Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂՆ ՈՒ ՁՄԵՌԸ

Նոյն դասական ձմեռը, նոյն դժնդակ ցուրտերը, տարի մըն ալ ետ չեն մնար, գրեթէ միշտ նոյն ամիսին կ՚երեւնան, նոյն հովերով կը վազեն, նոյն պաղ ճերմակ երկինքէն կը կախուին, ու միշտ միեւնոյն տեղերը, շատ աւելի նոյն անարեւ ծմակներն ու ծածքերը կայան կ՚ընտրեն:

Ձմեռը, ցուրտերը, պահ մը կարելի էր մտածել թէ՝ հիմա ի՛նչ ցաւագին շուարքներ ստեղծեր են այն հատած թափած տուներուն ներսերը, ուր քիչերն են որ ամառէն ձմեռ լաթի կտոր մը կ՚աւելցնեն վրանին, քիչերն են որ շապիկին վրայ բաճկոնի պէս բան մը կը կոճկեն, քիչերը, միշտ քիչերը որ թոնիրին մուխ ծուխ անթեղովը տաք բունիկ մը ունին: Շատերը հաւն ու ձագն ալ հետերնին, մէկ առիքի տակ կ՚ապրին. կան ուրիշներ որ միեւնոյն տեղին վրայ իրենց կովին ու հորթին համար ալ մսուրներ յարմարցուցեր են: Այդ տեղը՝ կրակտուն կամ ձմռտուն ըսուած բաժինը, դժոխային խոռոչ մը ըսուելու համար, հազար անյարմարութիւն ու նոյնչափ տգեղութիւններ ունի:

Թոնիրէն խոյացող մուխը ամէն առաւօտ, ձեղունին ու պատերուն երեսին վրայ կ՚առնէ կ՚ամրանայ, հոնտեղուանքը խայծղանի կպչուն սեւ մը ձգելով, ու դեռ անկէ բաւական մըն ալ տան մարդը կը շնչէ աւելին ծայրովը ամպացած կոյր, գորշ փոշիին հետ: Այստեղ գէշ հոտ մը, ուրկէ դուրսի շունն ալ սիրտխառնուք մը պիտի զգար, կժնոցին ջրամաններուն տակ մօրացող բորբոսներէն կը տարտղուի, հոտի տեսակ մը թոնիրի խորքը շոգիացող պուտուկներէն վեր կուտայ, ու բան մըն ալ իրենց կարգին թոնիրին եզերքը տաքնալու նստող լկած [1] քրքրած պառաւն ու պզտիկները կը շինեն:

Այս խեղճերուն ալ բնական էր որ թոնիրը առջեւնին բաց տեսնելու պատեհութիւնով, թողէին որ անոր կրակին վրայ քիչ մըն ալ իրենց միսէն այրէր, քանի որ, ո՛վ գիտէ, ե՞րբ անգամ մըն ալ անոր մօտը երթալու կարգ մը պիտի տրուի իրենց: Թոնիրին քովերը ուզուած ատեն տեղ առնելու համարձակողը էրիկմարդը կ՚ըլլայ միայն: Տանը կատուն ու քէհիան հաւասար իրաւունք ու մենաշնորհ կը վայելեն հոս կամ տունին որեւէ մէկ դռնփակ մասին մէջ համարձակ աղի կծկելու: Կնիկները, ասոնց մէջէն ալ անանկները մանաւանդ որ նոր հարս կամ մանկամարդ ըլլալու դժբախտութեան մը հետեւանքով խօսելու խնդրելու լեզուն ալ չունին շատ, իրենց աշխատութեան մէջ ցուրտէն եթէ քիթերնին առջեւնին ալ ինկած տեսնեն, քանի որ հոն թոնիրին շուրջը տղամարդը նստեր բլրացեր է իրենց համար այլեւս դժուար պիտի ըլլար այն կողմը ձեռք ոտք երկնցնել: Այս վիճակին համակերպիլ չգիտցողները պահ մը կը պատահի որ դուռնէն տանիքէն դրացնին տունը սողոսկելով՝ անոր թոնիրին վրայ քրքրցնեն ինքզինքնին, եթէ հոն ալ նոյնը չըլլար արգելքը:

Այս փակագիծէն ետքը, կրակտունը ամբողջութեան մէջ ներկայացնելու համար ըսէինք թէ՝ անոր ձեղունին մէջ բաց ձգուած երդիքները իբր լուսամուտներ, մէկ կողմէն եթէ քիչ մը լոյս կը բերեն վերէն, անոնք սակայն այն միեւնոյն կողմէն դուրսի ամբողջ ձմեռը ներս փոխադրուելու համար դիւրին անցք մը կուտան: Շատ անգամ հետաքրքրական էր որ դուրսը տեղացող ձիւնին առատութեան մասին գաղափար մը ունենալու համար, տունեցին առանց դուրս ելլելու, աչքը վայրկենապէս ան երթիքներուն տակ իջած կնքուղաւորուած ձիւնին վրայ կը պահէ, ինչ որ կը թողուի անհոգութեամբ մը, որ հալի ու ծծուի գետինէն, անոր վրայ նոր թաց մըն ալ աւելցնելով:

Ձիւնն ու անձրեւը դեռ կրնային իրենց ներկայութիւնը հասկցնել կաթիլքներու միջոցով, որոնք հոս հոն առիքէն վար իյնալու ատեն, մրախառն տարափի մը պէս կը թափին, մելանի ցայտքեր, ապականութիւններ, որոնք կրնայ ըլլալ որ օրանին մէջ քնանալու յամառող պզտիկին երեսին հանդիպին, հոն աչք մը կուրցնեն:

Պատճառներու աս շարքով ահա կրակտունին յատակը յուլիսին մէջ ալ չոր չերեւնար, եւ ուր ձմեռը առաւելապէս այնքան մը թաց կը տեսնուի, որ կատուին թեթեւ թաթն ալ հետք կը ձգէ:

Տունեցին այդ գետնին վրայ քալելու ատեն ոտքը գուլպայ չի կրեր: Գուլպան ուրիշ ո՛րեւէ ատեն աւելորդ հագուստ մը չէ, եթէ շատերուն համար սիւս մըն է միայն պզտիկներուն ոտքերը քիչ մը աւելի փափուկ, բադի ոտքերուն չափ ստեպղինի կարմիր մը կ՚երեւցնեն. պզտիկները ըսէինք թէ՝ իրաւ որ, այդ ոտքերով, այդ ջրջրանքներուն վրայ, ստիպուած արդէն, ամբողջ օրը բադի [2] մը պէս կը լողան:

Գիշերը, հինգ տասը հոգիով ընտանիք մը, էրիկը կնկան հետ ու պզտիկները անոնց անմիջապէս կուշտին, այն մերկ, տամուկ գետնին վրայ կը լուսցնեն, իրիկունը ձէթի կամ քարիւղի գէշ հոտող ճրագներով աշխատութիւն մը գլխելէ յետոյ: Անկողինները, քուրջի կտորուանքներով լեցուած մթելներ [3] անոնց ձիգ, աղտոտ երեսներուն վրայ երակ ալ թափուէր, չէին այրեր: Աս քուրջերուն տակ կը լուսցնեն ձմեռ երկար գիշերները, որ ատեն որչափ անգամ մը բակին շունը ձայն հանէ կամ ոռնայ, քնացողները իրենք ալ ներսէն խուլ, խեղդուկ հազեր մը կը խրկեն մինչեւ դուրսի դուռը, որուն առաջքը մտիկ ընողը պահ մը պատրանքը պիտի ունենայ ըսելու թէ՝ ներսը խորունկ ջրհորի մը մէջ խոշոր խոշոր քարեր նետելու դիւային խաղ մը կը կատարուի:

Մինչեւ լոյս առաւօտ այս հեղձուցիչ հազերը, աս հիւանդի հեւքն ու հռնդիւնները, է՛ն իրենց հանգիստ կարծուած ատենն ու անկողիններուն գոգը, կեանքը իսկապէս գերեզմանին մէջ զգալու համար բան մըն ալ պակաս չեն ձգեր:

Անկողինները՝ տակէն գետնին թացովը, վրայէն ալ ճերմակ եղեամի մը ջուրովը ծանրացած՝ առտուն կը ծալլուին, մէկ կողմ կը շարուին որ իրիկունը անգամ մըն ալ նոյն վիճակին մէջ իրենց տեղերն ու տէրերը գտնեն:

Որպէսզի ա՛լ վերջ մը տայի աս մանրամասնութիւններուն, դուք կարծեմ պիտի կանխէիք ըսել, չե՞ն հիւընդնար:

Դուք երբեք տեսե՞ր էք, կամ բնաւ բաղդատեր է՞ք ամռան ու ձմռան գեղացին դէմ դէմի: Ամառը, արեւին հրաշագործ ճառագայթներուն տակ, ան իր դէմքին երկաթի գույնովը խոստումը կ՚ընէր որ դեռ եօթը սերունդներու հայր պիտի ըլլայ. ձմեռը սակայն, դուք անգամ մըն ալ նայէիք անոր, եւ տեսնէիք թէ՝ պիտի կրնա՞ք ճանչնալ:

«Սուրհանդակ», 4 Յունիս 1908



[1]            Սառոյցը երբ տաքի ազդեցութեան տակ հալիլ կը սկսի, «լկիլ» կ՚ըսեն։

[2]            Դրացի մը կ՚ըսէ իր քովինին. «Տուներնիս անչափ թաց է որ էօրտէկ կը լողայ»։

[3]            Քուրջի զանգուած։