ՄՐՑԱՆԱԿԸ
(ՁԵԱՆ
ՆԵՐՇՆՉՄՈՒՆՔ)
Արփենի
Ճառագայթն
ու
Ձեան
Հատիկը
կը
խօսակցէին.
Երկնային
Կաճառն
եթէ
գեղեցկութեան
մրցանակ
մը
հաստատէր,
ո՞րն
առաջին
մրցանակը
պիտի
ստանար։
Ճառագայթը
կ՚ըսէր.
—
Ես
դեղին
եմ
ոսկիին
նման,
ցորենի
հասկին
նման,
քանարիկ
թռչնոյն
նման։
—
Ես
ճերմակ
եմ,
—
կ՚ըսէր
Ձեան
Հատիկը,
—
կուճին
նման,
շուշանին
նման,
գառին
նման,
կաթին
նման,
աղօթքի՜ն
նման,
անմեղութեա՜ն
նման։
—
Երկինքէն
ես
ուղիղ
կ՚իջնեմ
երկրաչափական
գծի
մը
պէս։
—
Երկնքէն
ես
պարելով
կ՚իջնեմ
ճայիկի
մը
պէս։
—
Ես
մազի
կը
նմանիմ,
մետաքսային
կնոջ
սրմա
մազին։
—
Ես
մասի
կը
նմանիմ.
սուրբ
պատարագի
միջոցին
հաւատացելոց
բաժնուած
մասին։
—
Ծիածա՛նը
կը
յօրինեմ
ես։
—
Այլ
անձրեւի՛ն
օժանդակութեամբ։
—
Հողը
կը
բեղմնաւորեմ
ես։
—
Սակայն
տղմի՛ն
օժանդակութեամբ։
—
Ծովին
մակերեւոյթն
ես
արծաթի
հանքի
կը
հանգունակեմ։
—
Հողին
մակերեւոյթն
ես`
արծաթեայ
գորգի։
—
Ես
ադամանդը
կը
շողացնեմ։
—
Իսկ
ես`
սեւ
ածուխը։
—
Սեւ
ածուխին
ծառն
ե՛ս
կը
բուսցնեմ
կը
բարձրացնեմ։
—
Լերան
ճերմակ
պսակն
ե՛ս
կը
բոլորեմ
կը
բարձրացնեմ։
—
Ծառն
ես`
գարնան`
կը
ծաղկեցնեմ
ձիւնագոյն։
—
Ծառն
ես`
ձմեռը`
մեղրամոմի
կը
կացուցանեմ
հանգոյն։
—
Ճամբան
ես
ճերմակ
կարապին
կը
հանդիպիմ։
—
Ճամբան
ես
ագռաւին
կը
հանդիպիմ։
—
Ես
հրաշէկ
հնոցէ
մը
կը
ծնանիմ։
—
Ես
հրաշէկ
հնոցներ
կը
ծնիմ։
—
Ոսկի
անձրեւն
ես
եմ։
—
Արծաթ
տարափն
ես
եմ։
—
Ես
կը
հալիմ,
այնքա՜ն
զգայուն
եմ
ես-,
աւելցուց
Ձեան
Հատիկն,
որ
արտասուաց
ծուէն
մ՚եղաւ
աւելի`
այս
խօսքին
հետ։
Եւ
երկնից
Կաճառապետին
ձեռքը
մրցանակը
փայլեցաւ.
այլ
ձեռքն
անշարժ
մնաց։
Արփենի
Ճաճանչը
շարունակեց.
—
Սոխակին
բերանն
ե՛ս
կը
բանամ։
—
Իսկ
ես
նուագահանդէսի՜ն
դուռները։
—
Տնանկն
ածխոյ
մուրացկանութենէ
ե՛ս
կ՚ազատեմ։
—
Նուագահանդէսին
հասո՜յթը…։
Կաճառապետն
երկնից`
բերկրաշող`
խօսք
առաւ
յայնժամ.
«Բարի՛ն
է
գերագոյն
գեղեցիկն,
եւ
աղքատասիրի՛նն
է
յաւէտ
առաջին
մրցանակն։
Երկուքդ
ալ
հաւասարապէս
արժանի
էք
պսակի»։
Եւ
աստղերու
անթառամ
ծաղկօք
համաստեղեալ
ձեռաց
շրջանակի
կէսն
Արփենի
Ճառագայթին
ու
միւս
կէսն
ընծայեց
Ձեան
Հատիկին։
(Թէոդիկ.
-
Ամէնուն
Տարեցոյցը,
1907,
էջ
73)