Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՆՈՐԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ


Ա.

Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաստատեմ, թէ (մայրաքաղաքացի Հայոցս վրայ խօսելով) մեր նախնիք շատ աւելի բարեպաշտ չէին մենէ։ Կրօնք ըսուած բանին պոչէն անգամ չէին հասկնար։ Իրա՛ւ մեր մայրերը կ՚ըսէին մեզի. «Տղաս, ժամ գնա՛, որ Աստուած շնորհք տայ քեզի»։ Բայց մեր հայրերն ընդհանրապէս ժամ կ՚երթային` Աստուծմէ խնդրելու համար, որ գործերնին յաջող երթայ։ Առողջութիւն, յաջողութիւն, հարստութիւն, զօրութիւն կ՚ուզէին Աստուծմէ։ Խանո՞ւթ կը բանան կոր, յաջողի՜. տո՞ւն մը կը շինեն կոր, յաջողի՜. մէկուն տո՞ւնը կը քակեն կոր (բարոյական մտքով), յաջողի՜. ախարէ՞թ մը պիտի ծախեն, յաջողի՜. տահա միւհքիմ ախարէ՞թ մը ծախու պիտի առնեն, յաջողի՜. տավա՞ մը բռնած են, հախլը հախսըզ` յաջողի՜. քէօբէք մէմէսի՞ հաներ են, բժշկուի՜. սըռաճալը՞ են, սըռաճանին բժշկուի. մաթիա՞ ունին, բժշկուի՜. ընտանիքին (Տիկնոջ ընտանիք կ՚ըսէին ատենով) հիւա՞նդ է, ծոցւո՞ր է, սօղլուճա՞ն ունի, եըլանճը՞խ ունի, բժշկուի։ Ժամ էրթալուն գլխաւոր նպատակը աս էր հին ժամանակը։ Տնտեսական ու ելեւմտական գիտութիւն չի կար։ Հէքիմ էզաճի քիչ կար Սահմանադրութենէն առաջ։ Ուստի ամէն մարդ ժամ կը վազէր, ուխտի կ՚երթար, Խարա-Կէօմրիւկէն մինչուկ Արմաշ ու Վերուսաղէմ։ Ամէն բան շամաէն ու եաղէն կախում ունէր. մե՞նծ, էրկա՞ն մոմ վառեցիր, մե՛նծ, էրկարատեւ յաջողութիւն կ՚ունենաս ու շուտ կը բժշկուիս. խանտիլը շա՞տ եաղ լեցնել տուիր, շատ փարա կը վաստըկիս, շատ միս կը կռես ու շատ եաղ կը կապես, շատ կեանք կ՚ունենաս։ Կեցցէ՜ անձն իմ։

Այսօր, էֆէնտի՛մ, մենք նիւթակրօնութիւն կամ աւելի ճիշդը` նիւթական կրօնք կ՚ըսենք աս տեսակ կրօնքին։ Ան հին բարի ժամանակին մարդիկը անա՜նկ կը կարծէին, որ Աստուած կարմիր շիշման անսահման էակ մըն է, որ, մէկ ձեռքը առողջութիւն ու միւս ձեռքը հարստութիւն լեցուցած, ժամը մոմ վառողին ու ժամուն պատերը պարկինքները պագնողին մէյ մէկ քիչ կամ թէ շա՜տ-շա՜տ կու տայ։ Հապրէ ժամ կը շինէին. ընչո՞ւ. մէջը պատկեր դնելու համար. Աստուած պատկերին ետեւը կը կենայ, գաղտուկ կը նայի, մոմը կը չափէ, իւղը կը կշռէ, արշընը թէրազին ձառքը։ Շիտա՛կը` Աստուած ասանկ ճանչնալու է։

Հարցունէի՜ր ան հին բարի մարդոց, որ Աստուած ի՞նչ է, պատասխան չի պիտի կրնային տալ. պիտի շփոթէին. գլուխնին պիտի քերէին. ճիւպպէներնուն բէշերը իրարու վրայ պիտի բերէին. հօխալըխ ֆէսերնին պիտի հանէին. ընքուիներնուն ծարը վեր պիտի հանէին. մօրուքնին ձեռուընին պիտի առնէին. պաղտաշնին պիտի քակէին ու ծունկի վրայ պիտի գային. թիւթիւն չպուխնին մէկդի պիտի նետէին. երեսնին Արեւելք պիտի դարձնէին. էնֆիէ մը պիտի քաշէին. եախընին ալ պիտի փոխէին։ Աս ամէն երկիւղած պատրաստութիւններէն ետքը` ապուշ-ապուշ երեսդ պիտի նայէին։ Մտքերնուն մէջ եղածը ա՛ս էր. «Աստուած մենծ պանքայի մը տէրն է, որ փարա կու տայ մարդուս` ֆայիզսիզ, փարա պաշխ կ՚ընէ մարդուս, բաւական է, որ շողոքորթութիւն ընես. կրնաս նէ առտու իրիկուն ժամ գնա՛, բանկալին սըրա սըրա մոմերէն ա՛ռ ամէն պօյէն, Աստուածամօրը կանթեղը իւղ լեցո՛ւ ժամ մտած ատենդ ալ` ժամերգութեան ատեն ալ` ժամէն ելլելուդ ալ. ուխտդ ընդունակա՜ն. ժամուն մէջ վըզըր վըզըր ծունկի եկուր ու ելիր. իրարու ետեւէ խաչ հանէ՛, քովդ կեցողներուն ալ ըրած խաչակնքութիւնն համրելու պայմանաւ. ողջոյն առնելու ու տալու չի մոռնաս. Առաքելոցին ժամէն չելլաս. թապախները անտես չառնես. պատարագւորին ժամուցը պօլկեկ տաս. մեռելներուդ հոգուն պաշտօն պատարագ ընելու մուխայէդ ըլլաս. հիւանդութեան պատճառաւ ժամ գալ չի կրցողներուն համար մաս տանիս հետդ տուն։ Երգուած շարականներէն, կարդացուած Սուրբ Գիրքէն ու Սուրբ Աւետարանէն բան մը հասկցեր ես չես հասկցեր, հոգ չէ։ Պէտք եղածը ա՜ն է, որ պրկունքներդ ժամուն գետնի խըսիրին կամ խալիին քսուին. այնուհետեւ գրպանէդ փարա ելլայ։ Աս որ ընես, վիճիւտդ չէլիկի պէս սաղ կ՚ըլլայ, քսակդ ալ յաւիտեան պարապ չի մնար, Աստուծոյ պէթը պէրէքէթը մէջը կ՚ըլլայ»։

Ըսել չեմ ուզեր, որ հին ժամանակը չի կային հոգեւոր մարդիկ, ճշմարիտ աստուածապաշտ մարդիկ։ Սակայն այդ մարդիկ ընդհանրապէս աղքատ էին եւ աղքատ կը մնային։ Հարուստ ալ ըլլային նէ, աղքատի պէս կ՚ապրէին։

Բ.

Մարդիկ` դպրոցէ ելած, ուսմունք առած մարդիկ, կրօնք ըսելով, այսօր ուրիշ բան կ՚իմանան։ Հացը հարստութիւնը կրօնքին եւ եկեղեցիին հետ բնաւ յարաբերութիւն չունի նոր մարդոց համար։ Աշխատիս նէ, մանաւանդ պարագաներն ալ օգնեն նէ, հաց ու հարստութիւն կ՚ունենաս։ Չէ նէ, չէ։ Ամա կ՚ուզես նէ Հիւանդանոցի Արհեստանոցին բոլոր մոմերն ու բիացային վրայ գտնուած բոլոր զէյթին եաղին տար եկեղեցիները պատկերներուն առջեւ վառէ։ Աստուած վրադ կը խնդայ։ Մենք ասանկ կը խորհինք այսօր։ Ծո՞ւռ կը խորհինք, շիտա՞կ կը խորհինք, չիյտեմ. բայց քիչ շատ ուսմունք առնող ու մտածող մարդը ասանկ կը խորհի։

Ժամ ընչո՞ւ էրթալու ենք։ Ժամ երթալու ենք, որ Ս. Գրոց ընթերցում, ժամերգութիւն ու քարոզ լսենք։ Եկեղեցի երթալու ենք, հաւատացելոց այն ժողովատեղին, որպէս զի ընկերական ու հոգեկան մեծ պէտք մը լեցունենք, համախմբութեան պէտքն, որոյ զրկումը վայրենի ու դժբախտ կը կացուցանէ մարդը։ Ժամ երթալու ենք, այր եւ կին հոն միասին միշտ կենալու ենք. որովհետեւ ժամուն մէջ ալ պարահանդէս մը կը կատարուի, հոգիներու պարահանդէսն, որ, աւելորդ է ըսել, այնքան շինիչ ու զօրացուցիչ է, որքան Բերայի պարահանդէսք ջլատիչ եւ ապականիչ են։ Մի՛ գայթակղիք պար բառը եկեղեցիին հետ կապելու. նախնեաց գրական կրօնական լեզուին մէջ պար բառն արդէն հրեշտակաց յատկացուած բառ մ՚էր։

Գ.

Ըսածէս կը հետեւի, որ ժողովուրդը ժամ քաշելու համար պէտք է բարեկարգել եկեղեցին։ Նորաղանդութիւն, արմատական բարենորոգութիւն չեմ քարոզեր. հապա եղածը բարելաւել կ՚առաջարկեմ, ինչպէս որ աս թերթիս եւ ուրիշ թերթերու մէջ ալ արդէն կ՚առաջարկուի եկեղեցւոյ պայծառութեան ճշմարտապէս նախանձախնդիր մարդոցմէ։

Հնդկաց Ս. Գրքին մէջ խօսք կայ, որ կ՚ըսէ, թէ Րիչիներն են, այսինքն եկեղեցականներն են, խօսքն ու երգն են, որ աստուածներն ստեղծեցին։ Շատ խորունկ խօսք մըն է ասիկայ։ Ս. Գիրքն ու եկեղեցականն հանէ՛ եկեղեցիէն, անոնց տեղ թաղական խորհրդոյ գանձապետը դի՛ր, թապախները ֆըռըլ ֆըռըլ պտտցուր, կ՚ուզես նէ քշոց ալ երերցո՛ւր, խաչհանգիստին թէպսին ալ բե՛ր` քովիկը թապախը, կրնաս նէ, խորանն ալ աւելի զարդարէ՛, ինչտար հաֆիսէ կայ, վառէ՛, ժամկոչն ալ արտսըզ-արտսըզ թող կոչնակը կամ գամբանան զարնէ ու զարնէ։ Ժամը պարապ է, Աստուած հոն չէ, քանի որ խօսքը հոն չէ, գիրը, Սուրբ Գիրքը, Ս. Գրոց կենդանի բարբառով մեկնութիւնը հոն չէ. քանի որ Առաւօտ լուսոն չերգուիր, քանի որ չերգուիր Այսօր անճառ, Փառք ի բարձունս, Խորհուրդ խորին, քանի որ քահանան, ժողովրդին դառնալով, չարտասաներ. «Առէք կերէք, ա՛յս է մարմին իմ. արբէք ի սմանէ, ա՛յս է արիւն իմ». քանի որ քարոզիչը հաւասարութեան եւ եղբայրութեան յորդոր չը կարդար ժողովրդեան, աղքատ ու փարթամ հաւասարապէս չը յանդիմաներ, երբ թերանան իրենց կրօնական ու բարոյական պարտականութեանց։

Սակայն այդ ընթերցուածք, այդ երգեցողութիւնք, այդ քարոզք պէտք է որ այն սուրբ տեղւոյն` Աստուծոյ տան արժանի կերպով կատարուին։ Դիւրի՞ն բան է կարդալ, դիւրի՞ն բան է երգել, դիւրի՞ն բան է քարոզել։ Հատուած մը, նուագ մը, բեմբասացութիւն մը հարիւր անգամ միեւնոյն հաճոյքով կը լսենք, մեծագոյն հաճոյքով իսկ կը լսենք միշտ, երբ արուեստով, երբ հոգւով կատարուին։ Այդ արուեստը պէտք է ստանան, այդ հոգւով պէտք է վառին մեր եկեղեցւոյ պաշտօնեայք։ Այն ժամանակ` մինակ շալվարլը ու եազմալը հաւատացեալները չը պիտի երթան եկեղեցի, հապա ե՛ւ ճագէթլի ու Գռօնշդատ գօտիլի հաւատացեալներն ալ։ Հոգւոյն սնունդը գեղեցիկն է, քանզի հոգին ինքն իսկ գեղեցկին գերիսկութիւնն է։ Հոգւոյն համար պէտք է գեղեցիկ խօսք, գեղեցիկ երգ, գեղեցիկ դէմք։ Ուր կայ գեղեցիկն, հոգին հո՜ն կը թռչի, ու հո՛ն կը թռչտի։ Եկեղեցին պէտք է որ ամենէն գեղեցիկ վայրն ըլլայ նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Բողոքականք նիւթապաշտութիւն համարելու իրաւունք չունին եկեղեցւոյն պատկերներն ու զարդարանքներն. ոսկեզօծ շուշանափայլ ծաղկազարդ ըլլալու է խորանն. ամենագեղ ու բազմաթիւ ըլլալու են պատկերք ի տաճարին. գետնաջահք ու ձեղնաջահք փայլելու վառելու են Աստուծոյ տան մէջ։ Միթէ Աստուած պատկերազարդած ու լուսավառած չէ՞ տիեզերքն. եթէ ծաղկունք դաշտերու մէջ կան, եթէ ծաղկանց վրայ Ս. Գրոց խօսք կայ, եկեղեցեաց մէջ է՞ր չըլլայ ծաղիկ ու շող ու շուք վեհաշուք։ Այլ մանաւանդ բարոյական գեղեցկութիւն անհրաժեշտ է հոն։ Խօսքն, ա՜հ։ Ի՜նչ խօսքեր կան Աստուածաշունչին մէջ։ Ի՜նչ լեզու կայ հոն, ի՜նչ ոճ, ի՜նչ պատկերներ, ի՜նչ փայլակներ։ Մերթ պարբերութիւնը կը ձգի, կ՚երկարաձգի լուսաշող կաթնափայլ` նման անսահմանութեան մէջտեղէն անցնող կաթնալոյս այն լայն ճանապարհին. պարբերութիւն, որ ճանապարհն է Յաւիտենականին, ճանապարհն յաւիտենական ճշմարտութեան։ Մերթ աստուածային ճշմարտութիւնը միակ բառի մը մէջ կ՚ամփոփուի, որպէս անբաւ ովկէան մը լուսոյ կ՚ամփոփուի միակ աստղի մը մէջ։ Պէտք է հասկնալով կարդալ այդ խօսքերը. պէտք է քարոզին մէջ ի վեր հանել անոնց աննըման գեղեցկութիւններն, որոնց վրայ գաղափար իսկ չունի լոկ աշխարհիկ գրականութեան հետեւող երիտասարդութիւնը, որոնց վրայ նուազ գաղափար ունի թերեւս` հազուագիւտ բացառութեամբ` մեր եկեղեցականութիւնը, որպէս կրնայ դատուիլ իրենց ընթերցման եղանակէն։ Ս. Գիրք կ՚ըսէք ու կը խաղա՞ք դուք։ Ս. Գրոց վսեմութեան ամենէն մեծ ապացոյց այն ընդլայնումներն են, այն ոտանաւոր թարգմանութիւններն են, զորս ամէն ազգաց մէջ ըրին բանաստեղծք եւ որոնք այնպէ՛ս կը տարբերին Աստուածաշունչ գրոց բնագրէն, որպէս վսեմը` գեղեցիկէն։

Բայց վսեմը ճանչցնելն արուեստ է։ Եկեղեցականաց արուեստն ա՛յն պիտ՚ ըլլայ, որ Ս. Գիրքերը ճանչցնեն ժողովրդին։ Անգլիոյ ժողովուրդը դարերէ հետէ Ս. Գիրք կը կարդայ, եւ դեռ չը ձանձրացաւ, դեռ չը սպառեց այդ անսահման գրականութիւնն, ուրկից ոյժ քաղեց իր նուաղմանց մէջ, ուրկից սփոփանք հանեց իր տառապանքներուն, ուրկից ներշնչուեցաւ իր կրօնական թէ աշխարհիկ մատենագրական արտադրութեանց համար։ Ահագին փիլիսոփայ մը` Դէն, հիացմամբ կը հաստատէ Մեծին Բրիտանիոյ ժողովրդեան այդ յարումն Աստուածաշունչ գրոց։ Ու նորաղանդից տաճարները կը լեցուին, որովհետեւ անոնց մէջ Ս. Գիրքն հասկնալով կը կարդացուի ու հմտութեամբ կը մեկնաբանուի։

Դ.

Երբ եկեղեցի պիտի երթանք հոգւոյ պէտք մը լեցնելու համար, եւ ոչ մոմ վառելու համար, որ ախզուաթան բանուկ երթայ (ի՛նչ որ անօգուտ է), պէտք է որ մեր հոգւոյն սնունդ գտնենք եկեղեցւոյ մէջ։ Չենք հանդուրժեր, որ Ս. Գիրքը լպռտուի։ Քարոզի տեղ` պասմա խալըպ խօսքեր մտիկ չենք կրնար ընել [1] ։ Ու մեր բարակցած ջիղերը կը գրգռուին, թէ որ, անանկ, ախընթըի չուանին պէս րէյ րի րէյի չուանն ուսերնին առնեն, քաշե՜ն ու քաշե՜ն տիրացուները։ Ես պիտի առաջարկէի, որ կրկնութիւնք բոլորովին դադարին. սակայն…

Պէտք չէ դպիլ Եկեղեցիին։

(Հայրենիք, 8 Մարտ 1892)



[1] Անշուշտ, ըսել չենք ուզեր, որ Ս. Գիրք աղէկ կարդացող եւ աղէկ քարոզող եկեղեցական բնաւ չունինք։