Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԸ
      
       AFTER LIFE’S FITFUL FEVER
       HE SLEEPS WELL
      
       Մինչեւ վերջին ժամը։ Մինչեւ արեան վերջին կաթիլը։
       Շունչ եւ Միտք։ Թուղթ եւ գիր։ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ։
       Խմբագրատունն էր երեքշաբթի, իրիկուան դէմ։ «Քալէ՛ երթանք պտոյտ մը կատարենք, Օշական»։
       = Ես հիւանդ մարդ եմ, կը յոգնիմ։ Ես քու առողջութիւնդ չունիմ։ (Իմ առողջութիւնս…)։
       - Երթանք սրճարան մը նստինք։
       = Ծուխէն կը նեղուիմ։
       Մէկ ժամ առանձին պտտելէ վերջ, երբ վերադարձայ, գրասեղանին առջեւ նստած՝ փորձ կը կարդար, իր վերջին գրութիւնը, որ պիտի հրատարակուի «Նայիրի»ի մէջ։
       Պահ մը յարակից սենեակը հրաւիրեցի, խօսելու համար հինգշաբթի օրուան դասախօսութեան մասին, զոր ինք թելադրած էր։
       - Ի՞նչպէս դասաւորած ես նիւթը, - «Նորերը եւ իրենց դատելու եղանակը»։ Իմ բաժի՞նս։ Քիչ մը տարտամ է նիւթը։
       = Թուղթ մը առ եւ գրէ։
       Թուղթ, գրիչ ձեռքս, կը նշանակէի անունները 8-10 նոր գրողներու։ Իւրաքանչիւր անուն հազիւ արտասանած՝ շունչ մը կ’առնէր, ծանր եւ կասկածելի։ Յետոյ, յամրաբար բացատրեց իր ըսելիքն ու իմ ընելիքս։ « Ես կը վերջացնեմ, դուն իւրաքանչիւրը իր տեղը կը դնես…»։
       Յաջորդ օրը, չորեքշաբթի առտու ժամը 8ին ժամադրուած էինք, Ճարապլուս երթալու համար, խումբ մը ընկերներով։ (Ահա քանի շաբաթ է, որ կ’ուզեմ տեսնել, կ’ուզեմ տեսնել Եփրատը, Ճարապլուսէն, Տէր Զօրէն։ Ինքն ալ փափաքեցաւ ընկերանալ)։
       Չորեքշաբթի առտու կանուխ կ’իմանամ թէ պտոյտը յետաձգուած է։ Խորհրդաւոր շարժուձեւեր շուրջս։ Փսփսուքներ, թախծոտ նայուածքներով. - «Օշականը սրտի տագնապ մը անցուցեր է գիշերը… Վիճակը շատ ծանր է… Դէմքը մեռելի գոյն…»։
       - Որեւէ յո՞յս։ =Չեմ կարծեր։
       Մինչդեռ ամէն բան վերջացած էր գիշերը։
      
       *
      
       Պէյրութի մէջ էր, որ հանդիպեցանք, հինգ շաբաթ առաջ, տարիներու բաժանումէ մը վերջ։
       Կէս փախստական Երուսաղէմէն, կ’ուզէր Ֆրանսա մեկնիլ, Մարսէյլի յոբելեանին ներկայ ըլլալու եւ ատեն մը Փարիզ բնակելու համար։
       Բացատրեցի թէ ժամանակը չէ ո՛չ յոբելեանով զբաղելու, ո՛չ ալ Փարիզ հաստատուելու։
       Գարեգին կաթողիկոսին հիւրն էր, Անթիլիասի մէջ, եւ քանի մը անգամ գնաց եկաւ։ Բան մը ունէր լեզուին տակ։ «Դո՞ւն ալ ազգային գործերով զբաղիլ սկսար»։ Թեթեւ ժպիտ մը, եւ անմիջապէս կ’անցնէր հրատապ նիւթի մը, որ ինծի ալ մտահոգութիւն կը պատճառէ։
       Հալէպ հասնելէս երկու շաբաթ վերջը, առտու մը «Արեւելք»ի խմբագրատունը գտայ, միշտ «փափախ»ը գլխուն։
       Չկրցայ բացատրել թէ ինչո՛ւ եկած էր։ Պտո՞յտ։ Մասնաւոր պաշտօ՞ն մը թէ գրական մտահոգութիւններ։ («Համապատկեր»ի 12 հատորներուն հրատարակութեան հոգը մղձաւանջ մը դարձած էր իրեն համար։ Եւ դեռ տասը հատոր ալ՝ նոր գիրքը, որուն երկուքը միայն պատրաստ են, եթէ չեմ սխալիր)։
       Կը բաւէր դիտել դէմքը, քալուածքը, հասկնալու համար թէ որքան խախուտ է առողջութիւնը։
       Բոլորս ալ զգուշութիւն կը թելադրէինք փոխադարձաբար, որպէսզի շատ չյոգնի։ Կը սիրէր խառնուիլ օրուան ասուլիսներուն եւ երեկոյթներուն։ Փետրուար 14ի գիշերուան գրական ասուլիսին ներշնչողներէն մէկն ալ ինքն էր։ Յայտնապէս կը նեղուէր, բայց եւ այնպէս ուզեց իր խօսքն ըսել հրապարակաւ։
       Յաջորդ իրիկունը, կիրակի, նորէն սեղանին գլուխն էր ուրախ զուարթ, Արծուիկներու թէյասեղանին առթիւ։ Գարեջուր կը խմէր, պահէ պահ մասնակցելով երգերուն։
      
       *
       Ինչո՞ւ խրիլ մանրամասնութեանց մէջ, երբ այլեւս չկայ։
       Հալէպի մէջ էր, որ Օշական տեսաւ ամէնէն արժանավայել տօնակատարութիւնը իր յոբելեանին, վերանորոգուելով հոգեպէս։ Եւ Հալէպի մէջ ալ գտաւ իր վախճանը, շնչասպառ։
       Միայն տարիքի բեռը եւ լարուած աշխատա՞նքն էին, որ մաշեցուցին իր սիրտը։
       Հապա սա թունաւոր, գարշահոտ լուտանքնե՞րը։ Այն գարշելի ծամածռութիւննե՞րը, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին Երեւանէն արտասահման, փոխն ի փոխ նորոգուելով։
       Դաս մը մարդիկ այնքան գռեհկացան որ, նոյնիսկ հանրագրութիւն մը ուղղեցին Երուսաղէմի պատրիարքին, պահանջելով ուսուցչական պաշտօնէն արձակել ալեհեր վաստակաւորը։ Եւ Երուսաղէմ, ահաբեկ, մէկդի դրաւ իր իսկ աւետած, սարքած յոբելեանը։
       Տակաւին կանուխ է, քրքրելու համար մեր ժամանակակից պատմութեան այս գանելիք էջերը։
       Թերեւս ոչ մէկ ատեն այնքան կուրացած, բթացած էր մեր օրերու փետրաթափ մտաւորականութիւնը, - այն որ «յառաջդիմական»ի յուլունք մը կախած է վիզէն։
       Ահա լռեց Օշականն ալ։ Եւ «հանգիստ կը քնանայ, կեանքի տքնաջան տենդէն վերջը»։ Մինչեւ վերջին ժամը տքնելէ, երակներուն վերջին կաթիլը քամելէ ետք։
       Ցնծա՛, Երեւան։ «Թշնամի» մըն ալ պակսեցաւ։ Իսկ դուն, ծուռ բերան ռատիօ-Երեւան, սաստկացո՛ւր ջիղերու պատերազմը, մինչեւ որ բոլոր բարձունքները հարթուին…։
      
       Հալէպ, 1948