ԵՍ
Կ՚ԸՍԵՄ`
ԱՍ
ՄԱՐԴԸ
ՀԱՅ
Չէ
Թեղուտի
գզիր
Մուհարրէմը
այս
պատմութիւնը
պատմեց
ինծի:
Ամառ
մը,
արտքաղի
ամսու
մը,
Քեմախի
Բագառիջներէն
կուգայի,
—
ըսաւ,
—
գիշերը
Մեղկեպ
պառկեցայ,
առտուն
կանուխ
ճամբայ
ելայ,
որ
իրիկունը
արեւը
չմարած
տունս
հասնէի:
Մէկ
մը
մինչեւ
ցերեկ
Հասանավայ
որ
ըլլայի,
ալ
անկէ
անդին
ի՞նչ
կը
մնար,
կը
խորհէի:
Շեյթան
Մաղարայով
չերթամ,
ըսի
ես
ինծի,
ու
Պաղարսաղ
Տերէին
առուն
ձեռք
առի:
Իրաւ,
այս
կողմէն
դարվերին
շատ
էր,
բայց
միւսին
պէս
ալ
ոլորուն
չէր,
ու
անկէ
աւելի
կարճ
էր:
Ես
ալ,
չգիտես`
ինչպէս,
կը
քալէի,
ոտքերս
մէկի
տեղ`
երկու
կը
բանայի,
դարվերի,
դարվարի`
աչքիս
չէին
երեւնար:
Հոտկէ
եկա՞ծ
ես,
չեմ
գիտէր,
ճամբան
առուին
մէկ
մը
ձախը,
մէկ
մը
աջը
կ՚անցնէր,
ես
ալ
ամէն
անգամ
առուին
վրայէն
մէկ
մը
ձախը,
մէկ
մը
աջը
կը
ցատկէի:
Ճամբուս
առաջին
մասը`
դէմէ
դէմ
ցատկելս,
վերջացաւ:
Առուէն
բաժնուեցայ,
լեռը
ելլել
սկսայ,
ու
ելայ
ու
ելայ,
ելայ
ու
ելայ
գագաթը
չերեւցաւ:
Ի՜նչ
անհատնում
ելլել
եղաւ,
մինչդեռ
ես
ալ
կը
հաւատայի,
թէ
ցերեկ
չեղած
Հասանավա
կը
հասնէի:
Ուրիշ
անգամ
նորէն
հոսկէ
լեռը
ելած
էի,
այսչափ
երկայն
չէր
եկած
ինծի,
այսօր
ի՞նչ
եղաւ:
Սխա՞լ
կ՚երթայի
արդեօք:
Մէկու
մըն
ալ
չհանդիպեցայ,
որ
հարցնէի:
Շուրջս,
աչքս
կտրելու
չափ
տարածութեան
մը
վրայ
կաղնեստան,
գիաստան,
ոզուռիի,
վայրի
կաղամախիի,
ճերմակ
ցախաւելի,
կաղնիի
ու
գիի
ծառեր,
որոնք
տեղ-տեղ
բացաստաններով
կ՚ընդհատուէին,
յետոյ
նորէն
կը
շարունակուէին:
Շոքքէի,
Սիդեմիի
լեռներուն
գագաթները
կ՚երեւնային
հորիզոնին
երկայնքին,
բայց
ինչքա՞ն
հեռացեր
էի
անոնցմէ:
Խելքովս
կը
հետեւցնէի,
թէ
այս
տեսած
ծառաստաններս
Պոյալրխի,
Էռհէմիի,
Կանկռուտի,
Խենեկէի
փայտի
լեռն
էր,
եւ
թէ
յայտնի
էր,
որ
արգիլուած
մաս
ըրեր
էին
անցած
տեղերը,
որովհետեւ
ծառերուն
բնաւ
կացին
դպած
չէր,
ամէնքն
ալ
թարմ
ու
մատաղատի
էին:
Ես
ի՜նչ
անխելքութիւն
ըրի,
մեղադրեցի
ես
զիս:
Աւելի
լաւ
չէ՞ր
ըլլար,
որ
Ուխտիկներու
զոյգ
գիւղերէն
դառնայի,
գիշերը
Շոքքէ
պառկէի,
առտուն
Սիդեմի
բռնել
տայի,
հոնկէ
ու
հինգ
աղբիւրներէն
ի
վար
Ղուռուչայ
իջնայի:
Ալ
եղաւ
անգամ
մը:
Կաղամախիի
մը
տակ
շուք
մը
կ՚երեւար:
Իմ
տեղէս
լաւ
չէր
զանազանուէր`
մա՞րդ
էր,
թէ
թուփ
էր,
բայց
քանի
մօտեցայ,
ստուգեցի,
թէ
մարդ
էր,
եւ
երբ
քովը
գացի,
մէկէն
սոսկացի…:
Ծոցը
բաց,
թեւերը
մերկ
մէկը
նստեր
էր,
գիտես
թէ
ուլի
մը,
այծի
մը
մորթը
առէր
էր
վրան,
մարմինին
մազերը
կը
կախուէին
թեւերէն,
կուրծքերէն:
Ինքզինքս
ժողվեցի,
ու.
—
Սէլամն
ալէյքիւմ,
էմի,
—
ըսի:
—
Ալէյքում
սէլամ,
—
պատասխանեց:
Ու,
իմ
շուարումս
տեսնելով,
աւելցուց.
—
Վախցա՞ր
ինձմէ,
իմ
մազոտութենէս:
Աստուած
իս
ասանկ
ստեղծեց,
ի՞նչ
կրնամ
ընել:
Յետոյ
մտերմացաւ,
ըսաւ,
թէ
անունը
Ապուզեր
էր,
լեռը
կը
պահէր,
որ
ուրիշ
գիւղերէն
չգային,
ծառերը
կտրէին:
—
Իսկ
դո՞ւն
ուր
կ՚երթաս,
—
հարցուց,
—
այս
ճամբան
Պաստանա
կը
տանի
քեզ,
Ղոնճիտէրէի
գիւղերը:
Ուր
երթալս
հասկնալով,
ոտքի
ելաւ
ու
իմ
գնալիք
ուղղութիւնս
ցուցուց:
Հոտկէ
մինչեւ
որ
Հասանավայի
Եազին
հասայ`
աստղերը
փայլեցան,
գիշեր
եղաւ:
Եազին
դաշտը
ըսածնին
գիշերուան
մութին
մէջ
կ՚երկարէր
մինչեւ
ո՞ւր`
ես
ալ
չէի
գիտէր:
Արտքաղի
մէջ
էին,
բայց
մարդ
չկար,
ձգէր,
գացեր
էին:
Ասոնք
մեզի
պէս
արտերը
չէին
պառկէր:
Պատմուածէն
շատ
աւելի
էր
այս
տեղերուն
տաքը,
քրտինքներս
կը
վազէին
քունքերէս,
ճակատէս,
իսկ
ծղրիթները,
բիւր
բիւրերով,
ճռ՜ռ,
ճռ՜ռ,
ճռ՜ռ,
ճռ՜ռ,
կենալ
չունէին,
կը
կանչէին,
կը
խլացնէին
ականջներս:
Ուրախացայ,
երբ
երկու
մարդ
նշմարեցի:
Արտի
մը,
որ
դեռ
քաղուած
չէր,
թումբէն
անցնելով
շտկուեցայ,
քովերնին
գացի:
Խորհեցայ,
որ
թրքութիւնս
պահեմ:
Ես
հայերու
մէջ
մեծցեր
եմ,
չե՞մ
ճանչնար
հայերը:
«Հայ
եմ»
ըսելու
ըլլաս,
եղբօր
պէս
կը
տաքնան
վրադ,
կը
սիրեն
քեզ,
կը
բացուին
քեզի:
Էրիկ
մը,
կնիկ
մըն
էին:
Արտը
քաղեր
էին,
խուրձերը
կը
բեռնային
իշուն:
Կնիկը
կարճահասակ
էր,
բայց
ի՜նչ
աշխոյժ
կ՚երեւար.
մանգաղները
կը
տեղաւորէր,
խուրձերուն
մէջ
կոխելով:
—
Բարիկուն
աղբար,
բարիկուն
քուրս,
Աստուած
բարով
ուտել
տայ,
Աստուած
կարողութիւն
տայ,
—
ըսի:
—
Բարի
եկար,
—
պատասխանեցին
երկուքը
միասին,
ինծի
դառնալով:
—
Ուշ
մնացեր
էք,
ամէնքը
գացեր
են,
եազին
մարդ
չէ
մնացեր,
—
ըսի:
—
Կտոր
մը
կար
քաղելիք,
ան
ալ
լմնցնենք
ըսինք,
ուշացանք,
—
պատասխանեց
կինը
էրիկէն
առաջ,
ու
աւելցուց,
–
դո՞ւն
ուր
տեղացի
ես
աղբար,
ուրկէ՞
կուգաս
ու
ո՞ւր
կ՚երթաս:
Թեղուտցի
ըլլալս
չըսի,
կրնայ
ըլլալ,
որ
կը
գիտնային,
հեռուէ
մը.
—
Խուռնավուլցի
եմ,
ես
ալ
ձեզի
պէս
հայ
քրիստոնեայ
եմ,
Խուռնավուլ
գացե՞ր
էք,
—
ըսի:
—
Չէ,
չենք
գացեր,
աղբար,
—
ըսին:
Պալենց
տունէն
եմ:
Սարգիս
կ՚ըսեն
ինձի,
Քեմախի
Բագառիջներէն
կուգամ,
ճամբաս
կորսնցուցի,
ուշ
մնացի,
ձեր
անունը
ի՞նչ
է,
ամօթ
չըլլայ
հարցնելս:
—
Իմ
անունս
Արսէն
է,
–
պատասխանեց
էրիկը,
–
անոր
անունն
ալ
Անթառամ
է,
մենք
Թառօ
կ՚ըսենք:
Ձեր
գլուխը
կը
ցաւցնեմ,
Արսէն
աղբար,
Թառօ
քուր,
—
ըսի,
—
աս
գիշեր
պառկելու
համար
ձեր
գիւղը
տեղ
մը
կա՞յ,
դպրոցին
դուռին
ետեւը
ըլլայ,
ժամը`
մասին
օտան
ըլլայ,
գիշերը
մնամ,
առտուն
ճամբաս
երթամ:
Էրիկ
կնիկ
բողոքեցին:
—
Մեղայ,
ատանկ
բան
կ՚ըլլա՞յ,
—
ըսին,
—
հայ
աղբար
մըն
ես
ու
քեզ
դո՞ւրսը
պիտի
ձգենք,
վրանիս
Աստուած
կայ,
մենք
հէ՞չ
մէկու
մը
աղէկութիւն
չպիտի
ընենք.
հետերնիս
մերը
կը
տանինք,
մերը
կը
մնաս,
երեք
աղջիկ
ունէինք,
կարգեցինք
անոնք,
մենք
մինակ
ենք,
երկուքս
ենք:
—
Երկուքիդ
ալ
օրերը
շատ
ըլլան,
մէկ
օրերնիդ
հազար
ըլլայ,
–
ըսի:
Քալեցինք:
Անանկ
շատ
հեռու
ալ
չէր
գիւղը,
կամ
ինծի
անանկ
եկաւ,
առաջ
գիւղի
տակի
գետը
երեւցաւ,
ետքը`
գիւղին
տուները,
պարտէզներուն
ձորը:
Կալերը
գացինք,
իշուն
բեռը
իրենց
կալը
փլցուցինք,
գիւղ
մտանք:
Մեր
գիւղիններուն
պէս
տուներ
էին,
էրիկմարդիկը`
զատ,
կնիկները`
զատ,
դռները
նստեր
էին
ու
կը
խօսէին:
—
Մենք
հացերնիս
կերանք,
դռները
նստեր
ենք,
նո՞ր
կուգաք
դուք,
Արսէն,
աղջի
Թառօ,
–
ըսին
էրիկմարդիկը,
մեզ
երեքս
տեսնելով:
—
Քիչ
մը
տեղ
կար,
քաղենք
ըսինք,
ուշացանք,
–
ըսաւ
Արսէնը:
—
Աս
բարեկամը
ո՞վ
է,
—
հարցուցին:
—
Հայ
է,
Սարգիս
է
անունը,
Խուռնավուլցի
է,
Բագառիջներէն
կուգայ,
ուշ
մնացեր
էր,
արտը
քովերնիս
եկաւ,
մենք
ալ
առինք
մերը
կը
տանինք,
–
ըսաւ
Արսէնը:
—
Քրորդի,
-
ըսաւ
կին
մը
Թառօյին,
–
թող
մերը
գայ,
մերը
փորը
կշտացնէ,
պառկի,
առտուն
ելլէ,
երթայ,
մարդը
ճամբէ
եկեր
է,
անօթի
է,
դուն
տահայ
նոր
պիտի
երթաս,
կրակ
շինես,
ճաշ
պատրաստես:
Թառօն
բողոքեց.
—
Մեղայ,
ատանկ
բան
կ՚ըլլա՞յ,
մորքուր,
—
ըսաւ,
—
մեզի
եկած
հիւրը
ձերը
ղրկենք.
կրակ
մը
շինելը,
ջրվրայ
մը
եփե՜լն
ալ
բան
մըն
է,
ես
հիմա
կ՚ընեմ:
Ճրագը
վառեցին,
ներսէ
ներս
շուաքէ
մը
անցուցին
զիս,
ընդարձակ
ներքնատուն
մը
մտանք:
Մէկ
անկիւնը
ձմեռուան
քիւրսիւն
դնելիք,
նստելիք
տեղն
էր,
յայտնի
էր:
Թառօն
տոշակ
մը,
կապերտ
մը
փռեց
չոր
գետինին
վրայ,
ես
ու
Արսէն
աղբարը
նստանք:
—
Ես
հիմա,
հիմա
ճաշը
կը
պատրաստեմ,
Սարգիս
աղբար,
—
ըսաւ
Թառօն
ու
ըսածին
պէս
ալ
ըրաւ,
աչքիս
առջեւը,
օճախին
վրայ:
Ուռիի
չոր
ճիւղերով
կրակ
մը
վառեց,
տապակի
մը
մէջ
իւղ
հալեցուց,
մինչեւ
շուրթերը
ջուր
լեցուց
ու
եռացուց,
քանի
հաւկիթ
էր`
կոտրեց,
աղ
ու
առատ
կարմիր
տախդեղով
եփեց,
քանի
մը
հաց
թրջելով,
սինիով
մը
դրաւ
առաջքնիս,
ես
ու
Արսէնը
հացը
բրդեցինք
ունկվրային
մէջ,
Թառօն
ամբողջութեամբ
տապակը
պարպեց
վրան,
ու՝
—
Հրամէ,
Սարգիս
աղբար,
—
ըսաւ
ինծի:
Հայ
ըլլալս
ես
հաստատելու
համար`
խաչս
հանեցի,
խաչակնքեցի
երեսս,
անոնք
ալ
ինծի
հետեւելով`
խաչակնքեցին,
էրիկ
կնիկ
պիտի
սկսէին
ուտել.
—
Աղօթքս
չըրած,
«Հայր
Մեր»ս
չըսած,
սովորութիւնս
է,
չեմ
սկսիր,
—
ըսի,
—
ու
մեր
Թեղուտի
Մինաս
Պատուելին
ինտոր
տղոցը
հատիկ
հատիկ
աղօթքը
ըսելու
կը
վարժեցնէր,
ես
ալ
անոնց
պէս
«Օրհնեալ
Տէր
մեր
Յիսուս
Քրիստոս,
Յանուն
Հօր
եւ
Որդուոյ
եւ
Հոգւոյն
սրբոյ,
ամէն:
Հայր
մեր,
որ
յերկինս
ես…»
սկսայ
ու
«զի
քո
է
արքայութիւն
եւ
զօրութիւն
եւ
փառք
յաւիտեանս
յաւիտենից,
ամէն»
ըսի
ու
վերջացուցի,
սկսանք
ուտել:
Տղայ
մը,
փողոցէն,
«երբ
կուգայ
գարուն,
Սոխակը
սիրուն,
Վարդի
թուփի
տակ,
Հայրիկճան,
կ՚երգէ
Հայրենիք»
եղանակելով
անցաւ:
—
«Հայրիկճա՞ն»–ը
կը
կանչէ,
մեր
տղաքն
ալ
շատ
կը
կանչեն,
Հէ՜յ
կիտի
Հայրիկ,
լուս
իջնէ
գերեզմանդ,
—
ըսի
ու
առանց
երգելու
աւելցուցի,
—
«Վասպուրականի
երիտասարդներ,
եւ
օրիորդներ,
Հայրիկճան,
սեւեր
են
հագէր»:
Կերանք,
կը
շտացանք,
նորէն
երեսս
խաչակնքեցի,
ու՝
—
Սեղաննիդ
շէն
ըլլայ,
Աստուած
իրարմէ
չզատէ
ձեզ,
տուներնուդ
համը
չաւրուի,
—
ըսի:
Թառօն,
որ
սեղանը
վերցուցած
էր,
ներքնատան
ետեւի
հացատունէն
դուրս
ելլելով.
Սարգիս
աղբար,
—
ըսաւ,
—
դուն
ճամբէ
եկած
ես,
յոգնած
ես,
անպարին
առջեւը
պառկելիք
տեղդ
շինեցի,
գնայ,
պառկէ
դուն,
ճամբու
պաշար
ալ
դրի
քովդ,
դուն
առտուն
կանուխ
կ՚ելլես,
առ
ու
գնայ:
Գիշեր
բարի,
երկուքիդ
ալ
արեւը
շատ
ըլլայ,
—
ըսի,
գացի
հանուեցայ
եւ
պառկեցայ:
Աւելի
ետքը
ճրագը
մարեցին,
էրիկ
կնիկ
իրենք
ալ
պառկեցան:
Աչքերս
գոցեցի,
բայց
ի՞նչ
ըրի,
քունս
չտարաւ:
Պատին
ետեւէն
ձայներնին
կը
լսէի:
—
Վաղը
ես
մինչեւ
ոչխարը
կթեմ,
արօտ
ղրկեմ,
կաթը
մակրդեմ
ու
գամ,
դուն
արտ
կ՚երթաս,
մնացած
խուրձերը
կալ
կը
բերես,
էշը
կ՚առնես,
Խաչին
արտը
կ՚երթաս,
չըլլա՞ր,
–
ըսաւ
Թառօն
էրկանը:
Կ'ըլլայ,
կ՚ըլլայ,
—
պատասխանեց
էրիկը:
Շատ
չանցաւ,
Թառօն
նորէն.
Հա՛,
—
ըսաւ
էրկանը:
—
Ի՞նչ
է,
—
պատասխանեց
էրիկը:
—
Ես
կ՚ըսեմ`
աս
մարդը
հայ
չէ,
ներսը
պառկողը:
—
Հայտի
ծօ,
—
պատասխանեց
էրիկը,
-
դուն
հայ
ես,
ան
հայ
չէ
եղեր,
քու
գեղիդ
մէջ
ժուռ
գաս,
անանկ
հայ
մը
կը
գտնե՞ս,
դուն
ի՞նչ
կը
հասկնաս`
հայը
ո՞վ
է,
դդում
գլուխ,
դուն
անոր
կիսուն
չափ
հայերէն
գիտե՞ս.
Հայր
Մեր
մը
ըսաւ,
ես
անգամ
չեմ
կրնար
անոր
պէս
ըսել,
«Հայրիկճան»–ը
գիտէ,
դուն
գիտե՞ս:
—
Ինծի
անանկ
կուգայ,
–
կրկնեց
կինը:
Էրիկը
յանդիմանեց.
—
Տգէտ,
տգէտ,
գիտես
չգիտես`
մի
խօսիր,
հէմ
ալ
ձայնդ
կտրէ,
ես
պիտի
քնանամ,
քունս
եկաւ:
Լռեցին,
իմ
ալ
քունս
տարաւ:
Առտուն
անոնցմէ
առաջ
արթնցայ,
ինծի
համար
պատրաստած
հացի
պաշարը
անմիջապէս
առի,
ալ
չկեցայ,
դուրս
ելայ,
գիւղին
տակի
գետը
անցայ,
դարվերին
ելայ,
քուրդ
Կախմխիի
Ձուազեղ
Աղբիւրը
նստայ,
պաշարը
բացի,
կերայ,
ու`
Թառօյին
ըսածին
վրայ
զարմացայ:
Մինչեւ
այսօր
ալ
կը
զարմանամ,
աս
կնիկը
ինչէ՞ն
հասկցաւ
իմ
հայ
չըլլալս.
խօսելս
ըսես`
ես
անկէ
աղէկ
հայերէն
խօսեցայ:
Հայր
Մերը
ըսես`
նորէն
անանկ: