Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ
(Քարերուն վրայի յիշատակարանները)

1. «Իշատակէ այս Մելիտոսին որդի Կարապետին Խումաշ կոչեցեալ, որ մեռաւ փրկչական թուական՝ 1820ին, ու միայն 81 տարի ապրեցաւ»:

Հէյ կիտի ողորմած հոգի, էն վերջը հոս պիտի ըլլէր, բանաւ, դատաւ, քրտնեցաւ, գայլ եղեր, լեռներն էր ընկեր, երեք տղայ ունիմ կ՚ըսէր, հեչ մէկն ըլ բանի չեկաւ, մեծ տղին համար գանգատ կ՚ընէր քի, կով քեռին ելեր է, օրթանճաին համար ալքերը փոխեր են կ՚ըսէր. պզտիկ Թորոսը կը հաւնէր քիչ մը, էնոր համար ըլ կուլար քի՝ վարժատուն կ՚երթայ ու խեղճ վարժապետին քիթնի վեր իսօթ կը փչէ: Հէյ կիտի աշխա՜րհք, իրաւ որ տղոց հէչ մէկն ալ բանի չեկաւ:

2. «Իշատակ է այս Շողգմենց Տէբանին հարազատ որդին՝ Զաքարը, որ ի տէր յանգեաւ 1825ին, յաւուրս սորա եղեւ մեծ երկրաշարժ եւ աւերեցան բազում տուներ թէ՝ ի քաղաքի եւ թէ ի գեղօրէս»:

Պապուս մընէ լսեր իմ օր կ՚ըսէր քի էս մարդը եկեղեցի շատ կը սիրէր, ճգնաւոր մարդ մը եղեր է. վանքերը կօլրտի, վերջի գեղին ժամը զինքը երէցփոխան շիներ են. 10-15 տարի երէցփոխան մնալէն վերջը, ժամուն մէջ խաչ, սկիհ չէ մնացեր, տուն տարեր, կնկան ու հարսին զոյգ-զոյգ ապռճան ու օղեր շինել տուեր է: Հիմա մէկն ալ չի մնաց ասոնց ճընսէն, տնուընուն տեղը պիլէ անյայտ կը մնայ:

3. «Աստ հանգչի Դաւիթին տղան Կօկօ Խոռոզը որ իր մէկ չարութեանը համար 9 տարի անկողին պառկեցաւ»:

Տէ՛ ալ, պապա Խոռոզ, ելիր տէ հիմա ըլ ըրէ չարութիւնդ, գեղ քաղաք ձեռքէն զար էին ընկեր, մատնութիւն, միւզէվիրութիւն. ուրիշը կը ցանէր, ինք կը քաղէր, պապն օր գերեզմանէն գար, պէլէշ բան չէր ըներ, հիմա աւուճ մը հողով կը կշտանայ:

4. «Դամբանարան եւ շիրիմ ծառայ ծառայիցն անպիտան, Խուկասի Դուստր, Շողեր խաթունին, որ շինեց զտուն Ածյ. իր հալալ արդեամբ: Ով ոք ընթեռնուցու զտապանագիրս, երեք անգամ հայր մերս յիշեսցէ»:

Բարեպաշտ կնիկ մըն է եղեր սըվի, անգամ մը գեղին եկեղեցին փլելու ատենը, ինք ելաւ շինեց, ծախքին կէսը իրմէն հոգաց, պակսածն ալ հաւաքելու համար դուռ արդարի, դուռ մեղաւորի հանգանակութիւն ըրաւ. շատ դրամ, շատ հռչակ ժողվեց, մէկ կնիկ մը ըլլելով գեղին եկեղեցին շինեց, Խարա գետակին վրայ մեծ ծախքով, կարմունջ մը շինեց, աղբիւր մը շինեց որ հիմա Շողերին աղբիրը կ՚ըսուի:

5. «Այս է տապան հանգստեան Մանուկի Դանիէլեան որ իւրում կենդանութեան նուէր ետ Ս. Գէորգայ վանքին մէկ չարեկնոց արտ մի, քէվ կիր խանութ մի քաղքին վարի շուկան, 8 սահաթի ջուր գեղին վերի աղբիրէն, որոնց գումարը ինչ ալ լինի, ասացէք Ած. օղորմի իրեն եւ բոլոր ննջեցեալներուն հոգուն»:

6. Սըվըլ Գափոյենց Մինասին գերեզմանն է. գիր բան չի կայ վրան. շատ աղէկ մարդ մըն էր առաջ, բարեպաշտ մարդ մի, առտու իրկուն իր գործին տէրը, հաւուն պիլէ քիշէ չէր ըսեր, մինակ թէ վերջը չի կրցաւ բերել. գեղին մէջ վարժապետ, վարժատուն օղտուրմիշ չէր ըներ, վերջն ըլ կրօնքը փոխեց, կարծեմ առանց տէրտրու թաղեցին:

7. «Ո՛վ անցաւոր, զիս նայիր ու հաւտա որ քու վերջդ ալ աս պիտի ըլլի, ես ալ երբեմն մօր կաթ կերայ, օրան օրուեցայ, մեծցայ, դրամ շահեցի, տղայ կարգեցի, տուն տեղ եղայ, իմ ոչխարներուս սիւրուն դաշտը կը լեցնէին, 500 հատ մեղրի փեթակ ունէի, ախոռ մի եզ, ախոռ մի ձի. Մելիք Համբօ կ՚ըսէին ինծի, կերայ, խմեցի, հարաւ հիւսիս հրամաններ արձակեցի, հիմա միայն աս քարին տակը ոսկորս մնաց ինծի»:

8. «Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամենայն ինչ ունայնութիւն. ծնաւ Թումաս Սերոբեան յամի տեառն 1808ին, մեռաւ 69ին»: Աս մարդուն համար կ՚ըսէին թէ՝ վեց կնիկ առած էր, վերջինը զինքը թունաւորեց ու մեռաւ: Կնիկն ալ յետոյ մարագին մէջ ինքզինքը կախեց:

9. «Մի՛, մի՛, մի մերձենաք առ իս. ապրեցայ ցաւօք, կորսուեցայ մեղօք. իմ գերեզմանս հող ապականութիւն է. ես էի որ բամբասեցի, ես էի զրպարտեցի, ուրիշին հալալ հախը խորեցի, դրացներուս դէմ պարապ թշնամութիւններ շինեցի, եկեղեցիին իրաւունքը գողացայ, դպրատանը ըռզակը պողազս անցուցի, ազգին մանկտիքներուն արիւնը մտայ. հող ապականութիւն է գերեզմանս: Աղօթեցէք որ Ած. չի զարնէ մեղքս երեսիս, ազոխը ես կերայ ու թոռներուս ակռաները ազատ մնան անոր ցաւէն»:

10. «Այս է շիրիմ Մահտեսի Պօղոս վարժապետին որ ցաւօք լի կեանք մը ապրեցաւ»:

Էս զաւալլի վարժապետը, պապուս վարժապետն է եղեր, կը պատմէր թէ՝ ամբողջ Նարեկը գոց գիտէ եղեր, Սաղմոսին մէջ առանց այբի քանի տուն որ կայ կրնայ ցոյց տալ: Թուղթ նայիլ գիտէ եղեր: Անանկ բարձր ձէն մը ունեցեր է որ պոռալու ատենը ձէնը Դատ-մէն մինչեւ Մորենիկ կ՚երթայ: Վերջը գեղացիք զինքը պաղպանջի պիտի ընեն եղեր, հայրս չէ թողեր:

11. «Սէքսէնը հինգ տարի ապրեցայ, միայն մէկ օր խնդացի. ատ օրն ալ բարիք ըրած օրս էր: Դանիէլ Պաղտիկեան որ թողու զաշխարհ եւ երթայ առ հայր»:

12. «Ես Գրիգոր Մահերեան, որ հանգչիմ ընդ շիրմաւս, իմ հալալ վաստակէս կտակ ըրի համարիւն ազգակիցներուս եւ պատուիրեցի տղոցս որ տարուէ տարի 5 քէսէ ստակ դպրատան տան, 2 քէսէ՝ ժամուն. 1 քէսէ՝ ծեր քահանաներուն, 2 քէսէ՝ Ս. Մովսէսի վանքին, երկու քէսէ՝ աղբիրներուն նորոգութեան, 4 քէսէ՝ որբ կնիկներու: Ով որ դպնայ իմ այս կտակիս ու խորէ դրամը տղաքս թէ մօտաւոր ազինքս, մասն Յուդայի առցեն»:

13. «Ցաւօք ծնայ մեղօք մեռայ. սուտ անուն Օհաննէսս ափ մը հող դարձայ, վայ ինձ, վայ ինձ եկայ ու անցայ, բարիք մը չըրի, ոչ ազգիս, ոչ ազգականիս ոչ իսկ ընտանեացս: Չար օրինակմ, անէծքի նշանակէտ մի գերեզմանս»:

14. «Իշատակ է այս Թուխ Մանուկի որդի Միրչան իմ հալալ վաստակիս քառսուն փարային տասը ինծի կը պահէի, տասը աղքատին, տասը դպրոցին, տասն ալ տանիքին վրայի ճնճղուկներուն»:

15. «Աստ հանգչի Սիմօն Ծաղիկեան, որդի Առաքելի Ծաղիկեանի. ով անցաւոր երբ օրը արեւ տեսնէք, զիս յիշեցէք, երբ տարին խաղաղ բարի անցնի զիս ալ իշատկեցէք. աշխարհ եկայ, բայց չառի մուրազս. երբ բոլորիդ ալ երեսը խնդալու ըլլայ, պատճառը ինչ որ է, եկէք իմ գերեզմանի վրայ ծակ մը բացէք, իմ անկաճիս ալ պոռացէք, որ քարին տակը ես ալ ձեր ուրախութեանը մասնակցիմ»:

16. «Ես Սարգիս Համբիկեան, բզէզ ծնայ, կարիճ մեծցայ, օձ մեռանեմ: Տէր, մի յիշեր զմեղս իմ զօրն ահագին»:

17. «Հանգչ ի սմին Տ. Սահակ քհյ. Հապիպեան, եկաց զամս զիննիսուն. եւ վախճան կենաց իւրեկն, յաւուրս սորա օսմանցիք առին զԿիպրոս ի ձեռաց վենետիկցոց, ի թագաւորութեան սուլթան Սէլիմի երկրորդի»:

Աս քահանային համար կ՚ըսեն թէ ինքը օրը նշխարքով մը իտարէ կ՚ընէ եղեր, վերջն ալ իր տղաքը օրը գոմէշ մը ուտեն նը, չեն կշտանար. տէյկիտի աշխարհք, տէյկիտի մարդիկ:

18. «Ամէն անգամ որ մեղք պիտի գործէք զիս յիշեցէք, ով մարդիկ, երկուշաբթի օրը կնիկս մեռաւ, երեքշաբթի տունս այրեցաւ, չորեքշաբթի կէնճ կէնճ տղաքս հողը դրի. հինգշաբթին ցվքին քարը վրաս եկաւ, ես մեռայ: Բոլորը իմ մեղքէս, ինծի պէս մեղաւորին մեղքէն, որովհետեւ 8-10 օր առաջ իմ քովս ամանաթ դրուած աղքատի ու դպրոցի փարաները իմինիս հետ խառնեցի ու հարամշահու ելայ: Մեղք մի գործէք»:

19. «Անանուն ծառայ Պետրոս, առանց թշնամիին հախէն գալու մեռնիլը անգամ մեռնիլ է: Եթէ թշնամիին ձեռք չէք կրնար հասցնել, անոր տեղը խոռոզի մը շլլին քաշեցէք, վերջը մեռէք»:

20. «Այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. հող էի ի հող դառնամ»: