուագներ
միմեանց
ներդաշնակօրէն
կը
խառնուէին
ու
հոգիս
յուշիկ
կ՚օրօրէին։
Ու
յուշկապարիկներու
խաղեր,
ու
բանաստեղծներու
տաղեր,
ու
սիրային
բառեր,
ու
հրեշտակային
մեղեդիներ
զիս
հմայքէ
հմայք
հեշտօրէն
կը
վարէին։
Ու
ծառք,
ուրուականաց
հանգոյն,
իմ
շուրջ
կը
սկսէին
պարել
ուրոյն-ուրոյն։
Ու
ծառոց
բոյներէն
թռչունք
սլանալով
կու
գային
ուսոցս,
ու
ծնգացս,
ու
թեւոցս
վրայ
թառիլ,
եւ
անձնիւրն
ի
նոցանէ
մտատանջիկ
ունկանս
կը
մրմնջէր
տխրամնչիկ.
«Ամէն
անգամ,
որ
հմայիչ
այս
եզերաց
վրայ
կ՚երեւիս,
զուարթութենէդ
մա՛ս
մ՚ալ
կորուսած
ինձ
կը
թուիս։
Դու
որդ
մ՚ունիս
կրծոցդ
ետեւ,
ո՜
տրտմանոյշ
երիտասարդ.
տուր
ինձ
զայն,
զի
ես
սրտով
կ՚ապրիմ,
մինչ
դու,
բաբէ՜,
սրտով
պիտի
մեռանիս…։
Վերջին
թռչունն…
վերջին
վայրկենին…
ինձ
այսպէս
խօսեցաւ.
«Սեւ
խորհուրդդ
այս
երեկոյ
կը
կարդամ
սրտիդ
խորն։
Այլ
այն
էակն,
որ
գուցէ
կարող
էր
ըզքեզ
փրկել
ահաւոր
ճգնաժամէդ,
հեռի
է
Մօտա-Պուռնիէն,
եւ
ես,
աւա՜ղ,
չունիմ
փայլակի
թեւերն…»։
***
Այս
առաւօտ
բացի
հին
յիշատակարանաց
պահարանս
եւ
դառնագին
արտասուօք
թրջեցի
հետագայ
թուղթն
առ
Մինաս
Չերազ.
«…Դու
գիտես`
ի՜նչ
անհնարին
վիշտերու
մատնուած
եմ
քանի
տարի
է։
Ա՛լ
ժամ
է,
որ
հանգչի
տառապեալ
հոգիս։
…Էջ
մը
Վէրթէր
կարդալէ
ետեւ`
պիտի
ուղղուիմ
դէպի
Մօտա-Պուռնին.
այն
վայրն
անդիմադրելի
հրապոյր
մ՚ունեցած
է
միշտ
հոգւոյս…։
Հոնկէ,
ծառի
մը
յեց,
վերջին
արփւոյս
խոնարհիլը
պիտի
տեսնեմ
ծննդեանս
լերանց
ետին…։
Այն
կրօնական
ժամուն,
ուր
Գաղղիական
եկեղեցւոյ
զանգակն
սկսի
հնչել
յամր
ու
ողբալուր,
հոգեվարի
աղօթքներ
պիտի
մրմնջեմ,
մինչեւ
ա՛լ
մարդ
չմնայ
եզերքին
վրայ.
այն
ատեն
պիտի
յառաջանամ
ի
ծով.
«ծոցդ
անոյշ
ալ
չե՞ս
բանար
սիրականիդ։
………………………………………………………………………………………………
Կոհակները
վտիտ
մարմնոյս
հետ
պիտի
խաղան,
ինչպէս
այնքա՜ն
ես
իրենց
հետ
կը
սիրէի
խաղալ
մանկութեանս
ատեն`
Պայռընի
նման.
խարտեաշ
մազերուս
վրայ
աղու
նշոյլ
պիտի
սփռէ
Ֆէնէրի
խորհրդափայլ
լապտերը.
աղկէովնեայ
բոյնի
մը
նման`
գլուխս
պիտի
տատանի
պահ
մը
ջուրին
երեսն
ու
խորասոյզ
ըլլայ
անհետի,
ինչպէս
եղան,
աւա՜ղ,
իմ
յոյսերս…։
……………………………………………………………………………………………………
«Ծննդեանս
տօնն
է
այսօր.
մահուանս
ալ
պիտի
ըլլայ
տօնը…։
«Ծնած
օրը
մեռաւ»
պիտի
ըսեն.
այնպէս
կ՚ըսեն
առօրեա՜յ
ծաղկին
համար
ալ…։
Ա՜հ,
կեանքիս
վրէժը
պիտի
լուծէ
մահս։
Ի՞նչ
գեղեցիկ
պիտի
ըլլայ,
Մինա՛ս…։
…………………………………………………………………………………………………
Երբ
մարմինս
ծովէն
հանեն
ու
սեւ
հողը
դնեն,
Յոյն
աղջկան
տապանագիրը
գրէ
շիրմիս
վրայ
(եթէ
ունենամ…).
«Մի՛
ծանրանար
վրան,
հո՛ղ,
այնքան
թեթեւ
էր
նա
վրադ»։
Այս
միակ
կտակս։
Ու
մնա՜ս
բարով։
8
Մայիս
1874
(Մասիս,
20-30
Մայիս,
1881)
[1]
Տաղանդաւոր
երիտասարդ
մը`
Պ.
Եզնիկ
Տ.
Յովհաննէս,
երբեմն
ինձ
ընթերցած
է
Շիլլէրի
սոյն
փոքրիկ
հրաշակերտին
հայերէնն,
զոր
բնագրէն
իսկ
թարգմանած
էր։