Ե
ՏԵՂԱՅԻՆ
ՍՈՎՈՐՈՅԹՆԵՐ
Մաճառոսը
Փեսային
հալաւը
խնամոտ
ծրարուածքով
մը
մէջտեղն
է,
աթոռի
մը
վրայ։
Քահանան
ալ
իր
կարգին
հարսնեւորներուն
գլուխը
բազմած՝
հալաւը
օրհնելու
տենդոտ
արտօրանք
մը
կը
ցուցնէ:
Խունկ
կ՚ուզէ,
կրակ
կ՚ուզէ,
ժամկոչին
հանդիսաւոր,
հպարտ
հրաման
կ՚ընէ,
որ
այնինչ
խաչը
բերէ:
Ժամկոչը
եւ
ուրիշներ
էփէլ-թէփէլ
կը
հասցնեն
ուզուածները:
Խնկամանը
հալաւի
ծրարին
վրայ
մանուշակ
մուխ
մը
տարտղնելով,
վայրկեան
մը
մեռելի
տունի
մը
սուգին
զգայութիւնը
կուտայ,
բայց
չէ:
Հարսնետունին
մէջ
ուրիշ
շատ
մը
բաներ
կան,
որ
մոռցնել
կուտան
մահն
ու
մեռելը,
մոռցնել
կուտան
երէկինը,
երէկի
վիշտը
որ
հոգիդ
կը
ծածկէր.
հիմա
վայրկեան
մը
գոնէ
զուարթ
աշխարհն
է
որ
կը
շնչես,
կրնաս
երդում
ընել
թէ՝
դուն
չպիտի
մեռնիս:
Գերեզմանը
հունա
սատկած
կատուներուն
համար
կ՚արդարացնէ
իր
գոյութիւնը:
Քահանան
«խաչ
ի
ձեռին»
ոտքի
կը
կենայ.
նոյն
ատեն
ոտքի
վրայ
կ՚ելլեն
իրենց
կարմրած
աչքերով
բոլոր
անոնք,
որ
այդ
հարսնիքին
մէջ
տեղ
մը
գրաւելու
համար
խնձոր
մը
ընդունած
են:
(Չըսինք՝
թէ
հարսնիքի
հրաւիրուող
մը
շատ
աւելի
հին
ատեններ,
հարսնետիրոջ
կողմէն
խնձոր
մը
կ՚ընդունէր
ու
ասի
անխուսափելի
էր):
Հալաւը
օրհնուելէ
յետոյ,
քահանան
հիմա
թոյլ
կուտայ
որ
փեսան
հագուեցնողները
առաջ
գալով
պատշաճի
հարկ
մը
վերջացնեն:
Փեսան
հագուեցնելը
պատիւ
մըն
է,
ուստի
ան
կրնայ
միայն
դրամի
փոխարէնով
մը
գնուիլ:
Հարսնիքին
մէջ
կատաղի
պատուախնդրութիւն
մը,
մրցում
մը
կայ,
որ
մարդերու
մէջ
ամէն
ատենէ
աւելի
ցայտուն
հանգամանք
մը
ունի:
Է՜հ,
ուրեմն,
որեւէ
մէկը
շեշտ
առաջարկով
մը
մէճիտի
մը
տալը
կը
լսցնէ:
Քսան
ղրուշ,
ես
պիտի
հագուեցնեմ,
ո՛չ,
կը
ձայնէ
անդիէն
մէկը,
ես
երկուք
կուտամ,
ես
երեք
կ՚առաջարկեմ,
ես
լիրայ
մը,
էֆէնտիմ:
Ատեն
մը
կը
մտմտան.
լիրայ
մը,
ըսել
է
հինգ
մէճիտ,
դեռ
աւելին
ալ,
ութ
ղրուշ
կայ:
Այսպէս
թէ
այնպէս
ատեն
մը
կը
դադրի
եսն
ու
եսեսութիւնը.
աճուրդի
վերջին
գինը
առաջարկողին
վրայ
կը
մնայ:
Այս
վերջինն
է,
որ
Մաճարոս
կը
հռչակուի:
Մաճառոս
մնար
բառին
ծագումը,
փեսային
լաթերը
հագուեցնողն
ըսել
է:
Ու
ահա
այդ
մարդը
նազոտ
ու
հպարտ
շարժում
մը
ընելով
տեղէն՝
ծրարը
կը
բանայ,
շիտակն
ըսելով
իր
հոգին
ալ
հիմա
ծրարէն
աւելի
ծանրացած
կ’զգայ.
վայրկեան
մը
կ՚սպասէ
տեսնել,
թէ
քակած
քակռտած
հաշիւին
մէջէն
բան
մը
պակաս
ելլայ,
կտոր
մը
մոռցուած
ըլլայ,
որպէս
զի
քիչ
մը
առաջուան
պազարը
խանգարուի:
Ամէն
բան
լման
է,
սակայն
աւելին
ալ
կարելի
է,
որ
աս
մաճառոսին
իրեն
իսկ
մտքէն
չէր
անցներ:
Նախ
շապիկը
վեր
կ՚առնէ
զոր
երեք
անգամ
շլլիքին
շուրջը
կլոր
մը
դարձնելով
վրան
կուտայ,
կամ
ինք
կը
բռնէ
որ
փեսան
հեշտ
մը
հագնի:
Լաթերը
մէկ-մէկ
այս
կարգով
հագուեցնելու
պահուն,
Մաճառոսը
որովհետեւ
ինքն
ալ
հիմա
պարտք
մը
հագաւ
վրան,
կը
խորհի
թէ
ինչ
հիլլէի
բերէ,
որ
վաղը
այն
ոսկին
իրմէն
ուզուելու
պահուն՝
ուրանալ
կամ
մերժելու
դիւրութիւն
մը
ապահովէ:
Մաճարոսչէքը՝
այն
ոսկին՝
եթէ
փեսաւորները
հաւանին
մէջերնին
որ
դպրոցի
կամ
եկեղեցիի
նուէր
մը
հանեն,
լաւ,
եթէ
ոչ
սովորութիւն
է
որ
հարսնիքը
աւարտելէ
յետոյ,
մտերմական
խնջոյքի
մը
ծախքին
յատկացնեն
զայն:
«Ազգ»,
1920