Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅՈՒՍԱՀԱՏ ՄՕՐ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Եւ երբ, բութամատին ու ցուցամատին ցրտասարսուռ կցմամբ, մահուան աղջամուղջին ծոցը փակեց զոյգ մը վառ աչուկները, զորս ինք կեանքի լոյսին էր բացած, մայրը, խելայե՜ղ, ձեռքն երկնցուց առաջին առարկային` ջուրի շիշին, եւ բռնագոյն զօրութեամբ գետին զարկաւ զայն։ Եւ ջուրին կորստեան ու շիշին բիւրափշուր խորտակման վրայէն` վեր, երկի՜նք վերցուց թեւերն, որոնք կ՚ըսէին անբարբառ. «Նո՜ր է այս աղօթքն, Ամենակալին աթոռը դեռ ասոր պէս աղօթք չէ բարձրացած»։ Այս` առաջին տունն էր աղօթքին։

Եւ որդեկորոյս մօր բազկատարածութիւնը խոյացաւ Աստուածամօր պատկերին, զոր մանկան սնարին վերեւ կախած էր։ Պատառ-պատառ ըրաւ պատկերն, աղաղակելով աղէկէզ ձայնով մը. «Մա՜յր Որդւոյն Աստուծոյ, որու սիրտն անկարեկիր կը մնայ մանկան կաղկանձիւնին, մօրը պաղատանքին, իջի՛ր վաղաղրաւ որդեկիս դագաղին ոտքը»։ Աղօթքին երկրորդն տունն ա՛յս եղաւ։

Եւ ահա մանկան սնարին տակէն դուրս քաշեց երկրպագեալ խաչափայտը` գոչելով. «Մին միւսէն կարճ զոյգ փայտի կտո՛ր, որ տիեզերքն իր լրութեամբ ընդգրկող Խաչի վսեմագոյն ձեւն առած էիր, Փա՛յտ Կենաց, որ մանկան մը կեանքը չի փրկեցիր, ա՛ռ նորէն սկզբնական ձեւդ»։ Եւ առ վշտին` ամբարիշտը կոտորեց զայն եւ գետին ձգեց, եւ ձեռքերն երկինք վերցուցած, աչքերն ալ որդեկին անկենդան մարմնոյն յառած, արտասուալից, ձայնեց. «Ահաւասիկ ես խա՜չ կենդանի»։ Աղօթքին երրորդ տունն ալ ա՛յս եղաւ։

Դեռ կը վառի՞ս, կանթե՛ղ, երբ սիրական զաւկիս կենաց արեւը մարեցաւ. կանթե՛ղ, զոր պահ մ՚առաջ ոռոգեցի խարտեաշ իւղով, խարտիշագոյն, խանդավառ աղօթքիս հետ. որդեկիս կեանքին իւղն սպառեցաւ, ու դուն ի՜ւղ կը ծծես տակաւին»։ Եւ ոտիցը տակ փշրեց պատկերին առջեւ մշտավառ կանթեղը։ Եւ այս` յուսահատ մօր աղօթքին չորրորդ տունն եղաւ։

Եւ բովանդակ անձին բացատրութեամբ մը, որ ամէն երեւակայութենէ գերիվեր էակ մը կը կացուցանէր զայն, ձեռքերը երկի՜նք նետեց` արեգակը մարելու շարժուձեւով մը։ Կէս գիշեր էր։ «Ա՛լ չը պիտի ծագիս…»։

Աղօթքին… եւ մօր կեանքին վերջին տունն եղաւ տիեզերասաստ այդ հրամայականը։

Առաւօտուն նոյն դագաղին մէջ փակեցին մայրն ու որդեակը։

1892

(Թէոդիկ. - Ամէնուն Տարեցոյցը, 1908, էջ 166)։