Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՄԻՐԿԵԱՆԻ ՓՈԻՌԸ ԳՆԱՑ

Մեծ գեղի Նահապետեանը իր Անծղկայի այգին խնճոյք մը տուաւ: Անանկ խնճոյք մը տեսնուած չէր գաւառին այգիները, տրուածները ամէնքն ալ հասարակ կերուխումներ էին: Աղաները կամ երիտասարդները իրենց տարեկիցներով կը հաւաքուէին, որձ ուլեր կամ գառներ կը գնէին, օղի, գինի, ձաւար կամ ուրիշ ինչ որ ուզէին` կը տանէին իրենց տուներէն կ՚եփէին հոն, կ՚ուտէին, կը խմէին` մինչեւ գինովնային, յետոյ տուն կը դառնային: Այս գինարբուքները, միշտ ալ, Զատիկէն ետքը, գարունները կ՚ըլլային:

Նահապետեանինը` ամառուան կիսուն, Վարդավառին ու Աստուածածնին մէջտեղի կիրակին եղաւ: Ինչե՜ր չըրաւ: Ան, ոչ միայն երկու գիւղերուն, գաւառին եօթը գիւղերու իր բարեկամները, ծանօթները հրաւիրեց: Լման թուր մը` այսինքն երկու հարիւր յիսուն հաց եփեց ու ղրկեց իր տունէն: Կուժերով օղի, կուժերով գինի, պտուկներով իւղ, պարկով ձաւար գնաց: Իր ոչխարներէն ամէնէն պարարտներէն կտրուեցան: Լիճքը ապսպրեց` Եփրատի քարայրներու առաջքէն երեք, չորս օխանոց ծածաններ բռնուեցան: Ապուշտայի տղոցը լուր ղրկեց երկու եղնիկ զարկին ու բերին Ապուշտայի Քարերէն:

Ըսին, թէ նախանձը Նահապետեանին ընել տուաւ այս խնճոյքը: Ուզեց Ելպակեանը գերազանցել: Նախանձեցաւ, որ քսան ջորիի բեռներով Ըստանպոլէն հայրենիք եկաւ, այդ գիշեր, մինչեւ առտու, կարաւանին զանգակներուն ճանկըրը… ճանկըրը… ձայները չթողուցին, որ զոյգ գիւղերուն տուները քնանային, տղուն հարսանիքին եօթը օր, եօթը գիշեր գինի հոսեցուց, հարսին ու տղուն պսակի թափօրին վրայ ոսկի տեղացուց: Անոր ըրածը աւելիով ինք չէ՞ր կրնար ընել: Ան եթէ Ելպակեան էր, ինք ալ Նահապետեան էր: Ան եթէ Գարաքէօյի, Ալաճահամամի փուռին ու ջաղացքին տէրն էր, իր Էմիրկեանի փուռն ու ջաղացքը անորինեն ալ անուանի էին: Պողազիչիի երկու ափերուն բոլոր փուռերուն ցորենը ինք կ՚աղար, ալիւրը ինք կը հայթայթէր: Իր կնոջ զարդոսկիները անորինին երկու անգամն էին: Իրենին ճակատը, երկու այտերն ի վար մինչեւ պարանոցը, պարանոցէն վար մինչեւ երկու կուրծքը րուպիէի, մահմուտիէի, ազիզիէի, եօթնաստեղեան հինգըմեկնոց ոսկիներու տարափ մը կ՚իջնար: Շամու գինեգոյն, երկայն էնթարիով: Հալէպու կարմիր մորթէ կօշիկներով, հմայեկաձեւ երկայն թեզանիքներով, որոնք դաստակներէն կը կախուէին, թող ուրիշները ըսէին` ո՞րը որմէ կ՚անցնէր, ո՞րը աւելի կը վայլեցնէր, Ելպակեանին Դշխո՞ն, թէ՞ Նահապետեանին Մարօն: Յետոյ` ինք անկէ երիտասարդ էր: Գաւառին մէջ, եթէ երկու անուանի ձի հեծնող, նշանառու կային, մէկը ինք էր: Ոտքը ասպանդակին որ դնէր, ձին չէր վազեր, կը թռէին միասին: Էրզրումէն հրացան մը բերած էր, պեռտան մը, վրիպելը չէր եղած, կը զարնէր, ուր դրուած ըլլար նշանը: Երկու գիւղերու ձիարշաւին առաջինը ինք ու իր ձին եղան: Լիճքի Երեւման վանքի ուխտագնացութեան, Բեկցի տղան դիմացը կայնեցուց, ֆէսին նշան առաւ, տղան չգիտցաւ անգամ.

Կեցցէս, Նահապետեան, ձին ալ կը վայլէ քեզի, կնիկն ալ, զէնքն ալ, ուխտաւորները գոչեցին մէկ բերան:

Խնճոյքին հրաւիրուած եօթը գիւղերու աղաները, ցերեկ չեղած, եկան: Այս եօթ գիւղերը` Կասման, Զիմառան, Բինկեանը, Լիճքը, Հասանովան, Թեղուտը, Ապուշտան էին: Շատերը երկայն տալֆէսերով էին, ուրիշներ` սպիտակ մետաքսէ փուշիով, արաբական սրմալը ակիլով: Բեկցիներէն զատ, որոնք տաբատ բաճկոնով էին, Նահապետեանէն զատ, որ նունպէս տաբատ բաճկոնով ու սպիտակ օսլայուած շապիկով էր, միւս բոլորը գաւառին տարազովն էին, չուխայ սալթա ու շալվարով կամ Ակնցիներուն, Արաբկիրցիներուն պէս սալթայով ու երկայն էնթարիով: Բացի Բեկցիները, որոնք հացագործ չէին, սեղանաւոր էին, Հասանովացիները, որոնք չէին պանդխտէր, մեծամասնութիւնը փռապան էր: Ըստանպոլ փուռ կը բանեցնէին: Ասոնք Ըստանպոլ չէին հաստատուեր, չէին ուզեր, տուն մը քանի՞ ոսկի էր, մէկ չէ, տասը տուն կրնային գնել, բայց կը պանդխտէին, ու նորէն երկիր կը վերադառնային, իրենց տեղը իրենց եղբայրը, հայրը, զաւակը դնելով: Հայրենի գիւղը, պապերուն տունը, արտերը, այգիները թողնելով գաղթելը կ՚այպանէին: Անողին հետ յարաբերութիւնները կը դադրեցնէին: Իրարու իրենց մականուններովը կը կանչէին, անուն շատ քիչ կը գործածէին, գաւառին ընդհանրացած սովորութիւնովը:

Խնճոյքը սկսաւ: Կարճ էնթարիներով կապանցի սազանդարները սազերը զարկին, դափ չալողները ընկերացան, երգողները, ձայներնին ձգելով երգեցին: Հայերէն կ՚ըսես, թուրքերէն կ՚ըսես, քրդերէն կ՚ըսես, Ուրֆայի երգեր, Խարբերդի երգեր, Ակնայ երգեր կ՚ըսես: Ղարապուտախի գետը` Ղարապուտախի գետ եղեր էր, Եփրատը` Եփրատ եղեր էր, Անծըղկայի այգիները` այգի եղեր էին, Արմտանցիները, Կասմացին, Զիմառցին, Բեկցին, Լճացին, Հասանովացին, Թեղուտցին, Ապուշտացին այդ հասակը եկեր էին, այդ ջիղերը գինովցնող, մարդը նստած տեղէն մէկէն ոտքի հանող, թեւերը մէկէն վերցնող, մատները մէկէն շաչեցնող, մարդը` քերթուած, չափ, յանգ շինող եղանակները, երգերը չէին լսէր, այդ դափերը օդին մէջ նետել, նորէն բռնել-չալելները չէին տեսեր:

Երաժշտութիւնը մարդը կը գինովցնէ՞, ինքզինքէն կը հանէ՞, կը խենթեցնէ՞, ուզածը ընել կուտա՞յ: Կ՚ընէ, կուտայ: Օղի խմեցին, տապկուած ու սխտորով, քացախով համեմուած ձուկեր կերան, եղնիկի միսէն կերան, ու ալ` ո՞վ նայեցաւ ուտելուն, խմելուն. պարերը սկսան, թեւանցուկ, թեւերը իրարու ուսի, թեւերը բարձրացած, մատները իրարու ագուցուած, բոլորապարերը կ՚ըսես, ինք իր վրայ դառնալով մենապարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց` մէկ մէկ հոգիով պարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց երեքական հոգիով, իրարու մօտենալով, իրարու ծափ զարնելով, նորէն ետ ետ երթալով` Թամզարայի պարերը կ՚ըսես, ամէնքը քաշուելով, մինակը մէկ հոգիով, սրունքներու ցնորեցնող արագութիւնով, մինչեւ երկու չէ, մէկ սրունք երեւալով, հարայ-հրոցի պարերը կ՚ըսես, իրարմէ անջատ բոլորակ մը կազմելով, նախ շատ կամաց, շատ յամր, յետոյ հետզհետէ արագանալով, ափերը դէմ դիմաց իրարու զարնելով ու դառնալով, ափերը հետզհետէ կարմրելով, ալ չդիմանալու աստիճանին հասցնելով` քաջապարերը կ՚ըսես:

Խնճոյքին երկրորդ մասը` ճաշը սկսաւ: Փիլաւ կերան, միսի շերտերով, հալած մեղրի մէջ թաթխուած պիշի կերան, գինի խմեցին, «Կենացդ»–նէր տեղացուցին Նահապետեանին, որ այգիներու պահապան Մեվլուտին հետ գետնատարած սեղաններէն մէկէն միւսը կը փութար, կը սպասարկէր իր հրաւիրեալներուն, հակառակ միահամուռ բողոքներուն, որպէսզի նստէր, ծառայութիւնը Մեվլուտին ու երիտասարդներուն թողուր: Գինիին մակընթացութիւնը անդադար բարձրացաւ: Հրացանաձգութիւններն ալ միասին: Եղիակին, Լեղիակին, Պատերուն, Սուլթան Մաղարային, Խարիծակին, Ջերմային քարայրները քարայր ըլլալէն ի վեր այսքան հրացանաձգութիւններ չէին արձագանգեր: Ղարապուտախը ա՛լ չվազեց, Եփրատին միանալու համար: Տեսնուա՞ծ է, որ գետը կենայ: Կեցաւ: Բերդհովիտի, Քաջտանի, Կապանի, Մաշաթի, Իննըսունըիննի լեռները սկսան ելլել ու իջնալ, իջնալ ու ելլել: Լսուա՞ծ է, որ լեռները իջնան ու ելլեն: Իջան ու ելան:

Յանկարծ, Նահապետեանը իր ֆէսը Մեվլուտին գլուխը դրաւ, գետափը տարաւ, մոշիներուն մէջ կայնեցուց, ու ետ դարձաւ, պեռտանին փողը ուղղելով,

Մեվլուտ, նշան կ՚առնեմ, մէկ գնդակէն ֆէսը պիտի թռցնեմ, ըսաւ: Եթէ սիրտդ կը նետէ, կը վախնաս, ըսէ: Չեմ ընէր, չեմ քաշեր բլթակը: Քեզի հինգըմեկնոց մը պարգեւ պիտի տամ:

Չեմ վախնար, աղա, քաշէ, պատասխանեց Մեվլուտ:

Աղաները իրար անցան.

Նահապետեան, խենթեցա՞ր, գինին գլխի՞դ զարկաւ, գոչեց Արխանեանը, որ իր քէնեկալն էր. Զիմառու Պօղոսեանին աղջիկները` երկու քոյրեր առած էին, ու Սկիւտարի Շաթըրի, Ենիչէշմէի, Ղըզլարաղասիի, Թէքքէգափուի փուռերուն տէրն էր:

Խելքս գլուխս է, գինով չեմ, Արխանեան, Նահապետեանն եմ, Նահապետենց տղայ եմ, իմ պեռտանս չի սխալիր, Մեվլուտը չպիտի հասկընայ անգամ, պատասխանեց Նահապետեանը:

Յունապենիներու տակի սեղանէն, Մեվլեվիհանէ-Գաբուսուի փուռին վարպետը` Թելեանը, չհամբերեց.

Տղաք, անոր ըսելուն մի նայիք, պոռաց, զէնքին հետ չի խաղցուիր, զէնքը մարդուն թէ բարեկամ է, թէ թշնամի է: Գլխուն ելլելիք մը կայ, զէնքը ձեռքէն առէք:

Հարազատեանը` Թօփհանէին, Չեբիճեանը` Էսիրպազարիին փուռերուն վարպետները մինչեւ որ ցատկեցին` չթողելու, Նահապետեանը բլթակը քաշեց:

Անկէ ետքի մանրամասնութիւնները չպատմեմ: Մեվլուտը ինկաւ աւազներուն վրայ, մոշիներուն մէջ: Ինչպէ՞ս: Չսպասուածը եղաւ: Ալ ո՞վ նայեցաւ խնճոյքին: Հանդերու այգիներէն պահապաններուն բերած ամէնէն հասուն ծիրանները, տանձերը, խնձորները, սալորները, բերանդ, տանէիր բերնիդ մէջ կը հալէին, մնացին փռոցներուն վրայ:

Էմիրկեանի փուռը գնաց: Կնոջը` Զիմառցիին շիվերուն, ճակատին, պարանոցին րուպիէները, գրամիցները, հինգըմեկնոց ոսկիներն ալ գացին: Նորէն ալ պարտական մնացին Ակին Ժամկոչեանին, Տիվրիկցի Հայրանեանին: Նահապետեանը ազատ արձակուեցաւ, բանտը չպառկեցաւ:

Այդ փուռին, ջաղացքին տեղն ալ յայտնի չէ հիմա: Ուր է հիմա թէյ խմելու կ՚երթանք Էմիրկեան, թէյարանէն խել մը վեր էր, խել մը ըսածս շատ ալ վեր չէր, բայց բուն տեղը, ճիշտ ուր ըլլալը ես ալ կը շփոթեմ: