Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԻԾԱԿՆԵՐՈՒՆ ՁԱՅՆԸ

Միշտ գեղը մնաց միտքս, ամէն օր գեղէն պատմեցի. քաղաքն է եղած տեղս, երբէ՛ն ի վեր է, բայց ինչպէս կը պատահի յաճախ, աչքս ինքնին այն կողմը կը բացուի, հողկուռ, դերբուկ այն կողմի խոնարհ ցածութիւնները, որոնք կը տեսնամ ալ:

Մեր գեղն է ան, որ կուգայ ամէն օր աչքիս դէմ, արեւը հոն հասունցած հասկերու օրերուն՝ ամառը, ոսկի գետակի մը դեղնորակ, շողուն հեռապատկերը կը պարզէ, անկէ առաջ, միեւնոյն տարածութեան վրայ, զմրուխտ կանանչներու ծովն է, որ կը վէտվէտի ու կ՚երեւայ հոն փչող հովերուն շունչին տակ: Միշտ գեղը միտքս, երէկի պէս կը յիշեմ բաները, որոնք հոն, օրին մէկը, իմ ալ աչքիս տակ հետաքրքրող հով մը ունէին: Իրաւ է, որ պզտիկ էի, շատ չէի հասկնար բացուած խփուած պատկերներէն, անանկներէն մանաւանդ, որ թռչունի կտուց մը, կամ գունագեղ փետուր մը գոնէ չէին անդրադարձներ: Բայց բոլորովին ոչխարի աչքով ալ չէի տեսնար հանդիպածը՝ դէմք մը, թուփ մը, երեւոյթ մը, ի՛նչ ալ որ ըլլար, ինչով որ հէնց քիչ մը արտակարգ ըսուածին թերաստուերը պահեր, անոր մօտն էի ապահովապէս, ես ալ բերանաբաց շահագրգռուող մը:

Երեք հարիւր տնուոր շէնլիքի մը մէջ, «աղուեսին [1] ձագը» իր թիզ մը հասակին չափովը, չամչուկի [2] ստուեր մըն ալ ինք ունէր գետնին վրայ:

Երսուն, երսունըհինգ տարի առաջ, մէկ ժամ կար այն գեղը, մէկ հատ ալ ժամացոյց: Ժամը՝ ըսեր էին, կը հասկնայի ի՛նչ էր, ուր առտու իրիկուն կ՚երթայի, իսկ այն ժամացոյցը, որ Աղոյենց Մղտես Ակոբը կը կրէր շլլիքէն մինչեւ գօտին ճոխ արծաթ շղթաներու փառփառ խուրձով մը, որուն մէկ տեսակը գեղին հարսը կը ցուցադրէ այն ժամացոյցն էր ահա, որ խելքիս չէր պառկեր:

Բոլոր գեղը ընդհանրապէս ու գարունէն մինչեւ աշունին վերջը հողի ջուրի տէր երկրագործները մասնաւոր հետաքրքրութեամբ, այն մէկուն՝ Մղտեսի Ակոբին անունն ու հետքը կը փնտռէին, որ անոր ունեցածին՝ ժամացոյցին վրայով հարցում մը ընեն, անկէ պատասխան մը ընդունին, այնպէս որ մարդը գիշերն ալ «արին քնուն» մէջ ստիպուած էր պատրաստ ձայն մը տալ զինք կանչողին, որուն ա՛լ գիտէր ըսելիքը, պարապ չէր ձգեր, շատ հեղ թիւերու խորհրդաւոր յայտնութիւն մը սոսկ, խնդիրը ա՛լ փակուած պիտի հասկցուէր, որ գեղացին վայրկենապէս մութին ծոցը, ոգիի մը պէս կ՚անյայտանար:

Աս ըլլար պատճառը, որ մարդը ամառ գիշերները հաւի քուն մըն ալ չի կրնար քնանալ: Ու տանիքէն կամ առիքին տակէն իր պատգամը տրամադրելի ընելու վայրկեանի մը, ձայնը միշտ նոյն լուրջ շեշտին մէջ կը պահէր ապահովելու համար դիմացինը թէ՝ ինք ոչ միայն չի նեղուող մը կը մնայ այն տեսակ անհարկի, ապաժամ դիմումներէ, հապա նոյն իսկ անոր հասկցնելու թէ՝ օր մը իր մեռած վիճակին մէջ անգամ կրնար համարձակ նոյն հարցումն ընել, նոյն պատասխանն ընդունիլ։

Մղտեսին ցորեկն ալ իր հարցուկի դերին մէջ, որեւէ մէկը յուսախաբ ետ չի խրկեր. իրեն դիմողին քիչ մըն ալ այնպէս կը հասկցուի թէ՝ պարտաւորութեան մը պէս կ՚ըսէ ըսելիքը, ժամացոյցը գօտիին փաթէն հանելով, անոր վրայ խուսափուկ, բաւական մըն ալ հպարտ նայուածք մը պտտցնելէ ետքը:

Քովիները՝ ան ատեն, որ Մղտեսին ժամացոյցին բացումը կ՚ընէ մասունքին պարոյրները խառնշտկող քահանայի մը պատկառոտ կեցուածքով, անոնք մէյ մը ցռուկնին երկնցուցած իրենք ալ հոն բան մը տեսնելու ձեւերը կ՚ընեն, մէյ մըն ալ գործիքին տիրոջը գօտիէն կախ շղթան կ՚սկսին շփել, շրջշրջել, արծաթին մաքուր ըլլալը կ՚ըսեն, որ իրենց համար խորունկ հիացում մըն է, հիացում մանաւանդ ան ժամացոյցին կազմածին համար, որ ինքնիրենը կը բանի եղեր, գիշերն ալ, ցորեկն ալ դուլ դադար չի գիտեր, ու եթէ Մղտեսին հարիւր տարի ապրի, ժամացոյցն ալ նոյն անընդհատ գործունէութիւնովը կրնայ հարիւր տարի ու կարելի է քիչ մըն ալ աւելի ապրիլ: Ո՛վ շիներ է արդեօք, ան ի՛նչ իմաստուն մէկը եղած պիտի ըլլայ անոր առաջին գիւտը ծրագրողը, եթէ Աստուած չէ այն երկաթի պէս բանին հոգի տուողը. բայց կ՚ըլլա՞յ որ հաւտան թէ՝ իրենց պէս մարդ մըն է, իրենք որ արօրին ծակերն անգամ համրել չեն գիտեր:

Մղտեսիին շուրջը այս միամիտ զարմացողներուն մէջ, որոնք իրեն տարեկից յիսուննոց, վաթսուննոց ծեր գոմշուկներն են, ես պակաս խենթ մը չպիտի ըլլայի զարմանալու համար մէյ մը ան ծիծեռնիկին, որ ձեռք ոտք չունենալով մէկտեղ՝ աշխարհք կը հովէ, մէյ մըն ալ այն փոքրիկ արծաթ տուփիկին, որ միս ոսկոր չունենալով՝ կը շարժի կ՚ըսեն, կը բանի կ՚ըսեն, մարդու հետ կը խօսի ալ եղեր:

Անգամ մը միտքս դրի որ, ինչ ըլլայ չըլլայ, ես ալ Մղդեսիին մօտը, շատ մօտը, իմ սրունքներուս վրայ ըլլամ. գեղին մեծատունն է եղեր, թող ըլլայ. հարուստ մարդ է կ՚ըսեն, հո՞գս է, ես ալ խօշ պզտիկ մրջիւն մը չեմ ըսուիր. ինք կ՚ուզէ՝ թող հետս ալ չի խօսի, զիս հաւձագ մը ճանչնայ թող. միայն թէ՝ ես յաջողէի ան գօտիին սատանան քիչ մը սանկ մօտէն տեսնալ: Գիւտս ըրեր եմ, բայց կը կասկածիմ. պահ մը ես ինծի սրտապնդող մը կ՚ըլլամ, ինչո՞ւ չէ, ես ալ իրաւունք ունիմ, կ՚ըսեմ, քանի որ գեղին մեծ ջուրէն մեր արտն ու այգին ջրելու համար քիչ մը բաժին ալ մենք ունինք ըսեր է մայրս, կ՚երթամ անոր բան մըն ալ ես կը հարցնեմ: Ան օրը լուսուկան երազէի, ծոցս կ՚ըլլար: Մղտեսին, ինչպէս կը հանդիպի, մեր դուռներուն քովերը երկար նստեր է, աչքը շեշտ իր գուլպային ասեղներուն վրայ, ուրիշ կողմ չի նայիր, մինակ ինքն ու ինքն է. գուլպայ ալ կը հիւսէ, հապա՞. գեղին մէջ մէկ հատիկ հիւսողը, որուն հաւասարող չի կայ կ՚ըսէին: Լուսաբացին կանուխ գուլպային «փինչեն» սկսուածք մը, իրիկուն չեղած՝ արդէն զոյգ մը մէկտեղ բանած լմնցուցած կ՚ըլլար:

Մղտեսին զիս տեսնելուն, անունս կուտայ, ինձմէ գաւաթ մը պաղ ջուր կ՚ուզէ. թո՜ւ, թո՛ղ, եթէ պէտք ունի, աչքերս ալ ուզէ, յաջողեր եմ, աս գաղափարովն է որ արեւը կուգայ կը լեցուի աչքերս: Գաւաթ մը ջո՞ւր էր ուզածը, ես ան ուզածէն շատ էվէլ՝ լեցուն վարդագոյն կուժ մը կը հրամցնեմ: Հաճի աղան խոշորկեկ աֆէրիմ մը կ՚երկնցնէ ինծի, որը ես վայրկենապէս կարմիր խնձորի մը պէս կը տեղաւորեմ գրպանս թէեւ, բայց ուրիշ փոխարէն մը, ժամացո՛յցը…

Սիրտ կ՚ընեմ, ու հարցումիս բանաձեւը ահա. «Սաթը ի՞նչ է, հաճի՛ աղա»: Մարդը երեսս կը նայի զարմանքով մը, որուն մէկ ծայրը մեծ հօր մը գորովին նմոյշը կայ: «Սաթն ի՛նչ ընէիր, տղաս»: «Մեր ջուրին կարգն է, վրայ կը բերեմ, չենք գիտեր որչափ պիտի վազէ»: «Ձերը չպիտի վազէ, ձերը չպիտի ըլլի, կ՚ըսէ. դեռ ձերը վաղն ալ չէ»: Շիտակ խօսքին ի՛նչ ըսել, իրաւ է. կամ ե՞րբ մենք օր մը մեր ժամանակը կշռելու համար ժամացոյցի պէս բանի պէտքը միտքէ անցուցեր էինք:

Լեզուս կոկորդս կը փախի. հաճիին աւելի զայրոյթ մը չի պատճառելու համար, կրունկիս դիրքը կը փոխփխեմ, հեռանամ ու չի տեսնամ երեսը, մինչ ես իմ խելքովս անանկ կը գուշակէի թէ՝ մէկ սուտով անոր պեխը ափիս մէջ պիտի ունենամ, երկուքով՝ գօտին ալ, ժամացոյցն ալ մէկտեղ պիտի խլեմ:

Անգամ մըն ալ կը նայի երեսիս: «Դուն, կ՚երեւայ թէ՝ տղա՛յ, հէնց սահաթս տեսնալու փափաքդ էր, որ յայտնեցիր, հա՞, չըսե՞ս շիտակը»: Հաճին իր աս վերաբերումին անուշութիւնովը քիչ կը մնայ որ մեռած հայրս մոռցնել տայ. իր լեզուն ճիշդ հոգիս հնհնցնող մարմաջին վրայ կը պահէ, ու չուշանար յօժարելու, թէեւ քիչ մը պայման կը խառնէ իր շնորհքին մէջ: «Սահաթս, ահա, տես. ամմա դուն ալ ձեր էգիին գինիէն լեցուն փարչ մը գինի պիտի բերես»: Կ՚ընեմ խոստումս. համաձայներ ենք. սահաթը ահա, ան իսկ ժամացոյցը, որ պահ մը առաջ արեւին չափ հեռուն կը մտածէի ինձմէ: Ի՛նչ աղուոր, ի՛նչ հիանալի բան, թոյլ կուտայ տէրը, որ քիչ մըն ալ մատս մօտեցնեմ անոր. սիրուն տուփ մըն է, կափարիչ մը ունի, բանալի ունի, որ ուզուած ատենը ան կափարիչը վրան կղպելու ծառայութիւնը կ՚ընէ, կը խորհիմ. մատիս ծայրովը ան կլորուկ, ճերմակ ապակին կը շփեմ. վրան սեւ-մեւ կէտանիշեր կ՚երեւան, անոնց մէջտեղը կարճ երկայն, զոյգ մը մազի նրբութիւնով բարակ ասեղներ կը տեսնուին, որոնք մկրատի բացուածքով մը թրքերէն ութ մը կը ձեւացնեն. մէջէն ալ ի՛նչ ձայն ըլլար ան, ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ. մինչեւ մազերուս ծայրը կարմիր հետաքրքրութիւնով լեցուած կ՚զգամ… մէջէ՞ն է ատ ձայնը, բայց ուսկէ՛, ի՛նչպէս, հոն պզտիկ միջա՞տ մը տեղաւորուած ըլլայ: Մղտեսին զիս իր շնորհքին մէջ խեղդելու համար, թող կուտայ որ զայն անգամ մըն ալ ականջիս տանիմ. այդ կերպով ալ ահա նոյն ձայնը նորէն, ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ: Աչքերուս քով նոյն ատեն ուրիշ հարիւր աչքեր մը ունենալու ըղձանք մը կը ծնի մէջս, որ շատ տեսնամ. վրայինը տեսայ, մէջն ալ, միջինն ալ յաջողիմ տեսնալ: Մղտեսին չըմբռներ չափը մանուկի եռեփ անրջանքիս. նա մէկէն չը՛խկ՝ խուփը վրայ կը բերէ, ու հապճեպով մը գօտիին մէջ զետեղելու կը նայի. գօտին ալ այնչափ մը ծալծլուն ու խոշոր, որ կրնայ զիս պարտկել ու դեռ աղբօրս համար ալ լայնկեկ խոռոչ մը ունենալ:

Այդ եզական հանդիպումը մոռցնել կուտայ ինծի ամէնէն սիրած բաներս. աշխարհիս վրայ միակ երջանիկ մարդը Աղոյենց Մղտեսին ըլլալ կը հաւտամ. ան որ ամէն օր այն աղւորիկ խաղալիկին հետ քուն կ՚ըլլայ կ՚արթննայ, իր վիզին, իր կուրծքին վրայ կը պահէ, ուզած ատենը ձեռքին մէջ կ՚առնէ, կը շփէ ու դեռ կրնայ անոր մէջինները խառնել հասկնալու քմահաճոյքներ ալ ունենալ:

Երջանիկ մարդը միակ, ու կ՚աւելցնեմ ես ինծի, ըսել է, շատը անոր համար է, որ ամէն հանդիպող յարգանքի բաժին մը կը հանէ այն մարդուն. տէրտէրները անոր տունը կ՚այցելեն շատ, քաղքէն, վանքէն փրթող վարդապետներն ալ հաճախ անոր հիւրերը կ՚ըլլան, գեղացին իր բոլոր գործերը անոր տրամադրութեան յանձներ է, ժամացոյց մը ի՛նչ հմայեակ պիտի ըլլար, կամ ի՛նչ «թըլըսըմ» որ անոր կրողը այնչափ մը մեծատունի դիրքին տիրանար:

Ես ալ արդեօք աշխարհքն ի՜նչ ձեւ առնէ կ՚ըսեմ, արեւն ուսկէ՛ ելլայ, ո՛ր կողմ երթայ, որ ես աղուէսի ձագս ալ նանկ բան մը ունենամ օր մը վիզէս անցուցած: Ի՛նչ գինով կը ծախուի ան, չպիտի՞ ունենամ անկէ հատ մը, երբ մեր էգին ամբողջութիւնով անոր գին բերեմ, խաղողն ի՞նչ ընեմ, խնձորն ի՞նչ ընեմ, ժամացոյց մը, ա՜խ…

Ան օրերը քիչ մը աւելի կանուխ շուտ շուտ եկեղեցի կ՚երթամ, քովս աղօթող գեղացին եզի, գոմէշի խնդրանքը կ՚ընէ կապոյտներու Աստծուն, ես ալ կուրծքս ծեծելով՝ ժամացոյց մը

Բայց մինչեւ ե՞րբ սպասել այսպէս: Ձեռքս գործի կը նետեմ, որ ես շինեմ հատ մը. ախըրը որ քիչ մը այն համոզումը ծայր տուեր է մէջս թէ՝ անոր շինողն ալ ինծի պէս աչք, ականջ ունեցող մարդ մը եղած պիտի ըլլայ: Որոշումս տուեր եմ ու անմիջապէս ահա գեղին փողոցները է՛ն անկոխ, անծանօթ անկիւնները արագ, հապճեպ քայլելով պտոյտի կ՚ելլամ, շինելիք ժամացոյցիս համար թիթեղի մը բնտռտուքն է ըրածս:

Հոս ու հոն փողոցի մը ծայրը կը հասնիմ, ուր, աղբակոյտի մը վրայ, ճմլուած ժանգոտ գաւաթ մը կը հանդիպի աչքիս. հը՜, ուզածս ահա, որ թիթեղ ալ է. վեր կ՚առնեմ ու ընդոստ մեր տունին կողմերը կը գտնամ, ու կ՚սկսիմ թի՛ք, թա՛ք, թի՛ք, թա՛ք, ըղունկիս կը զարնեմ, մատներս կ՚արիւնին, քարը կտոր կտոր կ՚ըլլայ. հոգ չեմ ըներ, հերիք որ թիթեղը իր գաւաթի ձեւը կորուսած՝ պահ մը վերջը Աղոյենց Մղտեսիին ունեցածին նմանելու կերպեր մը կը ցուցնէ: Բանը որ թիթեղի ու քարի կտորտուքներով կը գլխի եղեր, ան ի՛նչ միամտութիւն պիտի ըլլար քիչ առաջուան հեւուքներս: Վայրկեան մը կը յուսահատիմ, որ նոր փոխած քարիս տակ, գէշ ծամածռութեան մէջ երեւցած գաւաթը, գէշ մանաւանդ, որ տակը ծակեր ալ սկսան երեւալ, կտորներ, կոտրտուքներու իրարու անյարմար տձեւութիւններ, քարը ձեռքս՝ կը ծեծեմ, կը ծռեմ, կը ձեւեմ, եզերք կը շինեմ, մէջէ մէջ կ՚անցնեմ, աս կափարիչ կ՚ըլլայ, ան տակինին կը յարմարի: Անյաջող ձեռնարկ մը, ինչո՞ւ: Այս տեսածս ալ այնպէս չէ՞ր մի: Շատը լմնցած է ու մնացածն ալ դժուարութիւն մը պիտի չըլլայ, մէջէն լսուելիք ձայնին, ձգձգներուն համար քանի մը ճանճ կը բռնեմ ողջ ողջ, ու շուտով մը զանոնք կափարիչին տակ խմբելով՝ գօտիս կը խրեմ, ապահով ըլլալով թէ՝ անոնցմով ժամացոյցս պիտի շինուի:

Դէ՜հ, դէ՛ն գացէք պահ մը. առաջինը չեմ ես, գօտիս ժամացոյց ունիմ, Աղօյենց Մղտեսիին պէս հարուստ մըն ալ ես եմ, թող պէտք ունեցողն հարցնէ որ ըսեմ թէ քանի՞ է ժամը, կամ քանի՞ բայկոթ մէկ ժամ կ՚ընէ:

Գօտիիս տակը՝ շապիկիս ու մորթիս մէջտեղ ժամացոյց մը պահած ըլլալու խնծիղը զիս լման գինով մը կ՚երեւցնէ, բայց, Տէ՜ր Աստուած…

Քիչ մը կ՚անցնի չանցնիր, ժամացոյցս դուրս կը բերեմ ու մէջը ի՞նչ. ճանճերը փախեր են, հատ մը միայն մնացեր է, ան ալ կծկուեր, հոգի կուտայ:

Առաջին փորձի մը յատուկ թերի մըն էր տեսնուածը, ես երկրորդի մը կը խորհիմ: Այս անգամ ճանճերուն տեղը ափ մը մրջիւն կը դնեմ, ի՞նչպէս անդրադառնայի մտածել, որ մրջիւնը համր միջատ մըն է, որ չպիտի կրնայ ժամացոյցիս ձայնին պակասը դարմանել:

Հազիւ տուփը իր միջուկներով գօտիս կը տեղաւորեմ, մերկ մորթիս վրայ ասղնտող բաներու մը ներկայութիւնը կ՚զգամ, որ զիս վեր վեր կը թռցնէ նաւիէն [3] հալածուող հորթի մը ցատկռտուքներով:

Անմիջապէս ժամացոյցս կը հանեմ. հիմա ալ անկէ այն մրջիւններն են փախ տուողները, որոնք դուրս սողոսկելով, մորթիս վրայ իրենց բոյնը կը փնտռեն: Նորէն չի յաջողեցայ, կը մտածեմ, պահ մը զայրոյթը կ՚ուռեցնէ հոգիս: Ի՛նչ ընեմ, ի՛նչ չընեմ, դեռ երրորդ փորձ մըն ալ աւելորդ չէր սեպուեր:

Դրացի տունի մը տանիքին մէկ քովը, ուր կրնայ ձեռքս ալ հասնիլ, բոռ մեղուներու կամ տեղացի անունով՝ ձիի պիծակներու բոյն մը տեսեր եմ, մատնոցի բերանով ծակ մը, կէսօրի տաքերուն անոր առջեւէն մարդ չի կրնար անցնիլ: Ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց բազմութեան չափն ու կատաղութեան աստիճանը, ես անոնց մէկ քանին որսալու յանդուգն մտածութիւնը կ՚ունենամ, ու այն ճիշդ կէսօրի տաքերուն, որ ատեն հասարակ մժեղն ալ օձի սուր կիժ մը կը լարէ բերնին մէջ: Ժամացոյցի մը իտէալը ինծի դեռ ինչե՛ր ընել մղելու ուժովը զսպանակը պիտի մնայ:

Գտակս ձեռքս առած, հեռուն հորիզոնաձեւ բռնուածք մը կ՚ընեմ ես ու կատուի թաթերով կամացուկ մը այն թռչող կարիճներուն բոյնին կ՚երթամ ուղղակի. ես զիս այն աստիճան զգոյշ քալուածքի ու հաւասարակշռութեան մէջ կը պահեմ, որ երկու անգամ իրարու վրայ շունչ չեմ կրնար առնել: Բոյնին քովն եմ ճիշդ. սիրտս կուրծքէս կը թռի ու թեւերուս թուլնալն ալ շատ աղէկ նշան չեմ հաւտար այն տեսակ նեղ վայրկեանի մը մէջ:

Գտակս իր բերնին կողմովը ծակին վրայ կը խփեմ յանկարծ, կը գոցեմ բոյնը, գտակը ծանրութեան մէջ ինքնին ինկած է ձեռքէս, անով ոչինչ կը շահիմ. քիթիս բերնիս վրայ կայծէ տարափի մը կսկծցնող զգայութիւնը կ՚ունենամ, կիճերնին ասեղի պէս կը խրեն, ու կպած տեղերնին սոված տզրուկի բերանով կը կառչին: Կուլամ վերջապէս, կուլամ, մատը քթին տակ ճզմող տղային պէս կը ճչեմ. փախիմ՝ ետեւէս պիտի գան, կենամ, աղաչեմ, խօսք չպիտի հասկնան, ամայի տանիք մը, անկէ ո՛վ կը լսէր: Շատ չուշանար, դրացնին կինը աւել մը ձեռքը քովս կը խոյանայ, սիրտ կուտայ ինծի, որ չը վախնամ ու ինք միեւնոյն ատեն աւելի հարուածներով պիծակներուն կ՚սպառնայ, օդը կ՚աւլէ, գետնին կը զարնէ, մէկ քանին թաւալագլոր կ՚զգետնէ ալ թէեւ, բայց խեղճ կինը ինքն ալ նշաւակ մը կ՚ըլլայ անոնց կիճերուն. անոր հետ վերջապէս իրար զիրար քաջալերելով փախելու կրունկ մը կը վերցնենք:

Ան մէկ կողմ, ես ուրիշ կողմ մը, մինչեւ տունը, մինչեւ մեր դուռին շեմքը դեռ երեք-չորս կողմէ հալածանք որ կը շարունակուի ետեւէս, անոնք ալ ծոծրակիս վարերն ու կռնակս կը խարանեն, ու բանս լմնցած կ՚ըլլայ արդէն:

Շաբաթ մը երկուք, գլուխս գետնէն չեմ կրնար զատել. երեսս նայողը ջրգողուածի մը ուռուցքը կը տեսնայ, աչքերս չեն երեւար, կրնայ ըլլալ, որ ականջիս ետեւը փոխադրուած են անոնք, ու քիթս ալ չեմ գիտեր ո՛ւր կորսուած ըլլայ, գլուխս իր ամբողջութեան մէջ դոմ դոր ահագին ձմերուկ մը:

Երկու-երեք շաբաթ դուրսի արեւէն զրկուած ըլլալու դժբախտութեանս մէջ խլուրդներու խումբ մը կը բնտռեմ. կոյրը ինչո՛վ մխիթարուէր:

Այդ փորձութիւնը, սակայն, ինծի այլապէս ներշնչեց ու մնաց մէջս իր ամբողջութիւնովը թէ՝ ինծի, անոր պէս հասարակ կաւէ զանգուածի մը համար, իրաւ է, որ հեշտ չէ անմիջապէս լեռ մը ելլալով լուսինը խլել, բայց մրջիւնին ու պիծակին վախովն ալ իտէալին հրապոյրը ուրանալ ու անճրկիլ թուլօրէն ոսկեգեղմին հասնելու վազքի մը մէջ, ատ էր, որ չպիտի ուզէի յանձնարարել անանկներուն մասնաւորապէս, որոնք իրենց դպրոցի գրասեղաններուն վրայ միտքի, մտաւոր տուայտանքի հետեւանքով անձնատու կը մնան ան յուսահատ մտածութեան, իբր թէ՝ անապատի ճամբորդին լոյծ աւազը կը կոխեն իրենց ոտքերուն տակ, իրենց առաջացումը արգիլող, ու գլխընուն վրայ ալ արեւին կրակը կը շամփրէր:

Դպրոցին մէջ, թէ տուներու որեւէ մէկ խոնարհ անկիւնը, անտեսուած անանուն փոքրութիւններ կան, որոնց մէջ գուցէ բոլորովին անէացած ըլլայ անձնավստահութիւն ըսուած բանը՝ հոգիին ձիգ ջիղը, որեւէ պարագայի ծնցուցած պատճառով. բայց, է՜հ, ժամանակը որքան ալ աններող ու սուղ ըլլայ, դեռ պիտի բաւէր, այն որ ժամացոյց մը շինելու պէս առաջին փորձէ մը ետքը՝ երկրորդին վրայ ալ խորհուէր:

Ամէն անգամ որ գրպանիս ժամացոյցին ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ, ձը՛գ խազերը կը կպչին ականջիս, երսուն, երսունըհինգ տարիներու հեռաւորութենէ մը տանիքին պիծակները կը լսեմ, որ կ՚ըսեն ինծի. «Աւելի բախտաւոր չպիտի՞ ըլլայիր որ ժամացոյցին փափաքդ ճիշդ իր ատենին աւելի մարդուս կեանքին օգտակար բանի մը հետ փոխանակած ըլլայիր՝ բարձրութիւններու հետամուտ արծիւին թեւերը սեւեռակէտ պահելով»:



[1]            Մեծ հօրս անունին կցուած հեգնոտ մակդիր մը։

[2]            Վայրի խոտ մը։

[3]            Կենդանիներուն արիւնը ծծող միջատ մը, որուն «մոզ» ալ կ՚սեն։