Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ
Արքան

Ժողովրդական դերբուկ դէմքերու կարգին՝ մէկն է այն որ սակայն իր մէկ քանի առանձնայատուկ գիծերով ուշագրաւ բան մը ունի, ունեցեր է, զոր մեր հետաքրքրութեանը կ՚ենթարկուի: Արքան: Այս անունը որոշ չենք գիտեր թէ անոր ո՛ր մէկ յատկանշութիւնը կը լուսաբանէ, բայց սա ստոյգ է որ նա իր կէնճ օրերուն բաւական կոկոզավիզ կեցուածք մը ունեցած պէտք է ըլլայ հանդէպ բոլոր այն երեւոյթներուն եւ իրադարձութիւններուն, որոնք իրեն հետ չունենալով իսկ կապ մը, առնչութիւն մը, ինք անոնց մասին չոր շեշտ ու տիրական կարծիքներ յայտներ է, հեղինակօրէն սկզբունք պաշտպանող ու հետապնդողի խենդ վճռականութեամբ: Այսպես ահա մեր Յակոբ աղբարը իր այդ անունին հանրացումէն տարուած ու շփացած՝ մինչեւ հիմա ալ նոյն այդ վերադիր ծաղրանունովը ապրեր է: Հիմա կը կարծենք թէ ութսունն անցուկ պիտի ըլլայ, ու կ՚ապրի տակաւին:

Հասարակաց յօժար ծառայարկու մըն է, ու կեանքին բոլոր օրերը ամուրի ու մինակ քնացած իր բարձին վրայ, իր գիշերուայ երազն իսկ սահմանափակութիւնով թէ՝ ինչպէս առտուն սկիզբ մը ընէ օրուայ աշխատութեանը:

Ատեն մը իբր թունդ միսիոնարական՝ ժողովարանին ժամկոչութիւնովը պատուեր է ինքզինք, յետոյ կարծեմ իր շուրջը լքումի հովերէ մը մսելով, որոշած կ՚ըլլայ Հայ Եկեղեցիին խնկոտ ստուերամածութիւններուն դառնալ ու հոն սպասել որ նմանօրինակ գործ մըն ալ այս վերջին տեղին վրայ ունենայ: Մէկ-երկու տարի առաջ Արքան եկած էր իրեններով մեր եկեղեցիին սեփական տուներէն մէկուն մէջ սըթար ըլլալ. հոս զինք մենք աւելի մօտէն տեսնելու պատեհութիւնը կ՚ունենայինք ու կը լսէինք ու կը հետաքրքրուէինք բոլոր անոնք ու անոնցմով որ այս տարեւոր աշխատութեանն էին:

Հակառակ որ նա ութսուն ձմեռներու սառէն ու բուքէն ծեծուեր խարանուեր է, բայց տակաւին իմ ու քու կորովին պատրանքը կուտայ երբ ամէն անգամ ահագին մեծութիւնով ջուրի տիկ մը քամակին՝ փողոցին մէջէն անց մը կ՚ընէ, պզտիկ վարձքով մը ասոր անոր հարկաւորուած ջուր տանելով: Միջահասակ մսուտ կազմ մը ունի, բայց դեռ իր մէջքը բոլոր այդ ծանրութիւններուն ներքեւ բնաւ կորացած չերեւիր: Տարիները իր աչքերուն վրայ աւերք մը բերած ըլլալ կը թուին, ընկճող բան մ’ալ իր երեսներուն վրայ, թէ ոչ, ինչպէս կ՚ակնարկէինք, ջրկիր Արքան, իր զառամ տարիքին մէջ ալ մանուկի մը խօլ զուարթութիւնն ու փիլիսոփայ անտարբերութիւն մը կը պահէ չի նայելով որ աշխարհքը իր շուրջը շատ մը ցաւերու տակ կը տուայտի:

Բեռան տակ իսկ կը բարեւէ ան, կ՚երգէ, հէքեաթի փշրանքներ կը նետէ հանդիպողին, յիմար քրքիջներու պատրաստ տրամադրութիւն մը կը պոռթկացնէ մէջէն:

Մերթ ապուշ մը, պահապան մը արտերուն գլուխը, որ հեռուները ահագնագոչ կանչ մը կը հասցնէ: