ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
ԶՈՒԱՐԹ
ԽՕՍՔԵՐ
Դուն
մեծնաս
նը,
էս
ժողովուրդին
ի՞նչ
ծառայութիւն
պիտի
ընես,
Դաւիթ:
—
Ես
մեծնամ
նը,
ուսմունքս
աւարտիմ
նը,
Ամերիկա
երթամ
նը,
7
հազար
լիրաի
տէր
ըլլիմ
նը,
եօթը,
ութը
ըլլալու
ապահովութիւն
ունենամ
նը,
սա
քաղքըցիները
զիս
շողոքորթել
գիտնան
նը,
բաղնիքին
մէջ
ըլ
մեր
կնկան
խզմէթ
ընել
գիտնան
նը,
տարին
ըլ
նահանջ
հանդիպի
նը,
խօսք
մէկ
Ած.
մէկ
որ,
Ս.
Յակոբին
դպրոցը
կանգուն
պահելու
համար
եթմիշը
հինգ
ղրշ.
մայրուք
փարա
պիտի
տամ:
—
Ըսել
է
մենք
ան
ատեն
շատունց
արդեն
մեռած
պիտի
ըլլինք:
—
Է՛,
դո՞ւն
ինչ
օգուտ
հասցնել
կը
խոստանաս,
Օհաննէս:
—
Ես
ալ
Մսրի
մէջ
քեռի
մ՚ունիմ,
10
հազար
լիրայի
գետին
մ՚ունի.
25
հազարի
ալ
խանութ
ու
խանի
պէս
շէնքեր.
էտ
քեռիս
մեռնի,
կնիկն
ու
տղաքը
մեռնին,
անկէ
ինծի
մեծկակ
բաժին
մը
միրաս
ըյնի,
օրացոյցին
մէջ
տարիին
գիրն
ըլ
վի
առաջքը
ըն
ու
զն
հանդիպի,
ես
ալ
էս
քաղքին
մէջ
մեծ
խան
մը
շինել
պիտի
տամ,
որ
բոլոր
իշուընին
հոն
կապուին:
—
Շատ
լաւ.
ճաշակի
կերպ
մըն
ալ
աս
է.
է,
պ.
Ասատուր,
դուն
մեծնաս
նը,
ի՞նչ
բարիք
պիտի
ընես
սա
ժողովուրդին:
—
Զիս
գիտես
ա՛,
քեզի
շատ
անգամ
ըսեր
եմ.
եթէ
մեծնալու
ըլլիմ,
եթէ
Ած.
սրտիս
մուրազը
տայ,
գրող
պապ
մի
ունիմ՝
մեռնի,
եթէ
քէսէն
ձեռքս
մնայ,
օրն
ալ
արեւ
հանդիպի,
ուխտերիմ
որ
տարիին
մէջ
սահաթ
մը,
աղքատ
դպրոցի
մը
վրայ
խորհիմ,
կամ
շինիմ,
կամ
փլցնիմ
մէկ
անգամէն:
Կրնայ
ըլլալ
որ
վերջինը
պատահի,
ատ
ալ
ժողովուրդին
բաղդէն:
—
Դո՞ւն
հապա,
Մակար:
—
Եթէ
մեծնամ,
քաղքին
շէնք
շնորհք
մարդիկը
բոլորն
ալ
մեռնելու
ըլլին,
մէյտանը
ինծի
մնայ,
մէյ
մը
երբ
անունիս
վրայ
քիպար
անուն
մը
կցիմ,
ժողովուրդն
եթէ
իմ
խղճիս
ապաւինի,
ես
գիտեմ
ընելիքս,
ան
ատեն
վրայ
իցէ
յղեաց
եւ
ստնտեաց,
վա՜յ
անոնց
որ
ձմեռ
պիտի
ունենան
առջեւնին:
Վա՜յ
անոնց
որ
առիքի
մը
տակ
կ’ապրին:
—
Հասկցանք,
պատիժ
մըն
ալ
ըսել
է
դուն
պիտի
մեծնաս:
Քեզի
գայինք,
Խուկաս,
բան
մըն
ալ
դուն
ըսէ:
—
Պարապ
խօսք
ինչո՞ւ
կ՚ընես
հետս,
Խուկաս
անունին
ի՞նչ
կը
վայլէր
նը,
ես
ըլ
էնի
պիտի
ըլլիմ,
Քէսիրիկ
պիտի
երթամ,
իսօթ
պիտի
մշակեմ,
վերջն
ալ
շողգամի
հետ
պիտի
խաղամ:
—
Դուն
ալ
խօսէիր,
Միքայէլ:
—
Իմ
մէկ
ընկերս
Գափրիէլն
է.
անոր
հետ
միասին
մէյ
մէկ
հէքիմ
պիտի
ըլլինք,
որ
ըսել
է
մէյ
մէկ
հոգի
առնող
հրեշտակներ
պիտի
մեծնանք:
—
Քեզի
հարցնեմ
Ամբակում,
քո՞ւ
վաղդ
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ:
—
Շատ
նազար
մնաց
նը,
տէրտէր,
եթէ
սակայն
քիչ
մը
բան
գիտցայ
ու
փարայ
ունեցայ
նը,
հիմա
ինչո՞ւ
ըսիմ:
—
Բայց
վերցնենք
կատակը,
Խունկիանոս,
դո՞ւն
միտքդ
ինչ
դրած
ես,
ի՞նչ
պիտի
ուզես
ընել
սա
ժողովուրդին:
—
Եթէ
օդերը
բաց
գացին,
հովերուն
աշարը
պիտի
առնիմ,
եթէ
ոչ,
հակառակ
պարագային
խելքս
գլուխս
պիտի
ժողվիմ
ու
երթամ
պիտի
ծովերը
մշակեմ:
—
Դո՞ւն,
Սարգիս:
—
Իմ
ինչ
ըլլիլս,
ինտոր
մեծնալս
ի՞նչ
նկարագիր
ունենալս,
իմ
ընտանիքիս
կրթութենէն
կախում
ունի.
եթէ
քիչ
մը
ֆարղէն
գայի
քի
զիս
իշուկ
մը
պիտի
շինեն,
պիտի
աշխատիմ
որ
ձի
դառնամ
ու
ժողովուրդին
ձիու
ծառայութիւն
մը
ընեմ:
—
Բարեւ
փիւսկիւլսիւզ
տղայ,
դուն
չի
խօսէի՞ր:
—
Ես
ալ
կ՚ըսեմ
թէ՝
հայրս
ինչ
էր
նը,
ես
կամ
շիտակ
հայրս
պիտի
մեծնամ,
ես
չէ
նը
շատ
շատ
քիչ
մը
ֆարխլի
ճանավար
մի.
հայրս
սըլուկի
մը
պէս
արինը
կը
խմէր
էս
ժողովուրդին,
ես
ալ
բնական
էր
որ
ժողովուրդին
ոսկորը
կրծիմ:
—
Բան
մը
չի
հասկցայ
աս
ըսուածներէն,
ճարս
քեզի
մնաց,
Խաչատուր.
բառ
մըն
ալ
քու
բերնէդ
լսեմ:
—
Իմ
վաղուան
բանս
բուրդ
կ՚երեւայ,
վարժապետ,
ես
դպրոց
չեմ
սիրեր,
ես
կարդալ,
գրել
չեմ
սիրեր,
ես
տունի,
ընտանիքի
մէջ
ապրիլ
չեմ
սիրեր:
Միշտ
ձի
մը
ունենամ
կ՚ըսիմ.
տանիքներուն
վրայ
աղվնիկ
խաղցնեմ,
մեր
դուռը
շուն
պահեմ.
սենեակը
հայելիին
դէմը
մնամ,
քօլալիիս
ու
գրավաթիս
տիւզէնը
տամ,
փողոցէն
անցնելու
ատենս
պատուհանները
նայիմ,
կ՚ըսիմ,
ինձմէ
վազ
անցիր,
վարժապետ:
—
Վերջին
խօսքը
դուն
ըսէ,
ու
փակենք,
Մարգար:
—
Բան
մըն
ալ
ես
ըսի՞մ.
բոլոր
անոնք
որ
աս
ժողովուրդին
համար
գէշ
մտածող
են,
բոլոր
անոնք
որ
եկեղեցի,
դպրոց
չեն
սիրեր,
ատոնց
համար
սրտանց
անձնուիրութիւն
ցոյց
չէին
տար,
մէյ
մը
նախ
այդ
տեսակները
ջուրն
ի
վար
տուէք,
ու
վերջը
եկէք
մեզի
հետ
խօսեցէք
որ
ձեզի
ըսենք
թէ՝
մենք
ալ
մեծնանք
նը,
աս
խեղճ
ժողովուրդին
համար
ի՞նչ
պիտի
կրնանք
ըլլալ:
Մեր
ինչ
ըլլալը
հարցնելու,
մեր
ժողովուրդին
համար
ինչպէս
մեծնալնիս
հասկնալու
տեղ,
աղէկ
էր
որ
նախ
դուք
ձեր
դպրոցները
կարգադրել
գիտնայիք: