Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Ա՜խ, այն հովիւները, դաշտի այն բանւոր մշակն ու բոպիկ գլխիբաց տուարածները, որ առտուայ արշալոյսի պահերէն մինչեւ իրիկուայ վերջալոյսին արեւի կեանք մը կ՚ապրին եւ բոլորովին ոգեւորուած տուն կը դառնան:

Կ՚ուզէի ես ալ գեղացի մը ըլլալ հիմա, կ՚ուզէի վճիտ ջուրով պաղ աղբիւրի մը գլուխը լացող ուռենիի մը տակ ըլլալ հիմա, կ՚ուզէի կարթը ձեռքս հոն ձուկերը ցամաք փոխադրել ու անոնց օրհասի ըմբոստ գալարիքները տեսնալ: Յետոյ կ՚ուզէի հրացանը ուսիս՝ խիտ ծառերով անտառ մը մտնալ ու աչքիս ծայրովը գիրուկ լորամարգ մը տեսնալ որ գլուխը թեւերուն տակ քաշած իր մտմտուքներուն մէջ սուզուած է: