ԱՐԵՒՍ
ՏԱՐ,
ՄԱՀՍ
ԽՐԿԷ
*
Մեր
Տեղապահին
հետ
սարդի
կարճ
ճամբորդութիւն
մը
մէկ-երկու
շաբաթ
առաջ,
Խոյլու
կ՚երթանք,
մեր
գեղը:
Մէզիրէէն
երկու
ժամ
հարաւ
մօտիկ
շէն
մըն
է
2-3
հարիւր
տնւորով,
բայց
որը
ինծի
համար
տարիներէ
ի
վեր
Բեւեռի
մը
հեռաւորութիւնը
ունի
եւ
ունեցաւ
մանաւանդ
այն
տրտում
իրիկուններէն
ի
վեր,
երբ
հոն
մօրս
թոնիրին
վերջին
կայծերն
ալ
մարեցան.
անկէ
առաջ
անյայտացածները
մեր
տունին
միւս
հանգածներուն
գերեզմանատեղերը
եղած
էին,
մնացածը
խաղողի
այգի
մը
ու
քանի
մըն
ալ
անջրդի
արտեր
ածուիկներ
միայն,
ասոնք
ալ
ես
լքած
եմ
որ
խլուրդն
ու
կրիաները
մշակեն,
չըսելու
համար
թէ՝
ան
էգին
ու
արտերն
ալ
ինծմէ
մեռցուեր
են,
բայց
որոնք
իրենց
այս
վիճակովը
ինծի
հաւտալու
ուրախութիւն
մը
ապահովեր
են
թէ՝
ալ
ես
ինքս
կապիտալիստ
պուրժուայի
մը
մեղքերէն
ազատ
կը
մնամ
կարծեմ:
Բոլոր
գեղաբնակներու
հետ
ճանբուն
ճանբորդն
ալ
գիտէ,
թէ
ի՛նչ
համ
ու
գոյն
ունին
մեր
էգիին
թութն
ու
խաղողը,
որոնցմէ
ան
ցանկապատին
գող
ճնճղուկն
ու
սարեկներն
ալ
ազատ
յարձակումով
կամ
հաւասարապաշտ
տակտիքի
մը
համաձայն,
իրենց
բաժինները
կը
փախցնեն:
Իրաւ
որ
ասոնց
հերոսութիւնն
ալ
դուրեկան,
«Մեռնողին
կինը,
մոռցուողին
ալ
մալը»…
Ան
օրը,
Հայր
Ասլանեանի
ստիպումներուն
չեմ
ուզեր
առարկել,
շաբաթ
օր,
վաղը
կիրակէ,
հոն
պատրաստ
կառքը,
կը
գնանք
արդէն,
երկու
ժամէն
պիտի
հասնինք,
միայն
քիչ
մըն
ալ
իրիկնապահի
դաժան
ամպերուն
սպառնալիքը
կայ,
միայն
թէ՝
ինծի
համար
ուրիշ
մտածութիւն
մըն
ալ
—
ի՛նչ
սպունգ
գործածել,
որ
համակրելի
ուղեկցիս՝
սգաւոր
վարդապետ
մը
իր
բոլոր
կեանքին
մէջ
—
շրթունքին
ծորածներէն
բան
մը
չի
տամ
պարապը
ու
ամբողջ
խմել
կարելիացնեմ:
Գարունին
կուրծքէն
կ՚անցնի
մեր
կառքը,
աղւոր
է,
բայց
իմ
հոգիս
անկէ
չի
տարուիր
շատ:
Վարդապետը
այնպէս
մըն
է,
որ
իր
հետ
այսչափ
սեղմօրէն
ճանբու
ընկեր
եղող
մը
գարունին
կարմիրին
ու
ան
կանանչներուն
ալ
կողմը
չպիտի
ուզէր
նայիլ:
Այն
կարմիրը
մանաւանդ,
կարմիրին
լերդ
եղերերգն
ու
շառայլ
արձակները
այնքան
շատ
տեսանք,
այնքան
շատ
լսեցինք,
որ
քիչ
մը
մեր
մէջն
ալ
կարծես
այն
գոյնին
վառքէն
խրտչող
ցուլերուն
խենթ
ջղայնութիւնը
պտկած
եղաւ:
Կարմիրին
պատմութենէն
Բինկեանցի
վարդապետն
ալ
գիտէր
արդեօք,
նա
որ
օր
մը,
աշխարհի
մարդ
տակաւին
—
իր
պաշտելի
հերոսուհին
ու
երկու
զաւակները
անմեղուկ,
Բինկեանը
վառող
կարմիր
բոցերուն
էր
որ
տուաւ
եւ
ուխտեց
սգաւորի
իր
մեծ
ու
մեռուցիչ
ուխտը:
Կառքին
մէջը
ու
մեր
մէջ
բոլորովին,
այո՛,
գարունով
չենք
հետաքրքրուիր,
վարդապետը
խօսքին
մնացածը
հիմա
վերջացնելու
համար
կ՚ըսէ
թէ
ինչո՛ւ
կ՚այցելէ
այս
գիւղը
ու
նոյն
գիծով
ուրիշներն
հետզհետէ,
որ
դաշտամէջի
հայ
գիւղերուն
կարեւորները
կը
ճանչցուին:
Դէպ
ի
այս
առաջին
տեղը
զիս
ալ
իրեն
ընկերացուցած՝
իբր
թէ
պիտի
կրնամ
ես
ալ
իրեն
խորհրդատու
մը
ըլլալ,
չեմ
գիտեր
թէ
ինչպէս,
կը
շտապէ
հոն
ըլլալ,
որ
տեղին
դպրոցը
ազատէ
այն
քանիմըներուն
ձեռքէն,
որոնք
ինչպէս
քիչ
մը
ես
ալ
լսեր
էի,
տարիներէ
ի
վեր,
այլ
յաճախ
վերջին
ատենները,
առիւծի
կռիւներ
կը
մղեն
այս
նկատմամբ
գեղին
թաղական
կրուբին
հետ
ու
պատճառ
կ՚ըլլան,
որ
երկու
պատկից
ու
սրտով
ալ
մերձ
կից
դրացիներ
իրարու
հանդէպ
ծառ
ու
ժայռ
ապրին:
Առիւծնե՜րը.
ուրիշ
անունով
մը՝
մեր
այն
նուշ
ու
շաքար
«տղերքը»
չէ՞ր
հասկցուեր
թէ՝
որո՛նք
կրնան
ըլլալ
որ
նա
անունը
չի
տալիք
արտասահմանէն
դարձած՝
հէնց
դեռ
առջի
օրէն
ալ
իշու
կանկառը
եղաւ
կոխած
գետիններուն
վրայ
բուսուցածնին,
մինչ
երկրացին
կը
սպասէր
որ
իր
կերած
ցորենի
տեսակներէն
անոնք
աւելի
գեղեցիկ
ու
լեցուն
տեսակը
պիտի
գան
ցանել
մշակել:
Կառքը
կը
գորգըռայ,
կը
վէտվէտի
խորտբուրտ
ճանբու
մը
երկայնքին,
ձիերը
երկու
հոգիի
թեթեւ
բեռով
մը
հեգնոտ,
զուարթ
ոստոստումներ
մը
կ՚ընեն
կառապանէն
մեղմօրէն
մտրակուած,
վարդապետը
կը
հասկնամ
թէ՝
շատ
լաւ
ատենն
է
գտեր
կառքին
վտանգաւոր
ծփանքներէն
իմ
առած
ձեւերուս
խնդալու,
ինք
անվրդով
կեցուածքի
մը
մէջ,
ու
կուտամ
իրեն
ականջս,
որ
իր
ճանբորդի
կեանքէն
պատմէ.
եթէ
կրնամ
լսել:
Ըսէ՛,
Հայր
Ասլանեան,
վրայ
կը
բերեմ,
սըւի
ո՞ր
մէկը
քու
անցած
ճանբաներուդ,
Պոլիսէն
Էջմիածի՞ն
թէ՝
Պոլիսէն
Ադանա…
մոխիրը
խառնշտկելու
անհարկիութիւնը
իմս,
ու
պահ
մը
ի՛նչ
պոռթկումներ
անկէ,
որ
քարին,
երկաթին
վրայ
ալ
շէկ
հետք
մը
կը
ձգեն:
Իր
ըսածին
նայելով,
դէպ
ի
Արարատ
ոսկեգեղմին
արշաւանքն
է
եղեր
ըրածնին,
ընտրուած
խումբի
մը
հետ,
իսկ
Վոսփորէն
Ատանա,
ինքնակամ
անձնասպանութեան
մը
խենթ
խոյանքը
ճշդիւ:
Խենթ
վազք
մը
կ՚ըսեմ,
այո՛,
դուն
ան
ատենները
ուղղակի
բոցերուն
էր
որ
գացիր
քու
վերջին
զոհդ
տալ,
չի
վախցա՞ր
երբեք:
—
Վախնալ
ի՞նչ
բանէ,
իմ
բարեկամ,
կը
պատասխանէ,
ես
գացի
հոն
որ
փոթորկոտ
դատանքներու
յաճախանքէն
լլկուած
հոգիի
մը
պահանջը
լռեցնեմ,
ինծի
համար
այնքան
սուրբ
պահանջ
մըն
է
այն,
բայց
կը
ցաւիմ,
որ
նորէն
ողջ
մնացի,
եւ
այս
անոր
համար
կ՚երեւի,
որ
կրակներուն
վարժուած
թոնիրին
ծղրիդը
եղած
ըլլամ
ես
ալ:
Ակնայ
ու
Բինկեանի
կրակներէն
ողջ
դուրս
եկող
մը
ա՛լ
բանէ
մը
չի
սոսկար,
չի
սասանիր,
արիններով
տապղուած
կաշիի
մը
հետ
բոցերով
թրծուած
ոսկորներն
ալ
իմս
եղան:
—
Ըսել
է,
իրա՞ւ
էին
ինչ
որ
կարդացինք
այն
աղէտներուն
վրայ,
թերթերը
չէի՞ն
չափազանցեր:
—
Ես
բառ
չունիմ,
որ
իմ
տեսածներուս
գէթ
մէկ
թերաստուերը
կարող
ըլլամ
որակել,
այն
թերթերուն
բերածներն
ալ
սոսկ
խորագիրներ
էին
ու
ոչինչ
ուրիշ,
միայն
սա
գիտնայիր
թէ՝
95ի
դէպքերուն
էն
աղեխարշը
ու
դժոխայինն
անգամ
նայելով
մանաւանդ
Գօզլուքի
մէջ
պարզուածներուն,
անոնք
բոլոր
դպրոցականներու
գնդակախաղին
պատճառած
քերթուքներն
ալ
չէին,
կամ
ուրիշ
խօսքով,
Լէնկթիմուր
եւ
ուրիշներ
բոլոր
իրենց
հրէշայնութիւններուն
ուժովը
հէնց
քիչ
մը
հայուն
քիթը
ճանկած
են
եղեր
նայելով
ան
Ատանան
ու
ատանացի
հայը
մէկ
օրէն
միւսը
հովերուն
առաջքը
նետող
կատաղութիւններուն:
Կրակը,
սուրը,
Սիհունը
բան
մը
չի
ձգեցին
բնաւ,
գացի,
աս
աչքերովս
տեսայ
երկուքն
ալ:
Անին
իր
ծերացած
աւերակներով
աւելի
շէն
քաղաք
մըն
է
միւսէն.
Ատանան
անդրջրհեղեղեան
հէքեաթ
մը
միայն:
—
Հայերուն
կողմէ
ինքնապաշտպանութեան
փորձ
մը
գոնէ,
մենք
լսեցինք
որ…։
—
Փորձ
մը.
յուսահատ
փորձ
մը
միայն,
աւելիին
պէտք
չկայ
հաւտալու,
որ
դժբաղդ
ճակատագրականութիւնով
մը
հայ
տղոց
այդ
կտրիճ
կեցուածքն
ալ
գիտէք
թէ
վերջը
ի՛նչ
արժեց
իրենց
համար:
Կուսակալ
ու
Էշրէֆ
ըսուած
գազանները
ամէն
հաշիւ,
ծրագիր
ժամանակին
արդէն
շատ
աղուոր
գիտցեր
են
փակել:
—
Քիչ
մը
ան
օրերը
ըսողներ
եղան
թէ՝
Հայերն
ալ
հոն
խենթ
բաներ
մը
ըրեր
են
Ազատութեան
ձայներուն
յաւէտ
տղու
արձագանգներով
ու
անտանելի
պոռչտուքներով
պատասխանելով:
—
Բայց
է
ի՛նչ
այդպէս,
եղբա՛յր,
ես
քու
այդ
միտք
պահածիդ
ալ
ցնորածի
խօսքով
մը
պատասխանեմ.
ի՛նչ
կ՚ընէիր
դուն
ալ,
երբ
քու
մեռած
մոռցածներդ
յանկարծ
հողին
կուրծքը
պատռէին
ու
դուրս
պոռթկային,
ի՛նչ
կ՚ընէիր,
երբ
նոյն
օրը
ու
հրաշալիօրէն
նոյն
ցորեկ
օրին,
քու
մէկ
թանկագին
կորուստիդ
գտնելը
զուգադիպէր.
ու
միւս
կողմէն
դեռ
այն
հաւատքն
ալ
նետէին
մէջդ
թէ՝
նա
Մեծ
Հիդրային
երսուն
քանի
տարիներու
հայ
միս
բզքտող
երսուն
քանի
ակռաներն
ալ
քաշած՝
ծեր
շան
մը
լքումին
մէջ
փակեր
են
զայն,
ըսէ,
ի՞նչ
կ՚ընէիր,
ատ
վայրկեաններուն.
միայն
ե՞րգը,
միայն
խենթ
պոռչտուքնե՞րը
կ՚ըլլային
քու
խծղանքիդ
տեսակները,
ու
ասչափն
ալ
ինչո՞ւ
շատ
պիտի
տեսնային
պատկից
մեր
դրացիները,
որոնց
հետ
դեռ
առջի
օրն
էր
որ,
աղբօր
աղբրորդիի
համբոյրներ
ուխտեր
փոխանակեցինք,
սըւոր
մէջ
ի՞նչն
էր
անտանելիութիւնը
Ատանացիին,
չէ՛
մի
որ
ան
օրը
մենք
ամէնքս
ալ
երէկինը
չերեւնալու
ջանք
մը
կ՚ընէինք,
ու
շատն
ալ
անոր
համար,
որ
մեր
թշնամիներուն
անկեղծօրէն
հաւատալ
տանք,
թէ
ներեր
ենք
իրենց,
հայը
իրաւ՛
ազնիւ,
իրաւ՛
ասպետի
ոգիով
եղբայր
մը՝
նոյն
տրամադրութիւնով
իրեն
ձեռք
պարզողներուն…:
—
Մերսին
հասնող
նաւերը
օգնութիւն
մը
չըրի՞ն
երբեք:
—
Երբե՛ք,
երբե՛ք.
ծովին
ձուկերը
աւելի
տաքարին
զգացումներ
մը
ցցուցին
դէպ
ի
խոշտանգուած
Հայը,
քան
նա
շիկամորթ
ջրշունները՝
նաւապետ,
նաւազ,
որ
իրենց
քահքահին
ու
քրքիջներուն
ըմբոշխնումին
մէջ
տեսածնին
լուսագրելու
«քէֆ
մը
կը
հանէին».
միայն
անոնց
անտարբեր
ներկայութիւնը
հոն,
պատճառ
եղաւ,
որ
իսլամ
վանտալը
աւելի
համարձակ
ճօճէ
իր
սուրը:
5-6000
մըն
ալ
անոնց
աչքերուն
տակ
կը
ջարդուին:
—
Ամէնէն
վերջը
հէգ
Պապիկեանն
ալ
վրայ
գնաց,
անոր
եղերական
վախճանն
ալ
երբեք
չսպասուածը:
—
Պապիկեանն
ալ,
այո՛,
խեղճ
մարդը
բայց
նոյն
ատեն
այն
ընտիր
ու
ճշմարիտ
Հայը,
կրակին
դէմ
բռնուած
մոմի
մը
պէս
կը
հալէր,
երբ
բաները
աչքովը
կը
տեսնար,
ու
մօտէն
ականջովը
կը
լսէր
պատմուածները
պաշտօնական
դաւաճանութեան
մը
տեսակին
հետ
թուրք
ամբոխին
ալ
գործած
եղեռնին
աննախընթաց
ծայրայեղութիւններէն:
Պապիկեանը
գնաց,
որ
վերապրող
Հայերուն
արցունքը
սրբէ
գերազօր
կարողութիւնով
մը,
բայց
այն
մէկն
ալ
մեռաւ
ու
իսլամը
խնդացուց,
դուն
ըսէ,
հեթանոս
մտածողութեամբ
մը
թէ՝
Աստուած
ալ
անոնց
էշրէֆներէն
է,
կամ
անոնց
Ալլահին
ու
մեր
Աստծուն
միջեւ
մեծ
անջրպետ
մը
կայ:
—
Հարցում
մըն
ալ
մեր
ծերունի
հայրենակցին՝
Ս.
Կաթողիկոսի
վրայ
կ՚ընեմ.
երկու
երեք
տարի
առաջ
եկաւ
իր
գեղը
այցելեց,
բայց
ինչպէս
կասկածէր
թէ՝
շատ
չանցած
քիթէն
պիտի
գայ
հայրենիք
ու
հայրենակիցները
տեսնելու
երջանկութիւնը,
միտքս
է
որ
նա
իր
զուարթ
վայրկեաններուն
ալ
հոս,
իր
դէմքին
վրայ
մռայլ
ամպի
մը
ներկայութիւնը
կ’զգացնէր.
ինք
արդեօք
երեք
տարի
առա՞ջ
գուշակած
ըլլար
իր
եւ
իրեններուն
գլխուն
գալիքը,
մենք
ան
ատեն
քիչ
մը
Համիտի
հովերուն
կը
վերագրէինք
անոր
այն
տրտում
խբումին
ձեւերը:
—
Կաթողիկոսը
իր
հոգեկան
լլկումներուն
մէջ,
կ՚ըսէ,
պատանքուած
մեռել
մըն
է,
որ
գերեզմանը
չէ
սակայն,
կ՚ապրի
տակաւին,
ու
անյոյս
չըլլալու
արիութիւն
մը
կը
ցուցնէ,
հակառակ
որ
ի
տես
իր
աւերանքին
որքանութեանը,
ամէն
օր
ալ
արին
կը
փսխէ:
Կաթողիկոսին
ներկայութիւնը
իր
սիրական
հօտին
մօտն
ու
քովերը՝
մոխրուած
եկեղեցիներուն
տեղը
կը
լեցնէ
ու
ահագին
մխիթարութիւն
մը
ամբողջ
Կիլիկեան
թեմին:
—
Բոլոր
այդ
ժամանակներուն
չէ՞ք
կարծեր
որ
տրտմութեամբ
խելայեղուած
մըն
ալ
բարեկամս՝
Մ.
եպիսկոպոսը
եղաւ,
բայց
ինք
շատ
տինճ
մէկը,
որ
ողջ
կը
մնայ
տակաւին:
—
Ողջ՝
ու
վստահ
եղիր,
թէ
պիտի
դառնայ
ալ
նորէն,
անոր
մասին
ձեւուած
ամբաստանութիւնները
սեւ
զրպարտութիւն
հասկնալ
բացայայտօրէն,
զինք
չի
տանողները
պատեհութիւն
գտած
սեպեր
են,
որ
Հայ
Զատիկը
քիչ
մըն
ալ
իր
արինովը
կարմրցնեն,
բայց
չեն
կրցած,
ան
ատենները
Եգիպտոս
կը
գտնուէր:
—
Կ՚ըսեն
ոմանք,
թէ
դիտումնաւոր
հեռացում
մըն
է
եղեր
այդ:
—
Այդ
մէկն
ալ
հայ
ապերասաններու
յերիւրանք,
զրպարտութիւն,
չէ՞ք
գիտեր
թէ
թշնամին
երբ
քար
չի
գտնայ,
հող
կը
նետէ
երեսիդ: