Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Մեր հայրերն երկու գլխաւոր առաքինութիւն ունէին առ հասարակ, որոնք հիմայ քիչերուն վրայ կը տեսնուին։ Մեր հայրերը տնտեսութիւն եւ ուղղութիւն ունէին։

Մեր հայրերը տնտեսութիւն գիտէին, քիչով շատանալ կրնային։ Է՛ն էական բաներուն համար փարայ կու տային. ու ատ էական բաներն ալ ան ժամանակ անչափ աղէկ էին, որ տուած փարանին բնաւ պարապը չէր երթար. ինչպէս որ կ՚ըսուի, փարան փարայի կու տային մեր հայրերն։ Ուտելիքի մասին, կերածնին ու խմածնին անարատ էր. շուտով դիւրաւ կը մարսէին, ու չափով ալ ուտելով, որովհետեւ ագահութիւնը խոստովանանքի բեռ պիտի ըլլար. քիչ անգամ բժիշկ կը մտնէր ատենով մեր տունը։ Բժիշկ արդէն ո՞ւր պիտի գտնայիր. թաղի մը մէջ` հոս, մէկ բժիշկ մը մինակ կար, որ օհլամուրով մը ու սիւլիւկով մը ամէն հիւանդութիւն կը բժշկէր։ Հագնելիքի մասին, այր թէ կին, մէկ էնթարի շալվար քանի՜ տարի կը հագնէին. չուխան դեռ չի մաշած էր, երբ որ վրաներնուն հագուստնին կը ձգէին։ Չը գիտեմ աղէկ, թէ «ոսկեդար»ը մեր ետե՞ւ է, թէ մեր առջեւ. սակայն սա կրնամ ըսել, որ մեր նախահարց ապրած ժամանակն էր. ամէն բան երկաթի պէս տոկուն դիմացկուն է եղեր. երկու տէտէներս ալ, թէ որ լաւ կը յիշեմ, ակռաներնին ամբողջ մեռան. ակռաներն անգամ այն ժամանակ երկաթ էին կարծես. բայց, երկաթ կամ ոսկոր, իրա՛ւ էին մեր հայրերուն ակռաները, մինչդեռ ահա ես, առաջին ակռայիս տեղ որ ինկաւ, կեղծ ակռայ մը պիտի դնեմ. իմ տարիքիս մէջ մարդիկ կան, որոնց ակռաները բոլորն ալ կեղծ են։ Բնակարանի մասին. քէրէստէն ան ժամանակ անչափ խաւի էր, ճարտարապետ ու տիւրկէր ալ անչա՛փ շիտակ պարկեշտ մարդիկ էին, որ տուն մը յիսուն հարսնիք կը տեսնար ու նորէն ը՜հ չէր ըներ։ Հասգիւղ մեր տանը սանդուխներն իննսուն տարի գործածութենէ ետքը նորոգել հարկ եղաւ. քէրէստէն ճէվիզ չելլա՞յ մի։ Հիմայ իմ գրքատուններս անգամ ճէվիզ չեն, ո՜ւր մնաց տունիս սանդուխներն, որոնք թէպէտ ինէ պակաս տարուօք, բայց անոնց վրայ վախնալով կը կոխեմ։

Այսպէս, անարատ, դիմացկուն ու հաստատուն էին ժամանակաւ մեր կերածն ու խմածը, մեր հագուստն ու կապուստը, մեր տունն ու տեղը։ Փարան փարայի կու տային մեր նախնիք, ու ա՜լ ուրիշ բանի փարա չէին տար։ Քահանան իրենց ժուժկալութիւն ու տնտեսութիւն կը պատուիրէր, ու քահանային մտիկ կ՚ընէին, մինչդեռ մենք մտիկ չենք ըներ մեր Խղճի՛ն անգամ, զոր փիլիսոփայօրէն քահանային տեղ դրինք։

Մոռցայ ըսել. տեղ մըն ալ փարա կու տային մեր նախնիք` ժամուն ու դպրատան։ Իրենց կենդանութեան ալ կու տային, կտակ ալ կ՚ընէին, զոր իրենց զաւկըները մէջ չէին խաղցներ այս օրուան բարեխիղճ զաւկըներուն պէս։

Մինակ տնտեսութիւն չունէին մեր հայրերը, հապա նաեւ ուղղութիւն, պարկեշտութիւն։ Ուղիղ էր ուղին, որուն կը հետեւէին։ Երկնից արքայութիւնն իրենց նպատակակէտն էր, եւ կը հաւատային, որ ուղիղ ճամբուն վրայէն քալելով` մարդս արքայութիւն կը հասնի։ Ուստի, պարտքերնին կը հատուցանէին, ու մինակ այնուհետեւ էվէլ փարան քէսէին կամ ֆէսին մէջ կը պահէին։

Մենք` նոր ժամանակի մարդերս, հետզհետէ պակաս տնտեսող ու պակաս պարտաճանաչ կ՚ըլլանք կոր։ Մեր ներքին տուրքերը վճարելու կը դժկամակինք։ Ինքնաբերաբար բարեգործական հաստատութեան մը նպաստ ընել չենք մտաբերեր։ Բայց այդ ամէնն անցիր, տուներնուս կամ քէյֆերնուս համար ըրած ծախքերու փարան ալ վճարելը ընտոր է նէ ծանր կու գայ մեզի։

(Ծաղիկ, 3 Յուլիս 1893)