Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇՈՒՆԸ

Աշունն եկաւ, աշունը կը տիրէ, աշունը կ՚երկարի՜, կ՚երկարի՜. աշունը բնութեան, որ Տերեւաթափի բանաստեղծներէն ի վեր եղաւ աշունն ալ սիրահալ երիտասարդին, աշունը Միլվուայի՜ն…։

Ա.

Աշունն եկաւ անտառին։

Ձիգ ուղիղ կամ ծամածուռ ծիծաղաշարժ բուներու ու ճիւղերու խռուած բանակ մըն է՜ր անշարժ ո՛ւ թէ յարաշարժ. իր պատմուճանն ու զարդարանքն (իր տերեւներն ու ծաղիկներն) ոտքին տակ կը տեսնէր գունատ ու դողդոջուն. իր նուագն` իր ոգին, իր շողն` իր ոսկին (թռչուններն ու մեղուները) կը տեսնէր գլխուն վերեւ ու չը գիտեմ ո՜ւր, ո՜ր անծանօթ խորշն երկրային կամ եթերային։

Արեւն հուսկ ապա ճեղքեց ցրուեց կապարագոյն ամպերն, երկնքէն ինկաւ լուսարար գունատու ճառագայթն, եւ երկրի վրայ տարածել սկսաւ կենդանարար ջերմութիւնն։

Եւ անտառին տակաւ վերադարձան տերեւն ու ծաղիկը, թռչունն ու մեղուն, պատմուճանն ու պաճուճանքը, նուագն ու ոգեւորութիւնը, զմրուխտն ու ոսկին, ու թեւն ու թովութիւնը։ Ու երկնքի կապոյտը` ծաւի աչքերու մանրանկարութեամբը բազմապատկուելով` անտառին ծոցն իջաւ շրջշրջիլ ու թռչտիլ, անտառին մանիշակ ստուերն երանութեան ժպիտով փայլակնաւորելով ու սիրոյ արտասուաց շրթներովն ադամանդացնելով։

Ձմեռէն հեռու էր արդէն, գարունը կը վայելէր աշնա՜ն երազելով, որպէս յաւէտ, անտառն։ Ամառը կը հասնէր. արեւն հուր կը հոսէր, ճառագայթը` գգուելու տեղ` հիմա գոգցես կը ծեծէր, տերեւն ու ծաղիկը կը կրծէր։ Թռչունն ու մեղուն կը հեղձնուին, նուագէ ու վաստակէ կը դադարէին։ Հողին գորշ փոշին արեւին ոսկի փոշիին դէմ կը մաքառէր. մինչեւ ոստերուն վրայ, մինչեւ կատարը կ՚ելնէր անտառին գո՜րշ փոշին, գօսացուցի՜չ փոշին, գերեզմանավա՜ր փոշին։ Անտառն ո՞վ պիտի խոզանակէ. երբ երբեմն տարափ մը` խօլ ու խոշոր, կը գնդակոծէ, քան կը լուայ կ՚օծէ ծառն. անտառը տխուր է՜, անտառը կը տաղտկանայ, անտառն անհամբերութեամբ նշան անգամ ընելու սակայն անկարող կ՚ըլլայ, ա՜յնքան պատրաստեալ է տաքէն, տաքէ՛ն, որ կ՚այրէ, կը տապկէ, կ՚ածխագունէ, կը մոխրագունէ։ Կը հրճուի միայն անտառն, երբ կը խորհի, թէ մօտալուտ է աշո՜ւնն, ի՜ր եղանակն, եւ ի՜մ եղանակս, ուր հովին` ծաղկազրաւ լուսանուաղ, բնութեան ծոցն հեւացող հեծկլտող քնարերգութիւնն այլապէ՛ս յուզիչ շեշտեր պիտ՚ արձակէ, քան վարդամոլ Ֆիլոմէլին արփաշող նուագերգութիւնն։

Բ.

Եւ ուր ուրեմն ո՜հ կու գայ կը հասնի աշունն` անտառին բերելով անբաղդատելի՜ հրապոյրն, որուն արտայայտութեանցը մէջ գերազանցեց Միլվուան` գերազանցելով իր եղերգն ալ գարունի գեղօններն` ա՜յնքան գունագեղ ու գեղասքանչ թէեւ։

Աշունն եկաւ անտառին. տերեւները կը դալկանան ու կը թալանան, միշտ իրենց ծոցն արտասուքի կաթիլ մը դողդղցնելով. երկինքն ամպերը` վարանոտ ու վարատական` կը խոնարհին ու կը բարձրանան, կը գունատին ու կը շառագունին. շառագունանք հիւանդայի՜ն, վերջալուսային. երկիրը տերեւները կը թափին, գանգուր գոգաւոր տերեւներն անտառին, որոնք մերթ գետինը կը թաւալին ու մերթ այերց մէջ կը պտոյտքին` առանձին եւ կամ յոգնախումբ։ Ագռաւներուն երամն է, որ, իբրեւ թխորակ կենդանի թերթախումբ, տերեւոց երամին զուգահեռաբար, բարձրն, օդոց մէջ, խաչաձեւ տեղափոխութիւններով ու դարձդարձիկ շարժումներով իրերաձիգ կամ իրերախոյս տարածուելով ու հոծուելով ետ ընդ ետ, կը կաքաւէ ու կը կաքաւէ, կը դառնայ ու կը դառնայ մինչեւ զգլխելու չափ, եթէ ոչ իրենք` երերայոյզ սեւ թռչունները, գէթ օդային պարուց սրտայոյզ սգահամակ հանդիսատեսները։

Այդ պարերուն տակ, այդ պարերուն մէջտեղ, անտառը կը տրոփէ, կը տուայտի, կը քայքայուի` տերեւոց կոյտեր յղելով փոսերուն, տերեւոց երամներ չո՜րս հովերուն։ Կը մերկանայ անտառակը, կը զոփայ, հասակը կը կորանայ, գլուխը գերեզմանին կը հակի, երգելով այն կեղերջական եղերգն աննման, զոր Միլվուա միայն կրցաւ թարգմանել մարդկային լեզուին։

Աշունն եկաւ անտառին։ Նուաղուն նշոյլն արեգական, ամպերուն քմայիկ անծայր ցիրուցանութիւնն երկնատերեւաթափային, որ կը թափառի, գոգցե՜ս անտառաց թերթերուն համաթիւ ու համաձեւ, խուսափուկ կապոյտի մը անսահման յատակին վրայ, ծառոց բուներուն ու ծառոց ոստերուն, պուրակին լոյսին ու պուրակին ստուերին կը բերեն բի՜ւր կերպարանափոխութիւններու ու գունափոխութիւններու հիանալի աստիճանաւորմանց ուրուատիպ շարքեր, որոնք Ռիւյզտալի մ՚անտառայարոյց վարսահրա՜շ վրձինէն վրիպեցան, ուստի եւ ամէն վրձինէ պիտի վրիպին յաւիտեան։ Այդ ձեւափոխութեան ու գունաթափութեան մանրապատիկ երանգներուն մէջէն, զորս կը ստուերեն կամ լուսաւետեն թեւերու անցքն ու կացքն օդերու մէջ, անտառը` գռէմին նման, որ իր տիրական գոյնն է, կը հալի՜, կը հատնի՜, ու հովին հետ, որ իր սիրելագոյն այցելուն է, կը հեծէ ու կը հառաչէ։ Մամուռն իր արցունքը կը պահէ իր ներքին գանգուրներուն դաբիրային խորն եւ… Միլվուան իր եղերգը կը պահէ Տերեւաթափին մէջ` սիրոյ սրբագոյն բանաստեղծութիւնը։ Գիշերն` աստղերը անտառին վրայ նշոյլ կու լա՜ն, ու խորհո՜ւրդ կը փայլփլին. ցերեկը` հիւծեալներն անտառին մէջ սէր կու լան եւ օրհաս կ՚արիւնի՜ն։ Տերեւն, որ դեռ ծառին վրայ` կը ծծէ մեղր արցունքը ու լոյս խորհուրդը գիշերին. տարեւն, որ ծառին ո՜տքն արդէն` կը ծծէ աղի՜ արցունքը ցերեկին, ցերեկներն այլեւս համրուած օրհասականին։

Ի՜նչ սարսուռ է, որ կ՚ունենայ հիւանդը, հիւանդուհին, ծաղկահասակ տակաւին, որուն մազերուն վրայ դալկահար տերեւը, զատուելով ոստէն, յամր-յամր կ՚իյնայ, անհանգի՜ստ, մինչեւ որ ոտնակոխ ըլլայ, հաւերէն կտցատուի կտրատուի, մամուկներուն մանուածաթելին տակ մղձկի, մուկերուն մղծնէութիւններէն մնտռի, գայռին գրկախառնութիւններէն գոսոտի, գղտի, քրքրի, քայքայուի՜, մէկ հովէն միւսին նետուելէ, մէկ բունէն միւսին զարնուելէ, մէկ քարէն միւսին բաղխումաշ քարշընդքարշ գնալէ յետոյ` հիւծեա՜լ` որպէս կուսանն կամ երիտասարդն, որուն գլխուն վրայ վայրիկ մի դադար առաւ, որուն այտերուն տենդէն առ վայր մի տաքցաւ, որուն ցրտին ձեռացը մէջ վայրկեան մը սարսռեցաւ, սարսուռներուն ամենախորինն ու ամենահեշտի՜նն…։

Գ.

Անտառն, հաւատալի՞ բան է, ամբաւ անբացատրելի հաճոյքով կը վայելէ իր քայլերգաւոր քայքայումը, կը ճաշակէ իր յամր յոլովամաշ հիւծումն, որուն բնութեան բոլոր նուաղուն զօրութիւնք իրենց նպաստի բաժինը կը բերեն հոգետա՜նջ գուրգուրանօք։ Հերարձա՜կ, տերեւաթա՜փ, գունա՜տ, մսաթափ, դողդոջուն ծունգուրներով, ու միշտ հիւծելոյ հոգեթափանց անասի՜կ այն ժպիտն աչուըներուն մէջ ուր սիրոյ նուաղմունք կը նուագե՜ն, անտառակը` բովանդակ Նոյեմբե՜րը, բովանդակ Դեկտեմբե՜րը կ՚ընթանայ սարսուռի` սգոյ ուղեւորութիւնը գերեզմանին, Միլվուան աչուըներուն ու հառաչներուն մէջ, ու մա՜հն հոգիին մէջ։

(Բիւզանդիոն, 23 Դեկտեմբեր 1898)