ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆ
«ԵՍ»ԻՆ
Եթէ
առտուան
օրաթերթի
մը
մէջ
երեւցած
«ԵՍ»ը
յօդուածին
ե՛ս
առիթ
տուի
«Վերլուծում»
հատուածովս,
որպէս
անտարակուսելի
կը
թուի,
եւ
եթէ
քառորդ
դարէ
մ՚ի
վեր
«աննման
յամառութեամբ»
ենթակայական
գրականութիւն
ընողն
ե՛ս
եմ,
որպէս
«ես»ս
գիտակցութիւն
ունի,
պարտիմ
յայտնել,
թէ
այդ
գրականութիւնն
է՛ր
չը
պարտի
«նողկանք»
ազդել,
կամ
մանաւանդ
կու
գամ
հաստատել,
թէ
նողկանք
չէ
պատճառած
ո՛չ
Հայոց,
ո՛չ
Եւրոպացւոց
մէջ
ենթակայական
գրականութիւնն,
ա՛յն
աստիճան`
մինչ
զի
նոյն
օրաթերթին
Խմբագրութիւնն
ինքն
ամենէն
առաջ
կը
խոստովանի
(առաջին
հակասութիւն),
թէ
ժողովուրդն
«համբերութեամբ
մտիկ
է
ըրեր»
ենթակայական
կամ
եսապատում
գրագէտներուն։
Գերմանական
մկրտութեամբ
այդ
«ենթակայական»
գրականութիւնն
հին
է
գրականութեան
չափ։
Աստուածաշունչին
մէջ
Սողոմոն
իւր
կեանքը
կը
պատմէ,
եւ
Յոբ`
իւր
տառապանքն.
ահագին
Սաղմոսարանին
(Տանդէի,
Պօսիւէի,
Լամընէի,
Միձքիէվիչի
վսեմ
այն
ներշնչարանին)
բոլոր
բայերն
երկու
դէմք
ունին,
եզակի
առաջին
դէմք,
(Դաւիթին
«ես»ն),
եւ
եզակի
երկրորդ
դէմք
(Դաւիթին
Աստուածն)։
Եթէ
մեծ
աստուածաշնչագէտ
Ալպէռ
Ռէվիյլի
հետ
ինձ
իրաւամբ
առարկուի,
թէ
Սաղմոսերգուին
«ես»ն
ամբողջ
Իսրայէլին
«ես»ն
է,
կը
պատասխանեմ
ե՛ս
ալ,
թէ
ենթակայական
հեղինակի
մը
«վերլուծմունք»
բովանդակ
մարդոց
խումբի
մը
(եւ
ամենէն
զարգացեալ
խումբին
մերթ)
հոգեկան
վիճակին
արտայայտութիւնը
կամ
վերլուծումն
են։
Իմ
տասներկու
սիւնակ
հատուածիս,
որ
վերոյիշեալ
օրաթերթին
քննադատութիւնն
որոշագրած
է,
հազիւ
մէկ
սիւնակն
առանձնաբար
անհատական
է,
թէեւ
այդ
«անհատական»
սիւնակին
պարունակութիւնը`
դնդերային
աշխատութեան
գործնական
ջատագովութիւն,
ոչ
ընդհատ
«հանրական»
հանրօգուտ
է։
Մնացեալ
մետասան
սիւնակաց
մէջ
կրթական
եւ
իմաստասիրական
խնդիրք
կը
յուզուին`
անհատական
կենաց
քննութեան
առթիւ։
Թէ
բարեխղճաբար
«եսական»
(բառին
աննպաստ
նշանակութեամբ)
ներկայացուած
այդ
գրութիւնն
որքա՛ն
իրապէս
եւ
խորապէս
հանրական
է,
պիտի
լիովին
յայտնուի,
եթէ
յօդուածոյս
հինգ
գլուխներն
ընդլայնեմ
մի
առ
մի
մասնաւոր
յօդուածոց
մէջ
[1]
։
Կ՚ըսէի,
թէ
ենթակայական
գրականութիւնն
հին
է
աշխարհիս
չափ.
կը
յաւելում,
թէ
գրող
մ՚իւր
անձին
վրայ
կրնայ
խօսիլ
երկու
եղանակաւ`
ուղղակի
կամ
անուղղակի։
Գրողներէն
ոմանք
կ՚ընտրեն
առաջին
եղանակն,
այլք`
երկրորդը։
Կան
հեղինակք,
որոնք
իրենց
«ես»ը
կամ
կեանքը
կը
դնեն
ուղղակի՛
իրենց
գործոց
մէջ.
կան
ալ,
որոնք
իրենց
կեանքէ՛ն
կը
դնեն
իրենց
երկասիրութեանց
մէջ։
Հայցականի
եւ
բացասականի
տարբերութիւն։
Հանրի
Հայնէ
ուղղակի
կը
յայտնէ
իր
«ես»ը,
Տասդայէվսքի`
անուղղակի։
Սակայն
ո՛չ
Գերման
բանաստեղծն,
ո՛չ
Ռուս
վիպասանն,
ո՛չ
մին,
ո՛չ
միւսն,
ո՛չ,
«շատ
երկրորդական
գրողներ»
նկատուած
չեն.
եւ
ո՛չ
մին
եւ
ո՛չ
միւսն
ո՛չ
մէկու
մը
«նողկանք»
ազդած
են։
Հին
գրականութենէն
ալ
օրինակ
մը
յիշելով
դարձեալ`
ո՛չ
արեւելագէտք,
որոնք
զայն
թարգմանած
են
եւ
ո՛չ
արեւմտեան
ժողովուրդք,
որոնք
զայն
լափած
են,
«նողկանք»
զգացած
չեն
«Լի-Սաօ»էն
Քիու-Եուան
Չինացի
մեծ
հեղինակին
անձնական
կամ
«եսական»
հոգեյոյզ
գործը
կամ
գլուխ
գործոցն։
Այդ
անձնական
կամ
«ենթակայական»
գրականութիւնն
(որպէս
մկրտեցին
զայն
Գերմանացիք)
մեր
դարուն
մէջ,
սկսեալ
Կէօթէէն,
որ
սոսկալի
վերլուծող
մ՚եղաւ,
անհամեմատ
զարգացումն
ստացաւ։
Հիներն,
յափշտակուած
բնութենէ՛ն,
որոյ
ծոցը
կ՚ապրէին
եւ
ոյր
գեղեցկութեանց
նկատմամբ
տակաւին
բթացած
չէր
իրենց
զգայութիւնն,
հին
մատենագիրներն
հազիւ
ուրեք
իրենք
իրենց
ներսը
կ՚ամփոփուէին.
եթէ
Նոր
աշխարհը
լիովին
անծանօթ
էր
նախնեաց,
ներքին
աշխարհն
ալ
տարտամօրէն
ծանօթ
էր
նախնի
հեղինակաց։
Յափրանքն`
ամենէն
իգական
զգացումն,
եւ
Հոգեբանութիւնն`
ամենէն
անյագ
գիտութիւնն,
արդի
մարդն
ինք
իր
ներսն
ընկրկեցին։
Ձանձրոյթի
որդէն
կրծուած
եւ
Վերլուծման
ասեղէն
խայթուած,
մարդկային
«ես»ը
(«Ֆաուստ»ի
տիեզերական
հեղինակին
մեծագոյն
այն
գիւտն)
իր
ցաւոց
ընդոստումներուն
մէջ
սկսաւ
ինքզինքն
զգա՛լ
եւ
ինքզինքը
ճանչնա՛լ։
Եւ
զգայութիւնն
ո՛րքան
զօրացաւ
եւ
ծանօթութիւնն
ո՛րքան
ընդարձակուեցաւ,
«ես»ին
արտայայտութիւնն
ալ
այնքա՛ն
հզօր
եւ
ընդարձակ
եղաւ
գրականութեան
մէջ,
որ
եւս
քան
զեւս
իմաստասիրական
հաստատուն
հիմ
մ՚ունեցաւ,
իննեւտասներորդ
դարու
գրականութեան
մէջ,
որ
գերազանցօրէն
«եսական»
գրականութիւնն
եղաւ։
Ո՛րքան
խոր
իջան
Լիւյզ
Անգլիացին
ուղեղին
անդնդոց
մէջ
եւ
Վունտդ
Գերմանացին`
բովանդակ
մարդկային
բնախօսութեան
ալուցը
մէջ,
ա՛յնքան
կարկառ
ու
խորութիւն
ստացաւ
ենթակայական
գրականութիւնն։
Ինքն
իր
մէջ
նայելով
է,
որ
մարդս
ուրիշին
մէջ
նայիլ
կ՚ուսանի։
Դէն
հոգեբանը
միայն
կրնար
Լաֆօնդէնի
վրայ
գրել
այն
աննման
գիրքը,
զոր
ահա
երկրորդ
անգամ
կը
սկսիմ
կարդալ.
եւ,
ո՛չ
միայն
Անգլիացի
հոգեբաններուն
մէջ,
այլեւ
իր
հոգւոյն
մէջ
իսկ
մարդկային
հոգին
ճանչնալով
է,
որ
Պուռժէ`
Դէնին
աշակերտն,
որ
բովանդակ
նոր
գրական
սերնդեան
վարպետն
ըլլալ
կոչուած
է,
կրցաւ
վերլուծել
Պօտըլէռն
եւ
Ամիէլն`
ամենէն
անձնակա՛ն
բանաստեղծն
եւ
ամենէն
անձնակա՛ն
արձակագիրն,
որոնք
Առման
տը
Բօնմառդէնի
մը
միայն
կրնան
«նողկանք»
ազդել,
եւ
որոնք
«Ժամանակակից
հոգեբանութեան
փորձոյ»
շարքին
մէջ
չը
պիտ՚
ընդունուէին,
եթէ
«շատ
երկրորդական
հեղինակներ»
ըլլային։
Ո՛չ,
«տխմար
եւ
աներես»
գրականութիւն
չէ
ա՛յն,
ուր
գրողն
իր
«ես»ն
ի
տես
կը
դնէ,
իր
տառապանքներն,
իր
յոյսերն
եւ
իր
տարակոյսները
կը
յայտնէ.
մեր
իննեւտասներորդ
դարու
մարդն,
այո՛,
իր
ներսն
այնքա՛ն
(եթէ
ոչ
աւելի)
կ՚ապրի,
քան
դուրսն.
եւ
հոգեկան
ներքին
պատերազմաց
Իլիականը
տարբե՛ր
կերպով
շահեկան
է,
քան
միւս
այն
հին
յունական
«Իլիական»ն,
ուր
բանակ
բանակը
կը
բաղխի։
Սորա
մէջ
Աքիլլէս
կը
տիրէ,
դորա
մէջ`
«Ես»։
Եւ
«ես»ն
առաւե՜լ
իրական
է,
քան
Աքիլլէս։
«Ես»ը
յօդուածն
հրատարակող
օրաթերթին
խմբագրութեան
մէջ
չը
կայի՞ն
մարդիկ,
որոնք
այդ
բաները
գիտնային.
ի
զո՞ւր
ապրած
ըլլան
ի
Բարիզ,
գերազանցօրէն
արտաքին
անշուշտ,
այլեւ
տարօրինապէս
ներքին
այն
քաղաքաց
քաղաքին
մէջ,
ուր
ոչ
միայն
կը
յեղյեղուին,
այլեւ
կը
կատարուին
«ներհայեցութիւն»,
«հոգեզննութիւն»,
«հոգեբանութիւն»`
ի
մի
բառ։
Գրիչն
ինչո՞ւ
գրագէտը
չառնէ՜ր,
երբ
խնդիրը
գրականութեան
վրայ
է,
երբ
նոր
սերնդեան
վրայ
շատ
ներգործած
եւ
գրականութիւնն
ի՛նչ
ըլլալը
շատերուն
սորվեցուցած
գրողի
մը
վրայ
է
խնդիրը.
հայ
ժողովրդեան
գրական
ճաշակն
ըստ
եւրոպականին
կրթել
յաւակնող
անձինք`
ներքին
էջերուս
առթիւ
ի՞նչպէս
թոյլ
կու
տան,
որ
«նողկանք»
գոյականը,
«տխմար»
ածականն
եւ
«աներեսաբար»
մակբայը
գործածուի
ա՛յն
թերթին
մէջ,
զոր
ժողովուրդին
սիրցնելու
ոչ
նուազ
սատարեցի
ես
ալ…։
Կը
զգամ,
որ
կը
դառնանա՜յ
հոգիս,
եւ
ալ
չեմ
ուզեր
շարունակել։
Խօսք
մը
միայն։
«Սիրուելու,
յարգուելու
պայմաններէն
է
մոռնալ
«ես»ը»
կը
գրէք։
Ես,
ըստ
բանաստեղծին
կամ
մանաւանդ
հակառակ
«բանաստեղծ»ին
(որ
միշտ
օրինակաւ
չը
քարոզեր),
կեանքս
չը
ծածկելով
եւ
միտքս
սփռելով
մասնաւոր
հրատարակութեանց`
օրագրաց
ու
հանդիսից
մէջ,
գրեթէ
անձնուէր
ծառայութիւն
մը
մատուցած
եմ
ազգիս
քառորդ
դար
մը
շարունակ.
ո՛չ
ոք
կրնայ
ցոյց
տալ
մէ՛կն,
որու
զրկանք
ըրած
ըլլամ,
մինչ
ես
մէկէն
աւելի
մարդիկ
կրնամ
ցոյց
տալ,
որոնց
յաւէտ
կամ
նուազ
կարեւոր
ծառայութիւններ
մատուցած
եմ։
Արդ,
ես
զիս
արժանի
կը
զգամ
Հայ
ժողովրդեան
սիրոյն
ու
յարգանաց։
(Մասիս,
13
Մարտ,
1893)
[1]
Պէտք
է
նկատել,
թէ
«Վերլուծում»
հատուածս
ոչ
իբրեւ
յօդուած
գրած
եմ,
այլ
պարզապէս`
բացատրելու
համար
«անգործութիւն»
բառն,
որ
ինձ
համար
գործածուած
է։