Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԸ

ԱՌ ՏԻԿԻՆ ԷԼԷՆ ՆԻՍԸՆ

Եօթը տարի, եօթն անգամ ինձ պաշտելի դո՛ւ կին, եօթը տարի անցաւ արդէն յաւերժայուշ այն գիշերէն ի վեր, ուր դուռդ զարկի` գուշակելով, որ սրտի մը դուռն ալ էր այն։ Ա՜հ, ինչո՞ւ զարկի դուռդ, զքեզ ինչո՞ւ ճանչցայ, զքեզ չը ճանչցած է՞ր չը մեռայ, եօթն անգամ ինձ պաշտելի դու կին։

Օրն ի բուն սենեակ փնտռած էի, ձիւնին տակ, որ անընդհատ տեղաց այն օր մինչեւ իրիկուն։ Ճանապարհո՞րդ մըն էի։ Կէս ժամ միայն տեւած էր ճանապարհորդութիւնս, ծննդեանս թաղէն մինչեւ Բերա։ Սակայն հեռագոյն երկիրներէ հասնող ուղեւորէն աւելի խոնջեալ էի. հօրենական տան հինգ տարուան ամայութեան ահագին բեռն ուսիս վրայ կը կրէի։

Հօրենական տունէն վերջին բաժնուողը հօրենական տան առաջին հրապոյրն եղած էր, մա՜յրս, որ ինծի քոյր մը կը թուէր։ Ու մա՜յրս կ՚ողբայի, ու մա՜յրս կը փնտռէի հինգ տարիէ հետէ։ Զոհաբերութեան յօժար հրեշտակը կը փնտռէի, երբ դուռդ իմ առջեւս բացուեցաւ ա՛յն մութ գիշերն, որ ինձ, ձիւնածածուկ, ուրուականի մ՚երեւոյթը կ՚ընծայէր։ Սե՜ւ` մինակ աչքերս կը մնային բովանդակ մարմնոյս վրայ. սեւ մը` նուաղո՜ւն այժմ, քանզի քառորդ դար մելան գոգցես ու մելամաղձութի՜ւն հայթայթած էր իմ գրութեանցս անիկայ։

Երբ դուռը բացիր, ընդհանուր տեսլենէս ահաբեկ գրեթէ, ետ-ետ գացիր։ Այլ դիմացս վրայ սեւեռուած քննող նայուածքդ, համակրանօք` մանաւանդ թէ խանդաղատանօք ողողուած իսկոյն, սա խօսքերն արտաբերեց գրեթէ. «Եղբայրս չէ. բայց եղբօրմէս աւելի ինծի կը նմանի՜, ո՞վ է»։ Եւ անհամբեր զիս սրահդ առաջնորդեցիր։ Աթոռ մը քշեցիր վառարանին քով, ուր զիս հրաւիրեցիր նստիլ։ Սակայն այնքա՜ն, այնքա՜ն յոգնած էի, որ կանգուն մնացի, ինչ որ ընդհանրապէս սովորութիւնս կամ պէտքս է մեծ յոգնութիւններու մէջ։ Երբ գդակիս վրայ, երբ մօրուքիս վրայ, երբ զգեստներուս վրայ ձեան հատիկները հալեցան մէկիկ-մէկիկ, թխահամակ երիտասարդ մը ի յայտ եկաւ, որուն հերացը մէջ մինակ կը յամառէր ճերմակն։ Իմացար այն ժամանակ, որ սգաւոր եմ ե՛ս ալ` քեզ նման։ Իսկ երբ իմացար, որ ընտանեզուրկ եմ, կամ որբ` աւելի կարճ եւ աւելի սրտառուչ բառով, ստիպեցիր, խորապէս յուզեալ, որ բազմիմ աթոռին վրայ, գոգցես` վախնալով, որ կը թողում կ՚երթամ, այնքա՛ն յարեցար անծանօթին, այնքա՛ն վստահութեամբ վերաբերուեցար իրեն։ Նստեցայ. վառարանին ու սրտիդ ջերմութիւնն այտերուս գոյն բերաւ, եւ ժպիտ աչքերուս, որոնք այնքա՜ն թաղծագին արտայայտութիւն ունէին, երբ նայուածքդ առաջին անգամ անոնց մէջ սուզուեցաւ։ Եւ հիմայ երրորդ անձ մը մէջտեղ եկաւ. սառնամանեաց յունուարին սիրոյ մայիսն էր յաջորդած։

Սոյն կերպարանափոխութեանց անակնկալներուն տարաշխարհիկ դիմացդ վրայ բերած բացատրութեանց յաջորդական փոփոխութեան կը հետեւէի, իբր երազի՜ մը մէջ։ Իրարմէ խոյս տալով` իրար կը գտնէինք հետզհետէ։ Կը զգայի, թէ գորովանքդ ցըյագ պիտի վայելէի. իսկ դու կը նախազգայի՞ր, թէ քու տունդ ինձ համար հանգրուան մը պիտի ըլլար տառապանաց ովկէանոսին մէջ, ուր նետած է զիս ճակատագիրն։ Նա մանաւանդ կը նախազգայի՞ր, տարաբախտ դու կին պաշտելի, որ ինձ համար դուն ալ այնքա՛ն պիտի տառապիս, որքան ոչ ոք, ո՜չ իսկ մայրս թերեւս, դուն ալ ինձ համար։ Վառարանը միշտ ինծի բան մը կը պատմէ, զոր չեմ կրնար բացատրել, այլ որ անբացատրելի կերպով զիս կը յուզէ։ Մեր բարեբաստութեան այն առաջին ժամն ոգեւորող այդ սրահիդ վառարանը վերջին այս դա՜ռն օրերուս պատմութի՞ւնն էր, զոր եօթն ամ առաջ կանխաւ կ՚ընէր մեզ խորհրդաւոր իր լեզուով։

Դա՜ր մը քնացայ այն առաջին գիշերը, անդնդային խորութեամբ քուն մը` միանգամայն յոյժ խռովեալ սակայն։ Հազիւ աչքերս փակուած, ցերեկի ձեան բուռն տարափն սկսաւ շարունակուիլ, ու Բերայի փողոցներն, ուրկից սենեակ փնտռելով կ՚անցնէի քնոյս մէջ, ալեաց մակընթացիկ շարայարութիւն մ՚էին, որոնք մինչեւ ձեան սառնասառոյց շտեմարանները կը բարձրացնէին զիս` հոնկից յեղակարծ տեղատուութեամբ մը մինչեւ աներեւակայելի խորախորշերով խաւարայատակեալ անդնդոց ալքերուն մէջ գահավիժելու համար։ Այդ խոր ու խաւար խորշերը տեսած սենեակներս էին, որոնցմէ կը խորշէի ու կը հեռանայի։ Ու երբ երբեմն իբրեւ հաւու թեւի մը տակ գրգանոյշ հանգստեան մը վայելքն ունէի տարտամօրէն, սիրագորով ա՛յն հանգստեան, զոր զգացի վառարանիդ շուրջ, քաղցր ու գերազնիւ ասպնջականուհի՛ս։ Հմայօրէն իրար անդրադարձնող, հոգեզմայլօրէն զիրար ընդգրկող մեր կերպարանաց թեւածուն երանութիւնն անսպասեալ` կը պարուրէր տարտամօրէն զիս երբ երբեմն։ Եւ այդ հեշտագին անուրջն աւելի իրականութիւն էր, քան իրականութիւնն հրապուրանոյշ դիմացդ փոփոխմանց, զոր իբր յերազի կը դիտէի անյագ, վարը` վառարանիդ քով, արթնութեանս ատեն։ Մօտայի մեծ կորստենէս յետոյ Հարման-Պաշիի հնգամեայ անկենակից կենացս մէջ յամառաբար երազած հնդկաքարոզ անհուն նի՞րհը, նիրվանա՞ն էր արդեօք առաջին այդ դարատեւ քունս օթարանիդ մէջ։ Առաւօտուն ի՞նչպէս արթնցայ։ Չէ՞ր բաւեր, որ հէ՜գ մայրս տառապած ու զրկուած էր` որպէս գրեթէ բոլոր մայրերն անո՛նց, որոնց թեւին վրայ քնար մը դրաւ երկին, աշխարհ գալը տարաբախտութիւն, իսկ այդ` տարաբախտութիւն կրկի՜ն։ Չէ՞ր բաւեր այդ։ Հա՜րկ է եղեր, գրուած ճակատագրուած է եղեր, որ օտարուհի մը նոյն եւ աւելի տառապանաց ու զրկանաց մատնուի բանաստեղծին համար. հա՜րկ է եղեր, Էլէն հոգի՛ս, որ իմ Գողգոթայիս ճամբան ինծի հետեւիս։ Ա՜հ, է՞ր դուռդ զարկի այն գիշեր. ա՜հ, է՞ր արթնցայ այն առաւօտուն։

Սպասուած բան մը պիտի ըլլար գրեթէ, եթէ սենեակս բանալով առաւօտուն, տեսնէիր, որ կը քնանամ դեռ… ընդմի՜շտ։ Երբ իրիկունը դուռը բացիր եւ երեւցայ քեզ` իբրեւ երեւում մը, իբր օրհասական մ՚ոտքի վրայ, ձիւնազգեստ, գերեզմանէն գո՜գ դուրս ելած, գերեզմանի, ամէն պարագայի մէջ, կարօտ, գերեզմանին հանգստեանը կարօտ` անձկարօ՜տ, երբ իրիկունը, կ՚ըսեմ` դուռը բացիր եւ աչքերս դիտեցիր, միթէ չը տարակուսեցա՞ր, որ կարենամ… հասնիլ գարնան։ Պիտի լայիր ու պիտի ըսէիր. «Մե՜ղք, գարնան նման գեղազուարթ եղաւ, երբ տաքէն ու կաթէն կազդուրուեցաւ, ինք, որ ուրուականի մը կը նմանէր նախ, ինչպէս որ ողբերգութեանց մէջ կ՚երեւնան, եւ ապա տժգոյն ու սեւազգեստ` Ալֆռէտ տը Միւսէի ուղեւորին նման, Դեկտեմբերի Գիշերուանը մէջ։ Մե՜ղք, ինչո՞ւ աւելի առաջ դուռս չը զարկաւ, ես կրնայի վերակենդանացնել զայն։ Ո՞վ էր…։ Այցետոմս չունի՜…։ Սա հատորիկին մէջ անունը թերեւս… Ռաֆայէլ… իր անունը… Եղիա՜, Եղիա՜, Եղիա…։

(Մասիս, 29 Յունիս 1902)