ԵԿԵՂԵՑԻՆ
ԱՄԵՆՈՒՍՆ
Է
Ա.
Դպրատունը
մերինն
է,
մերի՛ն
շինածն
է
քարով
ու
գիրով
կամ
թէ
փատով
ու
շունչով.
ատ
իրաւ
է։
Բայց
ո՞վ
ըսաւ,
որ
Եկեղեցին
անոնցն
է.
ո՞վ
ըսաւ,
որ
անոնք
շինեցին
ու
պայծառացուցին,
կանգուն
ու
կեանքո՜ւն
անոնք
կը
պահեն
մեր
եկեղեցին։
Ասիկայ
խնդիր
մըն
է.
հարցունելու
իմանալու
է
ստուգութիւնը։
Մէկիկ-մէկիկ
ամէն
ուր
կայ
Հայու
աղօթավայր,
հաւատացեալ
հոգիներու
կազդուրման
եւ
սփոփման
վայր,
ամէն
գաւառ
ու
ամէն
թաղ
հարցունելու
իմանալու
է,
որ
ո՞վ
իրօք
կանգնեց
այդ
սրբավայր։
Ես
ի՛մ
թաղիս
համար
խօսիմ,
թո՛ղ
ամէն
թաղեցի
ու
ամէն
գաւառացի
ալ
իր
թաղին
ու
իր
գաւառին
համար
շիտա՛կը
խօսի։
Իմ
ասկէ
առաջ
բնակած
թաղս.
է՜հ,
ատ
թաղին
անչա՜փ
գեղեցիկ
եկեղեցին
աղքատները
շինած
են,
աղքատները`
գրողներուն
ու
սորվցունողներուն
ան
ճշմարի՛տ
եղբայրները։
Հարուստ
մը,
հոգի՛ն
հանելով
աղքատներուն,
պանդուխտ
աշխատաւորներուն,
հարստութիւնն
աւելցուց
հին
առասպելներուն
մէջ
խօսուած
հարստութիւններու
չափուն։
Պիտի
զարմանա՞ք,
երբոր
ըսեմ,
որ
ա՛տ
հարուստը
պատճառ
եղաւ
մեր
տաճարին
շինութեան։
Այո՛,
ատ
հարուստն
եղաւ
եկեղեցիին
շինութեան
պատճառ։
Ինչո՞ւ,
ի՞նչպէս։
Հաւատքը
շա՞տ
մեծ
ըլլալուն.
ազգասիրական
զգացումը
շա՞տ
զօրաւոր
ըլլալուն։
Իր
կրօնական
հաւատքը
ա՛նչափ
էր,
որ
տաներէց
քահանան
սեղանին
ծարը
կը
նստեցունէր.
ո՛չ
պատուոյ
ծարը,
հապա
ա՛ն
ծարը,
ուր
նստողին
ամենէն
ետքը
կերակուր
կը
տանին,
որ
եթէ
չի
մնայ,
ան
կերակուրէն
զուրկ
կը
մնայ
ան
ծարը
նստողը,
որ
տանը
տէրտէրն
է
կամ
տանը
վարժապետը։
Ազգասիրութիւնն
աւելի
սաստիկ
էր
ան
մեծատունին։
Իր
անդրանիկ
արու
զաւկին
ա՛ն
խօսքէն
իր
ազգասիրական
զգացմանը
չափը
կը
հասկցուէր.
ա՛ն
խօսքէն,
զոր
տղան
հօ՛րը
բերնէն
հարկաւ
լսելով
սորված
էր.
ու
թէ
որ
այնպէ՛ս
ալ
չէր,
թէ
որ
հարը
չէր,
որ
ան
խօսքը
տղուն
սորվըցուցեր
էր,
գոնէ
հարը
քիթին
տակէն
(ուրկէ
իյնողը
հազար
կտոր
կ՚ըլլար),
ան
խորտակելի
քիթին
տակէն,
որ
խորտակուեցաւ
ալ,
կը
խնդար
անբարտաւան,
անբարի
անբարիշտ
հարը,
երբ
որ
տղան
կ՚արտասանէր
ան
խօսքը.
«Ես
աս
ազգին
համար
եղունգիս
ծարը
անգամ
չեմ
տար»։
Ահա
ատ
մարդն
է,
որուն
տունը
ա՛յնքան
մենծ
էր
ու
որուն
հոգին
այնքան
փոքր
ու
նուաստ,
ատ
մարդն
է
ահա,
որ
պատճառ
եղաւ
մեր
ժամուն
շինութեանը։
Ես,
որ
մարդոց
գործերն
ի
բարին
մեկնելու
միշտ
տրամադիր
եմ,
շատ
աշխատեցայ,
որ
իմ
ներսիդիս
հաւատք
մը
շինեմ.
ա՛ն
հաւատքը,
թէ
ատ
մեծատունը
մեր
թաղին
եկեղեցին
շինելու
պատճառ
եղաւ
աստուածպաշտութեամբը
միայն։
Ատ
հաւատքը
հաստատուն
կերպով
չը
կրցայ
գոյացնել.
Աստուծոյ
վախը
հարկաւ
ունին
բոլոր
հարուստները
(թէպէտ
ասի
բուն
աստուածպաշտութիւն
չէ).
բայց
այդ
հարուստին,
որ
աղքատները
չարչարելու
մէջ
բնազդական
անաստուածական
հաճոյք
մը
կը
զգար,
այդ
հարուստին
բուն
շարժառիթը
այդ
եկեղեցիին
շինուելուն
պատճառ
ըլլալու,
կը
կասկածիմ,
որ…
իր
ատելութիւնն
ըլլայ
աղքատ
դասուն
դէմ։
Շատ
առիթներով
աշխատաւորաց
օրականը
կտրած
իւրացուցած
էր,
զոր
ապա
Աստուած
արդար
անանկ
տնօրինեց,
որ
բժշկի
ու
ճէրիմէի
տայ.
ու
խորհեցաւ
օր
մըն
ալ
օրը
տասը
փարա
առնել
աղքատէն,
Աստուծո՛յ
անունով։
Այդ
մեծատունն,
որ
աստուածպաշտութեամբն
ալ
մեծահամբաւ
Ամիրայի
մը
ծառայութեանը
մէջ
շատ
բան
սորված
էր,
կը
մոռնար
սակայն,
որ
Աստուած
համբերող
է…։
Ու
ան
ուրիշ
նպաստները,
որ
ըրաւ
աղքատաց,
կրօնական
ու
կրթական
հաստատութեանց,
կամ
զորս
մանաւանդ
իրեն
անունովը
կ՚ընեն
այսօր
խաբէական
կերպով,
ատ
նպաստներուն
ստակն
անո՛նց
քսակէն
քաղեց,
որոնք
տակաւին
պահանջք
ունին,
որոնք
ընտանեօք
գիշերն
անօթի
կը
պառկէին,
երբոր
ինք
գիշերն
երկու
հարիւր
ոսկի
ծախքով
պարահանդէս
կու
տար
ի
Բերա։
Հիմայ
իմացուեցաւ,
որ
հարուստներն
երբեմն
ի՞նչպէս
եւ
ինչո՞ւ
եկեղեցի
կը
շինեն։
Բ.
Սակայն
էն
մեծ
գործը
տաճարին
քարը
փատը
անոր
ասոր
ստակով
կամ
իր
քսակէն
տալը
չէ՛։
Տաճարը
կանգուն,
ու,
ինչպէս
ըսինք,
կեանքո՛ւն
պահելն
է
բանը։
Չորս
պատը
բարձրացնելը
պզտիկ
գործ
մըն
է.
չորս
պատերուն
մէջ
զԱստուած
բնակեցնելու,
կրօնական
կեանքը
բերելու
է.
ա՛յդ
է
մեծագոյն
գործը։
Արդ,
այդ
գործը
ո՞վ
կը
կատարէ։
Հարո՞ւստը։
Հարո՜ւստը…։
Միայն
Ռուսահայոց
մէջ
է,
որ
հարուստն
ինքզինքը
Աստուծոյ
պաշտաման
ու
պաշտօնին
կը
նուիրէ։
Հոս
հարուստը
ոչ
միայն
եկեղեցական
չըլլար,
այլ
եկեղեցականի
կը
նկրտի
հրամայե՜լ.
մեծատունն
հոս
իր
տաներէցը
պնակալէզին
ու
պատուելիին
մէջտեղը
կը
նստեցնէ։
Կը
զուարճանայ
մեծատունը
հոս
տէրտէրին
ու
վարդապետին,
ինչպէս
որ
վարժապետին
հետ,
հարկաւ
քիչ
մը
կամ
շատ
մըն
ալ
վարդապետին
ու
վարժապետին
յանցանքո՜վը։
Վարդապետն
ու
վարժապետն
են,
այո՛,
որոնք
կեանք
կու
տան
Աստուծոյ
տան,
որոնք
կեանքը
կը
պահպանեն
յԱստուծոյ
տան։
Ասիական
ամենահին
ժողովուրդ
մը
կրօնական
ու
բանաստեղծական
հիանալի
յիշատակարանի
մը
մէջ
ա՛ն
կարծիքը,
ա՛ն
հաւատքը
կը
յայտնէ,
որ
զԱստուածն
ստեղծողը
խօսքն
է,
լեզուն,
բանն։
Աւետարանին
համեմատ
մենք
ալ`
քրիստոնեայքս,
չունի՞նք
այդ
հաւատքն
Աստուծոյ
ու
բանին
նոյնութեան
ու
միութեան
վրայ։
Յովհաննէս
Աւետարանիչն
է,
որոյ
Աւետարանը
կը
սկսի
սա
վեհիմաստ
խօսքով.
«Ի
սկզբանէ
էր
բանն,
եւ
բանն
էր
առ
Աստուած
եւ
Աստուած
էր
բանն»։
Արդ,
բանը,
բանին
վարդապետութիւնն
ո՞վ
է,
որ
կ՚ուսուցանէ։
Վարդապետն
ու
վարժապետը,
գրի
մարդն
ու
խօսքի
մարդն։
Անոնք
են,
որ
իրօք
կը
շինեն
եկեղեցին
ալ,
դպրատունն
ալ։
Հոս
ալ
անոնք
կը
տիրապետեն
հոն
ալ։
Գաւազանը
վարդապետինն
է,
բեմն
վարժապետին.
իսկ
գրիչը,
հրապարակը,
հասարակութիւնը`
գրագէտին
ու
խմբագրին։
Գրողը,
քարոզողը,
դասախօսողը
պանիր
հաց
կ՚ուտեն
շատ
անգամ.
սակայն
իրենց
աղքատիկ
սեղանին
վրայ
կը
սաւառնի`
վեհափայլ
խորհրդանշան
իրենց
պայծառ
այն
գիտակցութեա՛ն,
թէ
իրենք
հարուստներէն
աւելի
կը
ծառայեն,
իրօք,
ազգին
ու
մարդկութեան։
Գ.
Հիմայ
ուրեմն
քննութիւն,
որ
կատարուէր
ու
հաստատուէր,
թէ
մեծատուններն
իրենց
քսակէն
եւ
իրենց
հալալ
վաստակէն
շինած
են
բոլոր
ժողովրդանոցներն
ազգին,
նորէն
սա
բանս
անհերքելի
պիտի
մնար,
թէ
ժողովրդային
դասուն
վերաբերող
մարդիկ,
մէկ
բառով`
ժողովուրդն
է,
որ
կը
պահպանէ
ժողովրդանոցները։
Դպրոցներուն
գալով`
ատի
վէճ
չի
վերցներ.
պզտիկները`
այն
մեծ
գրագէտին
բառով,
որոյ
յօդուածն
առիթ
տուաւ
գրուածոյս,
պզտիկներն
են,
երիտասարդութիւնն
է,
ժողովուրդն
է,
որուն
կը
պարտինք
մեր
կրթութեան
այս
վիճակը։
Ազգին
բարձրագոյն
կրթական
հաստատութեան
խնամակալութեան
մէջ
դեռ
կը
յամառին
ու
վարժապետը
չեն
մտցուներ,
վարժապետին
գրաւոր
առաջարկութիւնները
նկատողութեան
չեն
առներ.
սակայն
վարժապե՛տն
է
պատճառ,
որ
քաղաքական
տնտեսութեան
կարեւոր
ուսումը
մտաւ
Կեդրոնական
վարժարանին
մէջ.
եւ
վարժապետն
է,
որ
առանց
խնամակալութեան
գիտութեան
գեղեցկագիտութեան
ուսումն
աւանդեց
եւ
այդ
ուսման
քննութիւնը
(քննութիւն,
որ
ամենափայլուն
եղաւ)
կատարել
տուաւ
գրեթէ
հակառակ
կամաց
խնամակալութեան.
վարժապետն
է,
որ
կարծեմ
մի
միայն
վարժարանի
տնօրէնին
գիտութեամբ`
Դաստիարակութեան
նախնական
սկզբունքներն
աւանդեց
Կեդրոնական
վարժարանի
բարձրագոյն
կարգի
ուսանողաց,
պակասը
մասամբ
լեցունելու
համար
Մանկավարժութեան,
որոյ
դասը
նշանակուած
էր
յայտագրին
մէջ
եւ
որոյ
մասնագէտ
դասախօսը
չը
գտնուեցաւ
բովանդակ
Թուրքիոյ
Հայոց
մէջ,
ուր
միակ
հարուստ
մը
չէ
եղած,
որ
վարժապետ
մը,
մանկավարժ
մը
հասցնելու
համար
Եւրոպա
տղայ
մը
ղրկէ։
Ես
հարուստ
ըլլայի,
ի՛մ
տղաս
պիտի
ղրկէի
(եթէ
զաւակ
ունեցած
ըլլայի)։
Ի՛մ
տղաս
պիտի
ղրկէի,
որ
վարժապետ
ըլլայ,
ու
գայ,
ամսական
առնելով,
դաս
տալ
ազգային
դպրատանց
մէջ։
Ազգասիրութիւն,
կրթասիրութիւն
ես
ասոր
կ՚ըսեմ
ահա։
Դ.
Աս
բաները,
քանի՜
ձեւով,
գրած
եմ
ժամանակաւ,
երբ
ես
ալ
հրատարակութիւններ
կ՚ընէի։
Խօսքս
ազդեցութիւն
չունեցաւ։
Դառնութիւնը`
լեղին
եկաւ
սիրտս
լեցուեցաւ։
Ու
գրիչս
մէկդի
նետեցի
ու
լացի.
լացի
իգական
այն
հզօրագոյն
լացը,
զոր
կու
լայ
մայր
մը,
որուն
անդրանիկ
զաւակը
ծննդաբերութեան
պահուն
մեռաւ,
ու
որ
ալ
յոյս
չունէր
զաւակ
ունենալու։
Բայց
ահա…
իմ
յոյսս
կը
վերածնի։
Մեր
գրականութիւնն
այսքա՛ն
եռանդով,
այսքա՛ն
փայլով
ծաղկած
ու
զարգացած
չէր։
Բարոյական
այսքան
մեծ
զօրութիւն
հրապարակի
վրայ
տակաւին
ի
յայտ
եկած
չէր։
Հարուստներուն
բան
մը
կը
մնայ
ընել.
խտիրը
վերցունել
հարուստի
աղքատի,
ժողովուրդին
զաւկներուն
հետ
միասին
գործել
մանաւանդ
ա՛յն
գործերուն
մէջ,
որոնց
մէջ
սոքա
աւելի
ձեռնհասութիւն
ունին։
Մենք
ոխակալութիւն
չունինք
բնաւ
մեծատանց
դէմ։
Մեր
մէջէն,
եթէ
ծագումնիս
փնտռուի,
կայ
որ
ամիրայի
մը
թոռ
կամ
ազնուականի
մը
զաւակ
է։
Մեծատանց
մէջ
կան
անձինք
ալ,
զորս
պինդ
կը
սիրեմ,
անոնք,
որոնք
համակրութիւն
ունին
ժողովրդային
դասին,
այլ
որոնք
կը
կրեն
նախապաշարմանց
բռնապետութիւնն
եւ
իրենց
արհամարհոտ
դասակցաց
ճնշումը։
Հայրենիքի
խմբագրապետն
անցեալ
օր
սուրբ
խօսք
մը
կը
յիշէր`
մեծատանց
վրայ
խօսելով։
Յօդուածս
ես
ալ
կը
կնքեմ
Սողոմոնին
մէկ
խօսքով,
որ
նոյն
դասուն
ուղղեալ
է.
«Մի՛
ձգէք
յանձինս
զսատակումն
գործովք
ձեռաց
ձերոց»։
(Հայրենիք,
12
Յունուար
1892)