ՂՈԻՌՈԻՉԱՅՑԻՆԵՐԸ
Գուլէտիպիէն,
Շիշհանէէն
մինչեւ
Պանքաները,
կամ
Եիւքսէք
Գալտըրըմէն
մինչեւ
Թոփհանէ`
հրէական
թաղերու
բոլոր
գիշերապահները,
ջրկիրները,
դռնապանները
իմ
գաւառէս
են,
ղուռուչայցի
են:
Ես
գրեթէ
ամէնքն
ալ
կը
ճանչնամ,
անոնք
ալ
զիս
կը
ճանչնան:
«Ղոնշու»,
«հէմիշէրի»,
այսինքն`
«դրացի»,
«հայրենակից»
կ՚ըսենք
իրարու,
կամ
անոնք
իմ
գիւղիս
անունովը`
Արմտանցի,
ես
ալ
իրենց
գիւղերուն
անունովը`
Սիմերի,
Սիդիմեցի,
Էռհեմեցի
կը
կանչեմ:
Կիներուն
ալ
խաթուն,
խանըմ
չեմ
ըսէր,
տարէց
ըլլան,
թէ
երիտասարդ,
գաւառի
վարժութիւնով`
«ղըզ»
կ՚ըսեմ,
այսինքն`
«աղջիկ»,
«ղըզ
Պաստանացի…»
«ղըզ
Խենեկեցի»,
«ղըզ
Կանկըռըտցի»…
Ասոնց
մէջ
իմ
գաւառիս
քուրդ
գիւղերէն
Կեամխուէն,
Պանտըրայէն,
կամ
Ղզլպաշ
գիւղերէն,
օրինակ`
Դարգլոխէն,
Նորտունէն
մէկ
հոգի
անգամ
չկայ,
անոնք
այս
կողմերը
չեն
աշխատիր,
հոս
եղողները
ամէնքն
ալ
թուրք
են:
Շատերը
ափարթմաններու
դռնապան
են,
ու,
մէկ-երկուքէն
զատ,
ամէնքն
ալ
իրենց
կիները
գաւառէն
բերած
են:
Ներսի
մաքրութիւնը
գետինները,
սանդուխները,
բազրիքները
սրբել
կամ
լուալը,
աղբամանները
յարկերէն
իջեցնել,
աղբակառքերուն
տալը,
փայտը,
ածուխը
ածխանոցէն
վեր
հանելը
իրենց
կիները
կ՚ընեն,
իրենք
ալ
կիներուն
չկըրցածները
կ՚ընեն:
Շատ
մը
խանութպաններէն,
արհեստաւորներէն
լաւ
է
իրենց
գործը:
Մէկ
մը
որ`
բնակութեան,
լոյսի,
ջեռուցումի
ծախք
չունին,
ափարթմանը
կը
վճարէ,
իրենց
ալ`
գետնայարկը
պառկելու,
նստելու
սենեակ
մը,
խոհանոց
մը
յատկացուած
են:
Վրայ-գլուխի`
հագուստի,
կօշիկի
ալ
մեծ
ծախք
մը
չունին,
վարձակալները
ողջ
ըլլան`
իրենց
գործածածները
անոնց
կուտան:
Ուտելիքը`
նմանապէս:
Ես
ու
դուն
հրեաներուն
եփածները
չենք
ուտեր,
անոնք
ըսես`
յարկերէն
աւելցած
կերակուրները,
ծանր
հոտող
ձէթով
խմորեղէնները,
մսեղէն
կամ
ձկնեղէնները,
կամ
ինչ
ըլլայ`
կուտեն:
Այնպէս,
որ
շահած
փարանին
իրենց
քովը
կը
մնայ:
Առտուները
երկու,
երեք
ժամ
կը
տեւէ,
չի
տեւէր`
աշխատութիւն
մը
ունին,
եւ
եթէ
վարձակալի
մը
փուռէն
հաց
մը,
ազատքեղ
մը,
կամ
նպարավաճառէն
նպարեղէն
ուզուիլը
չըլլայ,
ամբողջ
օրը
բան
մը
չընելով`
իրիկուն
կ՚ընեն:
Իրենց
էրիկները
դուրս
կ՚ելլեն,
սրճարան
կ՚երթան
թուղթ
կը
խաղան,
եւ
կամ
պոյպէկիի
պէս`
կը
պտտին:
Իրենք`
կիներն
ալ,
գաւառին
տարազովն
ու
բերանակալները
մինչեւ
քիթերնին
քաշած,
գիւղը
աղբիւրին
գլուխը
խօսածներուն
տեսակէն`
կը
շաղակրատեն
փողոցը`
դուռներուն
առաջքը,
մինչեւ
օրը
մթնէ:
Թէ
այրերը,
թէ
կիները
տարեցութիւնս
կը
յարգեն,
կատակներէս,
հեգնութիւններէս
չեն
առնուիր,
ես
ալ
ամէն
իրենց
առաջքէն
անցնելուս
գաւառի
խօսքերէն
խօսք
մը
կ՚ընեմ.
—
Օղլան
եէր`
օյընա
կիտէր,
չորպան
եէր`
գոյընա
կիտէր:
Եւ
կամ`
—
Էքմէք`
Մըտըրըն,
բէնիր`
Խըտըրըն,
եէյին
տէ`
ղուտուրուն,
—
կ՚ըսեմ:
Գիտեն,
թէ
ինչի՞
կ՚ակնարկեմ,
հասկցնել
կ՚ուզեմ,
թէ`
կ՚ուտեն,
կը
խմեն,
ըրածնին
ի՞նչ
է:
Կը
խնդան
եւ`
—
Է՜,
նէ՞
էյլէյէլըմ,
ղոնշու,
—
կը
պատասխանեն
կիները,
երկնցնելով
բառերուն
արտասանութիւնը:
Յաճախ
իրենց
էրիկներն
ալ
իրենց
քովը
կ՚ըլլան:
Կը
չքմեղացնեմ,
իրաւացի
կը
գտնեմ
զիրենք.
—
Այո,
—
կ՚ըսեմ,
—
Ըստանպոլ
է
հոս,
գիւղը
չէ,
առտուն
ախոռը
մտնել`
կովերը
կթել,
բակը
անցնիլ`
ոչխարը
կթել
չկայ:
Օճախին
վրայ
կաթը
եփ
հանել,
կովերը`
կովերուն
չոպանին,
ոչխարը,
այծերը`
ոչխարին
չոպանին
տանիլ,
յանձնել
չկայ:
Ախոռը
աւըլել,
աղբերը
աղբին
քթոցը
լեցնել,
շալակ
շալակ
տանիլ,
աղբանոցը
թափել
չկայ:
Եւ
կամ`
փողոցը
խօսքի
բռնուիք,
կաթը
օճախին
վրայ
մոռնաք,
տակը
առնէ,
փրփրի,
դուրս
յորդի,
կեսուրնիդ
գայ
ձեզ
չեխէ,
մէկ
մըն
ալ
գլուխնուդ
զարնէ`
ատ
ալ
չկայ:
Դարձեալ,
ըլլայ
որ
աղբընոցին
չդառնաք,
ուշանաք,
տունը
պուտ
մը
ջուր
չկայ`
կեսուրնիդ
գայ
պոռայ
ու
կանչէ,
կուժը
շալկէք,
վազէք,
աղբիւրը
երթաք,
ասոնք
հոս
կա՞ն,
ասոնցմէ
ո՞րը
Ըստանպոլ
կ՚ըլլայ,
որ
ընէք:
Երբեմն
ցերեկուան
սաստիկ
տաքին
հինգ
վեց
կնիկ
շուք
մը
նստած
կ՚ըլլան,
ես
ալ
կանցնիմ`
—
Օ՜խ…
սանքի
հարս
պիտի
ըլլաք,
ձեռքերնիդ
պիտի
հինայենք.
Ղընայայ
կէլ,
ղընայա,
Վէր
էլինի
ղընայա:
Անասը
կէլմէյինճէ,
Պապասը
կէլմէյինճէ,
Վեր
էլինի
տէմէյինճէ`
Վէրմէզ
էլի
ղընայայ:
Կեանք
ալ
է
նէ`
աս
է,
ղուռուչայցինե՛ր,
շուքը
նստեցէք
ու
արեւը
սէյիր
ըրէք,
–
կ՚ըսեմ:
–
Արտքաղի
ամիս
է,
հիմա
Ղուռուչայի
ձորերուն,
լեռներուն
վրայ
արեւը
կրակ
կը
տեղայ:
Հիմա
հոն
եղած
ըլլայիք,
պիտի
թողնէի՞ն
որ
նստէիք,
հա՞:
Արտ
պիտի
քաղէիք,
մանգաղ
պիտի
փարտէիք:
Գլուխնուդ
ամէն
մէկ
մազին
տակէն
քրտինք
պիտի
բխէր:
Աչքերնուդ
թարթիչները
իրարու
պիտի
փակէին:
Չէ՞:
Ըսէք
թէ
չէ:
Բայց
յաճախ
ալ
շեշտս
կը
փոխեմ,
հաճելի
խօսքեր
չեմ
ընէր,
կը
վիճաբանեմ,
իրենց
ծուլութիւնը
կ՚այպանեմ:
—
Չէ,
–
կ՚ըսեմ,
–
այս
երկիրը
երեսուն
միլիոն
չէ,
հարիւր
միլիոն
մարդ
կ՚ապրեցնէ:
Մենք
ցորենը
դուրսէն
պիտի
չառնենք,
ցորեն
պիտի
ծախենք,
բայց
ասոր
պատճառը`
ծուլութիւնն
է,
դուք
էք:
Ես
գաւառը
ըլլայի`
իմ
արտերուս
բերքովը
քանի
մը
տարիէն
ափարթման
մը
կը
կայնեցնէի:
Մեր
ատենը
մեր
հանած
ցորենը
առնող
չկար:
Ակնցիներուն
տալու
կ՚ըլլայինք`
քիլէն,
որ
այն
ատեն
160
հին
օխա
էր,
50
ղուրուշ
կ՚ըսէինք,
չէին
առնէր,
կ՚երթային:
Թրէն
չկար,
ճամբայ
չկար,
ո՞ւր
տանէինք:
Հիմա
թրէնը
ձեր
դիմացէն
կ՚անցնի,
Լիճքէն:
Թօփրաք
Օֆիսը
ոտքերնիդ
է,
քիլօ
մը
ցորենը
70-80
ղուրուշի`
փարան
կ՚համրէ,
կ՚առնէ:
Ալ
ի՞նչ
կ՚ուզէք:
Ինչո՞ւ
ցորեն
չէք
հաներ:
—
Հիմա
ձեր
օրերուն
պէրէքէթը
չկայ,
ղոնշու,
—
կը
պատասխանեն,
—
հիմա
մեր
տուներուն
տարեկան
ուտելիքը
չենք
կրնար
հանել:
Հիմա
մէկ
եզը
հազար
ոսկի
է:
—
Ձգեցէք
ադ
պէրէքէթի
խօսքը,
—
կ՚ըսեմ,
—
միշտ
ատ
կը
կրկնէք.
արտերը
նորէն
այն
արտերը
չե՞ն:
Եւ
թէ
ինչո՞ւ
եզը
փարայով
պիտի
առնէք,
դուք
եզ
չէ՞ք
կրնար
հասցնել
ձեր
կովերէն:
Պատճառը
ձեր
ըսածը
չէ:
Ծոյլ
էք,
չէք
աշխատիր:
Գիտէ՞ք,
Հուրիէթին
տարին
ղայմախամ
մը
եկաւ,
բոլոր
գիւղերուն
աղաները
կանչեց,
մենք
ալ
գացինք:
Երիտասարդ
մըն
էր։
Գիտէ՞ք
ինչ
ըսաւ
ձեր
աղաներուն:
«Ես,
—
ըսաւ,
—
ձեր
ու
հայերուն
արտերը
դէմէն,
մէկ
նայելով
կը
զատեմ:
Ձեր
արտերուն
ցորենները
քարերէն,
փուշերէն,
գէշ
խոտերէն
խեղդուած
են,
հայերուն
արտերուն
մէջ
մէկ
քար,
մէկ
փուշ,
մէկ
տատասկ
չես
տեսնէր:
Ի՞նչ
բերք
կը
սպասէք
ձեր
արտերէն»:
Դուք
հիմա
Ըստանպոլը
դիւրին
փարայ
վաստկիլը
սորվեցաք,
ալ
գեղը
կը
կենա՞ք,
կը
վազէք
հոս
կուգաք:
Ինչո՞ւ:
Ամէն
օր
ձեր
ձեռքը
փարայ
կ՚անցնի,
անոր
համար:
Գեղը
ո՞ւր
տեսեր
էիք
այդչափ
փարայ:
Համիտիէի
երկու
ջուր
կը
կրէք,
ափարթմանին
սուտի-մուտի
բան
մը
կ՚ընէք,
բան
մը
ձեզի
առնել
կուտան,
տեղ
մը
կը
ղրկեն
ձեզ,
երկուքուկէս
ոսկի,
հինգ
ոսկի
ափերնիդ
կը
կոխեն:
Ալ
փափաք
կ՚ընէ՞ք
արտը
երթալ`
աշխատելու,
բերք
հանելու:
Մեր
Ղուռուչայը
ինչքա՜ն
պարապ,
չմշակուած
տեղեր
կան:
Երկու
գետեր
ունիք,
մէկը
մեր
կողմը`
Ղարապուտախը,
որ
շատ
վերէն`
Համիի
կարմիր
աղերու
աղահանքերէն
ու
Բախտիարի
ձորերէն
կուգայ,
Եփրատը
կը
թափի,
միւսը,
Սինիպէլիի
տակէն,
Ղոնճիտերէէն
ու
Քեռեկէի
կողմերէն
կուգայ,
նոյնպէս
Եփրատը
կը
թափի:
Ժամերով,
ժամերով
ձի
վազեցուր,
կամ
քալէ
երկու
գետերու
երկու
ափերէն:
Ի՞նչ
կը
տեսնես,
ի՞նչ
կը
հասցնէք
այդքան
տեղերուն
վրայ,
լոլիկ
մը,
ազատքեղ
մը
անգամ
չունիք,
իսկ
մեր
հինգ
գիւղերուն
այգիները
գիտէք,
կամ
լսած
էք`
խաղողի,
թութի,
ընկոյզի,
դեղձի,
ծիրանի
ի՜նչ
բերք
կուտային:
Դուք
ինչո՞ւ
պարապ
կը
ձգէք
այդքան
տարածութիւնները:
Ես
ձեզ
Ղայղանայ
Բուխարը
գիտեմ,
ղոնշու,
—
կ՚ընդմիջէ
կին
մը:
Մեր
Ձըվազեղ
Աղբիւրին
համար
է:
Չերենճիրցի
է,
մենք
Չորանկըճեր
կ՚ըսենք:
Ձուազեղին`
ղայղանայ
կ՚ըսեն,
աղբիւրին`
բուխար:
Բընար
ըսես`
չեն
հասկնար,
բընարը
ի՞նչ
է`
կը
ծաղրեն
քեզ,
կը
մարին
խնդալէն,
բուխար
չըսե՞ս,
որ
հասկնանք,
կ՚ըսեն:
Ես
ալ
ձեր
Ջրխորոսի
Եազին
արտ
քաղած
եմ,
—
կ՚ըսէ
տարէց
կին
մը,
որ
Կանկըռըտցի
է,
Խենեկէին
դիմացը:
—
Ձեր
Վերնաղբորիկէն
ջուր
խմեցի,
տեհայ,
ըսին,
անոնց
Կապոտ
Լոսը,
Կապոտ
կապանը,
Երեւանը:
Մեր
Ջրկորուսի
դաշտին,
լեռան
աղբիւրին՝
Վերնաղբիւրիկին,
Կապոյտ
Լուսին,
Կապոյտ
Կապանին,
Երեւանի
բարձունքներուն
կ՚ըսէ:
Յուշերս
կը
պատմեմ
իրենց:
—
Աղէն
կուգայինք,
Քեմախի
Գոմերու
աղահանքերէն,
—
կ՚ըսեմ:
–
Վեց
ջորիով,
աղ
բեռցած,
վեցս
ալ
հեծած`
պարկերուն
վրայ:
Գորգոբէն
անցանք,
դրան
մը
առաջքը
խնոց
կը
հարէին,
Խալկին
մը
լեփլեցուն
թան
կար:
Մեր
Շրջիկ
հօրքուրարը`
«տղաք,
տեղը
աղ
կուտանք
ըսենք,
խաբենք,
խմենք
ու
փախինք»,
ըսաւ:
Կիները
ընդունեցին:
«Ամենուն
խմածին
աղը
ես
պիտի
տամ»
ըսաւ
անոնց:
Խմողս
ջորին
քալեցուցինք,
գացինք:
Ինք
ալ
խմեց:
Իր
ջորին
ալ
մըռըզ
էր:
Գիտէք,
որ
հայրը
ձի,
մայրը
ձիէն`
ձի
կը
ծնի,
հայրը
էշ,
մայրը
ձիէն`
ջորի
կը
ծնի,
հայրը
ձի,
մայրը
էշէն`
մըռըզ
ջորի
կը
ծնի,
որ
շատ
տոկուն,
բեռընտար,
նոյնքան
ալ
խենթ,
դիւրաբորբոք
կ՚ըլլան,
մարդ
չի
մօտեցնէր,
մանաւանդ:
Շրջիկ
հօրքուրարինը,
որ
թանը
խմեց
ու
մէկ
մը
որ
չպուխեց,
թռաւ,
ետեւի
ոտքերով
կիցեր
նետելով.
ո՞վ
կրնար
բռնել,
ո՞վ
կրնար
քովը
երթալ:
Գորգոբցի
կնիկները`
«Կեաւուռլա՜ր,
զըխխըմ
օլսո՜ւն,
…
զէհիր
ու
զըխխըմ
օլսո՜ւն
իչտիկինիզ…
պիզի
ալտաթտընըզ
տէ
ղաչտընըզ,
կէպէրէսընը՜զ,
էվինիզէ
ղավուշմայասընը՜զ,
կեաւուռլար»
պոռացին
ու
պոռացին
մեր
ետեւէն:
Երկրորդ
մը
կը
պատմեմ:
Կերճանիս
կ՚երթայինք,
ճամբանիս
կարճեցնելու
համար`
Կուլանին
մէջէն
անցանք:
Ադ
Կուլանն
ալ
ամայի
լեռան
մը
ետեւը
գիւղ
մըն
է:
Մեզ
որ
տեսան
«կեաւուռները
կ՚անցնին»
ըսին
կնիկները
իրարու:
Իրենցմէ
նոր
հարս
մըն
ալ,
մեզի
նայելով,
բերանը
բաց
մնաց,
զարմացաւ:
Լսեցինք,
որ
քովիններուն
կ՚ըսէ.
«Ղըզ
անա՜յ…
կեաւուռլար
տա
պիզիմ
կիպի
իմիշ…
ատամ
իմիշ…»:
Ասոնք
որ
կը
պատմեմ`
կիները
շուրթերնին
կը
սեղմեն,
չեն
կրնար
զսպել,
կը
խնդան: