Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ
«Մահուն տարին»

Մեր պապերը կը պատմէին թէ՝ այն տարին ամէն տուն լաց մը կար: Այն տարին թաղին, գեղին քահանան էր որ միայն արցունք չէր քամեր աչքերէն. այն տարուան գիշերն ու ցորեկն ալ տուներու անշունչ առարկաներն անգամ անհուն, անդարմանելի տրտմութիւններով սգաւորի սեւեր ունէին վրանին: Ամէնէն բանուկ ճամբան այն չէր որ շուկայ կը տանէր, կամ գեղ մը ուրիշ գեղի մը հետ կը կապէր. ճամբան բանուկ ու բազմութեան աղմուկովը լեցուած՝ ան էր, որ տունը գերեզմանին հետ կը միացնէր: Դագաղը բաւական չէր եղած մեռնողը գերեզման փոխադրելու. տանիքին սանդուխները, կամ շատ օրեր այնքան շատ կ’ըլլայ եղեր թիւը մեռնողներուն, զոր իրենց տեղէն վերցնելու համար, փալասներ գործածուեր են. անոնց մէջ չորսի հինգի մարմիններ տեղաւորելով՝ չորս հոգի չորս ծայրերէն բռնած հունա, հասարակաց փոսը տարեր են: Քահանան ժամանակ չէր գտներ ետեւը նայելու, կամ մեռնողին տունը երեւնալով անոր գլխին վերեւ հոգեհանգստեան մը կատարելու: Քահանան ու անոր հետ դիաթաղներու խումբ մը՝ մաշտոց ու բրիչ ձեռուընին ոտքի վրայ՝ գերեզմաննոցը կ’սպասեն որ ժամանակ չի կորսուի, ու անմիջապէս նոր տարուածները հողին յանձնեն: Քահանային ու մեռելաթաղներուն հանած աղօթքի ու բրիչի ձայներու արձագանգը ասդին քաղաքամէջը լացն ու շիւանը կ՚ըլլար: Կուլային, մազերնին կը փետտէին, գլխնուն վրայ հող մոխիր կը հոսէին: Դեռ անոնց մէջ իր ունեցած չունեցածը դուրս թափողն ալ կար. ցորենը կամ տունին ամբողջ զար-զախրան դուրս կը նետէին, աղքատին, անցորդին, որ «Տէր տեսցէ եւ այց արասցէ»: Բայց Տէրն Եհովա ոչինչով կը ցածնար. նա իր գերանդիին մէկ շարժուածքովը հարիւրներ կը թափէր իր առջեւը: Հասածն ու չհասածը մէկտեղ կը հնձէր: Մանուկը ալեւոր ծերունիին հետ կը պառկեցնէր:

Մարդիկ, ողջ մնացող ու լացողներ, մէկ կողմէն՝ երբ մեռած մը յուղարկ կը դնէին՝ այդ միեւնոյն ատեն փողոցին երկայնքն ալ խոշոր կաթսաներ կը շարէին. «հերիսա» կ՚եփէին տունին սիրուած եզն ու գոմէշը զգետնելով, փողոցը զոհերու արիւնով կ’ոռոգէին, որ Աբրահամի եւ Իսահակի Աստուածը, եթէ հնար է, անգամ մըն ալ այս բոլորանուէր զոհերու ճենճովը հաւանի վերջ տալ իր աշխարհաւեր ցասումին: Երկինք բարկացած, սակայն, ո՛չ զոհ, ո՛չ պատարագ կ՚ընդունի: Ու այսպէս ամբողջ օրեր, ամբողջ շաբաթներ նոյն ճամբան, նոյն դագաղն ու փալասը տենդոտ գործածութեան մէջ, այն կրօնի պաշտօնեան՝ քահանան իր նոյն տեղին վրայ ոտք գամած՝ իր աղօթողի մրթմրթուքովը յայտնի պայխուշի մը վայգուժը կը ղրկէ իր ետին, քաղաքը: Ու անոր ոտքին տակ երկիրն ալ իր երախին անհունութեամբը մարդկային միս ու ոսկոր կը պահանջէ։ Ինչե՜ր, ի՜նչ սիրտ բզքտող դէպքեր այն տարին իր բոլոր գիշերներով, ան դժնդակ տարին իր արիւն ծծող արեւներով, որ երկիր, աշխարհ դատաստանական արհաւիրքներու ու սոսկալի վախճանի մը մատնած էր: Ողջ մնացողը փուշ ու տատասկ կը կոխէր ծաղիկները, բերան ունեցողը մեղրն ու շաքարը բարկ քացախ կը կլլէր: Քառասունըհինգ-յիսուն տարի առաջ «Մահուն Տարին» էր ան: Մեր հիները անոր յուշքը որոճալով երբեմն իրենց ամէն մէկ թարթիչներէն մէյմէկ արցունք կը կախեն տակաւին:

Բայց ի՞նչ: Հիմա վերջացա՞ծ կը կարծէք դէպքերու այն շարքը: Հիմա ալ ո՞ր մէկ տուն իր սուգը չունի կամ անկէ առաջ իր լացն ու շիվանը չէ ըրած ու չըներ ամէն օր:

Ան օրուան դագաղն ու չգիտեմ ինչը եթէ մէկէ աւելի անշնչացածներ կը փոխադրէր գերեզման, հիմա աւելի սոսկալի չէ՞ կը մտածէք, երբ հիմա, երբեմնի կամ սովորական դագաղին տեղը քառանիւ կառքն է, որ կը խռխռայ, քաոսն է, որ բերանը բացած կուլ կուտայ: Դժոխային թոհուբոհ մը, Ամերիկա ողջ ողջ կը պահանջէ իր ծամոյքը, ողջ ողջ կը կլլէ, ու ամբողջ քաղաքներ մարսելու իր տարօրինակութիւններով դեռ կրնայ ըսել, որ ափ մը աղնդեր ալ չէ իր կլափին մէջ առած ծամածը:

Մահուն տարին հիմա ալ, մահերու տարիներ՝ տասը տասնըհինգ տարիներէ ի վեր: Անիծեալ ըլլայ ան որ առաջին ճամբորդը եղաւ դէպի այն դժոխքը: