Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԵՒՍ ՏԱՐ, ՄԱՀՍ ԽՐԿԷ
***

Ուր որ պիտի հասնէինք ահա, կառքը գեղին փողոցներուն մէջ աւելի գէշ ձեւ մը կ՚առնէ, բայց մենք անկէ մեր՝ չիջնալու յամառութենէն հեշտ չենք հրաժարիր: Կառքին պատուհանէն վարդապետին բարեւի կերպերուն ետեւէն բարեւ մըն ալ իմ ձեռքս կը խրկէ փողոցին աջ ձախը ոտքի կեցող ծանօթ անծանօթ հայրենակիցներուս, որոնցմէ ոմանք կարօտով օծուն ժպիտներ մը ունին երեսնուն վրայ ինծի իրենց պատասխանելու ձեւերուն մէջ: Կ’զգամ վայրկենապէս թէ իմ մէջս ալ հին յուշքեր մը կը ձէնոտին, կը ճանչնամ անոնք, ի՛նչպես չէ, շատերը իմ տարեկիցներս, իմ խաղընկերս, մէկ քանի դեռ որքան ալ հեռաւոր ազգականներ, բայց որոնց հետ կ՚ուզեմ որ վար ցատկեմ ու հօր ու աղբօր գրկտւուք մը ընեմ, այնքան անուշ ու ընտանի դէմքեր բոլորինը: Սեւերու մէջ պատատուած ծերուկ կնիկներու այն խումբին մէջ մայրս տեսնալու խելայեղիչ պատրանքը կ՚ունենամ: Ամէն կողմէ այս կեցուածքը, հիանքի ու ակնածանքի լեցուն անկեղծ այս արտայայտութիւնները, որոնց շատը ես վարդապետին կը հանեմ բաժին, մնացածը զուտ գորովանքը հայրենակիցներուս կուրծքերէն արտահոսուած, ինծի կը թողում: «Վարդապետին հետ մեր վարժապետն ըլ է եկեր, Օվանէսը, Օվանէսը, Սառային տղէն, մեր Օվանէսը չէ՞ք ճանչնար»: Մինչեւ գիւղին անդիի ծայրը գեղջկուհիներու այդ խղուըրտիւնները ականջնուս, հոն Մակար աղան եւ ուրիշներ մեզ դիմաւորողները կ՚ըլլան ու ի՜նչ անձնուէր կերպեր ասոնցինն ալ ի սպաս վարդապետին մասնաւորապէս երբ նա կառքէն իջած՝ Մակար աղային շէմքին վրայ կը կոխէ:

Վեր կ՚ելլանք, մեր հիւրընկալին սենեակը, ուսկէ կը դիտենք որ հետզհետէ ամբողջ գեղն է որ կը խռնուի ու բան մը հասկնալ հոտուըտալու հետաքրքրութիւնը կը ցուցնէ: Մակար աղան իր մանկութիւնէն ալ եկեղեցասէր ու եկեղեցականասէր մը ա՜հ, թող մարիլ չի գար նոր աղանդաւորներուն վրայ փառաւորուածի ուռոյցք մը գմբէթացուցած կ՚երեւցնէ իր լանջքին վրայ առաջնորդ-տեղապահ մը իր տունը ընդունած ըլլալու հպարտութիւնով մը, հպարտ մանաւանդ, երբ այդ առիթով կը տեսնայ թէ՝ օր մ՚առաջ իրեն բարեւ չի տալու քիթ ընողներն ալ հիմա իր շուրջը քսուըռտուք մը կը ցուցնեն, որ վեր հրամցուին իրմէ ու վարդապետին ներկայացուին:

Ու դեռ Մակար աղան իր նայուածքին մէջ քովիններուն կարդացնել կուտայ թէ՝ ինք ամէն ատեն ալ նոյն մեծ մարդն է, որ պէտք չէ անտեսուի, կամ իր խորհուրդներն ու աշխարհայեացքի շիտակ կերպը պէտք չէ որ այն նորերը հեգնանքի ու քննադատութեան նշաւակ պահեն: Իրաւ է, որ նա իր այս պահանջներովը ոչինչ ունի ծիծաղելի, եթէ այն նոր ըսուածները սըւոր լեզուէն հասկնալու հայերէն մը գիտեն, մարդը իբրեւ թաղականի ատենապետ՝ հին մըն է, բայց ոչ այն տեսակէն, որ նորը կ՚ատէ, եթէ այս նորն ալ այն տնաքանդ տեսակը չէ, որ գիտենք, կը ճանչնանք, արդէն: Կիրակէն կը լուսնայ, խաչկալները կ՚օծուին, Տեղապահ Հայր Սուրբը գեղեցիկ քարոզով մը ատ առիթով, խոհեր մը կ՚անձրեւէ ունկնդիր բազմութեան բուն իսկ հոգիին, նոյն իսկ ներկայ եղող կուսակցական շէֆերու ալ սրտին վրայ, եկեղեցին կ՚աւարտի, ու մենք այս վերջիններուն կորացած գլուխներուն ձեւերէն օգտուելու համար, կը փորձենք զանոնք հասկացողութեան մը բերել, որոնք անխոստովանելի պատճառներով իրենք իրենց մէջ պառակտուելէ յետոյ, մէկ մասը զատուած դպրոցը կը հովանաւորէ, միւս մասն ալ ան առջիններէն քէն ընողները, դպրոցավարները քարկոծելու իրարու թեւ թիկունքներ եղած են:

Մաս մը Դաշնակցական որ դպրոցը փաթթեր է մատին տարիներէ ի վեր, մէկ երկու ուրիշներ ալ որ նոր հասած ըլլալով Ամերիկայէն, դպրոցը կ՚ուզեն փակել, դէմիններուն սոնքանքը ընկճելու համար, ուրիշ կողմէ մը Հնչակեան տղաքներ ալ իրենց պահանջը կը գոռան դէպ ի դպրոցը, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ու թաղականութիւնն ալ իրենց շուարքին մէջ յուսահատ՝ եկեղեցիին խաչերն ու խաչկալները շատցնելու հեճուկէ մը տարուած՝ դպրոցը բոլորովին ան իրար չի հասկցող տէլիխանլի մրցակիցներուն քմայքին ձգած են, ու քաոս մը ու բաբելոն մը կատարեալ, որուն մէջ խեղդուողները այն խեղճ պզտիկները եղեր են, անոնք, որ՝ հապա՞ ինքզինքնուն պատանեկան խումբի մը հովեր տուած ժամ չեն մտնար բնաւ ու փոխ-֊քարոզի պէս ըսելիքներն ալ տէրտէրին շլլիքը փաթթեր են:

Կիրակէն ամբողջ սըւոնց ասէ կ՚ըսէներուն մէջ կը խլացնենք ականջնիս, ու վերջապէս ու յետ ուրեմն, տղա՛ք, Աստծու սիրուն, եթէ ասոր չէք հաւտար, հայրենիքին սիրուն, եթէ աս ալ չէք լսեր, ձեր հոգիի կտոր պզտիկներուն սիրովը, թողէ՛ք ինչ որ ունիք ու համերաշխիլ գիտցէք, քարոզ մըն ալ վարդապետը Մակար աղային սենեակը աս իմաստով, որը, հրաշք մը պատմելու համար, անհետեւանք չի մնար ահա, կը հաշտեցնենք անոնք իրարու հետ, ու ամէնքը մէկտեղ՝ թաղականութեան հետ: Դպրոցը այս վերջիններուն խնամքին յանձնելու թելադրանք մը կ՚ընենք իրենց, որուն առարկող չըլլար, քանի որ կ՚ապահովցնենք զիրենք թէ՝ առաջիկայ Սեպտեմբերին բոլոր հայ դպրոցները նոր ծրագրով մը բացուելու կարգադրութեան մը պիտի ենթարկուին, որ ալ պէտք չըլլայ անգամ մըն ալ դպրոցը քանդող տեղական կամ կուսակցական անիմաստ պայքարներու:

Վայրկեան մը յուզիչ տեսարանի մը առջեւ կը թարթենք աչքերնիս վարդապետին հետ, երբ անոնք ոտքի կեցած զիրար ողջագուրելու ատեննին կը նշմարենք թէ իրենք ալ փղձկումին հեծկլտուքը կը կլլեն ու հազիւ կրնան բառերը իրենց իրար հիւսուած զգացումներուն թարգման ժմնցնել: Վերջը մենք պէտք տեսանք նաեւ որ անոնք իրենց դաժանութիւններէն սրբուած երեսներով անգամ մըն ալ փոխադարձ այցելութիւններ կատարեն իրարու տուն, նոյն պահուն Տեղապահին հետ անոնց առջեւ ատ առաջնորդութիւնն ալ ըրինք, որ քիչ ազդեցութիւն չրաւ գեղին ամբողջ համայնքին վրայ, այնպէս որ վայրկեան մըն ալ ես իմ անձնասիրութենէս դադրած՝ չի զսպուեցայ ըսելու Հայր Ասլանեանին թէ՝ իրեն հետ Ատանա մըն ալ ես գացած եղայ ու գաւաթ մը ջո՛ւր ալ ես ինքս նետեցի կարեւոր հայ գեղ մը աւերելու սպառնացող կայծերուն վրայ:

Երկուշաբթի լոյս, մեզի ազգական տուն մը նախաճաշ առնելու հրաւիրուած՝ անկէ պիտի դառնանք Մէզիրէ: Պէյրոս Կոսնանեան հին բողոքական մըն է՝ որ սակայն հիմա շատ մը այն ինչ տեսակ նոր լուսաւորչականներէ աւելին կ՚արժէ ու վկայողներ կան թէ՝ նա շատ անգամ եկեղեցի կուգայ ու խաչ ալ կը հանէ. իր տունին բարիքներէն բան մը չէ թողեր ու ամէնքը հաւի ու ոչխարի տուրք ըլլալով սինիին վրայ փոխադրել տուեր է, բայց առաւօտ տակաւին, մեր ստամոքսները ուտելու մարմաջ չեն զգացներ մեզի, ես կը թողում սերն ու կարագը ու Գարան նէնէին կացքին կը հետեւիմ: Տանտիրոջ մայրն է, հարիւրամեայ մը ու աւելի ալ անշուշտ, բայց որը տակաւին սոյն փոքրամարմին տինճ կնիկն է, որ մեռած չըլլալու զարմանք մը կը հնչեցնէ մէջս:

Օ՜հ, Գարան նէնէ, բարի տեսանք՝ կ՚ըսեմ, քիչ մը ժիր շեշտ մը իմս, երբ կը հասկնամ թէ՝ դժուար լսելու հետ, աչքերն ալ շատ չեն տեսնար, ու ա՛լ ձեռնափայտի մը գործածութիւնովը կը քաշկռտուի։ Գարան նէնէ ձայնիս պատասխանելով անունս կուտայ ու մօրս հնչիւնին անուշ խազերը կը նետէ ականջիս, քովիններուն, որոնք պատկառանք մը կը յիշեցնեն իրեն, Ձգեցէք, մի՛ արգիլէք, կ՚ըսեմ, որ նա այնպէս հատհատէ իր զգացումները ու յայտնուի, ինչպէսը կը յիշեմ թէ՝ օր մը իմ խօլ, իմ խենթ մանկութեանս կռնակին կը խրկէր: Դուն չար տղէ մը էիր, գիտե՞ս: —Հա, Գարան նէնէ, քիչ մը իմ ալ միտքս կուգայ: Հեղ մը ձեր էգիէն կը դառնայիր, մեր Լուսիկը խաւող ուզեց մընէդ նը, դուն էնոր աչքերուն հող նետեցիր օր քիչ մնաց քոռնար պիտի, մօրդ մէկ հատն էիր՝ ես բան չըսի նորէն, Սառօն ըլ (մայրս) զաթի շատ կը սիրէի, տէ՜յ կիտի օրեր: Ուրի՞շ, Գարան նէնէ, ուրի՞շ, ուրի՞շ: Է ի՜նչ գիտնամ, օղուլ, շատ միտքս չի գար հին բաները, լոս էջնայ մօրդ գերեզմնին վրայ օր քեզ քաղաք ճանբեց, մարդ եղար: —Ես փրօտ չեղայ նը, Գարան նէնէ: Աղէկ օր չեղար, տղէ՛ս, փրօ՞տն ինչ է, հայն ինչ է: Ի՞նչ գիտնամ, ան ատենները շատ աւելի դուն կը խնտայիր ժամ գացող հայ կնկտոց վրայ թէ՝ կռատունը կ՚երթան, կուռք կը պաշտեն: Մըյեա՜, անա՛մ, ինտոր ըլ չես մոռցեր: Պահ մը կը մտմտայ իմ մօրս մտերիմ բարի պառաւը, ու ահա վերջին մըն ալ իր զգացումներէն որ պարկեշտին ու մաքուրին բիւրեղացումովը զմռսուած հարիւրամեայ գեղջկուհիի մը հոգիէն կը քակուի ու կը պոռթկայ Էն ատենները, խուզի՛ս, մենք իմարներ էինք օր էդ խօսքերը կը նետէինք փրօտ չըլլողներուն, կամ հայերուն ժմուն, հպը հիմա սը ձեր նոր իմաստուննե՞րը ինչ են օր հէչ կ՚ըսեն էն ժամը պիլէ չեն մտնար, տէրտրուն ըլ տիրացուին ըլ հազար խօսքեր կը համրեն. էնոնց ըսածները նէ փրօտը բերան կ՚առնէ, նէ ըլ տաճիկը, հոգի՛ս, դուն քաղաք ես, անկաճդ բան չի լսեր…

Ասլանեան վարդապետին հետ ցաւագին նայուածք մը կը փոխանակենք ու ոտքի վրայ մեկնելու կը պատրաստուինք. սանդուխէն վար կ՚իջնանք որուն վերօքը՝ ծերուկ մայրը առխարխափ շարժումի մը մէջ իր ճոկանին կռթնած, մեզի անգամ մըն ալ իր ձէնը կը խրկէ. «Բարի երթաք, օղո՛ւլ, բարի եկաք, բարի երթաք, քեզի ըլ կ՚ըսեմ, Հայր Սուրբ, Աստուած մէկ օրդ հազար ընէ, օր ուր երթաս նը՝ էս չէշիտ շնորհքներ տանես, տղէքը պարըշցուցեր ես եղեր, աղէկ ես էրէր: Ինծի ալ բան չունի՞ս ըսելիք, Գարան նէնէ, ալ ո՞վ գիտէ, երբ անգամ մըն ալ…— Հա, տղէ՛ս, դուք կ՚երթաք, ես նորէն իմ տեղս կը մընըմ, որ ալ չի տարուիր, ալ չեմ կրնար քաշեր, էսչափ հետս խօսող չէր եղեր, պէրխուտար ըլլիս, չաղա չօլուխիտ ալ բարեւ տար մընէս, ըսէ էնոնց ըլ օր ալ էն Գարան նէնէն հողին վրայ բուռ մի հող կ’օլրտի, ու մահը կը բնտռէ, հա՜, օղո՛ւլ, սը մութ տեղերը մահս կը բնտռեմ, անունն ըլ կուտամ ու ձէնիկ մը չեմ առներ, գնա, արեւս տար ու մահս խրկէ, ջուրի պէս իմ ծարուըցեր, ալ էսչափն ըլ չ՚ապրուիր, հողը աւելի հանգիստ բարձ մը ինծի. էս մութ աչքերուս ըլ զաթի գերեզմնին մութն է օր կը յարմարի. բարի՜ երթաք…»:

«Անահիտ», 1910