Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԴԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾ

Տասնամեայ հասակիս մէջ եթէ հարցնէին ինձ. «Աշխարհիս է՛ն գեղեցիկ բանը ո՞րն է».

Վա՜րդը

Համադրական Գեղեցկութիւնն է վարդը, զոր թագուհի ծաղկանց կոչեցին։

Մատաղ աչաց համար, որ արդէն կ՚որոնէ Գեղեցիկն, ապաքէն ամենէն գրաւիչ բանն է աշխարհիս վրայ վարդը, քանզի պարզ ու միատարր, քանզի գունազօր լուսաւոր։

Մատաղատի գեղեցկագէտին համար գեղեցկութեան գեղատիպարն է վարդը։

Ձեւ ունի, թոյր ունի, բոյր ունի։ Ձեւը` ձեւերուն պարզագոյնը, բնականագոյնն է, քանզի բնութեան մէջ բոլորակ ձեւին կը ձգտի մարմինն, որ շարժման մէջ կը դրուի։ Գոյնը` բացագոյնը, դարձեալ բնականագոյնն է, քանզի վարդագոյն կամ, ըստ դասական բացատրութեան, վարդամատն արշալոյսն է, որ կը ծանուցանէ, որ ի յայտ կ՚ածէ բնութիւնն։ Իսկ բոյրն ալ պարզագոյն ու բնականագոյն կրնայ համարուիլ` բոլորակ ձեւին նման, քանզի բոլոր բուրմանց համադրութիւնն, համաբուրութիւնն է վարդին բուրումը։

Պարզապէս կլոր չէ, առաջին մանկութեան ամենէն ըմբռնելի, մատչելի ու սիրելի ձեւը։ Պարզապէս կարմիր չէ, առաջին մանկութեան ամենէն ըմբռնելի, մատչելի ու սիրելի գոյնը։ Պարզապէս անուշահոտ չէ, առաջին մանկութեան ամենէն ըմբռնելի, մատչելի ու սիրելի բոյրը։ Այլ մանկավերջի, պատանեակի, Գեղեցկագիտութեան համբակի ըմբռնելի, մատչելի եւ սիրելի ձեւն ու թոյրն ու բոյրն ունի վարդը` ծաղկանց թագուհին։ Բանաստեղծք, որոնք վարդն այսպէս յորջորջեցին, նախաշրջանական անվերլուծակ բանաստեղծներն են, երբ մարդկային ազգի ըմբռնումներն էին մանկապատանեկի մակերեւութական ըմբռնումներ, որոնք պարզագոյնէն ու բարդագոյնէն հաւասարապէս հեռու են, որոնք պարզին ու բարդին տարտամ սահմանակցակէտին վրայ են։ Համասեռ, ինքնակրկնակ թերթեր, այլ ոչ հարթ, ոչ տափակ. թերթեր գոգաւոր, կիսաբաժակ թերթեր, որոնք աստիճանաւ կը մանրնան` սկզբնաւորութիւն զանազանութեան. որոնք աստիճանաւ կը մանրնան, յառաջադիրներն յայտնելով, հռչակելով, հիացման ներկայացնելով յետադիր թերթերն, որոնք կանաչ տերեւներուն կը յենուն, մինչդեռ յառաջադիրք կը յանգին կանաչ զմրխտագոյն կամ դեղին ոսկեգոյն պորտին` ոսկւոյ աւազի պէս ցանցնած տարածուն յաճախ։

***

Ա՛յն եղանակին, ա՛յն ամսուն մէջ մանաւանդ կը փթթի վարդն, ուր կանաչին գունաւորումն իր ծայրագոյն ու ծաւալագոյն աստիճանին կը հասնի։ Բոլոր հողն, եթէ ոչ բովանդակ երկիրը, դալար է յայնժամ, ինչպէս որ դալար էր (ո՜վ շփոթութեանս Հիւանդանոցի աղմուկներուն մէջ), ինչպէս որ ճերմակ էր հողն Յունուարի մէջ։ Թանձրագոյն դալար, որպէս ճառագայթագոյն ճերմակ։ Որպէս յայնժամ հողը համագոյն, այժմ հողն է հանրագոյն։ Միայն երկինքն է միագոյն կապոյտ, ջինջ ու կենդանի կապոյտ։ Վարդն անո՜ր համար ստեղծուեցաւ երկնադիտակ, քանզի հաստատութիւնն` Արարչին կողմէն, կամ եթէ կամիք, Տիրամօր` Տիեզերաց թագուհւոյն կողմէն առ վարդն ուղղեալ ողջոյն մըն է կապուտակ համակ։ Խորհրդաւոր ա՜յն պահուն, ուր խաւարը խոյս ալ պիտի տայ, երկինքն` ողջոյնէն առաջ կապուտակ, համբոյր մը, բիւրահամբո՜յր մը կու տայ գաղտ, վարդին. ցօղային համբոյրը մարգարտագունա՜կ, որ, երբ ծագի արշալոյսն եւ ցօղին վրայ ցոլայ հրագունակ, հրաշագունակ, վարդը գոգցես կրկին կը վարդանայ` երկնային համավարդին մանրապատիկ կրկնաւորմամբ։

Եթէ երկինք կը պարզի, կը համագունի գոյներուն գեղագոյնովն, եթէ վարդը դիտելու համար երկինքը բովանդակ` աչք մը կ՚ըլլայ միակ, վեհասահման աչք մը կապուտակ, աչքը Միածնին Մօր, աչքը Աստուածամօր, աչքը երկնից թագուհւոյն, երկիրն ալ իր շուրջ, երկիրը վարդին շուրջ կը զանազանի, կը զանազանագեղի որքան երբե՜ք։ Ձիւնհալն արդէն շատո՜նց կատարուած, ու սառ կաթով կենդանացած հունտն հողին երեսը ծայր տուած, ծիլ ու ծաղիկ եղած, ծիածան կազմած ու ծովահանգոյն ծաւալած, փթթած բացուած է բոլորովին, ու կը բարձրանայ օդին մէջ, եւ իր բուրումն ալ օդէն վե՜ր, խո՜ւնկ աներեւոյթ այլ ամենաթափանց ու համասլաց։ Դալարիք ու ծաղկունք, այո՛, ելեւելումով մը ցնծատե՜նդ, երկրիս արգանդէն ելած ու բոլորուած են շուրջ… վարդի՜ն. աչկո՛ւնք` ե՛ւ այդ ծաղկունք` բիւրապատիկ, բիւրագունակ, երկնից կապուտակ ալքին հետ միակ` համողջունելու համար, հեռուէն կամ մօտէն համբուրելու համար թագուհին ծաղկանց։

Բնութեան փայփայի՜չ ոգին, որ գոգցես ծնունդ առաւ նախակնոջ` Եւային մատանց փափկիկ հպմամբն իր անտառախիտ հերաց, սիրոնսրտիկն ըսել կ՚ուզեմ (հին քերթողաց զեփիւռն) հրճուագին կու գայ շնչել եւ արբենալ վարդին թերթերուն վրայ, վարդին բաժակին մէջ ու վարդին թերթերուն մէջ, իր անգունակ այլ նոյնքանի՜ անուշակ թեւերուն ոյժը փորձելով թերթերուն դէմ բոցագունակ ա՛յլ անուշակ այնքանի՜, ե՛ւ անուշակ այնքանի՜։

Թիթեռնիկն` արհամարհեալ, որուն նմանողներ կը հանդիսանան պարզապէս իր արհամարհողներ, թիթեռնիկն իր բեւեռագիր թեւերուն նուրբ ու սուր փոշին կու գայ հպանցողակի ցանել վարդին բաց բոլորման վրայ, փայլակնաբեկ իր արբեալի մոլորայածութեան մէջ պարուրելով բոլոր վարդերն ալ, զի այս է ճակատագի՜րը թիթեռնիկին ու Ռօլային։

Ծա՜նր-ծա՜նր, իբր ծնրադրի՜կ ընթացիւք, նրբանազիկ միջատն ոսկեմարմին ոսկեթեւ, հա՞րկ է անուանել մեղուն, ոսկեհուր գոգցես հնոցէն տիեզերաց մանրադիտակ մեկնելով, կ՚իջնէ, ցանկութեամբ այլեւ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ ծոցին ծաղկանց գեղեցկագոյնին։ Կը մօտենայ, բայց իսկոյն չը մօտիր. ո՜հ, ո՛չ։ Ծեքծեքանաց ծաւի նրբագայութիւննե՞ր, նրբապարիկ լուսածորան ծածանո՛ւմ, ցանկացիկ անյագեցիկ ակնարկներու հուր ուրուագրութի՜ւն, վարդ լռութիւն եւ ոսկի քնարերգութիւն, կասում սեւեռո՜ւմ, խոյա՜նք, ապա նազա՜նք, յետադարձ ակնարկ անվախճա՜ն` երկայնքն ոսկեթել ճառագայթին արփային, որ զայն երկնից կամարին կը կապէ, եւ ապա անդարձ ընդգրկում` ո՛չ հուր, այլ համակ բոյր, ոչ արեւ, այլ արփաձեւ վարդին, որ զայն երկրի կաւին, երկրի կաւէն կազմուած ծաղկին կը յարէ։ Ճոխամէ՜ջ շրջանակ, բոցավա՜ռ նախափեթակ, ցօղին մագնիսա՜կ, շողին ըմպանա՜կ, տուընջեան լուսնա՜կ, բուրաւէտ լուսնա՜կ, թերթերու կուտա՜կ, թեւերու թառ` նրբաթեւերու դարակ դադարակ, դալա՜րը քո յատակ, կապո՜յտը քո դիտակ, թիթեռնիկը քու կատակ, մեղուն քո՜ւ, դու մեղուի՜ն գոգցես նպատակ։

***

Հապա պիւլպի՜ւլը` թովաձայն, այլ դիմատգեղ, որ անտառակին սաղարթուցը տակ կը թաքչի եւ կը գեղգեղէ յամառ, որու ձայնին տո՜ւն տուիր, թաքուն, մե՜ղրը, զոր չքնաղագեղ այն միւս կիսաթռչունն ոսկեթեւ կու գայ համարձակ քաղել ծոցէդ հեշտաւէտ, պիւլպիւլը, կ՚ըսեմ, ո՞չ ապաքէն, իր խօսակցին` խօսեցելոյն ուղղեալ, զքեզ կը գովերգէ, զքեզ կ՚այգերգէ, վարդափայլ այգուն մանրանկար դու տարրացումն, գե՜ղ համակ, ու բոյր ու հրապոյր բովանդա՛կ, վա՜րդ, միայնակ հնչի՜ւն, միակ քերթութի՜ւն, Մայիսին պսա՛կ, Մօրն երկնից այտերուն զուգեակ հրաշափառ միութի՜ւն։

5 Մայիս, 1901

Ազգ. Հիւանդանոց
(Մասիս, 21 Յուլիս 1901)