Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԱՐԵՒԵԼՔ 
       Սկիւտարի ծովահայեաց կէտերէն 
Մէկուն վրայ խորասուզուած տխրօրէ՛ն
Քաղցըր թոյնի մը պէս կ’ըմպեմ արեւուն 
Խենթեցընող վերջին ցոլքե՛րը անհուն։ 
       Ուղի՛ղ դէմըս, բլուրին վրայ, քայլ մ’անդին
Էշ մը ծերուկ, թողած ծի՛լը մարմանդին
Կոշկոռած վի՛զը կ’երկարէ գալարո՜ւն 
Մարմարայի իրիկնանո՛յշ բոցերուն…։ 
       Կը նայիմ նուրբ ստուերներու գեղեցիկ
Վոսփորին վրայ բիւր կայմերու սլացիկ
Հեռուի հրաշէկ երկինքներուն բոցահալ
Կը նայիմ ինձ, ու կը նայիմ իրեն ալ…։ 
       Այդ է՛շը որ կեանքը կ’ըմպէ հոն հըլո՜ւ
Որ կը լռէ, բայց շատ վարժ էր զռալո՜ւ 
—Ի՜նչ շնորհապարտ եմ ես իրեն այս մասին ,  
Որուն համար փիլիսոփայ ալ ըսին…։ 
       Այդ է՜շը, այդ ծռմռած ճի՛տը համեստ
Մտրակուելէ թուլցած այդ մորթն հաստաբեստ
Դերասանի այդ կեցուածքը բլրին վրայ
Ինքնասուզուա՜ծ պոչն որ հազի՜ւ կ’երերայ…։ 
       Այդ է՛շն ահա, այդ պարզ որդին բնութեան
Հորիզոնուա՜ծ, շրջանակուած յաւիտեա՜ն
Անվե՛րջ, անհո՛ւն վերջալոյսով մը միայն
       —Արեւելքի պատմութիւնն է լռելեայն…։ 
       [1909]