ԻՆՉՈ՞Ւ
ԺԱՄ
ՉԵՆՔ
ԵՐԹԱՐ
Խօսքս,
հարցմունքս
ձեզի
չէ,
ո՛վ
իմին
շալվարլը`
գլոխը
չալմալը
սէ՛ր
սիրական
ախպըրտա՛նքս։
Դուք
անպակաս
ամէն
ատեն
ժամ
կ՚երթաք.
մերին
ժամերը
դո՛ւք
էք,
որ
կը
լեցունէք
ու
կը
տաքցունէք
ձեր
հաւատքին
տաք
կրակովը։
Մեր
աս
մայրաքաղաքիս
մե՜նծ
մե՜նծ
ժամերը,
զորոնք
ամիրաները
շինեցին
ատենով
իրենց
ոսկիին
ու
ձերին
քրտինքին
շաղախով,
ան
մե՜նծ
ժամերը,
որոնք
ատենով
պզտիկ
կու
գային
հաւատո՛վ
մարդիկներուն
շատուորութեանը,
մեր
ժամերը,
կը
հաւատաք,
պարապ-պարապ
պիտի
մնային
ասօր,
թէ
որ
դուք,
երերցընելով
կլորիկ
ձեր
կապուտակ
շալվարին
պոչը
ու
կապուտիկ
ֆէսին
փեթռտած
փիւսկիւլը,
որոնց
վրայ
երբեմն-երբեմն
մեր
հայրենակցի
անբարշտութեանը
մէջ
կը
ծիծաղինք
մենք,
թէ
որ
դուք,
կ՚ըսեմ,
չի
գայիք`
հոգինիդ
հաւատքով
ու
աչքերնիդ
արցունքով
լեցուն`
ոգեւորել
ու
պայծառացունել
մեր
եկեղեցին.
ոգեւորել,
այո՛,
ձեր
հաւատքին
հուրովն
ու
պայծառացունել
ձեր
արցունքին
փայլ
ի
փայլ
կայլակներովը,
հեղուկ
ադամանդներ,
զորոնք
ժողվելու
ու
սուրբ
աւազանի
մը
մէջ
պահելո՜ւ
էինք
մենք։
Դուք
եկեղեցի
կ՚երթաք,
Յարո՛յ
ու
Կիրո՛յ։
Դուք
մեր
հին
կրօնական
աւանդութիւններուն
մինչուկ
աս
օրս
պլլուեր
կապուեր
մնացեր
էք։
Պինդ
առտըւընէ
կը
սկսին
ձերին
հաւատքին
արտայայտութիւնները։
Ձեր
աչքը
բաց
չի
բաց`
կը
վազէք
ախպուրը,
ձեր
զգայարանքներուն
բոլոր
բովանդակ
փթթմունքովը
կ՚ողջունէք
հեռուէն
Աստուծոյ
օրհնած
մաքրող
ու
զօրացունող
սուրբ
ու
սուրբ
ջուրը.
կոպիտ
ու
կռուատանջ
ձեր
աշխատութիւնովը
խոշորցած
հաստըցած
կոշտ
կապած
ձեր
լայն
ու
երկայն
ձեռուըները
բանալով
ու
իրարու
քով
բերելով`
մկրտութեան
սուրբ
աւազանին
մեծութեանը
մօտ
աւազան
մը
կը
ձեւացունէք
միսէ,
ու,
չա՜փ-չա՜փ,
օ՜խ-օ՜խ,
ամենօրեայ
աշխարհական
մկրտութիւնը
կը
կատարէք
ձեր
երեսին
(էրկըրի
մէջ,
ուր
գիր
կայ,
ատ
մկրտութիւնը
կը
կատարէք
դուք
ձեր
ամբողջ
մարմինին
համար
ալ)։
Ադ
հանապազօրեայ
առողջապահական
մկրտութիւնը
կրօնականի
կը
դարձունէք
իսկոյն,
վասն
զի
առանց
կրօնքի
ջուրը
լեղի
է
ձեզի
համար,
ինչպէս
որ
հացն
ալ,
որ
Հայր
մեր
չօրհնէիք,
ձերին
քիմքերուն
դառն
պիտի
գար։
Այո՛,
ջուրն,
երբոր
որ
լուանայ
երէկուան
աղտն
ու
փոշին
ու
գիշերը
չար-չար
երազներով
սատանային
ձեր
երեսը
քսած
մուրը,
ձեր
պրկունքները
իրարմէ
կը
զատէք,
ձեր
ձեռքին
երեք
աւագ
մատուըները`
նշա՜ն
սուրբ
երրորդութեան,
իրարու
կը
մօտեցունէք
ու
քառաթեւ
խաչին
ձեւը
կը
ձեւացունէք
ձեր
երկըթի
պէս
ամուր
ու
Այսմաւուրքի՜
չափ
լայն
լանջքակուրծքին
վրայ`
ուժով
ուժով
փոխելով
ձեր
ջերմեռանդ
մատուըներուն
երրորդութիւնն,
ո՛ւր
որ
գամերը
մխուեցան
փրկչին
մերոյ
Յիսուսի
Քրիստոսի
մարմինին
վրայ.
ձեր
պրկունքներէն
ալ
վե՜ր
կը
թռչին`
Էրկըրի
գաւառալեզուին
լոյծ
մեղրին
մէջը
թաթխըւած
ու
փողփողուն`
մեր
սուրբ
թարգմանիչներուն
հայացուցած
(խօսքով
ու
հոգւով
հայացուցած)
Սաղմոսին
սուր
ու
սուրբ
տուները
կարճ-կարճ,
աստուածաշունչ
ներշնչումովն
ու
բարձր
իմաստներովն
էրկան-էրկան`
էրկնքին
փայլակներուն
նման։
Ու
երբոր
երեսնիդ
լուացիք,
ու
երբոր
աղօթք
ու
փառաբանութիւն
կատարեցիք,
ձեր
ճակատն
ու
խղճմտանքը
խղճի՛
մտօք
երբոր
մաքրեցիք,
կը
հագուիք
այն
ատեն.
դիւրի՜ն
է
ձեր
հագուիլը.
գօլալը
շապիկ
չունիք։
Խաչերնիդ
կը
հանէք
երեսնիդ,
դուրս
կ՚ելլաք
խանին
դուռնէն
կամ
ձեր
խշտեակէն.
խշտեակ
գիտէ՞ք
ինչ
ըսել
է.
խուշերուն
պառկած
տեղին,
թռչնոց
ծառերու
վրայ
դրած
բոյնին
չեն
ըսեր.
հապա…
շուներուն
պառկած
տեղին
կ՚ըսեն
խշտի
կամ
խշտեակ։
Աւա՜ղ,
շատերնիդ
ատանկ
տեղուանք
կը
պառկիք.
օդը
քիչ,
հոտը
շատ.
լուս
կ՚առնէ
չառներ.
մօտը
կանանչ
ամենեւին
չի
կայ.
մօտը
կոյանոցին
մութը
կայ,
կոյանոցին
անդունդը,
ուր
առողջութիւնը
մեր
աչաց
անտեսանելի
կերպով
ամէն
վայրկեան
կը
սուզուի,
կը
կորսուի։
Բայց…
ինչո՞ւ
ձեր
վիճակին
ծանրութիւնը
ձեզի
զգացունել
կու
տամ.
ի՞նչ
պէտք
էր
խշտեակ
բառին
նշանակութիւնը
ձեզի
սորվեցունէի։
Բա՛հ,
դուք
չիյտէի՞ք
մի.
մեր
Պօլսոյ
գիրքերուն
մէջ
եղած
կամ
չեղած
հին
հարազատ
հայերէն
բառեր
շատ
անգամ
ձեր
բերնէն
կը
լսենք,
ձեր
հասարակ
խօսակցութեանց
մէջ
կ՚իմանանք,
թէ
որ
մենք`
մայրաքաղքցիներս,
ականջնիս
պղծել
չուզենք
ձեր
գաւառաբարբառ
խօսակցութիւններով։
Ձեր
խշտեակէն,
ըսի,
կամ
խանին
խաւարին
խորշերէն
կ՚ելնէք
դուրս
առտուն
կանուխ,
երբոր
մենք
երբեմն
պէզիկի
սեղանին
առջեւ
կամ
պարասրահին
մէջն
ենք
տակաւին`
դիմակներուն
տակ
գունատ,
փոշիներու
մէջ
թոքատանջ,
կազերու
սրածայր
շան
լեզուներէն
աչուընիս
պատռելով,
երեսնուս
տէրին
շատոնց
պատռած
է։
Դուք
շիտակ
ժամ
կ՚երթաք։
Հոն`
Աստուծոյ
տանը
մէջ,
լուսերն
ընտո՜ր
գգուող
են.
աչքդ
չի
յոգնիր
բնաւ.
մեղրի
պէս
լո՜յս
մը,
աչուըներուդ
վրայէն
հոգւոյդ
մէջ
կը
սահի
Առաւօտ
լուսոյի
հօրենաբուղխ
անպատմելի
իմանալի
լուսոյն
հետ։
Կազ
չի
կայ
հոն,
ո՛չ։
Մեղրամոմն
է,
որ
կը
վառի
Սուրբ
Աստուածածնայ
կամ
Սուրբ
Թագաւորին
առջեւ.
ու
ատ
պատճառաւ
է
մեղրի
քաղցրութիւնն
ա՛յն
լուսոյն,
զոր
կ՚ըմպէ
մարդ,
քան
թէ
կը
տեսնէ։
Եւ
մինչ
կուսալոյս
մեղրամոմն
աչքն
ու
հոգին
միանգամայն
կը
մեղրալուսէ,
աննման
այն
այգաղօթերգն`
Առաւօտ
լուսոյն,
յուշիկ
կը
վառէ,
կը
խանդավառէ
հոգին։
Ի՜նչ
թարմութիւն,
ի՜նչ
միամտութիւն,
ի՜նչ
հոգեզմայլ
խանդավառութիւն
կայ
պարզ
այն
աւօտերգին
մէջ,
որ
Հայոց
կորուսեալ
Րիկ-Վետային
մասն
է
անշուշտ,
կամ
որ
մեր
այն
շաքա՜ր
ու
գոհար
շարականներուն
ու
միւս
եկեղեցական
երգերուն
հետ
կը
կազմէ
Հայ
Րիկ-Վետան,
Հայոց
Աղօթերգարանն։
Այդ
երգերն,
այդ
գրական
հրաշակերտներն
ո՞վ
կ՚երթայ
լսել
այսօր
եկեղեցին.
բեռնակիրն
ու
որմնադիրն։
Անիկայ
մինակ`
գաւառացի
Հայն,
առտուն
կանուխ
կը
վազէ
եկեղեցի,
ուր
ա՜յն
երգերէն,
ուր
ա՜յն
լոյսերէն
վառեալ
ոգեւորեալ
կ՚երթայ
կռուիլ
արիաբար
ապա
հացի
կռիւն։
Ես
երբոր
տղայ
էի,
կ՚երթայի
(Պէշիկթաշ
կը
բնակէինք),
կ՚երթայի
ամէն
առտու
կանուխ
եկեղեցի։
Մեծ
հօրս
առջեւ
կը
կենայի,
Պէշիկթաշի
աւագերէց
Տ.
Յովհաննէս
քահանային,
որ
տաներէցն
էր
Կարապետ
ամիրային
[1],
որ
կառուցած
էր
այն
եկեղեցին,
մայրաքաղաքիս
առաջին
տաճարն
ըստ
գեղոյ
ճարտարապետութեան։
Այն
տաճարին
չորս
անկիւններն,
այն
տաճարին
դուռն
ու
կեդրոնն
այն
ժամանակ
դուք
կը
գրաւէիք
ու
մինչեւ
այսօր
ալ
դուք
կը
գրաւէք,
էրկրէն
էկած
մեր
սիրական
ախպըրտա՛նք,
որ
շալվար
կը
հագնիք`
եամալը
շալվար,
որ
շան
խշտեակներու
մէջ
կը
բնակիք,
այլ
որ
շատ
սիրելի
էք
ինծի
ու
շատ
հաճոյ
Աստուծոյ։
Պարզ
հոգինե՛ր,
զորս
աւագերէց
հաւս
ամէն
կիրակի
իրեն
սեղանակից
կ՚ընէր,
ձեր
ամէնուդ
գլխուն
վրայ
ամէն
ատեն
կը
տեսնայի
աննիւթական
աղաւնին,
որուն
աչքերէն,
որուն
թեւերէն
կը
հոսէ
յաւէտ
շնորհքն
աստուածային։
Ու
եկեղեցին,
երբոր
աղօթք
կ՚ընէիք,
ձեզի
մտիկ
կ՚ընէի,
ու
անո՜ւշ
ինձ
այն
աղօթքները
կը
թուէին`
առտուան
այն
եկեղեցւոյ
աղօթերգերուն
ու
գիշերուան
իմ
մանկատի
երազներուս
մէջ
տեսած
թեւաւոր
լուսատեսիկ
էակաց
նուագաձայնութեանց
նման։
Իմ
մանկական
սուրբ
ու
սուր
ականջներովս,
ո՛
գաւառացի
հաւատացեալ
եղբա՛րք,
մտիկ
կ՚ընէի
ձեր
հառաչաձայն
աղօթից
խօսքերուն
ընդ
Աստուծոյ։
Ամէն
բանէ
առաջ
դուք
Աստուծմէ
կը
խնդրէիք,
ինչպէս
որ
Հայր
մերը
մեզի
սորվուցընող
Յիսուս
աստուածորդին
պատուիրեց
մեզի,
Աստուծմէ
դուք
ամէն
բանէ
առաջ
կը
խնդրէիք,
որ
ձեր
հոգին
երկնից
արքայութեան
արժանի
ընէ։
Անկէ
ետքը
կը
խնդրէիք
երկինքէն,
որ
ձեր
բանին
գործին
յաջողութիւն
պարգեւէ,
ձեզի
բանեցունող
հարուստ
կամ
աղքատ
մարդիկներուն
սրտին
մէրհամէթ
տայ,
որ
ձեզի
չարաչար
չաշխատցունեն
ու
ետքն
ալ
հախերնիդ
չի
կտրեն,
կամ
թէ
ստակնիդ
չի
կախեն,
որ
երթաք-գաք
ու
գործերնուդ
ըլլաք։
Աս
բանի
գործի
յաջողութեան
աղօթքը
հոգիի
աղօթքէն
անմիջապէս
ետքը
կ՚ընէիք,
որովհետեւ
ձեր
դատանքը
աշխատանքը
ձենէ
էվել
էրկիրը
էղողներուն,
կողակիսուն
ու
լաճերուն
համար
էր,
որոնց
կարօտովը
կը
լափուէիք,
զորոնք
ձեր
շուրջը
եռացող
համազգային
բազմութեան
մէջէն
այս
կամ
այն
փթթուն
փաղփուն
դիմակին
կը
նմանցունէիք,
ու
սիրտերնիդ
վեր
կ՚ելլար
ու
կու
լայիք։
Բահը
բրիչը
մուրճը
մինչեւ
իրիկուն
անոնց
համար
վեր
կը
հանէիք
ու
վար
կ՚իջեցունէիք,
էրկիրը
էղող
ձեր
սրտի
հատորներուն
համար։
Աստուծմէ
կը
խնդրէիք,
որ
խեղճ
բանւորին
չի
ցուցընէ
բանթող,
մարմնոյ
հաց
կ՚ուզէիք
երկնաւոր
Հօրմէն`
հոգւոյ
հացէն
յետոյ։
Երրորդ,
Տիրոջմէն
կը
խնդրէիք
(հիմայ
չիյտեմ`
նորէն
կը
խնդրէ՞ք),
կը
խնդրէիք
իմ
տղայութեանս
ժամանակ
Ամենակալ
Աստուծմէն,
որ
զձեզ
փորձութեան
չի
տանի։
Գրիգոր
Զօհրապի
Այրիին
մէջ
կարդացինք`
ի՛նչ
չար
սատանաներ
ձեր
չորս
էթրաֆը
կը
պտտին
գիշեր-ցորեկ,
Բերայի
մաղազանե՜րը,
Խալաթիայի
մախսէննե՜րը։
Միսը,
որ
բնականէն
էվէլ
հոս
ճերմակութիւն
մը
ու
կարմրութիւն
մը
ունի,
միսը,
որ
հոս
զգայարանքներուն
ուրի՛շ
կերպով
կը
խօսի.
կարծես
զգայարանաց
տակէն
նոր-նոր
զգայարանքներ
դուրս
կը
հանէ,
ցանկութեան
ախորժակին
տարօրինակ
բոլորովին
սատանայական
սրութիւն
մը
կ՚ընծայէ։
Միսը,
բաբէ՜,
քեզ
ալ
հալածել
սկսած
է,
հէգ
պանդուխտ
եղբա՛յր
իմ։
Մայրաքաղաքներուն
մէջ
երկու
բան
տիրող,
տիրապետող
է
ժողովրդեան
մէջ,
ժողովրդեան
բարձր
դասերուն
մէջ.
այդ
երկու
բանն
է
խօսքը
ու
միսը։
Հապա
սի՞րտը,
հապա
հոգի՞ն։
Սի՞րտը,
հոգի՞ն…։
Կը
լսէ՞ք
արձագանգը,
մեր
վրայ
կը
խնդայ,
սրտի
ձայներուն,
հոգւոյ
աղաղակներուն
արձագանգը
միայն,
այսինքն
սին
ու
սուտ
ձայնը
կը
լսենք,
ափսո՜ս
հիմայ։
Սրտին
ու
հոգիին
ստուերն,
ուրուականն
հիմայ
միայն
մեր
մէջ
կայ։
Դուք,
որ
դեռ
մենէ
աւելի
մօտ
էք
Աստուծոյ,
աղօթք
ըրէ՛ք,
պանդուխտ
հաւատացեալ
եղբա՛րք,
որ
այդ
ստուերն,
այդ
ուրուականը
նորէն
սրտի
ու
հոգիի
փոխարկէ
արդարոց
Աստուածն։
Երբ
ժամ
էրթաք
ու
ծունր
դնէք,
ամէնուն
համար
երկնաւոր
Հօրմէն
խնդրեցէք
սիրտ
եւ
հոգի,
կամ
ուրիշ
բառերով`
հաւատք
եւ
սէր։
(Հայրենիք,
23
Փետրուար,
1892)