Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՒՆԿԸ

Մեր հին ընտանեկան կեանքին մէջ բարեպաշտիկ ու յոյժ բանաստեղծական սովորութիւն ունէինք խունկ ծխելու, կիրամուտք իրիկուն, մեր ննջեցելոց հոգուն. եւ, եթէ լաւ կը յիշեմ, ընտանիքին ամենէն սրբանուէր անդամը կը յատկացուէր այդ պաշտօնին, որ, խնկաման ի ձեռին, սկսեալ հաւէն ու հանիէն, շրջանը կ՚ընէր ամբողջ ընտանիքին` մէն մի անդամի առջեւ լայն վայրկեան մը կանգ առնելով։

Խունկին կապուտակ պարոյրն` ոսկեգոյն խնկամանին կարմիր նռնագոյն կրակին վրայէն` ամէն մէկ անդամի ձեռքի կոչական շարժումով կը հորիզոնանար եւ արծաթի կայլակներու վրայէն հոգիներուն մէջ կը ծաւալանար։

Մանկանց հրճուանք կ՚ազդէր այս, մեծերուն` մխիթարանք։ Առ վայր մի իրենց մէջ ներկայ կը զգային նախահայրը կամ նորատի ննջեցեալն։

Այսպէս` կապը չէր խզուեր գացողներուն ու կեցողներուն միջեւ. այսպէս` հոգին վայրկեան մը մարմինէն կը մերկանար, հանգուցելոց հոգիին հետ կը միանար. տունը տաճար կ՚ըլլար, խմբասենեակը` խորհրդաւոր իմն վայր. տաճարէ վեր բան մը, երկի՜նք կ՚ըլլար սենեա՛կն, ուր ընտանիքը իր ամբողջութեամբը կիրամուտք իրիկուն կը միանար։

Ես կը խորհիմ, որ շատ մը բարեպաշտական աւանդութիւններու հետ այդ խունկի ու խորհուրդի կիրակնամտեայ հոգեյոյզ արարողութիւնն ալ ջնջելով` աղէկ բան չըրինք։

Հերպէրդ Սբենսէր անգամ խորին յուզմամբ կը յիշատակէ նախնեաց պաշտամունքն, որուն ա՛յնքան մեծ նշանակութիւն կ՚ընծայէ։

Մեր ընտանեկան խնկամանն, ուր որ կրակ գտնել դնելն ինծի դժուար կ՚ըլլայ այս spiritièreի հրազրաւ ժամանակին մէջ, հոն աչքիս տակ կը կենայ յաւէտ` շաբաթ իրիկուններն, որբի աչուըներս արցունքով լեցունելով ու միշտ գեղակեցիկ աչուըներս գգուելով լանջուռոյց իր խաչագլուխ իրանի նուիրագեղ հմայիչ ա՜յն ձեւով։

Բայց ո՛ւր խունկ որ վառի…։

(Լոյս, 23 Փետրուար 1908)