Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՕՎԷՍ ԱՂԲՕՐ ՎԻՇՏԸ
      
       - Կորսուեցաւ, կնիկ, կորսուեցաւ, կը պոռար Օվէս աղբարը մէկ բերան, յուսակտուր։
       Կինը, ապշահար, ահաբեկ, իր երեսը կը նայէր։
      
       *
       Ուրիշ ոչ մէկ ատեն այնքան շշմած, այնքան մռայլ տեսած էինք Օվէս աղբարը։
       Պզտիկուց, ամէնքս ալ զինքը ճանչած էինք իբրեւ աշխարհի ամէնէն զուարթ, ծիծղուն մարդը։ Ոչ մէկ պարագայ կրնար դառնացնել զինքը։
       Օվէս աղբարը միշտ միեւնոյնն էր, խնդումերես, անհոգ, ազատ հոգեկան հնհնուքներէ։
       Ու, պարապ տեղը չէր, որ գիւղացիները մասնաւոր ածականով մը բնորոշած էին զինքը, - գիժ Օվէս (կամ Խեւ)։
       Անով Օվէս աղբարը կը պատկերանար, մարմին կ’առնէր, կենդանի, տրոփուն, հարազատ։
       Յաճախ կը պատահէր, որ Օվէս աղբարը դաշտին մէջ, կամ փողոցի մը անկիւնը կը կեցնէր գիւղին լաճերէն մէկը, եւ կը հարցնէր.
       - Դպրոց կ’երթա՞ս, տղայ։
       Եւ, առած պատասխանին համաձայն, կը շարունակէր.
       - Գնա՛, գնա՛, կարդալը աղէկ բան է։
       Եթէ այդ պահուն մէկը անցնէր եւ դուն՝ իբրեւ օտարական երեսը նայէիր հարցական, գիւղացին պիտի ըսէր, մեծ բաներ գիտցող մարդու մը ծանրութեամբ.
       - Քիչ մը պակաս է. ամէն անգամ այդպէս կ’ընէ։
      
       *
       Բայց ինչէ՞ն էր, որ այն օրը այնքան դառնացած, թթուած կը գտնէինք Օվէս աղբարը։
       Մէջքը ծռած, ձեռքը ծնօտին, աչքերը շե՛շտ գետին յառած, կը խոկար Օվէս աղբարը, խորասոյզ, անթափանցելի։
       Եւ, պահէ պահ, ինչպէս ճօճանակաւոր ժամացոյց մը, գլուխը վերցնելով կը պոռար, աւելի կ’որոտար.
       - Կորսուեցա՜ւ, կնի՛կ, կորսուեցա՜ւ…
       Յետոյ նորէն կը հակէր յոգնատանջ գլուխը, նորէն կ’ամրանար իր առջի դիրքին մէջ, մէջքը ծուռ, ձեռքը ծնօտին, աչքերը գետին յառած։
       Ակնարկը՝ իր յամառ սեւեռումին մէջ, պիտի ըսէիր ծովուն խորութիւնը կը չափէր։
       Ոչ յաջորդ օրը, ոչ ալ յաջորդ օրեր Օվէս աղբարը չփոխեց իր մռայլ դէմքը, իր մտասոյզ վիճակը։
       Այլափոխութիւնը արմատական էր։
       Մշտաժպիտ, շէնշող, համակրելի մարդուն տեղ, որ Գիժ Օվէսն էր, մեր դէմը կը գտնէինք դժնէ, լռասէր, երբեմն սպառնալի տիպար մը, որ դեւի կը նմանէր։ Իր սովորական կենցաղն իսկ փոխուած էր, մեզի երկիւղ ազդելու աստիճան։
      
       *
       Օրեր վերջը, մինչ երկու ընկերներ պտոյտ մը կը կատարէինք դաշտին մէջ, վայրի վայելքի մը տենչով բաբախուն, հեռուէն տեսանք Օվէս աղբարը, որ արտ կը վարէր, գլխահակ, բայց աշխոյժ։
       Մեր առաջին մտածումն եղաւ մօտենալ, մտերմանալ, եւ եթէ կարելի է իմանալ իր գաղտնիքը։
       Շատ խօսքեր լսած էինք աջէն-ձախէն, գիւղի-գիւղականի բերնով։ Սակայն ոչ մէկը գոհացուցած էր մեզ։
       Եւ յետոյ, ի՞նչպէս վստահ ըլլայինք թէ ուրիշները ճիշդ կը պատմէին։
       Ուրի՜շ բան էր բուն աղբիւրէն լսել պատմութիւնը։
       Եւ ահա Օվէս աղբարին քովն ենք։
       Հակառակ իր լեղի տրամադրութիւններուն, Օվէս աղբարը շատ համակիր, հիւրընկալ ընդունելութիւն ըրաւ մեզի։
       Իր արտայայտութիւնը ծանր կը կշռէր դիտողին վրայ։ Կարծես ճակտին ակօսները, խորշոմները կրկնապատկուած էին քանի մը օրուան մէջ։
       Հողի մարդը դադրեցուց իր աշխատանքը, թողուց, որ պահ մը հանգիստ առնեն եզները, եւ մեզի դառնալով մրմնջեց խռպոտ, առանց նախաբանի.
       - Է՛, տղաք, հրամեցէք վրանը, աման մը թան եմ պահեր, մէկտեղ կ’ուտենք։ Լաւաշ ալ ու՛նիմ, առատ ու թարմ։
       Մենք շատ ալ տրամադիր չէինք բան ուտելու։ Ուշ ճամբայ ինկած ըլլալով, արդէն կուշտ էինք։
       Սակայն, Օվէս աղբարը չվշտացնելու, մանաւանդ, մեր նպատակին դիւրաւ հասնելու համար, յօժարութեամբ համակերպեցանք։
       Վրանին մէջ, ինչպէս ամբողջ ճամբու ընթացքին, մենք հաշիւով կը շարժէինք։ Իւրաքանչիւր խօսք եւ քայլ կը չափէինք, որպէսզի չըլլայ թէ ձախաւեր շարժումով մը վիժեցնենք մեր ծրագիրը։
       Ուստի, մինչեւ պատեհ վայրկեանը, աւելի մտիկ ըրինք քան թէ խօսեցանք, աւելի Օվէս աղբարը դիտեցինք, անոր դէմքը, շարժուձեւերը ուսումնասիրեցինք, սպասելով, որ ինք խօսք բանայ բուն հարցին՝ իր գաղտնիքի մասին։
      
       *
       - Օվէս աղբար, հարցուց յանկարծ ընկերս. Վարդգէսը ի՞նչպէս է, դպրոց կ’երթա՞յ։
       Վարդգէս Օվէս աղբարին միակ զաւակն էր, տասնըմէկ տարեկան, որ հազիւ մէկ տարիէ ի վեր քաղաք ղրկուած էր։
       Հարցումը իր նպատակին հասած էր, թէեւ ընկերս ուղղած էր պատահաբար, առանց որոշ դիտումի։
       - Կորսուեցա՜ւ, կորսուեցա՜ւ, պատասխանեց Օվէս աղբարը, եւ նորէն մռայլ, երկիւղալի երեւոյթ մը առաւ դէմքը։
       Շուարած, իրարու երես կը նայէինք։
       - Կորսուեցա՜ւ, կը շարունակէր Օվէս աղբարը, միեւնոյն չոր, սառն շեշտով։
       Եւ գլուխը կախած, թաղուեցաւ մտմտուքներու մէջ։
       - Ի՞նչ եղած է, Օվէս աղբար. դժբախտութի՞ւն մը պատահած է, հիւանդացա՞ծ է։
       - Չէ՛, չէ՛. երանի թէ այդ ըլլար եղածը. կորսուեցա՜ւ։
       Ու նորէն լռեց, մէջքը ծռած, ձեռքը ծնօտին, աչքերը գետին յառած։
       Ճի՛շդ այն դիրքը, որուն մէջ տեսած էինք զինքը, իր այլափոխման առաջին օրը, երբ կը պոռար որոտագին.
       - Կորուսուեցա¯ւ, կնիկ, կորսուեցա¯ւ…
      
       *
       Մեր շփոթութիւնը չափ չունէր։
       Անգիտակցաբար բորբոքած էինք Օվէս աղբօր վիշտը, եւ հիմա անկարող հանդիսատեսները կը դառնայինք անոր հետեւանքներուն։
       Ընկերս գերագոյն ճիգ մը փորձելով, խնդրեց, գրեթէ պաղատագին.
       - Ի՞նչ ըսել կ’ուզես, Օվէս աղբար, մեզի ալ բացատրէ, մենք ալ քեզի չափ կը տառապինք այն օրէն ի վեր, որ այդ չարաշուք բառը արտասանեցիր կնոջդ երեսին, եւ ա՛լ անկէ վերջը անգամ մըն ալ չխնդացիր, բոլորովին այլափոխուեցար։ Եթէ գաղտնիք է, կրնաս վստահ ըլլալ մեր գաղտնապահութեան վրայ։
       - Խօսէ՛, վրայ տուի ես ալ։
       Հողի զաւակը, որ քաղաք ալ տեսած էր ժամանակին, խորապէս յուզուած մեր անկեղծ խօսքերէն, ամփոփեց ինքզինքը եւ, շուտ-շուտ, շնչատ արտասանութեամբ մը, ահա թէ ինչ ըսել ուզեց։
      
       *
       - Ինչ որ ալ ըլլաք, ինչ որ ալ ընէք, տղաքս, ամէն բանէ առաջ սորվեցէք դուք ձեզի, ձեր ուժերուն վստահիլ։ Ան որ ուրիշին կը վստահի, ուրիշին կ’ապաւինի եւ ինք անշարժ կը մնայ, անպատճառ կը տուժէ։ Քառասուն տարուան փորձառութենէս մէկ բան սորվեցայ, - քու սեփական ուժերուդ ապաւինէ, ըրէ ինչ որ կրնաս, տգէտ չմնալու, հետեւաբար ուրիշէն կախում չունենալու համար։
       Վարդգէսը, ինչպէս գիտէք, միամօր զաւակս է, միայկ ապաւէնս։ Մեր համեստ միջավայրին մէջ, ըրի ինչ որ կրնայի, մինուճար զաւկիս սիրտը չդառնացնելու համար։ Բայց իմ գլխուս հոգն եղաւ կրթել, ուսումնական տղայ մը դարձնել Վարդգէսը։ Կարդալը, ա՜խ, գիտնալը ամէն բան չէ՞ աշխարհին մէջ, ամէ՛ն բան։ Տգէտ մարդը ոչ միայն ուրիշին օգուտ չունի, այլեւ ինքն իրեն կը վնասէ։ Տգէտը ստիպուած է ասոր անոր քմահաճոյքը գոհացնել, ասոր անոր կամակատարը դառնալ, գլուխ ծռել ամէն նախատինքի առջեւ։ Տգէտը անասունի պէս կ’ապրի, առանց յիշատակ մը ձգելու։ Տգէտը վախկոտ կ’ըլլայ հարկաւ։ Աշխարհը չար է, անզգամ է, անիրաւ է. անոր դէմ կռուելու համար պէտք է բա՛ն գիտնալ, բա՛ն սորվիլ, միշտ սորվիլ։ Ան որ կարդացած սորված է, կրնայ գլուխը բարձր բռնել, մարդու պէս ապրիլ։ Գիւղացին ինչո՞ւ այնքան արգահատելի վիճակ ունի. որովհետեւ տգէտ է, որովհետեւ չէ կարդացած։
       Այս յառաջաբանէն վերջը, Օվէս աղբարը շարունակեց, հետզհետէ աւելի յուզուելով.
       - Երբ տակաւին տասը տարեկան էի, գեղջուկ հողագործի մը զաւակը, հայրս մեռաւ։ Մայրս շատ կ’ուզէր, որ դպրոց երթամ, կարդալ սորվիմ, կարգին մարդ ըլլամ։ Պզտիկուց ինծի ներշնչուած այս տենչը երթալով սաստկացաւ այնպէս, որ գիշերները քունի մէջ իսկ դաս կը սերտէի։ Շատ անգամ մայրս կը հարցնէր թէ ո՞րն է ամէնէն անուշ բանը։
       - Քնանալը, կը պատասխանէի, միամիտ։
       - Չէ՛, տղաս, կը շտապէր ուղղել մայրս յանդիմանական շեշտով մը։ Ամէնէն անուշ բանը կարդալն է, մեղրէն ու սերէն ալ անուշ, որովհետեւ երբ կարդալ գիտնաս, ամէն բանի կրնաս խելք հասցնել։
       Տարիքս ո՛րքան առի, այնքան արմատ բռնեց այս համոզումը. թէեւ չկրցայ փափաքս գոհացնել։ Միշտ գլխաւոր մտածումս եղաւ բան սորվիլ եւ սորվեցնել։ Այնպէս որ, երբ ամուսնացայ եւ առջինեկս արու մը եղաւ, հրճուանքս չափ ու սահման չունէր։ Տղու մը պէս կը խայտայի։ Կամաց կամաց զուարթութիւնը սովորական դարձաւ ինծի համար։ Արդէն բնականէն շէն էի. իսկ արու զաւկի մը ծնունդը կարծես նոր կեանքի մը մէջ օծեց, մշտնջենի զուարթութեան աւազանի մը մէջ օծեց զիս։
       Շատ չանցած գիւղացիները սկսած էին մասնաւոր ուշադրութեամբ նայիլ ինծի, եւ աս «Գիժ» անունն ալ, որ ձեզի ծանօթ է, կցեցին անունիս, նկատի առնելով իմ խեւ, անկաշկանդ կենցաղս։ Հո՜գս…Ես մինչեւ անգամ հաճոյք կը զգամ այդ յորջորջումէն. կը նշանակէ թէ տարբերութիւն մը ունիմ համագիւղացիներէս։
       Մինչեւ տասնըմէկ տարեկանը գիւղին դպրոցը ղրկեցի Վարդգէսը, իմ կողմէս ալ ամէն ճիգ թափելով, որ յառաջ երթայ. որպէսզի երբեք չպաղի սորվելէն, գիտնալէն։ Սորվի՜լ, գիտնա՜լ… երբոր դպրոցին շրջանը լրացուց եւ գիւղին մէջ ա՛լ միջոց չմնաց աւելի կատարելագործուելու համար, մտադրեցի քաղաք ղրկել։
       Ճար-ճարակ ընելով, յաջողեցայ ճամբայ հանել զաւակս, մէկ հատիկ ժառանգս. մանաւանդ որ քիչ-շատ դիրք շտկած պանդուխտ գիւղացիներ խոստացած էին իրենց կարելին ընել, զաւկիս օգնելու, զայն բարձրագոյն կրթարան մը ղրկելու համար։
       Չտեսնէի՜ այդ օրը. չըլլա՜ր այդ խոստումը։ Թերեւս ես իմ գլխուս կարենայի բան մը ընել։
       Անոնք, մեր գիւղացիները, իբրեւ թէ բարիք ընել ուզելով, մեծագոյն չարիքը հասցուցին, զաւկիս ապագան խորտակեցին։
       Քանի մը ամիս դպրոց ղրկելու պէս բաներ մը ըրեր են, բայց վերջը, մտածելով թէ «ի՛նչ ըսել է, որ Գիժ Օվէսին տղան բարձրագոյն դպրոց երթայ, թող մեր քով ուշախ ըլլայ», դպրոցէն հաներ եւ մէկուն քով աշկերտ են դրեր։ Տեսնելու էիք թէ ի՜նչ սիրազեղ նամակ մը գրած են այս առթիւ. - «Օվէս աղբար, մենք պարզապէս քու բարիքդ կ’ուզենք։ Տղադ շարունակ դպրոց երթալով պիտի մաշի. մեղք չէ՞։ Մենք Հաճի Մինասին քով դրինք, շաբաթական 15 ղրուշ պիտի առնէ, թեթեւ գործեր պիտի կատարէ։ Ասանկ շա՜տ աղէկ է. թէ գործի կը վարժուի, թէ փարա կը վաստկի եւ քեզի խաշլըխ կը ղրկէ եւ այսպէս մարդու կարգ կ’անցնի։ Կարդալուն սոնը չի գար»։ Ահա նամակը, կարդացէ՛ք։ Եւ տակաւին կը սպասեն, որ շնորհակալութեան գիր մը գրեմ իրենց հոգածութեան համար։ Կը սպասեն, որ երկու տուփ սեր ու մեղր ղրկեմ գիւղէն, իբրեւ նշան երախտագիտութեան։ Չէ՛, չէ՛, Օվէս աղբարը այնքան յիմար չէ, որ չգիտնայ թէ անոնք իր զաւկին արիւնը կը մտնեն։ Անխիղճնե՜րը. չեն գիտեր թէ ես հազար-հազար նեղութիւններով մեծցուցած, կրթած եւ պանդխտութեան հանած եմ մինուճար զաւակս, որպէսզի կարդայ, բան սորվի։ Եթէ դրամի համար ըլլար, ես ինչո՞ւ օրերով հեռու տեղեր ղրկէի զաւակս, ինչո՞ւ օտար, խորթ շրջանակի մէջ մաշեցնէի անոր մատաղ օրերը։ Դժուա՞ր էր ապրիլ գիւղին մէջ, հայր ու տղայ ձեռք ձեռքի տալով, արտ վարելով, հողը հերկելով։ Ես ի՞նչ ընեմ դրամը, երբ տղաս տգէտ պիտի մնայ, ասոր անոր առջեւ բարեւ բռնելու պիտի հարկադրուի, որպէսզի պատառ մը հացէ չզրկուի։
       Երբ թղթատարը այս սեւ լուրը բերաւ, անդիմադրելի դող մը ցնցեց զիս, արիւնը գլուխս խուժեց, ձեռքերս կարկամեցան, եւ, հակառակ այնքան առողջ կազմիս, թոյլ զանգուածի մը պէս վար ինկայ։ Մշտակայ ժպիտը, որ իմ յատկանիշս եղած էր, մարեցաւ անդարձ։ Մնացեալը գիտէք։
       Հիմա բարեկամներս հեռու կը փախչին ինձմէ։ Իրաւցնէ խորշելի դարձած եմ, դաժան, դէգ։ Կը զգամ, սակայն ձեռքս չէ։ Զաւակս կորսուեցա՜ւ, շնորհիւ անխելք բարեկամներու։ Առաջին անգամ ըլլալով կը զգամ կեանքի դառնութիւնը։ Կորսուեցաւ, կորսուեցա՜ւ մէկ հատիկ զաւակս, որովհետեւ կարդալ չսորվեցաւ։ Հաճի Մինասին քով դրեր են եւ փարա պիտի վաստկի. հա՛, հա՛, հա՛։ Պէտք չունիմ այդ փարային, թող ետ ղրկեն տղաս, ձեռք ձեռքի տալով կ’ապրինք իբրեւ համեստ գիւղացի։ Գոնէ այսպէս աւելի աղէկ է։ Ազատ՝ աշխարհիկ ձեւականութիւններէ, անկաշկանդ կ’ապրինք, լերան կատարն ունենալով մեզի նշանակէտ, մաքուր դաշտերը՝ շրջապատ, արծիւին թռիչքը՝ խրախոյս։ Բայց դառնութիւնը կը մնայ, պիտի մնայ սրտիս խորը, ինչպէս ամուր մխուած փուշ մը, որ պարբերաբար կը խոցոտէ։ Կարծես տասը տարի ծերացայ վերջին տասը օրուան մէջ։
       Այժմ աւելի ընդհատ-ընդհատ կը խօսէր Օվէս աղբարը։ Իր վերջին խօսքերը անհասկնալի կը դառնային։ Յուզումը կը սաստկանար։
       - Կորսուեցա՜ւ, այո՛, կորսուեցաւ տղաս, քանի որ տգէտ պիտի մնայ։ Թող թշնամին չտեսնէ այդ սեւ բախտը… Կը պաղատիմ, տղաքս, տգէտ չմնաք… թող ոչ մէկ արարած տգէտ մնայ. իմ զաւկիս քաւութիւնը ձեզի համար թող ըլլայ… Պոռացէք ամէն տեղ, քարերուն, ժայռերուն, հովերուն եւ ծովերուն, թէ տգիտութիւնը անասնութիւն է, ստրկութիւն է… Ա՜խ, Վարդգէս, ինտո՞ր խաբուեցայ եւ այդ անսիրտ բարեկամներուն վստահեցայ քեզ. տգիտութենէս չէ՞ր։
       Եւ սկսաւ գլուխը ծեծել։
       Քիչ մըն ալ, եւ ահա պիտի լար, տղու պէս պիտի լար այդ հասակաւոր մարդը։
      
       ԸՄԲՈՍՏ