Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀԱՅ ԳԻՐԻՆ ԶՈՅԳ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐՈԻՆ

ԱՄԱՌԻՆ ՆՈՐ ԱՐՄԱՂԱՆԸ
**

Լեռան բազմութիւնը դէպի առաջ ծփանք մը ընելու շարժման մէջ, կը մնայ անխօս տակաւին, ու պահ մը ոչ մէկ շշուկ. շատեր իրենց ճակատներէն ջուր քրտինք մը սրբելով փէշով, թաշկինակներով, իրարու ականջի փսփսալու ձեւեր կ՚առնեն, մէջերնին մէկը ահա, որ՝ ինքզինքին առաջին խօսողի պատիւը կ՚ընէ, ծերուկ գեղերէց մը այս.

Դո՛ւք, դո՛ւք խելքեցէք էս ժողովուրդը, ո՛վ Արեւ, հիմա քընծ հեթանոսը անհաւատ կ՚ապրին, ժամ չեն գար, պատարագ չեն առներ, իմ քարոզս ալ ջուրի ձէն կուգայ անկըճնուն, էսպէս՝ զաթի պիտի կործանինք. հաւատայ զի կեցցէս ըսուած է:

Արեւ. (Խոր հառաչանք մը):

Գեղացի ապրած մը. Մինչեւ էն մեր գեղին Նազար քէհեան չէ սատկեր, էս միլլէթ ըլ էսպէս իր պէլաներէն նէֆէս չպիտի առնէ: Հէմ յանցանքն ըլ քուվունդ օր էնոր աչքերուն լօս ես տուեր:

Արեւ (Մեղմ ծիծաղ մը):

Ուրիշ գեղացի մը. Էս ազգը զաթի անիծուած է, անիծուած: Օր չըլլէր նը էս հալերուն չէր ի գար, հըլէ դուն մէկ-երկու օր մեր գեղը էկօ կեցիր, մեր քէծերուն ու որձերուն պիչիմները հասկցիր որ վերջը համոզուիս, դուն կրնա՞ս նը չէշիտ չէշիտ ճանավրտիքը մեր գեղէն քշել ու Ամէլըքանի ճանբուն վրայ ալ քար դնել, իշտէ ահա էս ազգը փրկած կ՚ըլլիս:

Արեւ. (Քունքերը քերելով) Ա՛խ:

Քաղքըցի հարուստ մը. Իմ համոզումս է թէ՝ մինչեւ որ էս ժողովուրդին ճահիլ թախըմը վազ չի գայ իր պօշ լաֆերու սարխօշութենէն ու հէր քէս չի նստի իր գործին գլուխը ու տասնոցը տասնոցին վրայ դնէ, դրամ դիզէ, միայն դրամ, ես ուրիշ բան չեմ ճանչնար, ազգն ըլ էսպէս իր մէ եախան երկուք չպիտի ընէ, ընելիք ալ չպիտի ունենայ:

Արեւ. Միայն քու հաշիւիդ գործածէ այդ խելքդ:

Ուրիշ քաղքըցի մը. Թող ամէն մարդ միայն ինքն իր վրայ խորհի, իր շահին նայի, իշտէ իմ րէչէթէս: Ես իմ տղոցս ալ ամէն օր որ խրատը կուտամ, ու կ՚ըսիմ, հէմ պարծանքով կ՚ըսիմ թէ՝ տղաքս ալ քընծ ըզիս խելացի տավրանմիշ ըլլին. ես նորէն ժամուն, աղքատին մանղըր մի երկուք փարա կը նետիմ, ալ էտկէ էւէլ զոհողութեան ըլ իշութիւն կ՚ըսեն:

Արեւ. Ամօթ քեզի…

Կուսակցական մը. Իմ հայեացքս ահա, որ առնուազն դաւաճանութիւն պիտի ըլլար ծածկելը, ա՛յն, միշտ ա՛յն որ կ՚ըսեմ թէ Հայը ազգովին մեր որոշ դաւանութիւններով պլէտֆօրմին հանգանակը պէտք էր իւրացնել, այլապէս նա արդէն կործանուած մը նկատելու է:

Արեւ. Դուն գոց արձակ ըրած մը կ՚արտասանես, աղէկ խորհիր:

Ուրիշ կուսակցական մը. Ազգը, եղբա՛յր, իր նորմալ վիճակը վերագտնէ ան ատեն անկասկած, թէ որ ինքնամփոփ իր խաղաղ աշխատանքին կամաւորուի, մեր քարոզներուն խորագիրը աս միայն, խաղաղ աշխատանքը միայն:

Արեւ. Անաղ, անհամ կերակուրը բերան չի դրուիր, դուն աղէկ որ աս ալ գիտնայիր:

Չէզոք ըսուած մը. —Զօռով գարուն չի գար, խելք մը անոնց գլուխին, որ բռնաճիգ, արուեստական ծնունդին հետապնդումը կ՚ընեն: Միայն ես չեմ ըսողը թէ՝ հով ցանողը փոթորիկ կը հնձէ:

Արեւ. Բաւական լաւ այդ, բայց ամբողջ մը չէ:

Ուսուցիչ մը. Դուք կրնա՞ք քրքրցնել հարուստը, որ առատ տըւչութեան մը զոհողութիւնով, տոհմային դպրոցներու թիւը բարձրանայ, դպրոցներ սակայն որ անկախացուած ու ազատ ըլլային ամբոխային ախտավարակ ազդեցութիւններէ. կը փրկուէր այս ազգը միայն ատ պայմանով. ես իմ տարիներու փորձառութիւնովս է, որ կը մնամ յամառ դաւանող մը այս ձեւին:

Արեւ. Մօտ եկուր, համբոյր մը ճակտիդ, բայց…

Մտաւորական մը ուրիշ. Ժողվել սա կուսակրօնները ծովը նետել, կամ անհրաժեշտօրէն անկին քահանայութիւնը ջնջել. ազգը մղձաւանջէ մը պիտի ազատի:

Արեւ. Կարեւոր հարց, բայց դուք ուրիշ միջոցի ալ խորհէիք:

Ուրիշ մը. Վանքերը թէ որ ազատենք ձրիակեր ագռաւներէն ու ինչ ունին անոնք կրթութեան ծառայեցնենք:

Կը պահանջեմ որ նա քաոսը որ Երուսաղէմ կ՚անուանուի, նախ ան վերցուի մէջտեղէն:

Արեւ. Այդ մասին ձեր համաձայնութիւնը իմս ալ պիտի ըլլայ, վստահ եղէք:

Գրագէտ մը. Գրականութիւն, միայն գրականութիւն… ահա վերջին ու միակ միջոցը նոր վերածնունդին յաջողութեան: Մէկ գրիչ մէկ սուր կ՚արժէ, երկու գրագէտ մէկ բանակ կ՚ամբողջացնէ, ասոր կա՞ր ըսելիք:

Արեւ. Կա՛յ, ի՛նչպէս ոչ, նախ խորհելու էիր թէ՝ բանակն ալ իր յաղթանակի խիզախումին մէջ ըլլալու համար, հացի, սնունդի պէտք ունի:

Ուրիշ տիպի խորհող մը. Ձգենք, ձգենք այլեւս սա կրօնադաւանական միսթիք ցնորքոտ պաշտումները, պահ մըն ալ նիւթը պաշտենք, մարդկային ընկերութեան եթէ ոչ մէկ կէսը, բայց անպատճառ մեծ մասը գոնէ նիւթապաշտ դպրոցին կը պատկանի հիմա…

Արեւ. Նախ կ՚ուզէի որ կօշիկիդ վրայ պահէիր աչքերդ բավական մը:

Ա՞յսչափ, ա՞յսչափ. դեռ ինչո՞ւ էն կարեւորը ուշի կը թողէք, ինչո՞ւ այսպէս կիսատ ու առհասարակ առեղծուածային դանդաչումներ խօսքի ու խելքի. ես ուշացայ արդէն, փափաքս էր որ դեռ ձեզնէ վերջին մըն ալ արտայայտուի շուտով ու ճամբաս շարունակեմ:

(Մէկը, որ արտասահմանէն կ՚երեւայ ըլլալ, պատկառոտ կեցուածքով ակնածելի Հայ մը, Արեւին դէմ բաց ճակատով, ժպտուն նայուածք մը փոխանակելէ յետոյ, նշան կ՚ընէ քովիններէն մէկուն որ զինքը փոխանորդէ: Հայերէն չի գիտեր, կը յայտնուի իր թարգմանիչին միջոցով):

Արեւ. Վերջի՞ն մը այս:

Թարգմանը. Վերջին մը, այո՛, որ Հայերէն չի հասկնալու իր ցաւը կը փափաքի նախ որ իր միակ դժբաղդութիւնը հասկնաք, յետոյ բարութիւնը ընէք վայրկեան մըն ալ զինքը ունկնդրել, որ ծնած ու մեծցած իսկ չըլլալով Հայ հայրենիքին մէջ, բայց կրնայ ձեզի ապացուցանել թէ իբր Ազգին անձնուէր ու ճշմարիտ զաւակը ու տիպար Հայ մը ապրած է մինչեւ օրս:

Արեւ. Ուրե՛մն:

Թարգմանը. Ինք այս մեծ Հայն է ըսողը թէ՝ մինչեւ որ ցաւերով կոծկոծուած տառապող Հայութիւնը չի կրնայ ազատ իր գոյութիւնը ապրիլ վերջնական լուծումովը Հայկական կնճռոտ դատին, այս Ազգը փրկանաւորելու համար գործադրուած ո՛րեւէ միջոց կամ պայման պիտի մնան առնուազն անհետեւանք կիսամիջոցներ միայն:

Ես, կ՚ըսէ այս մեծ Հայը, բոլոր այն ոյժերով որ իմս են, ցվերջին շունչ Հայ խնդիրին նուիրուած պիտի մնամ: Ու թէ որ էն վերջին պահուն իմ ճիգերուս հետ իմ յոյսերս ալ դերեւ ելլեն եւ ապարդիւն, ինծի ալ նոր սուգ մը հարկադրելով իմ բազմաչարչար ազգակիցներուս հետ, ան ատեն ահա միայն մէկ լուցկի պիտի բռնկցնեմ իմ ձեռքովս, նախ ես ինքս պէտք է մոխրուիմ, հովերուն ցանուիմ, վերջը… վերջը, ինչ որ կը հասկնաք, կ՚աւելցնէ:

Արեւ. Քեզի, ո՛վ իմ եղբայր, քեզի ըլլայ, քու միայն գլուխիդ յարմար այս պսակը, որուն գեղը ու գինը թագակիրներ ցանկացին ունենալ, բայց ես անիկա արժանաւորին պահեցի նուիրել:

Դուն միայն թէ անունդ ըսէ:

Թարգմանը. ՆՈԻՊԱՐ է անունը:

 

«Նաւասարդ» Տարեգիրք, 1914