Արձակ էջեր

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ի ԽԱԼՔԻ

ԱԼԻՔԸ

Ս. Երրորդութեան բլրոյն ստորոտն էի, ծովակարկառ ապառաժի մը քամակին վրայ: Առլեփներ, աջ կողմս, ետ ընդ ետ շարունակուելով կը դառնային կղզւոյն խարիսխը պատելու, եւ ասդին, ձախ կողմս, խորշ մըն էին կազմած, որուն շիկահողուտ դարափները, գմբէթարդ փշալից pimpinellaներով թփախայտ, կը հովանաւորուէին՝ գահավէժներն ի վար սաւառնաթեւ շոճերով: Գահաւանդիս բոլորտիքը, թափանցիկ ծփանքին մէջ պառկած քարաժայռեր, ոմանց կատարը ջուրէն դուրս, եւ ամենուն ալ ջրածածուկ կողերն, ինչպէս քարյատակ ծանծաղուտն ալ, աներեւոյթ՝ բազմութեան մը տակ հողագոյն թխալօռերու. բոլորշի pelvetiaներ, որոնց նմանութիւնը գոգաձեւ պարապ խեցիներու՝ կը սաստկանար այն անշարժութեամբ զոր ծովուն անդորրը կը հարկադրէր անոնց: Մերթ ընդ մերթ յոյլ ծուփ մը կ’երերցնէր զանոնք, եւ անոնց խոնարհ այլ կենդանի ինքնութիւնը կը ճշգրտէր:

Ոչինչ, որ համօրէն խաղաղութիւնը վրդովէր: Ձկնորսի նաւակ մը ուռկան արկանելով անաղմուկ կը հեռանար: Կղզիներն անձնատուր էին ծովուն հաշտ օրօրքին, այերց հանդարտութեան: Մէկ կողմը՝ Բիդա՛ն, տափարակ կղզեկի իր անվերջ լիւղին մէջ, կռնակին տօթակէզ խոտերովը՝ շիկաստեւ. հազիւ անջատուած իր ետեւ ամբարձիկ Անդիկո՛նիէն: Դիմացը, հեռուն, Բրո՛դին, գաղջ լոյսով մը ողողուած: Եւ հորիզոնին մէջ երկարաձիգ սպիտակախայտ կապուտակութիւն մը, բազմապիսի, մանրամասն ու շփոթ. Պոլիսն իր արուարձաններով, անուշագրաւ, անվնաս: Աղմկալի բաները բոլոր հեռուն էին, տարածութեան մէջ ընկրկած: Մօտերէն ոչ մէկ յստակ ձայն: Անորոշ շշուկներով վիտակուած՝ լռութիւնը կը խաղար երփներփն ամայութեան մէջ: Ապառաժները համր էին. թփիկները մունջ. անտառն անբարբառ կը խոնարհէր. ջուրին փաղփուն սփիւռն անշշունջ կը ծփծփար:

Մեղմ ծուխեր հեռուէն հեռու անզգալապէս բարձրացած կ’ըլլային, եւ աննկատելի իմն ցնդած: Երբեմն, կորսուած սուլիւններ կը յիշեցնէին թէ ապահով էր անմարդաձայն այս մենութիւնն, ինչպէս նաեւ թէ ընդերկար անվրդովելի չէր: Շոգենաւ մը կրնար գալ իր աղմուկը անցունելու, թէեւ այդ ալ մեծարժէք եղելութիւն մը պիտի ըլլար. նոյն իսկ մակոյկ մը որ սա տեղէն փրթէր, կամ թռչունի մը թռիչը, պայծառ ձայնարկութիւն մը, ճողփիւն մը, պատահարներ պիտի ձեւացնէին:

Համատարած հանգի՜ստ, ու բարօրութի՛ւն: Երկինքը զուարթ էր. հիւսիս-արեւմտեան երկինքն էր, զերծ՝ արեւուն ուղփերէն, նախամիջօրէի իր թարմութեանը մէջ: Փափուկ ամպիկներու տարմեր, հեռուի աղօտութիւններէն սկսեալ կը շարուէին իրարու վերեւ հորիզոնական կարգերով զոր հեռանկարը դէպ յայսկոյս հետզհետէ աւելի լայնօրէն կ’անջրպետէր. եւ երկնագոյնը, համայնապատկերին խորերէն մինչեւ զենիթ, կը բարձրանար յեղակարծ աստիճաններով. հեռաւորութեան բերուզակի թոյրերէն վեր կուգար առանց փոխանցման՝ թարշիշի ծաւին. անկէ վեր ալ յանկարծ լրջաքարի պերճ լուրթը որ բարձրերը կը սաւառնէր: Հեռաստանին մէջ գորշախառն Մարմարան՝ անոր ներքեւ անո՛վ լաժուարդ կը պճնուէր, երջանիկ, մինչ իր խորքին խաժութիւնները՝ մերձաւոր ցամաքներուն մթաստուեր կամ ոսկեմոյգ ցոլքերուն հետ իր կապոյտ սփիւռին մէջ կը խաղային:

Ամպերուն ծանրասահ անցքը որով այերային տեսարանն անզգալապէս կը նորոգուէր առանց էապէս փոխուելու, եւ որով, ինչպէս ջուրերուն մեղմ երերքով, ծովուն կերպարանն ալ առանց նոյնն ըլլալէ դադրելու կ’այլայլէր կը յեղյեղուէր անդադար, բաւական էին նոյնիսկ չդիտուելով, որ բոլոր այդ հանգիստը ոգեւորուած ըլլար եւ հեռո՛ւ նմանելէ բուն անշարժութեան, անկենդանութենէ տհաճոյ, նոյնիսկ անշուշտ ահարկու, թուէր արթնութիւնն իսկ անվերջ յափշտակման: Ո՛րչափ դժբախտ է նկարչութեան արուեստը որ կ’անշարժացնէ՜, որ ատով մանաւանդ՝ կը վնասէ իր հաւատարմութեանց–: Լռութիւնն իսկ ուր ընկղմած էր ամեն բան, չէր կրնար իրերը կեցնել, անկենդանացնել: Լռութի՜ւնը. մենք լուռ ենք երբ կը խոկանք, երբ կ’ըմբռնենք անընդհատ. եւ առաւել քան երբեք կենդանի ենք այն ատեն: Ան չէր ուրեմն որ ոգեւորութիւն պիտի չթոյլատրէր. մինչ ստուգիւ ինքն իսկ՝ լռութիւնը՝ կ’ազնուացնէր բոլոր բաբախուն արթնութիւնն ըստ որում ամեն բան խոհուն կը դարձնէր. թուփերն ու ծառերն եւ ապառաժները. ծփանքներն, ամպերը, խորքերն ու սփիւռներն ու բարձունքները, զոր կարծես կը լնուր, կը զեղուր իմացումով:

Ամեն ինչ կը թուէր ըմբռնել տարածութիւնն, եւ անոր մէջ նուազիլ: Հորիզոնին մէջ խորասոյզ նաւահանգստին վխտումն՝ անխլիրտ մառախուղ էր հեռուն. բնակուած տեղերու ժխորը՝ մեկուսացեալ պակուցում. եւ որչա՛փ ախորժելի է ժխորը երբ ընդարձակ տարածութեան դէմ կը վերածուի համեստ համրութեան: Անջրպետին ներկայութիւնն յաւակնութիւնները կը նուազեցնէ՜. կը բաւէ հեռանալ, անո՛ր ընդմէջէն սահմանաւոր իրերու փոքրիլը, մեծամիտ ու խռովիչ կարեւորութեանց ցածնուլն ու խոնարհիլը նշմարելու, ամենայնի արժէքը որոշելու համար: Կարծես լռութիւնն արտայայտութիւնն իսկ էր՝ արդար ու խաղաղաւէտ չափին որու վերածուեր էին իրերն հանդէպ անբաւութեան:

Ոչ թէ «Մա՛րդը չափն է ամենայնի», այլ անտարակոյս Անհունը: Յոյն փիլիսոփան իրաւունք պիտի ունենար, միա՛յն երբ մարդը նկատէր իբրեւ մէկ իմացումը Բացարձակին: Յայնժամ, արդարեւ, Անհունին ըմբռնումը՝ չափը կ’ըլլար ուրիշ ամեն ծանօթութեան, կամ ինչ որ նոյն է, Անհունը՝ ամենայնի: Մենք գեղեցկութիւնները կը դատենք տեսլական Գեղեցկին իմացումով. իրականութիւնները՝ Ճշմարտին ծանօթութեամբ. օգուտներն՝ անսահման ու գերագոյն Բարւոյն գաղափարով. կը գնահատենք արարքներն՝ անպայման Սիրոյն, ու խորհուրդներն՝ անբաւ Իմաստութեան հասկացողութեամբ: Կեանքը հասկնալի է Յաւերժութեամբ միայն: Տարօրինա՜կ բան. ի՞նչպէս Անչափելին կրնայ իբր չափ ծառայել. եւ սակայն այսպէս է. վասն զի ա՜ն է եւեթ հաստատ՝ ամեն իմացականութեանց համար: Ինչ որ պատահական է, տեսակէտային, պայմանաւոր, կախեալ, յարաբերական, - այսինքն տիեզերքը բոլոր, կը չափենք անո՛վ որ անկախ է ամենայնէ, եւ ամենուրեք նոյն: Կը նշանակէ թէ միակ բան մը կայ հասկնալի. Բացարձակն է այն: Դարձեալ՝ թէ ոչինչ պիտի հասկնայինք առանց անոր ծանօթութեան, առա՛նց, լաւ եւս, անոր ի մե՜զ գոյութեան: Ի՞նչ են օրէնքները զոր երեւոյթներուն ծոցին մէջ կը գտնենք յաղթական, եթէ ոչ Բացարձակի եղանակաւորումներ կամ արտայայտութիւններ, որոնցմով երեւոյթները կը բացատրենք: Առանց անյեղլին ունենալու իբրեւ պայման ըմբռնումի, ուստի գիտութեան, չենք կրնար տիրանալ յեղլիին, երեւոյթներուն, իբրեւ գիտութեան առարկաներու:

Ի՞նչպէս կարելի էր ինծի տեսնել համաձայնութիւնը որ հաստատուած կար ծովուն եւ այդ կղզեաց միջեւ, շնորհիւ զոր օրինակ այն ցոլքերուն ուր ցամաքն ու ջուրը կ’ընդխառնուէին, եթէ՛ համաձայնութեան, ներդաշնակութեան, զանազանել միութեան, եթէ Գեղեցկին նախածանօթ չըլլայի: Ի՞նչպէս կարենայի հասկնալ ջրակեաց լօռերուն կազմին ու կենաց յարաբերութի՛ւնը ծովուն մշտերեր ծանծաղուտին հետ, եթէ յարաբերութեան, կապին, օրէնքին, Իմաստութեան գաղափարն ինծի էակից եղած չըլլար: Ի՞նչ բան պիտի մեր մէջ յաւերժապէս հաստատուէր, եթէ չունենայինք ի մեզ գերազանց հաստատութիւնն (fixité), ամեն պարագայից ու յեղականութեանց հանդէպ ապահովագոյնն, իրականագոյնն ամեն տեսակէտներուն. մա՜յր տեսակէտը, միա՛կ տեսակէտը: Մանուկն իսկ որ իրմէ դուրս իրերու գոյութիւնը կը սկսի ճանչնալ, որ կը բաղդատէ զանոնք եւ կը զանազանէ, միակ հաստատ եւ անյեղլի բանի մը կը յենու. իր իսկ անձին. իր էապէս մի՛ ըլլալուն. իր էական միութեան: Տղան, մարդուն պէս, կը մեկնի իր ներքին մէկ հանգամանքէն որ ո՛ եւ է ձեւէ ու նիւթէ անկախ, ոչ այլ ինչ է քան հանգամանք մը Բացարձակի: Առաջին բանը զոր գիտէ. իր հանգիստ կամ անհանգիստ ըլլալը չէ. ոչ ալ իր մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը. ոչ ալ հոս կամ հոն գտնուիլը. այլ իր անքակտելի եւ անփոփոխելի միութիւնը, բացարձակութիւնն է: Իրաւ է թէ այս ծանօթութիւնը տարբեր է անոր ապագայ ծանօթութիւններէն, վասն զի շփոթ է իր էութեան հետ, բայց այս շփոթումն իսկ հիմն է ամեն գիտութեան: Տղուն համար ուրեմն, ինչ որ կայ, ամեն բանէ առաջ իր անձն է. ինքը. միեւնոյն, ու հաստատ:

Գիտակցութիւնը, որ ըլլալով զգացող ու խորհող ու կամող եսին իսկ ճանաչումը՝ պայմանն է՝ ոչ Եսին այն է աշխարհին ծանօթութեան, ուրիշ բան չէ քան այդ ներքին ճշմարիտ միեւնոյնութեան, այդ ներքին անյեղլիին, այդ բացարձակութեան զգացումն իսկ, եւ յարընչական է անոր. արդարեւ, եթէ կայ բացարձակ էութիւն, պարտի գիտակից ըլլալ. ապա թէ ոչ ազատ չէր ըլլար այլ կախեալ, ինչպէս է նիւթը. նոյնպէս եւ եթէ կայ գիտակցութիւն, ուրեմն անյեղլի, միեւնոյն, բացարձակ էակ մը կայ. քանզի էակ մը որ բացարձակ չէ, ոչինչ կրնայ գիտնալ, գիտութիւնն ըլլալով երեւոյթներուն զօդումը Բացարձակին հետ, եւ անհնար ըլլալով այդպիսի զօդում մը, երբ Բացարձակը դուրս է Եսէն: Կ’ըմբռնենք, կը գիտնանք, ոչ միայն վասնզի Անոր գաղափարը ունինք, այլ նախ՝ վասն զի Անկէ՛ է, ստուգիւ բացարձակ է մեր իսկութիւնն, ըստ որում ինքնութիւն մ’է միեւնոյն, ազատ եւ արդիւնարար: Ինչպէ՜ս կարելի էր մեզ ունենալ գաղափարներն Անհունին, Կատարեալին, Բացարձակին, - Աստուծոյ, քանի որ զգայարաններուն տակ ինկող տիեզերքը չի կրնար ընծայել ինչ որ չունի, եւ մանաւանդ ինչ որ մենք չունինք, եթէ մեր բուն էութիւնն իսկ աստուածային բացարձակէն բան մը չունենար, ուստի եւ չգիտակցէր:

Որչա՜փ յիմար, որչա՛փ անհարազատ ըլլալու էր մարդ, որ ուզէր պնդել թէ կարելի՛ էր որ ի մեզ գտնուէր այդպիսի վեհազն էութիւն, առանց բղխած ըլլալու բոլոր յարաբերականութեանց ինչպէս բոլոր բացարձակութեանց Աղբիւրէ մը, ամենայնի Պատճառէն: Որ եւ է ծանօթութիւն՝ ենթադրելով Բացարձակին ծանօթութիւնն, եւ ա՛յս ծանօթութիւնն ալ անհնար ըլլալով առանց Բացարձակին ի մեզ ներկայութեան, այդ անմիտը պարտէր նաեւ պնդել թէ Մարդն է Արարիչ տիեզերքին: Այդպիսի մէկը աւելի՛ անխելք պիտի ըլլար քան այն մարդը որ կարծէր թէ ովկէանն արդիւնք է աղբիւրներուն, վասն զի ստուգիւ լիճեր՝ ջուրի ծովակերպ տարածութիւններ կրնան ձեւանալ աղբիւրներէ բղխած գետերով որ հոսելէ արգիլուին: Այս մարդը գիտութենէ՛ զուրկ եղած պիտի ըլլար. իսկ միւսն իմացականութենէ՛: Ուստի եւ պիտի չկարենար ըսել տակաւին թէ ոչինչ կայ որ ըլլայ իրապէս արդիւնարար, արդա՛րեւ հեղինակ, ճշմարի՛տ պատճառ, որ իմացական չըլլա՜ր. թէ իմացականութի՛ւնը միայն պատճառ է ճշմարիտ, թէ ամենայնի բացարձակ Պատճառն իմացական է անհունօրէ՜ն, ուստի եւ անբաւօրէն կարող, եւ ատով իսկ ամենաբարի եւ ամենարդա՛ր. թէ ոչ մէկ անուն պիտի լաւ եւս պատշաճէր իրեն քան Հա՜յր անունը զոր ինքն իսկ, օր մը Ռաբբի՛ հեզադէմ, ուսոյց մեզի, մարդկութեան եւ թէ գիտակցութեան (conscience) միւս անունն է խիղճ (conscience), ու խիղճը՝ ներկայութիւնը, ձայնն իսկ է Աստուծոյ, որ փրկչական իր մարդեղութեամբ զայն քաղցրանշոյլ պայծառացուց, վերկենդանացնելով մեր նմանութի՜ւնն իրեն հետ: «Ո՞չ յօրէնս ձեր գրեալ է. Ես ասացի թէ աստուածք իցէք» (Յովհ. Ժ. 34):

Ո՜հ. ահաւասի՛կ ինչ որ ուսած եմ, ինչ որ գիտեմ. Աստուած, եւ ազատ ստեղծուած մարդուն անկումը. Արարչին սիրոյն ընծայած փրկութիւնն՝ Իր իսկ, այսինքն Քրիստոսի միջոցաւ, ճշմարիտ կորուստէն, յաւերժական երանութեան՝ աստուածազգած կատարելութեա՜ն նպատակով, եւ տիեզերքն՝ օթեւան, ու դպրոց, եւ ասպարէզ, ու փորձավայր, եւ քաւարան ու տաճա՜ր ի պէտս մարդուն: Այսպէս կ’ըսեն Խիղճն ու Յայտնութիւնն, ու Պատմութիւնը որ խիղճն է մարդկութեան, եւ ոչ ոք աւելի բարձր վկայութիւն մը կրնայ բերել երբեք:

Սակայն թնդիւն մը սկսեր էր լսուիլ. շոգենաւ մը պիտի մէջտեղ ելնէր, եւ դիմացէս անցնէր երթար դէպի Անդիկո՛նի: Թնդիւնը կը սաստկանար, կը մօտենար, եւ շշնջիւններով պայծառացած, ամայութիւնը կը հալածէր: Եւ ահա շոգենաւն աջէն երեւցաւ, հապշտապ, աղմկալի: Ո՛հ, լա՛ւ. այն վայելչակազմ շոգենաւերէն էր, որոնց ծխանին դիրքը, ո՛չ իրենց կեդրոնին վրայ, այլ աւելի յառաջ, կատարելապէս կը պատշաճի արշաւին: Մեծաշռինդ այլ անճիգ, կ’անցնէր ան արշաւասոյր. սպիտակ փրփուրէ հեղեղ մը կը բղխէր թաւալակոծ թաթերէն. իսկ ցռուկէն որ ծովը ճեղքելով կը սուրար, շեղ ծալք մը, երկարաձիգ ալիք մը կը մեկնէր անընդհատ: Եւ հիմա, երբոր նաւը երթար դառնալու Բիդային ետեւ, այդ ծալքը պիտի մօտենար հոս, պիտի բաղխէր քարերուն, բոլոր ծովեզրը խռովելով…: Տապանին ծովահերձ սլացման, թաթերուն վայրավէժ տարափին, իր պողպատեայ սրտին բոլոր եռանդեան, իր վարի բոլոր գոռ ճեպին վերեւ՝ բարձր ծխանը, շեղաբերձ, հանդարտ ու սիգաճեմ կը յառաջանար: Շոգենաւը գահազրկեր էր լռին մենութիւնն. իր երթին, իր կոչմանը ժխորը՝ սօսաւիւնով ու շրշիւնով պճնազարդ որոտագին թնդիւն, կը տիրակալէր շուրջանակի. եւ ամեն ինչ կը թուէր աղօտանալով տեղի տալ նաւուն ներկայութեան. ճամբայ տալ իր անցքին: Անշարժ դարափներն իրենց արձագանգները կը հնչեցնէին անոր շարժումը ողջունելու: Ամեն ինչ շոգենաւը կը դիտէր, անոր կ’ունկնդրէր. գերազանց իրն էր այն բոլոր այս իրեղէն շրջավայրին, վասնզի կենդանի արարածն էր հաշուոյն, չափին, օրէնքին, ճշգրտութեամբ լի եւ շնորհով զեղուն, կարծես իմացական, կարծես ազատակամ, ինքնավար, որ ծովուն վրայ կ’երթար իբրեւ տէրն իր կալուածին մէջ, իբրեւ գեղեցիկ իրագործումն արարչական պատուէրին. «Եւ տիրեցէք դմա»: Եւ արդարեւ իշխանաբար կ’ընթանար, թէեւ կը սպասարկէր. իր հանճարեղութեան, իր օգտամատոյց ծառայութեան, իր պարտաճանաչութեան իրաւունքներով ակնածելի՛ եւ անկաշկանդ, կը ճեպէր իր նպատակին:

Եւ մարդիկ կան, Տէ՛ր Աստուած, անմիտ ու նախանձո՜տ, ու գոռոզութենէ ամբարտաւան, որ պարծանօք գիտեն թէ մարդկային միտքն է որ շոգենաւը ստեղծեց, կենդանի էակի պերճաշուք այդ պատրա՛նքը միայն, եւ կը զլանա՜ն ստեղծող մը Կէտին, որ ծովուն մէջ կ’ապրի եւ կը վայելէ զայն վասնզի նիւթ չէ սոսկ այլ նաեւ կեանք եւ հոգի, ինքզինքը պահպանող եւ իր նմանները ծնող ու դիեցնող էակ, որ կը յայտնէ արարչագործող կարողութիւն մը՝ Բաբէններու, Ֆուլդըններու հանճարէն անհունօրէն մեծագոյն, ստեղծող՝ բոլոր էակներուն, մարդուն ու տիեզերքին: Վասնզի ո՛չ կարող են խորհիլ թէ իմացականութի՛ւնը միայն կրնայ անսահման ըլլալ, ոչ ալ կարող են երեւակայել անսահման Իմացականութիւնն: Եւ իբրեւ փիլիսոփային խօսքին մէկ յոռեգոյն գործածութեամբ, ինքզինքնի՛ն է որ չափ կ’ընեն ամենայնի, այսինքն հոգեկան բոլոր մեծութիւնները կ’իջեցնեն՝ իրենց կարողութեանց քանակին, եւ իրենց սրտին մէջ չունին զգացում մը որ գաղափար տայ իրենց՝ անհուն Սիրո՜յն վրայ եւ անոր ստեղծողութեան:

Հեռացած էր արդէն. շռինդը կը խուսափէր. կաթնեղէն շաւիղին սպիտակութիւնը կը տկարանար: Եւ ալիքն ալ ահաւասիկ կուգա՜ր: Շեղ, երկարաձիգ, խաժ ու լաժուարդ ծալք մը, յարաճուն, յարազօր, խաղալով ու սարսռալի, կը դիմէր դէպի ծովասոյզ ապառաժները. րոպէ մը, րոպէ մը… եւ յանկարծ ալիքը խուժեց նետուեցաւ քարերուն վրայ, շառաչաձայն փրփրալով. ողողեց, հեղձոյց, ընկլուզեց զանոնք կրկին եւ կրկին, յորդազեղ ջրվէժներով անոնց վրայէն քանիցս հոսեցաւ, անոնց շուրջը մեծաժխոր կայտռեց ու զեռաց, եւ լօռերուն՝ խեցանման pelvetiaներուն մէջ ամբոխում մը, հրճուալից խուճապ մը յարոյց… եւ յետոյ վազեց իսկոյն խորշին երկայնքը, դարափանց ստորոտները կարգաւ կոծելով, իր ճերմակ փրփուրներն անոնց դրասանգել: Ի՜նչ յեղակարծ աշխոյժ ծովեզերքին վրայ. լօռերուն բազմութեան մէջ ի՜նչ գոհունակ խայտանք. ի՜նչ ուղխահոս լուացում ու պաղպաջուն լոգանք, ի՛նչ լուսակայլակ լուսաժպիտ այլակերպութիւն կնճռադէմ երեսի՛ն թուխ խարակներուն, ու խոխոջուն խնծի՜ղ անոնց խոռոչներուն մէջ:   իճերուն ու քարաժայռերուն համար որ ջուրին կենդանի հպումէն ընդերկար զրկուած, ծովուն առջեւ՝ յաւերժական թարմութեան եւ անսպառ շարժումի այս սկզբա՜ն դէմ՝ կը սպասէին երաշտութենէ եւ անխլրտութենէ տաժանալից, ի՜նչ շնորհ՝ ցնցող ու թնդացնող ջաղխի, թափանցիկ ու լուսազանգ զովութեան այս ընծայումը հեռացող շոգենաւէն. եւ շոճերուն՝ բլուրներն ի վար, դարափներուն վրայ խոնարհած անտառին՝ անբարբառ ու կուսական լռութեան ի՛նչ զարդարանք՝ այդ շշունջ կարկաչուն ու գոռումնալի, զոր երկարօրէն անոր մանեկեց ալիքը, շոգենաւուն երագավազ հետեւորդ:

Եւ ո՛րչափ՝ այս բոլոր զեղուն ողջագուրումը զոր շոգենաւը ծովեզերքին ղրկեց, կը թուէր ըլլալ հատուցում մը ցամաքին. հատուցո՛ւմ՝ կենդանի մեքենայէն առ նախնական հողը, ժեռուտ ու մայրեւոր, շտեմարա՛ն կիպրի (cuivre), երկաթի, քարածուխի եւ ռետնափայտի, մայրենի ծո՛ց այն թանկագին տարրերուն, որ կազմակերպուելով ու յօրինուելով շոգենաւը կերտեցին, ուստի եւ յա՛յն վախճանաւորուեցան. հատուցում, ընծայմամբ հնչեղ ու պայծառ այն կենդանութեան որով նաւուն ալիքը դարափներն ու մայրին մէկ վայրկեան ցնծացուց, աշխոյժի՛ն որով անտարակոյս ոգեւորեց աներեւոյթ վտառնե՛ր ծովափնեայ էակիկներու, կենսաւուխտ յօդուածոտնեայց, խեցեկիր յամրաշարժ թուլամորթներու, որոնց միջավայրը նորոգեց թարմացուց., յագուրդի՜ն զոր աղտաղտին շամանդաղով պատրաստեց աղակարօտ տունկերու, կղմուխներու (inula), օշնաններու (salsola) որ աւազին մէջ կ’աճին, եւ մսայեղց ու գեղանի ծովսամիթներու (crithmum) որ ապառաժներու ծերպերն ի վար կը զեղուն., եւ մանաւանդ ընծայմամբ այն շարժումին որով լօռերուն ընդծովեայ բազմութիւնը, pelvetiaներու անտառակը յուզելով անոնց խեցանշոյլ թաղանթին կենսական տուրեւառը գրգռեց, անոնց աննշմարելի ընդունարաններուն մազմզուքները ստիպեց հասուն ձուերն արձակել…:

Շոգենաւը գնաց անշուշտ յօգուտ մարդոց, բայց նաեւ pelvetiaներո՜ւն: Երկրի բարձրագոյն էակին այդ վեհապանծ ձեռակերտը ստեղծուած էր ուրեմն իր պերճաշուք երթերով ծառայելու նաեւ աշխարհի խոնարհագոյն էակներուն: Ստեղծուածներու անբաւ շռայլութեան մէջ տիրող անսահմանօրէն իմաստուն տնտեսութեան համեմատ՝ ոչինչ կայ առանձին. ոչինչ կը ծառայէ մի միակ նպատակի: Երբ Առաջին Պատճառը կայ, հարկաւորապէս բացարձակ, հարկաւորապէս կատարեալ, հարկաւորապէս Հայր, պէտք է որ Անոր կամքն ամենուրեք ըլլայ ներկայ ու գործօն. տիրէ իբրեւ օրէնք արդարութեան, գեղեցկութեան եւ սիրոյ: Պէտք է որ Աստուած յԻնքն իսկ յանկուցանէ զամենայն, այսինքն ի Բարին վախճանաւորէ: Պէտք է որ փոքրը կարօտի բայց անհրաժեշտ ըլլայ մեծին. եւ մեծը տիրէ փոքրին, բայց խոնարհի անոր: Պէտք է որ օգտամատոյց յարաբերութիններ գտնուին ամենէն ընդդիմակ եւ ամենէն օտար իրերուն իսկ միջեւ. գործակցութեան կապեր պնդուած ըլլան նիւթէ նիւթ, վայրէ վայր, ժամանակէ ժամանակ. համաձայնութեան, ներդաշնակութեան դրութիւննե՛ր գործեն ընդմէջ հանքայնին ու գործարանաւորին, ընդմէջ նիւթին ու մտածութեան: Պէտք է որ դիպուածականն, անկարեւորը, փանաքին՝ անհրաժեշտին գոյութեան մէջ դեր մը կատարեն. եւ ամենէն փախստեայ վաղանցութիւնն, յետին ոչնչութիւնն անգամ՝ նա՛խ՝ յօգուտ ուրիշին բղխէ գեղ ու բարիք, եւ ապա՝– անո՛նց որ ունին յստակ աչք ու լուսաւոր խղճմտանք, համեստ այլ երանազեղ պերճախօսութեամբ վկայէ ամենակալութեանն ու սիրո՛յն աստուածային Կամքին:

 

Սկիւտար, Նոյ. 913