ՔԱՐԷ
ԳԻՐՔԵՐ
Նախորդով
կը
գրէի
որ
մեր
հնասիրիկ
գեղերէցին
հետ
անգամ
մըն
ալ
ան
մեր
դրացի
մօտաւոր
վանքին
գերեզմանոցր
պիտի
այցելենք:
Որոշումնիս
չենք
մոռնար,
եղանակին
թոյլատու
մէկ
օրը,
Օգոստոսի
առաւօտ
մը
կարծեմ,
կանուխ
ճամբայ
կ՚իյնանք
ու
մէկ
ժամը
արդէն
բաւական
կ՚ըլլայ
որ
մեր
ծրագրած
տեղին
վրայ
գտնուինք:
Դ.
ի
վանքը
իր
ծաւալուն
հողերով
ու
այգիներով
մէկն
է
մեր
այն
չորսով
համրուածներէն,
որոնց
գոյութեան
արժէքը,
կամ
կ՚ուզէք
արդիական
բացատրութիւնով,
պահպանումը
սթաթու
քուօին,
ես
աս
տարիքիս
ալ
չեմ
հասկցեր
ու
հասկնալու
ալ
պէտքը
չեմ
զգար:
Հայ
վանքե՜րը,
ամէն
կողմ,
ամէնքն
ալ,
ամէնքն
ալ
մինչեւ
օրս
իրար
են
արժեր
առ
առաւելն,
կամ
շատերն
են
որ
կը
մնան
իրենց
տեղերուն
վրայ
վաղը
չգիտեմ
ինչի՛
վերածուելու
համար
յայտնօրէն,
եթէ
հիմա
արդէն
չեն
այնպէս:
Ու
մի՛
մոռնաք
որ
պատմական
մթութիւն
մըն
ալ
հոն
կար,
Սաղիմականը,
փորձութեան
ու
ամէն
օր
զիրար
գլող
փորձանքներու
յաւիտենական
մրցավայրը
այդ,
մենք
բաւական
մըն
ալ
ասոր
պատմութենէն
գիտցանք
ու
լացինք։
Մեծ
վանք
մը
այդ
եւս,
որ
ըսել
պիտի
ըլլար
թէ
այս
ազգը
երբեք
օր
մըն
ալ
ազատ
չպիտի
մնայ
իր
կոկորդը
ահռելիօրէն
պրկող
մեծ
ցաւերուն
մեծ
տեսակէն։
Ես
ալ
կ՚ըսէի
թէ
խօսքեր
ասոնք
որ
չպիտի
ուզէիք
լսել,
ինչպէս
չէր
լսուիր
ան
հիւանդը
որ
ամէն
օր
«գլուխէն
կը
կանչէ»
ու
քիչ
մըն
ալ
լսողը
նեղսիրտ
զայրոյթ
մը
կը
զգայ
անանկի
մը
պարապը
կրկնած
մզմզուքներէն։
Հիմա
չի
մոռնանք,
որ
Դ.
-ի
վանքին
գերեզմանոցը
կը
գտնուինք,
միտքս
դրած
էի,
որ
այս
անգամ
ալ
հետաքրքրականը
հանէի
առջեւնիդ,
քարէ
գիրքերը,
դուք
արդէն
շատ
կը
կարդաք,
ամէն
օր
կը
կարդաք
թուղթէ
շինուածները:
Տէր
Յուսիկ
հոս
ալ
նորէն
ինքն
է
կարդացողը
կիկլոպեան
քարերու
կուրծքին
հատ
հատ,
ուշադիր
հետեւողութեամբ
ես
ալ
իմ
դերիս
մէջ
կ՚ըլլամ
ու
ոչինչ
չեմ
կորսնցներ
իր
կարդացած
ու
բացատրածներէն,
ըսի
ու
հիմա
անգամ
մըն
ալ
կը
կրկնեմ,
թէ
բարի
այս
Տէրտէրը
միակն
է
որ
հիներով
կը
հետաքրքրուի
ու
կրնայ
ամէնէն
դժուար
ու
կնճռոտ
հին
արձանագրութիւններն
ալ
ջուրի
պէս
կարդալ:
Առաջին
շիրմաքարը
ահա
որ
աս
տողերը
ունի
կողքին.
«Մեղօք
շաղախեալ
նուաստս
կոչեցայ
անարժանաբար
աստիճան
կուսակրօնութեան.
աղօթեցի
հանապազ
վասն
իմ
եւ
վանածուխ
հօտիս,
իսկ
ապա
փորձեալ
օր
մի
ի
չար
սատանայէ,
եղէ
ծանակ
առաջի
Աստուծոյ
եւ
մարդկանց,
գետահոս
արտասուօք
իջանիմ
ի
հող,
աղաչեցէք
առ
բարեգութն
զի
կարճ
լինիցին
աւուրք
տանջանացս
անդ
ի
քաւարանի,
ամէն»:
Տէր
Յուսիկ
ապա
կը
պատմէ
որ
Սիմոն
անունով
աբեղայի
մը
պիտի
ըլլայ
այս
քարն
ու
այս
տապանագիր
արձանագրութիւնը:
Էն
սկիզբը
վանքին
հովիւն
է
եղեր,
17-18
տարեկան
բոպիկ
տղեկ
մը,
բայց
շատ
գեղեցիկ:
Վանքին
մեծաւոր
Եպիսկոպոսը՝
Զաքարիա,
էս
հովիւ
լաճին
աղուոր
տեսքէն
հմայուած,
քովը
փոքրաւոր
կ՚առնէ,
կարդալ
գրել
կը
սորվեցնէ.
դեռ
հազիւ
քսան
քսանհինգ
տարիքին
մէջ,
եպիսկոպոսը
զինք
վարդապետ
կը
ձեռնադրէ:
Վարդապետ
ու
ամէն
բան
վանքին
մէջ:
Վանքը
իր
բոլոր
կայքով
կազմով
ու
նոյն
իսկ
ինքը
Զաքարիան
ալ
էս
բարեպտուղ
աբեղաձագին
հրամանին
ու
ազդեցութեան
կ՚ենթարկուին:
Եպիսկոպոսը
իր
պաշտօնական
կնիքը
անգամ
իր
այս
սիրականին
որձակին
կը
յանձնէ,
ինքը
նայելով
այս
մէկուն,
իսկապէս
ժամկոչի
մը
դերբուկութեան
մէջ
հասկնալ:
Երէկի
հովիւն
է
հիմա
գլխաւոր
վանահայրը,
վանքին
հաւերն
անգամ
հետզհետէ
միայն
էնոր
հրամանովը
կ՚ածեն
ու
կը
գարգնճեն:
Վերջը,
երեք
չորս
տարի
կ՚անցնի
չանցնիր,
Եպիսկոպոսը
մորթի
հիւանդութենէ
մը
բռնուած,
ոմանց
վկայութիւնով
իբր
թէ
բուն
իսկ
Սիմոնէն
թունաւորուած,
կը
վախճանի
անասում
ցաւերով,
վանքը
բոլորովին
աս
վերջինին
ձեռքը
կը
մնայ
ու
վերջին
պատմութիւնը
ասոր:
Սիմոն
վարդապետ
տարիքին
մինչեւ
45-50ը
վկայութիւններ
կան
հաստատող
թէ
սրբակեաց
ճգնաւոր
մը
ապրեր
է,
իր
պատարագը
նշանաւոր
ու
հիահրաշ
անով
որ
խորանին
առջեւ
կայնած
պահուն
«կ՚երեւայ
ու
չերեւար»
եղեր
կամ
անպատճառ
ոտքն
ալ
գետնէն
թիզ
մը
վեր
առնուած
կ՚երեւնայ
աչքերու:
Այսպէ՛ս,
այսպէ՛ս:
Բայց,
յետոյ,
չէ՞
որ
աշխրքիս
վրայ,
մէ՛կ
է
թէ
որ
աշխարհականին
սատանան,
կրօնաւորինը
կ՚ըսեն
անպատճառ
երեք
են
թիւով,
որ
ետեւն
ու
առջեւը
կը
թռչկոտին
զայն
կարգէն
շեղեցնելու
խորամանկ
կեցուածքներով:
Լմնցո՛ւր,
տէրտէր,
կիսատ
մի՛
ձգեր
կ՚ըսեմ:
—
Չէ
տղաս,
կը
պատասխանէ,
չըսուելիքը
թող
չըսուելիք
մնայ,
ոչ
իմ
բերնիս
կը
վայլէ,
ոչ
ալ
քու
ականջիդ
անուշ
պիտի
գայ,
ի՛նտոր
ըսեմ,
կամ
դուն
կրնաս
ըսել
որ
ըսեմ
թէ՝
ճգնաւորապէս
կրօնաւորուած
մը
օր
մը
յանկարծ
տեսնուի
իր
ոչխարատունը
մտած…
մի՛
լսեր,
մի՛
լսեր,
Աստուած
մի
արասցէ:
Ու
դուն
տես,
որ
չարին
պատիժն
ալ
շատ
չուշանար:
Նոյն
գիշերը
իսկոյն
վանքին
սպասաւորները
ջորիի
մը
ագիէն
կապելով
վանքէն
դուրս
կ՚արձակեն,
ու
ահա
արժանաւոր
մահը
անոր:
Օրեր
վերջը,
կ՚ըսեն,
վանքին
մէկ
հովիւը
էնոր
միայն
գլուխը
գտնելով
ցամաք
ձորի
մը
մէջ,
վանքը
կը
բերէ
ու
հոս
միայն
գլուխ
մը
կ՚ըլլայ
թաղուածը:
Էս
քարն
ու
տապանագիրն
ալ
վերջը
ամէն
աղաչանք
պաղատանքներով,
իր
եղբայրը
արտօնուեր
է
շինել,
շիտկռտել:
Ի՛նչ
մարդիկ,
ի՛նչ
մեղքեր,
Աստուած
մի՛
արասցէ:
Տէր
Յուսիկ
ասոր
կուշտին,
հոն,
ուրիշ
քար
մը
կը
պահէ
աչքին.
«Մեղր՝
որ
քացախեցայ,
աղ՝
որ
անհամացայ,
սպիտակ՝
որ
սեւ
քօմուր
եղայ,
Տէ՛ր,
դու
ինձ
այց
արա,
անպիտան
կրօնաւորեալս
Մինա…»:
Ասոր
ստոյգ
անունը
անյայտ
կը
մնայ,
կ՚ըսէ
տէրտէրը,
բայց
իր
ժամանակակիցները
զինք
Ցախ-Սարեկ
կը
կանչեն
եղեր:
Թէ
ինչո՛ւ
ատ
անունը
տրուած
ըլլայ,
այսպէս
կը
հասկցուի,
որ
տէր
Յուսիկ
ատ
մէկն
ալ
չի
կրնար
լուսաբանել.
միայն
կ՚ըսէ,
որ
տարիին
մեծ
մասը
քուն
կ՚ըլլայ
եղեր
ու
այնքան
խոր
քնացող
մը
չորս-հինգ
օր
իրարու
վրայ,
որ՝
ականջին,
գլխուն
վրայ
գոռ
շեփորներ
ալ
թէ
հնչեցուին,
չարթննար,
կողմն
ալ
չի
փոխեր
Ցախ-Սարեկը:
Այն
կողմը
ուրիշ
գերեզմանաքարի
մը
վրայ.
«Ո՛վ
հայ
քրիստոնեայք,
Աստծու
սիրուն,
ձեր
սիրած
սիրականին
սիրուն,
տարին
հեղ
մի
ալ
զիմ
գերեզմանս
այցելեցէք,
ես
ձեր
ականջին
մէկ
խօսք
ասեմ,
դուք
գացէք
տիւշիւնմիշ
եղէք»:
Ասոր
օրովը
էս
վանքը
ուխտի
եկող
կնիկները
վերէն
վար
սեւազգեստուած
պիտի
ըլլան
եղեր,
կ՚ըսէ
իմ
հնապատում
տէր
պապուկս:
Կարմիր
բան
չպիտի
կրեն
վրայ
գլխնին,
կարմիր
գոգնոց,
կարմիր
լաչակ
կամ
մուճակ,
երբեք,
երբեք:
Ձթուկ
վարդապետ,
աս
եղած
է
անունը
—
ի
տես
որեւէ
մի
կարմրագոյն
շորի
կամ
լաթեղէնի,
մէկէն
երեսին
վրայ
իյնալով
կատղած
ցուլի
մը
ձէները
կը
հանէ
եղեր,
վրան
գլուխը
կը
բզքտէ,
մի՛
արասցէ,
ճիշդ
ճիշդ
դեւ
մը
կը
դառնայ,
ըսէ
ինչո՛ւ
էսպէս.
—
Ժամանակին,
18-20
տարեկան
տղայ
մը
նշանուած
կ՚ըլլայ
սիրուն
աղջկան
մը
հետ:
Երկու
նշանածներ
իրարու
համար
հոգի
կուտան,
այնքան
որ
մէկզմէկ
կը
սիրեն:
Աղջիկն
ալ
իրաւ
որ
սիրուն,
իրաւ
գոհար
ճիշդ,
կամ
կապոտ
օձին
բերնին
անգին
քարը
ճիշդ,
վրայի
հագած
կապածներն
ալ
վերէն
վար
վարդի
ու
կակաչի
գոյներ
ամէնքը:
Բայց
կ՚ըլլա՞յ,
ե՞րբ
եղած
է,
որ
տա
տեսակ
արեւ
ու
աստղիկ
աղւորութիւն
մը
հայունը
ըլլայ
ու
քրիստոնեան
վայելէ
միայն:
Հարսնիքէն
օր
մը
առաջ,
ճիշդ
մէկ
օր
առաջ,
աղային
բուտը,
Պէքիր,
ան
որ
արդէն
գիշեր
թէ
ցորեկ
էտ
աղջկան
կոխած
գետինները
կը
հոտուըտար
ու
ձեռք
չէր
կրնար
ձգել,
ինչպէս
կ՚ըլլայ,
հարսնիքի
պատրաստութեան
եռուզեռէն
օգտուելով,
աղջկան
տանիքը
կը
դարանուի,
ու
մէկէն
գիշերաժամին,
աղջիկը
պատահմամբ
տանիքը
ելած,
Պէքիր
իր
թաքստոցէն
վրան
կը
խոյանայ,
քուրջ
կը
թխմէ
բերանը
ու
կը
փախցնէ
արագ
մը
ինչպէս
ուրուրէն
փախցուած
խեղճ
հաւձագ
մը,
ալ
մնացածին
խորհելու
եղիր:
Մէնէշ
մէկ
շունչով
արդէն
Պէքիրին
խոնախը
փոխադրուած
կ՚ըլլայ,
ու
ատ
իսկ
գիշերը
արդէն
Պէքիրին
հետ
կը
նիքահուի
զինուած
ծառաներու
ու
անձնուէր
շուրջիններու
մահաբոյր
սպառնալիքէն
բռնաբար
համակերպած:
Ատ
օրը,
ատկէ
օրեր
վերջն
ալ
ոչ
ոք
կը
համարձակի
սրտոտ
գնացք
մը
ընել
դէպ
ի
մօտը
է՛ն
քանասարին
անկէ
փախցուածը
ուզելով:
Կ՚անցնի
տարի
մը,
բուն
նշանածը,
խելթփած
ապուշութեան
մը
մէջ,
օր
մը,
ինչպէս
կը
հանդիպի,
Պէքիրին
խօնախին
պատտակէն
կ՚անցնի
ու
կը
տեսնայ
որ
Մէնէշ
վերի
պատուհանը
նստեր
հատ
հատ
բան
մը
կը
շարէ
թելին,
ձեռքովը
նշան
կ՚ընէ,
որ
հայ
տղան
վայրկեան
մը
դադար
ընէ
ու
իր
ըսելիքը
լսէ,
ու
ի՛նչ
սրտի
խշխշուք
խօսքեր
որ
վերէն
կրակէ
կարկուտ
կը
տարափուին
գլուխը
այս
անբաղդ
խելակորոյս
անցորդին:
«Ա՜խ,
հոգի՛ս,
կ՚ըսէ,
էս
գեղը,
էս
բրշակները
հէ՛չ
հայ
մը
չիկայ,
հէ՛չ
մէկը,
որ
ձեռքին
ու
ոտքերուն
ծէրը
քիչ
մը
կեռ
ըղունկ
ու
կոր
ճանկեր
ունենայ,
հէ՛չ
հայ
մի,
հէ՛չ
հայ
մի,
եթէ
ուրիշը
չի
հոգար,
դո՞ւն
ալ
չպիտի…
բայց
ինչո՞ւ
չհաւտաս
թէ
ես
քուկդ
եմ
տակաւին,
ես
կոյս
ու
կոկոն
տակաւին,
դուն
եղիր
կտրիճը
ու
պիտի
տեսնաս
թէ
աս
գիշերէն
շուտ
չի
կայ՝
քու
մօտդ
պիտի
ըլլիմ,
ես
հայ
եմ
տակաւին,
թէ
աշխարհքն
ալ
տան,
աշխրքին
թագաւորութիւններն
ալ
տան,
ես
հայ
խաչին
աղջիկը
պիտի
մնամ,
միայն
դուն
զիս
սը
կրակէն
ազատելու
ճարը…»:
Տղան
հոտ,
ատ
պահուն,
անխօս՝
գլխիկոր՝
ինչպէս
արընտէր
յանցաւոր
մը,
ձայն
ձուն
չի
կրնար
հանել,
ոչ
իսկ
կրնայ
լաց
մը
ընել,
լեզու
բերան
առնուած՝
իր
տունը
կուգայ
ոտքերուն
տակ
սուր
հրաշէկ
գամեր
կոխողի
անհուն
գալարքներով,
բան
չըսեր
մարդու,
որո՞ւ
ինչ
փոյթ,
ո՞վ
կրնար
արդէն
շունչ
առնել
թուրք
աղային
արդէն
օրէ
ցօր
լայնցուցած
սարսափներուն
տակ,
կամ
աւելի
ճիշդ,
ո՛վ
այն
սրտոտ
ասպետի
կուրծքով
զրահուած
հայը,
որ
հէնց
իր
ճկոյթ
մատը
ուրիշի
մը
համար
արնելու
խիզախ
պոռթկումը
ընէ,
գայլին
ճանկէն
անմեղուկ
գառնուկ
մը
փրկելու
անձնուիրութեամբ:
Այդ
գեղը
բոլորն
ալ
անխիղճ,
բոլորն
ալ
անօրէն
անխիղճ,
այդ
գեղին
ժամուն
սուրբերն
ու
զօրութիւններն
ալ
անպիտան
անբանացածներ
ու
նոյն
իսկ
հայ
գեղին
Աստուածն
ալ
անհոգիացած
տաճիկ.
տղան
բան
մը
չըսեր
մարդու,
խահր
կ՚ընէ
աշխրքէն
ու
շատ
չանցած
սեւը
հոգիին,
սեւ
մ՚ալ
երեսին
քաշելով,
կրօնաւոր
կը
դառնայ
իր
կեանքը
բոլոր
փոքրիկ
անարեւ
խցիկի
մը
մռայլ
մէկ
անկիւնը
սգաւորելով,
բայց
կ՚ըսեն,
իր
սիրական
նշանածէն
ոչինչ
պակսած
չըլլիր
իր
մէջը,
մինչեւ
խոր
տարիքին,
ինչպէս
բնական
որ
ծերացած
ծառին
մէջ
ալ
կը
մնայ
անպատճառ
շերտ
մը
ծուծ
ու
չի
մեռնիր:
Հէք
Մէնէշն
ալ
այն
կողմը
իր
երկաթ
գառագեղին
մէջ
կը
մնայ
փակուած
ամէն
օր
մաս
մաս
մեռնելու
դժոխային
տանջանքներով,
ու
էն
վերջին
շունչն
ալ
հայ
կ՚ապրի
ու
հայ
կ՚աւանդէ,
կ՚ըսեն:
Աստուած
մի՛
արասցէ,
Աստուած
չի
ցուցնէ
էս
տեսակ
փորձանք
ու
փորձութիւններ։
Տէր
Յուսիկ
արդէն
ուրիշ
մը
կը
կարդայ.
«Զընթացս
կատարեցի,
պաշտօնն
իմ
աւարտեցի,
այսուհետեւ
կայ
եւ
մնայ
ինձ
պսակ
յաւիտենական»:
Հրեշտակ
ի
մարմնի
օր
ըսեր
են,
ճիշտ
այս
մէկը
պիտի
ըլլայ,
Պաղտասար
Վարդապետ
Մելիտինիցի,
անարատ
վարուք
ու
բարուք
սուրբ
մը
այս,
որ
8-9
տարեկանին
հոս
ծառայութեան
մտնելով,
վանքին
հետզհետէ
սիւնն
ու
շինութիւնն
է
եղեր:
Իր
առաջին
ու
գլխաւոր
ձեռակերտը
մատուռը
պիտի
ըլլայ
կարծեմ,
յետոյ
կարգաւ
լուսաղբիւրին
ջուրը
շատցուցած
ու
սա
դէմի
լեռնակողն
ալ
ընդարձակ
անտառ
մը
մշակել
տուած
է,
որ
չի
կայ
հիմա:
Ասոր
վանահայրութեան
օրով
վանքն
ունեցեր
է
500
գլուխ
կթան
ոչխար,
6
զոյգ
մատակ
գոմէշ,
16
ջորի,
10-12
կով,
150
հատ
մեղուի
փեթակ,
երկու
աղօրիք,
մշակուած
հողեր
ու
սա
չափ
ալ
հաւ
ու
աղաւնիներ
ու
սենեակներէն
մէկը
դպրանոց
ըրեր
է
6-7
հատ
թեմական
տղաքներու
խմբումով,
որոնք
վերջը
վարդապետ
ու
քահանայ
ձեռնադրուած
կ՚ըլլան:
Ինքն
ալ
անխոնջ
աշխատասէր
մը
մէկ
կտոր
Այսմաւուրք
գրած
է,
մեծկակ
հատոր
մըն
ալ
իր
ձեռքովը
Տաթեւացի
գրչագրած:
Միայն
մէկ
թերի
կողմը
աս
վարդապետին
—
շատ
չէր
սիրեր,
որ
վանքը
ուխտաւորներ
այցելեն,
երբ
մէկը
զինք
տեսնալու
փափաք
յայտնէր,
հէնց
որ
հեռուէն
իրեն
գնալու
շիտկուած՝
«ամա՛ն,
ամա՛ն,
էս
սանճին,
էս
փորցաւը
զիս
պիտի
մեռցնէ
վերջապէս»
ճուկ
ճուկ
կ՚ըլլար,
փորն
ու
կուրծքը
կը
շփըտէր:
Ու
ճիշդ
այն
խօսքը
բերնին
մէջ:
Բայց
սուրբ
կրօնաւոր
մը
ուրիշ
ամէն
բանով.
Տէրը
լուսաւորէ
զհոգին:
—
Այն
միւս
կողմը
ուրիշ
մը
կը
կարդացուի
[1].
«Սուտանուն
կրօնաւորս
աղաւնի
ծնայ
եւ
ագռաւ
մտանեմ
ընդ
սա»:
Տէրտէրը՝
ասոր
ընթերցումէն
վերջ,
ասդին
դարձիր,
կ՚ըսէ,
չարժեր
ասոր
վրայ
կենալ.
կեանքի
բոլոր
օրերուն
մէջ
վանքին
քօռ
տնտեսուհիին
հետ
ապրեցաւ
ու
անցաւ:
Ատ
արձանագրութիւնն
ալ
յետոյ
ժամանակակից
վարդապետին
մէկը
գրեր
է
պարապ
ատեններուն:
Մինաս
պիտի
ըլլայ
անունը,
զոր
գրողը
խնայեր
է
նշանակել:
—
Ուրիշ
մը
ահա:
«Ո՛վ
մարդ,
յիշեայ
զվախճա՛ն
քոյ»
Արութին
վարդապետ.
1887.:
«Բամպակ
բերան»ը
չե՞ս
յիշեր,
կ՚ըսէ
Տէրտէրը,
դուն
ասոր
վրայ
ընդարձակ
ալ
գրած
ես
եղեր,
միտքդ
բեր:
Գինով
մէկ
վայրկեանին
հացթուխ
կնիկ
մը
թոնիրը
ձգելով,
քիչ
մնաց,
որ
խեղճ
կնկուկը
քէպապ
պիտի
ըլլար,
դժուարաւ
հոգին
ազատեց:
Դուն
ասոր
լաւը
գիտես:
—
Ուրիշ
մը
այստեղ:
«Ա՛խ
վախ,
հէ՜յ
վախ,
օ՛հ,
օ՛հ,
օ՛հ»:
Կարապետ
վարդապետ
մը
հոս
առաջնորդ
եկած
Ակնէն,
թիզ
ու
կէս
հասակ
մը
ունէր,
դէմքով
դրսերեւոյթով
սուրբ
մը
կարծես,
որ
քարոզելու
պահուն
ամէն
բառ
գլուխ
նա
ախ
վախերը
կը
պոռթկացնէր
բերնէն
ու
կուլար
ալ
ժողովրդին
դէմ,
կ՚ըսէին,
որ
Խրիմեանն
է
օրինակեր
այսպէս,
բայց
ներքնապէս
ապացուցուածը
ան
էր,
որ
տղու
սիրով
կ՚աղնծուէր:
Ուրիշ
մը
նօթագրեմ:
«Ի
նանիր
բամբասիցեն
զիս
թշնամիք
իմ,
Աստուած
առնէ
հախ
դատաստան»:
Ասոր
անունն
ալ
Կարապետ,
Ապտլ-Մսէի
վանահայրը,
որուն
հոս
պատահեցաւ
մահը
ու
թաղուեցաւ:
Նշանաւոր
գինով
մը
այս,
որ
բոլոր
ատենը
թթենիներուն
տակ
թութ
ժողվելու
մէրագլի՝
ձեռքովը
օղի
հանել,
խմել
ու
խմցնելով
անցուցեր
է:
Աս
ալ
Եղսօ
ճանի
մը
սիրովը
տոչորուած
երազեց:
Իր
օրովը
վրան
շէր
մըն
ալ
կ՚ըսէին.
—
Եղսօ
ճա՛ն,
Եղսօ
ճա՛ն,
խըյար
քաղիմ,
էռջիդ
թաղիմ,
Եղսօ
ճան
եւն:
Աս
ան
է
ահա:
Տէր
Յուսիկ
վերջին
մը
կը
հեգէ.
«Աճեցէք
եւ
բազմացարուք,
ես
ուզեցի
որ
այս
պատուէրն
ալ
կատարեմ»:
—
Մտիկ
ըրէ՛,
մտիկ
ըրէ,
կ’ըսէ
Տէր
Յուսիկ
զուարթ
շեշտով
մը,
այս
մէկը
քիչ
մը
կարծեմ
դուն
ինքդ
ալ
պիտի
ճանչնայիր,
ազգապիղծ
վարդապետ
մը
այս,
որ
երկուք
երեքով
ալ
չի
բաւականանալով,
ալ
ինտոր
պատմէի
քեզի,
հանդիպած
իր
շուրջինին,
իր
մօտաւորներուն
կուրծքը
ոսկի
ու
արծաթ
մաշալլահ
մը
կախեց
ու
նշան
պահեց
իբր
իր
սիրական
կատուն:
Կը
հասկնամ
իսկոյն
Տէր
Հօրը
միտքը,
բայց
կ՚ըսեմ
իւրովի,
աւելի
լաւ
չպիտի՞
ըլլար,
որ
նա
տեսակ
տապանագրի
մը
տակ
աւելցուէր
եւ
սա
տողերը
—
«Ոչ
է
սա
մեռեալ,
այլ
կեայ
եւ
ապրի
յիւրսն
եւ
յիսկական
նմանիսն
յիւրմէ
սերելոց:
Սոցայն
գայթակղութիւն
բաւ
իցէ
զի
ուրոյն
դժոխք
շինեցի
վասն
այս
պիղծ
սատակեցելոյս:
Մեծագործութիւն
սորա
այն,
որ
Բօշան
խաթուն
արար
եւ
նմա
միայն
ընծայեաց
բովանդակ
ինչս
եւ
հարստութիւնն
իւր»:
Երկար
այլեւս
դադար
չեմ
կրնար
ընել
այս
գետնին
վրայ,
որուն
խորքէն
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
տեսակ
հոտ
դեռ
անախորժ,
վեր
շոգիանալով
քիթս
կը
կծուեցնէ,
հրաժեշտ
կուտամ
բարի
գեղերէցին,
անոր
ձեռքը
համբուրելով.
դուրս
կուգամ
վանքէն
բաւական
մը
հեռացած
ու
ճանբուն
մէջ
վայրկեան
մը
ես
ինծի
կը
մտածեմ,
վաղը
արդեօք
ի՛մս
ինչ
պիտի
ըլլայ,
իմ
գերեզմանաքարիս
վրայ
ի՛նչ
հեգնութիւններ,
եթէ
ձգեմ
որ
յետ
մահու
ուրիշներ
գրեն:
Եւ
իմս
իմ
իսկ
ձեռքովս
այսպէս
պիտի
ուզէի
արձանագրել.
«Յիմար,
որ՝
գեղացի
ծնայ
ու
քաղքցի
ապրեցայ,
յիմար
որ՝
կեանքիս
մէջ
միայն
երեք
ժամ
ճամբորդեցի
ու
սա
քաղաքը
գտայ,
յիմար
ու
երկու
երեսով
ալ,
որ
վանքը
թողի
ու
վարժատուն
մը
փակեցի
ես
զիս,
ապուշ
որ՝
իբր
վարժապետ
խաղալիք
ձգուեցայ
բուսակենցաղ
շարքերու,
որոնք
թաղական,
խնամակալ
կամ
ուրիշ
չգիտեմ
ինչ
անուններով,
բոլոր
ատենը
մազս
ու
մօրուքս
ճերմկցուցին,
դժբաղդ
հիքութիւն
մը,
որ
չի
տիրացայ
երազիս,
երբ
տարիներէ
ի
վեր
անանկներու
թփչորող
հովերէն
ազատ
անկախ
դպրոցի
մը
տիրոյթը
եղաւ
ու
ոչինչ
անցաւ
ձեռքս,
դեռ
շատ
կրնայի
ապրիլ
ու
արդիւնաւորուիլ
կարելի
չափով,
թէ
որ
ճիգերուս
կէսը,
մեծ
կէսը
վատնուած
չըլլար
հնարաւորելու
հրաշքը,
մի
որեւէ
գերմարդկային
մը,
որու
շնորհիւ
կարելի
ըլլար
որ
տարիին
բոլոր
օրերը
աւանակ
ապրողներ,
տարիին
հէնց
մէկ
օրն
ալ
մարդ
ապրին
ու
մարդու
ցռուկով
երկննան
խառնուելու
ցեղին
մէկ
ումէտը
մնացած
հայ
դպրոցի
գործերուն.
վա՜յ
դժբաղդիս.
ինքս
ալ
ահա
էս
տէրտերովը
ոսկորամաշուեցայ
ու
աւանդեցի
պէմուրատ»:
Բայց
թէ
որ
մօտիկ
մտերիմ
բարեկամներէս
մէկը
խնամքը
ունենար
գտնալու
ու
գրելու
իր
ուզածին
պէս
բանաձեւ
մը,
ապահովաբար
սա
տեսակ
կարճ
խօսք
մը
պիտի
ըլլար.
—
«Հանգչի
աստ
մի
ոմն
մեծ
յիմար,
որ
բոլոր
իր
մաքուր
տենչանքն
ու
երազները
սառոյցին
վրայ
գրեց
միայն
ու
սպասեց։
Եթէ
այն
Գահիրէաբնակ
Մելքոնեաններն
ալ
չունենար
իրեն
նեցուկ,
վա՜յ
իրեն,
վայը
պիտի
գար
գլխին»:
Շա՛տ
շիտակ,
շա՛տ
շիտակ:
«Հայ
Գրականութիւն»,
1913,
1/14
Փետրվար,
թիւ
6
[1]
Տէրտէրը
այստեղ
ուշացուած
յայտնութեամբ
ճիգ
մը
կ՚ընէ
հասկցնելու
թէ՝
այս
տապանագրերէն
ոմանք
իրենց
տէրերը
գրել
տուած
են
ողջ
ատեննին,
իսկ
կան
ուրիշներ
որ
վերջը
գրուած
պիտի
ըլլան
հանգածին
որեւէ
մէկ
մօտիկ
ու
մտերիմ
պարագային
կողմէ,
ասոնցմէ
քիչ
մըն
ալ
զուարթ
քմայքն
ու
հեգնութիւնը
միացուած,
բայց
գրուածքը
իր
ամբողջութեան
մէջ
իսկական
ցուցանիշը
գերեզմանուածին
բովանդակ
կեանքին
ու
հոգեկանութեանը։